Աւանդութիւններ

Հարբըցնուղուց Ուր (Վարդանանք եւ Բարեկենդան)

Մուսա լերան ժողովուրդը Վարդանանցը կը կոչէր Հարբըցնուղուց ուր, այսինքն՝ Վարդանանց հերոսներու գաղափարով եւ գիտակցական մահով գինովնալու օր:

Մինչեւ կէսօր երկիւղած արարողութիւն տեղի կ՛ունենար եկեղեցւոյ մէջ՝ համաժողովրդային խմբաւորումով: Կէսօրէ ետք խրախճանքներ կը սարքուէին թմբուկ-զուռնայի ընկերակցութեամբ: Վարդանանք եւ բարեկենդանը միաձուլուած էին: Ամէն ընտանիք սեղան կը սարքէր լաւագոյն ուտեստեղէններով: Երիտասարդները բացօդեայ հասարակաց սեղաններ կը սարքէին առատ աղանդերներով եւ խմիչքներով: Բարեկենդանի խնդութիւնները միայն տղամարդոց յատուկ չէր, այլ առաւելաբար իգական սեռի հրապարակային ուրախութեան օր էր: Կը հաւաքուէին գիւղապատկան կալերը, շուրջպար կը կազմէին՝ երգելով ու աւանդական ասմունքնմերով , որոնք կը կոչուէին (Հօմ Տինի, Ճանիմա, Ճուրըկ Աղբըրկէն ...) :

Մուսալեռ