Լուրերու Արխիվ

Կիրակի 12 Յունիս 2016-ին, Այնճարի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջին Հաղորդութիւն»:

Եկեղեցական արարողութեան մասնակցեցան Հայր Մեսրոպ Վրդ. Թօփալեան եւ Տէր Ալիշան Քհնյ. Աբարդեան, որու ընթացքին օրուայ պատգամը փոխանցեց Պէյրութի Պատրիարաքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Գէորգ Եպս. Ասատուրեան: Ապա ան առաջին հաղորդութեամբ օրհնեց18 երեխաներ:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք ներկաները հաւաքուեցան «Աղաճանեան» Սրահին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: