Լուրերու Արխիվ

aa

Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի Գլխաւոր խմբագիրՎահագն Գարագաշեանի ելոյթը՝ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովին։

ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔ. ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

                Հայ ժողովուրդը միշտ ունեցած է Սփիւռք: Պատմական յաջորդական ժամանակագրութեանց մէջ կը յիշուին նախարարական կամ արքայական տոհմերու տեղաշարժերը Հայկական Բարձրաւանդակէն մինչեւ հեռաւոր, Բիւզանդիոն, Պուլկարիա, Իտալիա, Սիկիլիա

Հայկական Սփիւռքի ուծացման սերտօրէն ծանօթանալու համար, անհրաժեշտ է յետադարձ ակնարկ մը կատարելով վերադառնալ ԺԱ. դար: Անիի անկումէն ետք, յատկապէս սելճուքներու եւ ապա թաթար-մոնկոլներու արշաւանքներէն ետք ծայր առաւ Հայաստանէն դուրս գաղթականական երկու հոսանք, որոնցմէ առաջինը՝ ներքին էր, գաղթ դէպի Կիլիկիա, իսկ երկրորդը արտաքին՝ դէպի Եւրոպա: Արդարեւ ԺԱ. դարուն, Լեհաստան դարձաւ Հայաստանէն դուրս ապրող հայութեան համախմբման ամենէն առաջին եւ ամենէն մեծ կեդրոնը: Մէկ խօսքով՝ հայկական Սփիւռքի առաջին կազմակերպուած գաղութը:

Որոշ աղբիւրներու համաձայն, իր ծաղկման օրերուն, լեհահայ գաղութի թիւը հասած է մինչեւ 250 հազարի: Լեհահայ գաղթօճախները շարունակեցին ստուարանալ ԺԶ. – ԺԷ. դարերուն, Շահ Աբասի բռնագաղթերուն պատճառով ծայր առած գաղթականական հոսանքներուն ժամանակ:

                Լեհահայութեան ամենէն ծանր հարուածը եկաւ ԺԷ. դարուն, երբ լատին եկեղեցին եւ յատկապէս Յիսուսեան միաբանութիւնը ի գործ դրին լեհահայերը կաթոլիկացնելու ծրագիրը. տասնամեակներ տեւած արիւնահեղ պայքարէ ետք, ԺԷ. դարու վերջաւորութեան լեհահայերը ստիպուած տեղի տուին եւ ընդունեցին հայ եւ լատին եկեղեցիներու միութիւնը, դարձան կաթոլիկ, որմէ ետք, կորսնցնելով ազգապահպանման գլխաւոր յենարանը՝ եկեղեցին, հոգեկան անկախութիւնը, արագ թափ ստացաւ ձուլումը: Այսօրուան դրութեամբ, Լեհաստանի մէջ կը բնակին 5-10 հազար հայեր:

                Ինչո՞ւ այս նախաբանը:

                Պարզապէս ցոյց տալու, թէ ինչպէս մէկ օրէն միւսը կը կորսուին մեծ եւ վիթխարի Սփիւռքի հայկական համայնքներ եւ գաղութներ:

ԴԱՍԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ

                Վերադառնալով մեր օրերուն, բոլորիս ծանօթ է, որ նորօրեայ Հայոց Սփիւռքը ծնունդ առաւ 1915-ի Հայկական Ցեղասպանութան պատճառով: Այս հանգրուանին, 20-րդ դարու հայկական Սփիւռքի առաջին գաղութները կազմաւորուեցան Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի երկիրներուն մէջ:

                Այս ընթացքին, առաջին հերթին, հարիւր հազարաւոր գաղթական հայերու համար, մարդ անհատի բնածին բնազդով, առաջնահերթութեան կարգով, անհրաժեշտ էր նախ ապրուստի ու կենցաղային բարեկեցիկ պայմաններու ապահովումը:

                Յաջորդ քայլերը հանդիսացան  եկեղեցիներու ու վարժարաններու հիմնադրումը: Արտասահմանեան իւրաքանչիւր հայկական համայնք գիտակից էր այն իրողութեան, որ առանց եկեղեցւոյ եւ հայ դպրութեան հաւաքավայրի, սերունդները դատապարտուած են կորստեան: Այդպէս ալ եղաւ, այն գաղութները, որոնք իրենց կազմաւորման սկզբնական օրերուն իսկ նախանձախնդիր եղան եկեղեցիներու եւ վարժարաններու կառուցման, ամրապնդեցին իրենց գոյատեւելիութեան ընթացքը, իսկ այն գաղութները, որոնք չյաջողեցան հաստատել հոգեւոր եւ կրթական իրենց կռուանները՝ տկարացան եւ քայքայուեցան: Օրինակներով խօսինք, տեսէ՛ք ինչ պատահեցաւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի կէս միլիոնանոց հայահոծ գաղութներունմի քանի ամենօրեայ վարժարաններով օժտուած այս երկու գաղութներէն ներս ձուլման գործընթացը վերջին 4 տասնամեակներուն լայնածաւալ թափ ստացած է:

ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԸ

                Հայկական երկրորդ Սփիւռքը գոյացաւ 1991-ի Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, երբ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամն ու կենցաղային ծանր պայմանները ստեղծեցին գաղթականական ստուար հոսանքներ: Նոր գաղութներ ծնունդ առին: Այս գաթականական ալիքին իբր արդիւնք յառաջ եկան բոլորովին նոր գաղութներ, օրինակ 40 հազարի հասնող Սպանիոյ գաղութը: Փոխուեցան կարգ մը դասական Սփիւռքի գաղութներու ժողովրդագրական պատկերները, օրինակ՝ 15 հազար հաշուող յունահայ գաղութի կողքին այսօր կազմուած է 1990-ական թուականներէն ետք Հայաստանէն հոն հաստատուած արտագաղթածներու 25 հազարնոց նոր համայնք մը:

                Սակայն գաղթի այս նոր ալիքին պատճառով, ուռճացան Ռուսաստանի եւ Ուքրաինայի հայկական գաղութները, որոնց թիւերը անպաշտօն աղբիւներու համաձայն կը գնահատուին 2 միլիոնով եւ մէկ միլիոնով: Երկու պարագաներուն ալ, այս համայնքները կը գտնուին անկազմակերպ վիճակի մէջ:

ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ

                Հայ ժողովուրդի երկու երրորդը այսօր հայրենիքէն դուրս կ՚ապրի: Ըստ Հայաստանի Ազգային վիճակագրութեան գրասենեակի տուեալներուն, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ այսօր կ՚ապրին 3 միլիոն հայեր: Ըստ ՀՀ Արտաքին գոծոց նախարարութեան տուեալներուն, արտասահմանեան տաբեր երկիրներու մէջ կ՚ապրին 5 միլիոն հայեր: այս երկու թիւերուն կ՚աւելնայ վերջին տասնամեակին ի յայտ եկած նոր երեւոյթ մը՝ Արեւմտահայաստանի մէջ ապրելու թաքուն կամ իսլամացած հայերու գործօնը, որոնց թիւը, ըստ անպաշտօն տուեալներու՝ 1 միլիոն է: Ուրեմն ընդհանուր հայութեան թիւ՝ 9 միլիոն, հայրենիքէն դուրս ապրող հայութեան թիւ՝ 6 միլիոն:

                Հայ ժողովուրդի ազգային եւ հայ անհատի ինքնագիտակցութեան գլխաւոր բաղադրիչները կը հանդիսանան հայոց լեզուն, գիրը, եկեղեցին, մշակոյթը, հայրենիքը եւ Հայ Դատը: Առանց այս բաղադրիչներուն, սերունդները դատապարտուած են լիակատար ուծացման:

                Ուստի, անհրաժեշտ է, իւրաքանչիւր Սփիւռքահայ գաղութ կազմակերպել վերոնշեալ բաղադրիչները ներմուծելով գաղութներու հաւաքական յիշողութեանց մէջ:

                Լեզուն եւ գիրը հայ անհատի ցեղային ինքնութեան բաղադրիչներն են եւ այս մէկը կ՚ենթադրէ հայկական վարժարաններու հաստատումը բոլոր հայօճախներէն ներս:

                Եկեղեցին՝ հայ անհատի հոգեւոր զարգացման բաղադրիչն է, ուստի, քրիստոնեայ եկեղեցին իր զանգերով ազգային ոգիի արթնութեան ղօղանջը պէտք է հանդիսանայ ամէն արտասահմանեան համայնքի մէջ:

                Իսկ հայրենիքն ու Հայ դատը՝ իւրաքանչիւր հայորդիի համար Ազգային Սրբազան Առաքելութեան բաղադրիչներն են: Սփիւռքի հայկական իւրաքանչիւր գաղութ պէտք է իր անշահախնդիր մասնակցութիւնը բերէ հայրենիքի ամրապնդման եւ հզօրացման ի խնդիր եւ իր ամբողջական ներուժով հետապնդէ հայ ժողովուրդի արդար դատը, պահանջատէր դառնալով հայութեան իրաւունքներուն:

ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՐԺԷՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԱՅՍՕՐ

                Ազգերը իրենց նախնական փուլին մէջ կը կազմաւորին միայն ընտանեկան համայնքներէ` գերդաստաններէ:

                Մեր Եկեղեցին Ազգային է եւ կոչուած է հայ հաւաքականութեան մէջ վառ պահելու ընտանեկան համակարգի արժէքներն ու պահպանելու Ազգի արենակցական անխաթարութիւնը:

                Ինչո՞ւ կը շեշտենք Ազգի արենակցական անխաթարութիւնը: Որովհետեւ համացեղ ամուսնութիւններէ դուրս՝ օտարներու հետ խառն ամուսնութիւնները պատճառ կը հանդիսանան սերունդներու ուծացման:

                Իսկ ներազգային հայկական գետնի վրայ, սերունդներ ի սպառ կ՚ոչնչանան խառն ամուսնութիւններու պատճառովՖրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ խառն ամուսնութիւններու տոկոսը 60% եւ վեր է, Գանատայի մէջ 50% է, Լիբանանի մէջ 12 տարի առաջ Ազգային Գաւառական ժողովը ահազանգ հնչեցուցած էր, որ խառն ամուսնութիւններու տոկոսը անցած է 30%-ի սահմանը, Իսթանպուլի մէջ նոյնն է համեմատութիւնը

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Դասական Սփիւռքն ու վերանկախացումէն ետք Հայաստանէն դուրս գաղթած հայ համայնքները այսօր կը գտնուին լիակատար ուծացման սեմին:

Եթէ կացութիւնը այսպէս շարունակուի եւ վերոնշեալ տոկոսները յաւելում եւ աճ արձանագրեն, 21-րդ դարու յաջորդող տասնամեակներուն կը կորսնցնենք Սփիւռքահայ ամբողջ սերունդներչսելու համար անգոյ կը դառնայ Հայ Սփիւռքը:

Լուծումը մէ՛կն է, հայրենադարձութեան ազգային համապարփակ ծրագիր:

Հայ ժողովուրդի գոյատեւելիութեան գրաւականը հայրենի հողն է, գիտակցելով որ՝

ՍՓԻՒՌՔԸ ԳՆԱՅՈՒՆ Է, ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՄՆԱՅՈՒՆ Է: