Լուրերու Արխիվ

Նորա Արիսեան

Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան կը պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներառուի Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան մէջ

Երեքշաբշի, 21 փետրուար 2017-ին, Սուրիոյ խորհդրարանի գումարած նիստին, որուն ներկայ եղաւ Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Աթեֆ Նատտաֆի՝երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունենալով նշեց, որ Սուրիոյ համալսարանական բարձրագոյն կրթութեան հանգրուանին «Սուրիոյ պատմութեան» եւ «Օսմանեան կայսրութեան» առարկաները չեն ներառէր պատմական իրողութեան համապատասխանող դէպքեր, որոնք տեղի ունեցած են սուրիական հողերու վրայ եւմաս կը կազմեն Սուրիոյ պատմութեան, ինչպէս՝ հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը եւ ասորիներու «Սէյֆո»ն, հետեւաբար դոկտ. Արիսեան պահանջեց, որ պատմական դէպքերու թեման գիտական եւ պատմական ձեւով ներառուի այդ ժամանակահատուածին մէջ:

Դոկտ. Արիսեան, նախարարին ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ստորագրուած գիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառին համագործակցութեան համաձայնագրին, որ տարիներէ ի վեր չէ վերաշխուժացած: Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, հաստատեց, որ «Պայմանագիրը մեծ առիթ է սուրիացի ուսանողներուն, այնքան ատեն, որ Հայաստանը տարբեր մասնագիտութիւններու 30 բուհական թոշակ կը տրամադրէր»: