Լուրերու Արխիվ

IMG 5281

2-3 Նոյեմբեր, 2017-ին Չէխիայի մայրաքաղաք Պրահայի մէջ, տեղի ունեցաւ Եւրոպական 13-րդ «Քրիսթալ Սթար» միջազգային երաժշտական, պարի եւ թատերական փառատօնը։ Թաթուլ Հաճեանը (Կիթառ) ներկայացուց Հայաստանը, գեղարուեստական ղեկավար ունենալով Արմանտօ Ղուկասեանը։ Թաթուլը վարպետօրէն կատարեց Տոմենիքօ Սքարլաթիի Սոնաթա K239 եւ Վիչէնթէ Ասենչոյի La Frisanca բարդ յօրինուածքը։ Եւրոպայէն՝ Գերմանիա, Սլովենիա, Ուքրանիա, Ռուսիա, Իտալիա եւայլ երկիրներէ իրենց մասնակցութիւնը բերին թիւով 37 կատարողներ։

Յուրախութիւն Հայ ժողովուրդին, Հայաստանը ներկայացնող մեր մասնակիցը՝ Թաթուլ Հաճեանը, սոյն փառատօն-մրցումին դարձաւ Գաւաթակիր Grand Prix, շնորհիւ իր բարձրատաղանդ եւ հմուտ բեմական կատարողական արուեստին։

Թաթուլը ծնած է Լիբանան եւ 10 տարեկան հասակին ծնողներուն հետ, հայրը՝ յայտնի երգիչ Գէորգ Հաճեան եւ մայրը՝ Բանասէր Ֆրիտա Գզլեան-Հաճեան, հաստատուած է Հայաստան։

Երաժշտական նախակրթութիւնը ստացած է Երեւանի «Չայկովսկի»ի անուան պետական երաժշտական եւ տարրական տասնամեայ ուսումնարանին մէջ, ուսուցիչ ունենալով Նունէ Պատալեանը, ապա ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետական Կոնսերուաթորիան՝ Փրոֆ. Յակոբ Չաղացպանեանի մասնագիտական ղեկավարութեամբ, եւ քառամեայ բարձրակարգ ուսումը աւարտած է գերազանց արդիւնքով։

Ան, 16 տարեկանէն սկսած է դասաւանդել Երեւանի երաժշտական վարժարաններուն մէջ, ինչպէս՝ Արմէն Տիգրանեան, Անահիտ Ցիցիկեան, Ալեքսանդր Հէքիմեան եւ Բարսեղ Կանաչեան, եւ ցայսօր ունի իր անձնական աշակերտները։

Թաթուլը մասնակցած է շարք մը միջազգային փառատօններու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, Թիֆլիսի, Պուլկարիոյ, եւ Փրակայի։ Մենահամերգներով հանդէս եկած է Երեւանի, Արցախի եւ Լիբանանի Այնճար գիւղին մէջ եւ որպէս փայլուն կատարող մասնակցութիւնը բերած է Հայաստանի մէջ յայտնի երգահաններու ձայնագրութեանց եւ նուագակցած անոնց մենահամերգներուն։

Ան օժտուած է գերլսողութեամբ․վարպետօրէն կը տիրապետէ Կիթառի ամենանրբագոյն երանգներէն մինչեւ ամենայաղթական հնչողութիւնը, որուն շնորհիւ գերած ու հմայած է իր լսարանը։

Սրտանց կը շնորհաւորենք մուսալեռցի եւ ուրֆացի պապերու ժառանգորդ՝ Թաթուլ Հաճեանը, մաղթելով իրեն նոր նուաճումներ եւ վերելքներ՝ յանուն հայ ազգի պատուին եւ պարծանքին։

Best porn site https://noodlemagazine.com - Watch porn.

aseghnakordzoutyun

Հայկական Ասեղնագործութիւնն Ու Հայուհին

Լիզա Քէլէշեան-Թիւմպէրեան

Աչքերը պէտք է գեղեցկութիւն ըմպեն, որպէսզի սնունդ տան հոգիին եւ յագեցնեն անոր ծարաւը:

Որքան հաճելի եւ ուրախալի է տեսնել քու իսկ աշխատած ձեռագործդ` զայն աւարտելէ ետք, որքան հպարտութեամբ կը լեցուի հոգիդ տեսնելով քու կարած ու նաշխած կտորդ:

Մինչեւ 21-րդ դարու սկիզբը հայ տունը զարդարուած կ՛ըլլար տանտիկնոջ կողմէ բանուած նուրբ ասեղնագործերով, երբ կը պատրաստէր օժիտը եւ անոնց դրած կ՛ըլլար իր ամբողջ երազները եւ յոյսերը, իր միտքն ու հոգին: Այդ տունը, ըլլար խոնարհ ու ցածլիկ, կը բուրէր հայկականութիւն: Անցեալին մեր պալատներն ու փարթամ տուները կահաւորուած ու զարդարուած կ՛ըլլային մատներուն շնորհքովը փափկասուն հայ կիներուն եւ իշխանուհիներուն, որոնք մետաքսեայ ու թաւշեայ թանկագին կտորներու վրայ կը դրոշմէին հայրենիքի սէրը` բանելով դրօշ-զինանշան, վարագոյր ու խաչադրօշ, եկեղեցական տարազներ:

Հայկական ասեղնագործութիւնը ժողովրդական ստեղծագործութեան հին ու հարուստ բնագաւառներէն մէկն է, սկսած է նոյնիսկ մարդկութեան ստեղծման հետ: Մարդը օգտագործած է փուշը եւ ձուկի ոսկորը, դարէ-դար զարգացուցած է իր նախադարեան գործիքները` հասնելով ասեղին, օրըստօրէ յառաջդիմելով հասած է այսօրուան արդիականութեան:

Հայ կինը ունեցած է գեղարուեստական բարձր ճաշակ եւ մշակոյթի հանդէպ մեծ սէր: Անի քաղաքի պեղումներուն ընթացքին երեւան ելած են ասեղնագործ հագուստներ, որոնք ցոյց կու տան հայ կնոջ արուեստը, մատներուն ճկունութիւնն ու նրբութիւնը: Անցեալին հայ տան մէջ անպայմանօրէն կը հանդիպէիր մեծ մօր մը, հօրաքրոջ մը, որ կը հիւսէր, կը կարէր, ու կ՛աշխատէր իր քաղաքի ձեռագործը եւ իր շունչին տակ կը դաստիարակէր տանը մանկահասակ աղջնակը` պատրաստելով զայն իբրեւ ապագայ մայր ու հայկական ասեղներու լաւատեղեակ վարպետ մը, անոր մէջ դնելով հայկական ձեռարուեստին ճաշակը:

Թանգարաններու, ըլլայ հայրենիքի կամ սփիւռքի զանազան գաղութներու մէջ, օտար պետական թանգարաններու մէջ պահուած են հայ կնոջ մատներուն գործերէն ու մտայղացումէն գողտրիկ ու թանկագին կտորներ, որոնք հիացում կ՛առթեն դիտողին` այդքան դարեր վերջ, պահած ըլլալով իրենց գրաւչութիւնն ու նրբութիւնը, ցոլացնելով զանոնք կերտողին ճաշակն ու արուեստը:

Ներկայիս ԼՕԽ-ը իր աշխատանոցով եւ հայկական ասեղներու ուսուցումով մեծ ու վեհ գործ կը կատարէ նոր սերունդի նկարագրի կերտման մէջ` փոխանցելով անոնց ճաշակը մեր ազգային տոհմիկ ձեռագործներու:

1915-ի Եղեռնէն ճողոպրած սերունդը կրցաւ ինքզինք ոտքի պահել եւ իր կենսամակարդակը բարելաւել իր իսկ մատներուն եւ աչքերուն լոյսին շնորհիւ, ասեղնագործելով, փոխադրելով բնութիւնը կտորի վրայ հիացնելով ամբողջ աշխարհը: Ան իր ձեռքերուն հմայիչ գործերով, իր գործած գորգով հասաւ մինչեւ Սպիտակ տան սրահները զարդարելու:

ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերուն պարտականութիւնը թող ըլլայ կազմակերպել ձեռարուեստի յատուկ ցուցահանդէսներ. մեծ մայրեր թող բանան իրենց պահարանները եւ դուրս բերեն հոն պահուած արուեստի գործերը, նուրբ ժանեակները, որոնք կրնան, ըստ նոր սերունդին, հնաբոյր ըլլալ, սակայն մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծեն անոնց մօտ:

Դպրոցներուն մէջ եւ մասնաճիւղերուն կողմէ կազմակերպուած հայկական ասեղներու ուսուցումը անպայման մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծէ նորափթիթ սերունդին մէջ:

Վերապրեցնենք ու հոգ տանինք իւրաքանչիւր կորսուած գիւղի ու քաղաքի յատուկ ասեղներուն:  Սփիւռքի մէջ այլասերումէ հեռու պահենք մեր ազգային տոհմիկ ձեռարուեստը: Պատրաստենք որպէս ԼՕԽ-ական, ապագայի գիտակից հայ մայրեր` լիացած ազգային աւանդութիւններով, մշակոյթով եւ արուեստներով:

Տէր կանգնինք մեր մշակութային արժէքներուն` գոյատեւելու եւ մեր ազգային դիմագիծը եւ ինքնութիւնը պահպանելու համար:

Chouri Veranorokoum

Այնճարի Ջուրի Ցանցերու Վերանորոգում

Ուժանիւթի Նախարար՝ Պրն. Արթիւր Նազարեանի ջանքերով, և աջակցութեամբ ու գործակցութեամբ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի, Այնճարի քաղաքապետական խորհուրդին և ըմպելի ջուրի յանձնախումբին, 6 Յունիս 2016-ին, կարելի եղաւ սկսիլ Այնճարի ըմպելի ցանցի ամբողջական և հիմնական վերատեղադրումը: 

Աշխատանքը 80 առ հարիւր արդէն իսկ աւարտած է, և պէտք է հաստատել որ գործը կ՝ընթանայ բնականոն կերպով՝ լրացնելով առողջապահական և բարձրորակ կազմածներ տեղադրելու բոլոր չափանիշերը:

Աշխատանքի իրագործումը պիտի արժէ մօտաւորապէս 1 միլիոն Ամ. Տոլար:

Այս ծրագրին զուգահեռ, Միջազգային Քրիստոնեայ Օրթոտոքս I.O.C.C կազմակերպութեան և Նորուեկիոյ Դեսպանատան օժանդակութեամբ, կարելի եղաւ իրականացնել Ջրամբարի շինութիւնը, որուն կողքին և դարձեալ ուժանիւթի նախարարութեան ջանքերով, կարելի եղաւ հաստատել Արեւային համակարգ SOLAR SYSTEM-ի միջոցաւ բանող ջրհոր մը, որուն ծախսը կը գնահատուի շուրջ 300,000 Ամ. Տոլար: 

20160616112707
20160606102203
20160618101724
20160619085206
20160619105605
20160619133233
20160619145810
20160622110623
20160626113401
20160620135930
20160630140502
20160715142803
20160716145809
20160715141925
20160718141118
20160723144333
20160725180011
20160722153937
20160730102247
20160805115150
20160805143355
20160730161913
20160825114252
20160830154426
20160902163957
20160921145458
20160920134119
20160922135328
Chouri-Veranorokoum

 

Dikran Sarkouni

ԳՈՅԺ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը գուժէ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ վարած շրջանի ազգային կառոյցներու մէջ լայն գործունէութիւն ծաւալած, հաւատաւոր դաշնակցական ընկեր, Մուսալեռցի-Այնճարցի Տիգրան Սարգունիի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 26 Նոյեմբերին, Լոս Անճելոսի մէջ:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:

 

Hayots Badmoutioun

Մեծն Հերոս՝ Մովսէս Տէր Գալուստեան

Հինգշաբթի 24 Նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի Ազգային «Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի 12-րդ դասարանի Հայոց Պատմութեան դասապահը, յատկացուած էր Մովսէս Տէր Գալուստեանի: 

12-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն՝ Սարել Չափարեան, ներկայացուց մեծ հերոսին կեանքն ու գործունէութիւնը, ապա կարդացուեցաւ «Տաճարէն Դուրս» գրութիւնը:

Առաջնորդ ըլլալ ուզողը -լա՜ւ գիտցէք ասիկա ՝ պէտք է ունենայ սեփական ու ապրող աստուած: Պէտք է հաւատայ իր աստուծոյ ճշմարտութեան ու անմահութեան ջերմեռանդօրէն, մոլեռանդօրէն, կրկէսի վայրագ գազաններու առջեւ նետուող մարտիրոսի ամուր, անսասան, անխորտակելի հաւատքով: Պէտք է ունենայ պողպատէ նկարագիր՝ ջրդեղուած կեանքի և պայմաններու փորձութիւններուն, տաժանքներուն ու տառապանքներուն մէջ, որպէսզի բարոյապէս չտկարանայ, չսայթաքի, չդրժէ՝ դժբախտութիւններու և պարտութիւններու պարագային: Պէտք է ըլլայ անբասիր, անկաչառ ու անչահախնդիր, որպէսզի Ոսկի հորթերէ չլանալով չուրանայ իր իսկական, իր ճշմարիտ աստուածները: Որպէսզի անձնական գործէ, անձնական շահէ, անձնական նկատումներէ մղուելով չդաւաճանէ իր գաղափարին ու գաղափարակիցներուն, իր ուխտին ու իտէալին: Պէտք է ըլլայ նուիրուած ու զոհաբերուող, որպէսզի ի հարկին իր կեանքը նետէ նժարին մէջ. ի հարկին՝ քալէ կրակէ մրրիկներուն մէջէն՝ անփոփոխ ու անվարան. ի հարկին՝ կուրծքը վահան ըրած՝ կանգնած մնայ պատնէշին վրայ տարիներով, տասնեակ տարիներով: Ու պէտք է նախընտրէ հազար անգամ մեռնիլ, դժողքի փոշիի վերածուիլ, քան յուղարկաւորը ըլլալ իր պաշտած աստուածներուն:  

Այդպէս էին անոնք, այն առաքելատիպ գործիչները, որոնք առաջնորդները դարձան մեր երիտասարդութեան և կերտեցին ակնարկուած «պատկառելի ուժը», մեր հոյակապ կազմակերպութիւնը: Ու իրենց ձգողական ուժը, իրենց «մագնիսը» եղաւ ոչ թէ ատելութիւնը այս անգամ այս կամ այն թշնամիին դէմ, այլ իրենց անխարդախ, խորունկ ու հզօր սէրը ազգին ու հայրենիքին, ազատութեան ու անկախութեան հանդէպ:

Դեռ կան, դեռ ունինք այդպիսի առաջնորդներ: Դեռ պիտի ունենանք շատեր: 

Ատոր համար է, որ մեր կազմակերպութիւնը կը մնայ ուժեղ ու կուռ, հաւատաւոր ու կենսունակ, աւելի քան երբեք: Ատոր համար է, որ երիտասարդական նոր ալիքներ անդադար կու գան ստուարացնելու անոր ուխտեալներու շարքերը:

Վա՜յ անոնց, որ փարիսեցիի և մաքսաւորի հոգիով կը մտնեն ու կը փորձեն փերեզակի կրպակ բանալ նուիրական յարկերէ ներս:

Վա՜յ անոնց, որ իրենց աստուածները կը թաղեն՝ ուրիշ աստուածներ գտնելու ցնորքով:

Ոչ մէկ ճշմարիտ աստուած կը զիջանի ոտք դնել աստուածաթաղներու սեմին:

Դասաւանդութիւնը տեղի ունեցաւ ազգային հերոսի կիսանդրիի մօտ:

151710789765510524893371127037246318130714n
151359979765504458227312389681065051311444n
Hayots-Badmoutioun