Լուրերու Արխիվ

Kousan Yerkchakhoump

ԳՈՒՍԱՆ ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ

Կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Հովանաւորութեամբ և նախաձեռնութեամբ Մուսալեռ-Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան, Կիրակի 11 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Այնճարի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Գուսան Սենեկային Երգչախումբի համերգը, խմբավարութեամբ՝ Գրիգոր Ալոզեանի:

Համերգին ներկայ գտնուեցան գիւղիս հոգեւոր հայրերը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, քաղաքապետը, խնամակալութիւնը, թաղականութիւնը, միութեանց ներկայացուցիչները և հոծ բազմութիւն մը:

Ներկայ բազմութեան հոգիները լեցուեցան Կոմիտասի, Եկմալեանի հոգեպարար երաժշտութեամբ: 

Kousan-Yerkchakhoump
IMG4530
IMG4524
IMG4520
IMG4517
IMG4511
IMG4508
IMG4507

Arax Khoshian

Հ.Յ.Դ ԶՈՄ-ի Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Հայկական Երկրորդական Վարժարաններու Գերազանց Աշակերտներու Պարգեւատման Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութիւնը, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Հայկական երկրորդական վարժարաններու գերազանց աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութեան Ազգային «Յառաջ» Գ. Կիւլպէնկեան Երկրորդական Վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ Արաքս խօշեան գլխաւորեց լիբանանեան պաքալորիայի կենսագիտութեան բաժինի ցանկը:

Կը շնորհաւորենք Արաքսին յաջողութիւնը, և կը մաղթենք իրեն նորանոր յաջողութիւններ, անամպ երկինք և յարատեւ վերելք: 

1532652412396447760950865535673570526647571n
Arax-Khoshian

Movses Hergelian

«Նոազ Արք» Ցուցասրահի Հիմնադրութեան Քսանամեակի Առիթով. «Արուեստը Կեանքի Հրաւէր Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ, Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան

Այս տարի «Նոազ արք»-ը կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը, որուն առիթով ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ արդէն: Ցուցասրահի մը հիմնադրութեան գաղափարի ծնունդին, անոր անցած 20-ամեայ ուղիին մասին «Ազդակ»-ի հետ զրուցեց «Նոազ Արք»-ի տէր եւ տնօրէն արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան:

 «Ա.».- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ հայկական ցուցասրահ հիմնելու գաղափարը

ՄՈՎՍԷՍ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ.- Յղացքը եւ առաջարկը եկաւ արուեստաբան Հենրիկ Իգիթեանէն: 1994-ին ան իրեն հետ Պէյրութ բերած էր երկու պատկերագիրքերու (Կալըրի Նոազ արք եւ Թրի ափ լայֆ) նախագիծերը: Նպատակն էր խմբագրել ու հրատարակել զանոնք բարձր մակարդակով եւ որակով: Իբրեւ նմուշ ձեռքին ունէր իմ հեղինակած Փոլ Կիրակոսեանի մասին պատկերագիրքը: Իր ծրագիրներուն ծանօթանալէ ետք, միասին մեկնեցանք Երեւան, ուր յիշեալ պատկերագիրքերու մեկենասներուն (Մհեր Սահակեանի եւ Ռուբէն Աւագեանի) հետ հիմնեցինք «Նոյեան Տապան» արուեստի ընկերակցութիւնը` Իգիթեանի գլխաւորութեամբ: Հրատարակչական գործունէութեան զուգահեռ որոշեցինք նաեւ հիմնել ցուցասրահներու ցանց մը Պէյրութի,  Երեւանի եւ Մոսկուայի մէջ: Այն ժամանակուան հայրենի կերպարուեստի որակն ու քանակը այդ կը թելադրէին:

Հ.- Մոսկուայի եւ Երեւանի պարագային փորձեր եղա՞ն:

Պ.- Աւելի՛ն կրնամ ըսել: Նախ Մոսկուայի մէջ բացինք յատուկ գրասենեակ մը` իբրեւ մեր արուեստի գործունէութեան կեդրոն եւ մկրտեցինք զայն «Նոազ արք» արուեստի ցուցասրահներու կեդրոնական գրասենեակ անունով: Այս մէկը կարեւոր էր, որովհետեւ մեր մեկենաս ընկերները արդէն իսկ սկսած էին գործակցիլ շարք մը ռուս «Ավանկարտիստներու» հետ, ինչպէս` Շէմեաքին, Խուտեաքով, Ցվեթայեւ ,Անտրէ Քոսթին, Ալ. Մալցեւ եւ այլն: Սակայն դէպքերու բերումով գրասենեակը գործեց երկու տարի միայն: Երեւանի պարագային ծրագրեցինք ստեղծել մշակոյթի կեդրոն «Նոյեան տապան մշակութային կեդրոն» անունով: Այս մէկն ալ «հարկադրաբար» վերածուեցաւ գրախանութի:

Հ.- Բոլոր պարագաներուն Պէյրութի «Նոազ Արք»-ը մնաց եւ կը շարունակէ գործել: Իսկ հոս  խոչընդոտներու չէ՞ք հանդիպած

Պ.- Տակաւին կը հանդիպինք, սակայն անոնք մեծաւմասամբ կախեալ չեն մեզմէ: Մեր յաջողութեան գրաւականը եղաւ այն, որ ցուցասրահի հիմքը դրուեցաւ զօրաւոր: Ունեցանք  տաղանդաւոր արուեստագէտներու ընտրանի մը եւ բարձրորակ հրատարակչութիւն: Մեր նախորդ հինգ տարիներու փորձառութիւնն ու արուեստաբանական-մասնագիտական մօտեցումը եւս իրենց շինիչ դերը կատարեցին: Միջազգային բեմերու համար արուեստագէտ եւ կամ արուեստի գործ ընտրելը այնքան ալ դիւրին չէ: Արուեստը հարկաւոր է ներկայացնել բարձրագոյն մակարդակով եւ լաւագոյն միջոցներով: «Նոազ Արք» ցուցասրահը իբրեւ առանձին կառոյց, (որուն տնօրէնութեան պաշտօնը ի սկզբանէ վստահուած էր ինծի), ցարդ մասնակցած է աւելի քան երեսուն միջազգային փառատօներու, որոնց ընթացքին կրցած է ձեռք բերել նկատառելի վարկ եւ հեղինակութիւն շնորհիւ իր ներկայացուցած արուեստի որակին: Այս բոլորէն ետք արհեստականօրէն ստեղծուած «խոչընդոտները» ինքնաբերաբար կը նսեմանան եւ կը կորսնցնեն իրենց ուժը:

Հ.- Որքանո՞վ յաջողած կը համարէք դուք ձեզ:

Պ.- Այս հարցադրումը յարաբերական է, չենք կրնար ճշգրիտ գնահատական տալ: Սակայն նկատի առէք, որ այդ փառատօներու ընթացքին պատահած է, որ մենք տուած ենք դասախօսութիւններ, կարգ մը պատկերագիրքերու մէջ ստորագրած ենք կարեւոր յօդուածներ ու աշխատակցած` միջազգային արուեստի քանի մը հրատարակութիւններու: Ինչպէս նաեւ ընտրուած ենք մրցանակաբաշխութեան դատական կազմի անդամ:

Հ.- Դուք գո՞հ էք ձեռք բերուած արդիւնքէն:

Պ.- Դժգոհ չենք, սակայն բաւարարուած ալ չենք: Մեր երազանքները մեծ են եւ տակաւին շատ ճանապարհ ունինք կտրելիք:

Հ.- Դուք տեղ մը ըսած էք. «Արուեստը խնայել չի սիրեր»:

Պ.- Ճի՛շդ այդպէս, մենք ոչինչ կը խնայենք հայ արուեստը լաւագոյն ձեւով ներկայացնելու համար: Ի վերջոյ արուեստը կեանքի հրաւէր է` մարդու բարձրագոյն արժեւորումը:

Հ.- Քիչ առաջ ըսիք, թէ երբ Իգիթեանը եկած էր Պէյրութ իբրեւ օրինակ իրեն հետ բերած ձեր հրատարակած Փոլ Կիրակոսեանի պատկերագիրքը: Դուք ինչպէ՞ս կրցաք ստանալ  սպասուած որակը:

Պ.- Սոյն պատկերագիրքէն առաջ Փոլ Կիրակոսեան հրատարակած էր ուրիշ մը, որուն տպագրական աշխատանքներուն հետեւելու առիթ ունեցած էի: Այդ օրերուն արուեստի մասնագիտական տպարան գոյութիւն չունէր Լիբանանի մէջ, հարկադրուած էինք ամէն ինչ ուսումնասիրել: Փոլ Կիրակոսեանի պահանջն էր բարձրորակ տպագրութիւնն ու ձեւաւորումը:

Հ.- Դուք տասնեակէ մը աւելի պատկերագիրքեր հրատարակած էք արդէն: Նոր ծրագիրներ ունի՞ք:

Պ.- Վահրամի յետահայեաց արուեստին եւ «Նոազ արք»-ի քսանամեակին նուիրուած պատկերագիրքերը հրապարակի վրայ են արդէն: Դաւիթ Դաւթեանի եւ Էդիկ Բերդեանի արուեստներուն մասին երկու պատկերագիրքեր մամուլի տակ են: Իսկ ինչ կը վերաբերի մեր հետագայ տպագրական ծրագիրներուն, եթէ քանի մը կեանք ալ շնորհուի մեզի, չենք կրնար աւարտել զանոնք:

Հ.- Ձեր հրատարակած պատկերագիրքերէն մէկը նուիրուած է Եուրոզին… ի՞նչ ներդրում ունեցած էք միջազգային իր հռչակի պարագային:

Պ.- Երբ երկու հազար երկու թուականին ծանօթացանք Եուրոզին, ան արդէն իսկ  Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած արուեստագէտ էր, այնպէս որ անոր միջազգային նուաճումներուն մէջ մեր բաժինը մասնակի է:

Հ.- Դուք ցարդ մասնակցած էք 30-է աւելի միջազգային փառատօներու: Այս մասնակցութիւնները ի՞նչ տուած են հայ մշակոյթին

Պ.-  Երկրորդ հազարամեակի յոբելենական տարուան առիթով, Ժընեւի «Փալ էքսփօ»-ի մէջ կայացած «Ուրոփ արթ 2000» փառատօնին մեր մասնակցութիւնը թէեւ առաջինն էր, սակայն մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունեցաւ` մեր դիմաց բանալով արուեստի բազմաթիւ դարպասներ:

Հ.- Ինչպէ՞ս…

Պ.- Մեր գեղանկարիչներէն Վահրամ Դաւթեան  յատուկ դատական կազմի մը կողմէ նախ ընտրուեցաւ իբրեւ աշխարհի լաւագոյն քառասուն գեղանկարիչներէն մէկը, ապա Կրիւյէրի «Ֆանթասթիք Արթ Միւզյըմի» տնօրէնութեան կողմէ անոր «Տը միտնայթ կէյմ» ստեղծագործութիւնը իբրեւ լաւագոյնը յոբելենական տարուան, ընտրուեցաւ եւ զետեղուեցաւ թանգարանին մէջ: Այս բացառիկ յաջողութենէն ետք միջազգային հրաւէրները յաջորդեցին իրարու: Այնուհետեւ շնորհիւ բազմաթիւ փառատօներու մեր մասնակցութեան, կարեւոր կապեր ստեղծեցինք արուեստի տարբեր տեսակի ձեռնարկութիւններու հետ, որոնք կը շարունակուին ցայսօր:

Հ.-  Օրինա՞կ…

Պ.- Օրինակի համար մենք սկսանք աշխատակցիլ միջազգային հրատարակութիւններու, ինչպէս. «Ֆայն արթ մեկըզին» (Նիւ Եորք), «Լիւքս իմմօ» (Մոնաքօ) եւ «Էլ. Այ. արթ» այս վերջինը սկսաւ հրատարակուիլ երեք լեզուներով (անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն) եւ հինգ քաղաքներու մէջ (Փարիզ, Մոնաքօ, Լոնտոն, Մոսկուա եւ Նիւ Եորք):  Պատահած է, որ անձնապէս տուած եմ նաեւ դասախօսութիւններ, եղած եմ դատական կազմի անդամ եւ կամ կարգ մը փառատօներու առիթով գրած նաեւ հրատարակուած  պատկերագիրքերու մէջ կարեւոր յօդուածներ: Այս բոլորը միջազգային որոշ վարկ եւ հեղինակութիւն ապահոված են «Նոազ արք» ցուցասրահին: Նկատի առէք, որ ձեռք բերած ենք մեծ եւ կենսական փորձառութիւն, զոր կ՛ուզենք կիսել հայկական այլ ցուցասրահներու հետ եւ  քաջալերել զանոնք` փորձելու ու մտնելու միջազգային արուեստի շուկայ: Ընթացքին փորձած ենք կազմել ստուար թիւով հաւաքածոյ մը, որ առիթ կու տայ մեզի կազմակերպելու նաեւ զուտ բարեսիրական բնոյթի ցուցահանդէսներ: Ծանօթ ըլլալով արուեստի շուկայի անգիր օրէնքներուն եւ «աւանդութիւններուն», յաճախ մեր հաւաքածոն կը համալրենք նաեւ խոստմնալից կերպարուեստագէտներու ստեղծագործութիւններով:

Հ.- Տակաւին չըսիք թէ ձեր փորձառութիւնը ի՞նչ տուած է հայ մշակոյթին:

Պ.- Բացի քանի մը պարագաներէ, մենք մեր ցուցանակներուն վրայ միշտ գրած ենք «Noah՛s Ark, Armenia» կամ «Erevan»: Իսկ մեր ներկայացուցած կերպարուեստագէտներուն 80 տոկոսէն աւելին հայ գեղանկարիչներ են: Երբ հայ կերպարուեստագէտներուն ստեղծագործութիւնները կը ներկայացուին, կը տարածուին ու կը գնահատուին  արուեստի բեմերու վրայ, յատկապէս փառատօներու ընթացքին, ինքնաբերաբար գնահատուած ու տարածուած կ՛ըլլայ հայ մշակոյթը եւ միաժամանակ թէ հայ ժողովուրդին, եւ թէ՛ հայրենիքի վարկն ու հեղինակութիւնը կը բարձրանայ յաչս օտարներուն: Այս վերջինը անուղղակիօրէն կը նպաստէ նաեւ թէ՛ քաղաքականութեան, եւ թէ տնտեսութեան զարգացման:

Հ.- Քիչ առաջ ըսիք, թէ մեր ժամանակակից կերպարուեստը մրցունակ է միջազգայնօրէն: Ինչպէ՞ս կ՛ընտրէք արուեստի գործերը եւ կամ այդ մրցակցութիւնը ինչպէս կ՛ընթանայ …

Պ.- Նախ իբրեւ «Նոազ արք»-ի կարեւորագոյն սկզբունքներէն մէկը, կը փորձենք ներկայացնել լաւագոյն կերպարուեստագէտներու լաւագոյն ստեղծագործութիւնները: Երբ արուեստագէտը տակաւին անուն չունի, այսինքն միջազգային հռչակի չէ տիրացած, որակը պիտի ըլլայ անոր չափանիշն ու ճամբայ բացողը: Մեզի համար նախապայման չէ արուեստագէտի մը հայկական աւազանէն ներս հռչակի տիրացած ըլլալը կամ ոչ, այլ այն, որ ունենայ ինքնատիպ եւ ներազդեցիկ արտայայտչականութիւն, ըլլայ խորապէս մարդկային եւ օժտուած` կատարողական բարձր մակարդակով: Այս բոլորին զուգահեռ մեզ կը հետաքրքրեն նաեւ անոր աշխատասիրութիւնը, յարատեւ ուսումնատենչութիւնը, ստեղծագործական ներքին մղումն ու գեղեցիկը բացայայտելու տարերային կիրքը: Միջազգային մրցակցութեան համար այս բոլորը բաւարար չեն. հարկաւոր է նաեւ համապատասխան նիւթաբարոյական աջակցութիւն, որովհետեւ ինչպէս ըսինք արդէն արուեստը խնայողութիւն չի սիրեր:

Հ.- Մրցակից հայ ցուցասրահներ չկա՞ն:

Պ.- Նոյնի՛սկ եթէ կան, անոնք պէտք է, որ գործակիցնե՛ր ըլլան, եւ անհրաժեշտաբար իրարու պէտք է փոխանցեն փորձն ու գիտելիքները: Քանի մը հայ ցուցասրահներ փորձած են մտնել միջազգային արուեստի շուկայ, սակայն բոլորը չէ, որ յաջողած են: Օրինակի համար յաջողած կը նկատուի հայրենի «Բարձր արուեստ» ցուցասրահը, որուն հետ սերտ գործակցութեան մէջ ենք:

Հ.- Իսկ մօտիկ ապագային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:

Պ.- Յունուարին չորրորդ անգամն ըլլալով պիտի մեկնինք Սինկափուր մասնակցելու համար «Արթ Սթէյճ Սինկափուր» ծայրագոյն Արեւելքի ամենահեղինակաւոր արուեստի փառատօներէն մէկուն: Իսկ  գարնան` Մոնրէալ, ուր դարձեալ կազմակերպչական գործեր կը սպասեն մեզ:

Հ.- Ի՞նչպէս կը գնահատէք Հայաստանի վերանկախացման  25-ամեակի եւ «Նոազ արք»-ի հիմնադրութեան 20-ամեակի զոյգ առիթներով կազմակերպուած ցուցահանդէսը:

Պ.- Նախ առիթէն օգտուելով կ՛ուզեմ շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղել Պէյրութի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանին եւ առհասարակ նախորդ դեսպաններուն, որոնք, առանց բացառութեան, անցնող երկու տասնեակ տարիներու ընթացքին նեցուկ եւ հովանաւոր եղած են «Նոազ արք»-ի կազմակերպած գեղարուեստական միջոցառումներուն: Իսկ Լիբանանի լրատուամիջոցներու եւ համացանցի մէջ լոյս տեսած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները լաւագոյնս կու տան ցուցահանդէսի գնահատականը: Սակայն մենք միշտ շեշտը դրած ենք ուսանողութեան եւ աշակերտութեան ցուցահանդէս այցելելու անհրաժեշտութեան վրայ: Կ՛ակնկալուի, որ կազմակերպուած ձեւով ուսանողներն ու աշակերտները այցելեն ցուցահանդէս: Խօսքը միայն մեր կազմակերպած ցուցահանդէսներուն մասին չէ: Օրինակի համար Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կազմակերպուած Միսաք Թերզեանի Եղեռնի նուիրուած ցուցահանդէսը ուսանելի շատ բան կը պարունակէ իր մէջ: Ցանկալի պիտի ըլլար, որ մեր տնօրէնները նկատի առնէին այս պարագան:

Noyan120616
Lorenzo120616
Karousel120616
DSC0045
argentina120616

Radioton Artsakh

Մուսալեռ-Այնճարը միշտ նեցուկ է Արցախին

Այնճար հայաւանը իր առօրեայ ապրումներով միշտ սրտակից է Արցախցիին: Ուժ ու  կորով կը ներշնչէ Արցախին ու Հայաստանին, իր նիւթական և բարոյական ներդրումով:

Շորեքշաբթի 7 Դեկտեմբեր 2016-ը, Լիբանահայութեան համար եղաւ յատկանշական օր մը, նկատի ունենալով 1988-ի Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւսիսային շրջանի մէջ գտնուող Սպիտակ քաղաքի Երկրաշարժը և Արցախ Ֆոնտի Ռատիոթոնը: 

Արցախ Ֆոնտի Յանձնախումբը առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, մեծ թափով սկսաւ աշխատանքի, և գոյացուց 10,350,000 Լ.Ո

Նուիրատուութեան  իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ գիւղիս պատկան մարմինները, «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէն, Այնճարի Քաղաքապէտութիւնը, միութիւնները, հաստատութիւնները, գիւղիս 3 վարժարանները, համայնքները և հայրենակիցները, որմէ գոյացած գումարը պիտի նպաստէ բիւրաւոր սրտեր ամոքելու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ բնակող բազմազաւակ ընտանիքներուն համար բնակարաններ կառուցման ծրագիրին և ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին պատճառով Արցախի աւերուած բնակավայրերու վերականգման և վերակառուցման աշխատանքներուն:

Վարձքը կատա՝ր բոլոր նուիրատու հայորդիներուն:

Radioton-Artsakh
IMG4239

Richard Hovhannesian

Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եօլ-Քեսապ» Հատորի Ներկայացումը ԱՄՆ-ի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայաստանի ի նպաստ վերլուծութեանց, ուսումնասիրութիւններու եւ ծրագրումի «Արփա» հիմնարկին, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 15-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի ներկայացնէ իր խմբագրած եւ հիւսիս-արեւելեան Միջերկրականի հայ համայնքներուն նուիրուած՝ «Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եօլ-Քեսապ» հատորը։

Հատորը 14-րդն է՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի կազմակերպած եւ Պատմական Հայաստանի նահանգներուն ու քաղաքներուն նուիրուած միջազգային գիտաժողովներուն ընթացքին ներկայացուած ուսումնասիրութիւնները համադրող հատորներու շարքին:

0000Richard Musa2 Սոյն հատորին մէջ նիւթեր կան նշեալ շրջաններու հայ համայնքներուն, Ֆրանսայի կողմէ Ալեքսանտրէթի դաւադրաբար Թուրքիոյ յանձնումին (1939) եւ նոյնիսկ 2014ին տեղի ունեցած Քեսապի եռամսեայ բռնագրաւման մասին:

Ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Մերտինեան վարժարանի «Պուլղուրճեան» սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ Այս էլ-փոստի հասցեն ծածկագրված է թափոնափոստի բոթերից։ Այն տեսնելու համար անհրաժեշտ է միացնել JavaScript։ հասցէով: