Լուրերու Արխիվ

levon Saida

Սայտայի Մարաթոն. «Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն» Ըսաւ Լեւոն Թաշճեան

Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին, Սայտայի քաղաքապետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպած էր մարաթոնի մրցում մը` 42.195 քմ վազքի: Այս մարաթոնը կը վայելէր երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հովանաւորութիւնը: Մարաթոնին նշանաբանն էր «Վազենք խաղաղութեան ու զարգացման համար»:

42.195 քմ վազքի մրցումին կը մասնակցէին 15 հազարէն աւելի երկսեռ մարզիկներ` օտար երկիրներէ եւ Լիբանանէն:

Մարզիկները վազքը սկսան ներկայութեամբ քաղաքական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, ինչպէս զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, Ֆուատ Սինիորա, եւ ուրիշներ:

42.195 քմ վազքը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Սայտայի քաղաքապետութեան ֆութպոլի դաշտի դիմացէն: Մարզիկները խանդավառօրէն շրջեցան ամբողջ Սայտան, իսկ մրցումը աւարտեցաւ սկսած վայրին մէջ:

Լեւոն Թաշճեան մասնակցեցաւ այս մարաթոնին` իր մտքին ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ան 42.195 քմ վազքը աւարտեց 4 ժամ 55 վայրկեան ժամանակէն եւ իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը: Լեւոն Թաշճեան իր տիտղոսը ստացաւ ձեռամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի: Լեւոն Թաշճեան յայտարարեց, որ իր տիտղոսն ու յաղթանակը կը նուիրէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ

Այս առիթով, Այնճարի հայութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, կու գայ շնորհաւորելու Ընկեր Լեւոն Թաշճեանը: