Լուրերու Արխիվ

Երէկ`  կիրակի, 3 յուլիս 2016-ին վերանորոգեալ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ օծումը կատարուեցաւ  Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ եպս. Փանոսեանի նախագահութեամբ ու ձեռամբ եւ կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին:

Կիրակնօրեայ պատարագը մատուցեց առաջնորդ  Շահէ եպս. Փանոսեան` մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին: Յընթացս պատարագին 18 կնքահայրերը հրաւիրուեցան մասնակցելու օծման արարողութեան: Անոնք ստանձնեցին 18 խաչեր, որոնք հերթաբար օրհնուեցան եւ օծուեցան ձեռամբ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ Վարուժան արք. Հերկելեանի, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը օրհնեց եկեղեցւոյ սիւները:

Ս. Պատարագի աւարտին սրբազան հայրը տուաւ իր հայրական պատգամը, որուն մէջ ան ըսաւ, թէ Ս. Պօղոս եկեղեցին վերանորոգուած եւ բարեզարդուած վիճակի մէջ կը գտնուի շնորհիւ եկեղեցւոյ հովիւին, բարերարներուն, թաղականութեան եւ ժողովուրդի աշխատանքին եւ ջանքերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն գործածել իբրեւ սրբավայր` կեանքի փոթորիկներուն դիմաց:

Ան օրհնեց եկեղեցւոյ մէջ գտնուող եկեղեցական եւ աշխարհական սպասաւորներուն աշխատանքը, ինչպէս նաեւ բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն յիշատակը, որոնք աշխատած են եկեղեցւոյ եւ գիւղի բարեզարդման համար:

Սրբազան հայրը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանը` ընթերցելու վեհափառ հայրապետի գնահատական կոնդակը` ուղղուած Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանին` ունեցած եկեղեցանուէր եւ արդիւնաբեր գործունէութեան համար:

Պաշտօնական Ճաշկերոյթ

Յաւարտ Ս. պատարագի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը` կազմակերպութեամբ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին եւ Տիկնանց միութեան:

Ճաշկերոյթին բացումը կատա

րեց եկեղեցւոյ հովիւը: Ան ողջունեց ներկաները եւ մաղթեց, որ այս պատմական առիթը աւելիով հզօրացնէ ժողովուրդին հաւատքը:

Թաղական խորհուրդի անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց Մովսէս Նուպար Գէորգեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ վերանորոգութեան գլխաւոր բարերար Նարեկ Ա.  քհնյ. Շրիգեանին, 18 կնքահայրերուն, առաջնորդ հօր, Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, նոյն առիթով հրատարակուած գրքոյկի հեղինակներ` Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին եւ Եսայի Հաւաթեանին, շինարարական յանձնախումբին եւ ճարտարապետ Հրաչ Մարգարեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք թիկունք կանգնեցան եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքին:

Փոքր դպիրներու երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ եւ մեկնաբանեց երկու շարական` խմբավարութեամբ Նայիրի Հապէշեանին, որմէ ետք դասական նուագով հանդէս եկան Շաղիկ Հապէշեան եւ Զաւէն Գապաքեան: Ապրումով ասմունքեց Սեւան Սարգիսեան:

Գեղարուեստական բաժինէն ետք ճաշկերոյթի երկու սեղանապետներ` տոքթ. Խաժակ Այնթէպեան եւ Եսայի Հաւաթեան, փոխնիփոխ հանդէս եկան յաւուր պատշաճի խօսքերով վերյիշեցնելով համայնքի 77 տարիներու անցած ճանապարհը:

Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանը, Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանը, նախկին նախարար Փանոս Մանճեանը, Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեանը, ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անունով Յարութ Լագիսեանը, Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի տնօրէն Արմէն Թաշճեանը, վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Սեդրակ Հաւաթեանը եւ Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչը:

Բոլոր խօսք առնողները բարձր գնահատեցին տարուած աշխատանքը` նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան:

Ճաշկերոյթի աւարտին փակման խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ  Շահէ եպս. Փանոսեան, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց այս պատմական առիթով Այնճարի ժողովուրդին հետ գտնուելուն համար:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց բոլորին մասնակցութեամբ տարուած աշխատանքը, որ հպարտացուցիչ է եւ պատուաբեր:

Սրբազանը մաղթեց, որ շրջանային դժուար պայմանները շուտով բարեփոխուին եւ հայ ժողովուրդը շարունակէ իր ազգանուէր եւ եկեղեցանուէր գործունէութիւնը:

Յայտնենք, որ այս առիթով հրատարակուած գրքոյկը եւ եկեղեցւոյ մանրակերտը նուէր տրուեցան եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն:

2
00
3
5
6
7
8
10-2
9
11