Լուրերու Արխիվ

Raffi Doudaklian

ՆԱՄԱԿ ԵՐԿՐԷՆ - Կապող Օղակը

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Ամանորի նախօրէին արտակարգ եռուզեռ է Երեւանի մէջ: Մօտակայ աւաններէն ու գիւղերէն բազմաթիւ քաղաքացիներ մայրաքաղաք կու գան՝ գնումներ կատարելու կամ արտագնայ աշխատանքէ վերադարձող հարազատներ դիմաւորելու: Փողոցներու խցանում-խճողումները շատ աւելի են այս տարի, անդադրում ձիւնին եւ սառցակալած ճանապարհներուն պատճառով: Այս օրերուն, ինչպէս այլ քաղաքներու մէջ, ինքնաշարժով քաղաքի մէկ անկիւնէն միւսը տեղափոխուիլը ցանկալի չէ, իսկ ես, անտեղի ուշացումներէն խուսափելու եւ խճողումներուն պատճառած գլխացաւէն զերծ մնալու համար, կը նախընտրեմ տունէն աշխատիլ եւ փողոց դուրս չգալ: Երկու օր առաջ, առաւօտուն, անծանօթ թիւէ մը հեռաձայն ստացայ: Պահ մը մտածեցի չպատասխանել՝ ենթադրելով, որ Նոր Տարուան խնճոյքներուն մասնակցելու հերթական հրաւէր մը պիտի ստանայի, բայց ի վերջոյ, ակամայ տեղի տուի եւ չոր «ալօ» մը ըսի հեռաձայնողին:

– Պարգե՛ւն է,- ըսաւ,- Երեւան եմ, նոր եկայ Լիբանանէն: Նախքան Ամանորը՝ մէկ հատ տեսնուինք: Թոմի՛կն ալ հոս է, Այնթապլեանը, ճաշի մը երթանք միասին:

Պարգեւ Թասլաքեանն էր, Լիբանանի յայտնի «Ֆայհա» երգչախումբի ղեկավարը, աշխարհի տարբեր քաղաքներու բեմերէն հանդիսատեսները հմայող մեր մայէսթրօն, մանկութեան տարիներու ընկերս՝ Այնճարէն:

Մէկ-երկու ժամ ետք հանդիպեցանք Աբովեան փողոցին վրայ եւ ջերմօրէն ողջագուրուեցանք: «Թոմիկը հիմա կու գայ: Եկուր մէյ մը Բաբաջանեանի փոքր դահլիճը երթանք, Երեւանի Կամերային երգչախումբին փորձն է. քիչ մը հետեւինք փորձերուն, մինչեւ մեր ընկերը գայ», առաջարկեց Պարգեւը: Երգչախումբին ղեկավարը մեզ ջերմօրէն դիմաւորեց, ու մենք մեծ հաճոյքով սկսանք ունկնդրելու այս վաստակաշատ երգչախումբին հրաշալի կատարումները: Թոմիկն ալ արդէն միացած էր մեզի եւ ամբողջութեամբ տարուած էր գեղեցիկ երաժշտութեամբ:

Ապա, երեքով գացինք «Երեւան Պանդոկ» յայտնի ճաշարանը՝ հին ընկերներով Նոր Տարի տօնելու… Ու յիշեցինք Այնճարը, մեր մանկութիւնը, մեր անցած ճանապարհը: Պարգեւը արդէն Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի մէջ փնտռուած խմբավար է, Լիբանանի մշակութային երկնակամարի աստղերէն: Թոմիկը, որ Փարիզէն եկած էր, տարիներ առաջ Երեւանի մէջ ղեկավարած էր «Նարեկացի» մշակութային հիմնադրամը եւ բեղուն գործունէութիւն ունենալէ ետք՝ վերադարձած էր Ֆրանսա:

Կեանքը մեզ տարած էր տարբեր ճանապարհներով, բայց ահաւասի՛կ կը հանդիպինք Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ: Բնականաբար, խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Հայաստանի ներկային ու մեր առօրեային վրայ: «Ես արդէն անշարժ գոյք ունիմ Հայաստանի մէջ, ապագային ուրիշ տեղ չեմ ուզեր ապրիլ: Արդէն կապերս այնքա՛ն ամուր են, որ դժուար, շատ դժուար պիտի ըլլայ խզումը», ըսաւ Պարգեւ: Իսկ Թոմիկ յայտնեց, որ շուտով պիտի տեղափոխուի Հայաստան: «Ֆրանսայի մէջ ունեցած-չունեցածէս ձերբազատուելու ընթացքի մէջ եմ: Շուտով ընտանեօք Հայաստան պիտի հաստատուինք, այլ տեղ չունինք երթալիք: Մեզի միացնողը, շաղկապողը, զօդողը՝ Հայաստա՛նն է»:

Չէինք կրնար չհամաձայնիլ: Կարեւոր չէր, թէ ուրկէ՛ եկած էինք, կարեւոր չէր արդէն իսկ մեր անցած ճանապարհը: Արդէն չէինք խօսիր անցեալի մասին: Կարեւորը՝ մեր ներկան էր ու ապագան… մեր գալիք օրերը՝ այս «գժական» երկրին, հայրենի՛ք կոչուող այս հողակտորին վրայ։

Բաժնուեցանք ուրախ, Նոր Տարուան լաւագոյն մաղթանքներով ու հայրենիքի մէջ միանալու հաւատքով: