Լուրերու Արխիվ

0000terry

Deadline.comկայքի աշխատակից Մայք Ֆլեմինկ հարցազրոյց մը կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ժապաւէնի իրլանտացի բեմադրիչ Թերի Ճորճի հետ.

ՄԱՅՔ ՖԼԵՄԻՆԿ: - Ինչպէ՞ս գործադրեցին այդ մէկը:

ԹԵՐԻ ՃՈՐՃ: - Հայերը Թուրքիայէն բռնի ուժով դուրս մղեցին եւ անապատի ճամբով դէպի Սուրիա, Հալէպ քալել տուին, հոն, ուր այսօր բախումներ տեղի կ՛ունենան: Կայ հռչակաւոր խօսք մը, զոր տոքթ. Նազըմը ըսած է Թալէաթինկամ, իրականութեան մէջ, իր զօրավարներէն մէկուն. «Ամբողջ ազգ մը չես կրնար վերացնել». իսկ Թալէաթ փաշա պատասխանած է. «Զանոնք դէպի անապատ մղեցինք, եւ ոչ ոք գիտցաւ, թէ անոնց ի՛նչ պատահեցաւ»: Ա՛յդ էր գլխաւոր նպատակը: Ապա մարդիկ արջառներու փոխադրութեան յատուկ փոխադրակառքերով դէպի Հալէպ ուղարկուեցան: Իսկ պատերազմելու կարողութիւն ունեցող 15-50 տարեկան այր մարդիկը զօրակոչուեցան, զինաթափուեցան եւ աշխատանքային ջոկատներու մէջ սպաննուեցան: Ուստի, հայերէն ձերբազատելու ռազմավարական որոշում մը գոյութիւն ունէր: Երբ անոնք Հալէպ հասան, սոված էին, իսկ կազմուած ճամբարներուն մէջ սննդեղէն չկար: Ուստի, դիտաւորեալ ծրագիր մը կար:

Խումբ մը գիւղացիներ մերժեցին դէպի Հալէպ մահուան քայլարշաւները եւ թաքնուեցան Մուսա Տաղ` «Մովսէսի Լեռ»  կոչուած լերան վրայ, եւ թրքական բանակը զանոնք 53 օր պաշարեց: Անոնք ետ մղեցին թրքական բանակը, ապա ֆրանսական ռազմանաւեր հասան ծովափ եւ ամբողջ բնակչութիւնը փրկեցին: Այդ մէկը` Մուսա Տաղի փրկութիւնը, մեր շարժապատկերին մաս կը կազմէ: Մեր կերպարները այդ կացութեան մէջ յայտնաբերեցի: