Լուրերու Արխիվ

 

mahazt

Շաբաթ 24 Փետրուար, 2018-ին մահացաւ Յովսէփ Տուտագլեան:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի 27 Փետրուար, 2018-ին կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։

mahazt

Երկուշաբթի 19 Փետրուար, 2018-ին մահացաւ Անի Չափարեան Քէնտիրճեան (ծնեալ 1963) յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի 20 Փետրուար, 2018-ին կէսօրէ ետք ժամը 3-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն։

27503167 2080624765551756 1498242547716540508 o

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին, Կիրակի 4 Փետրուար 2018-ին տեղի ունեցաւ Թաու Լու մրցաշարք, մասնակցութեամբ հետեւեալ ակումբներուն. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ Ժունիէ, Սքուեր Ֆիթ Քլապ, Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւն, Լուէյզի եւ Հ.Մ.Ը.Մ Անթիլիաս:
Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Այնճարի սեւ գօտիներու միութեան մարզիչներու՝ Տիկ. Սարին Փալուլեանի եւ Օրդ. Սօսէ Գազանճեանի վերահսկողութեան տակ:

Այնճարի սեւ գօտիներու միութեան մարզիկները մետալներ ստացան Աննա Հերկելեան, Անի Գազանճեան, Ճէյսօն Աբիկեան, Մայքըլ Մարտիկեան,  Ալէքս Գապաքեան, Հալլա եւ Ժատ Ալ Աժամի, Ուաժիհ Հարադի, Վարանդ Անտոնեան եւ Սերօ Գալէմքէրեան:

Տիրանալով 24 մետալի եւ ապահովելով 132 կէտ` Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւնը գրաւեց 2-րդ դիրքը: Առաջին հանդիսացաւ Անթունիէ Պաապտա (175 կէտ), իսկ երրորդ` Սքուեր Ֆիթ (131 կէտ):

 

2779799320806238288851837746297874519060238o
2785775020806234988852162394368765762336180n
2770976920806237022185294028637674997168698o
2778890920806243455517984811656403267916175o
2775059820806225288853135072029304258575853n
2765756520806240655518268378087862363884939n
276287562080623558885210989197998835103379o
2765534620806223955519937305231481412306358n
2762936920806222888853372788421232925472002o
2762545120806226622186339048784703872032757o
2750396920806238722185121899248055221316910o
2754507220806246855517647972280851017460092n
2754488020806244155517913027207819729698272n
2754051220806236422185354042149994260188833n
2750316720806247655517561498242547716540508o
2750108520806231722185828536022155831704671o
2750046420806233855518945208227112664237459o
274595842080623765551856940213368245705845n
2745953320806240022184997220369404316470699n
274593472080624425551790217958651943179753n
2745925320806240855518248748518488996239549n
2745914320806247188850945791562871461154889n
2733734320806238255518501429635751125995274n

878f7953 cb95 4e01 a271 e5504e237bf2

Կիրակի 18 Փետրուար 2018ին առաւօտեան, Այնճարի «Ս. Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ և Անմահ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մովսէս Տէր Գալուստեանիյիշատակին եւ տեղի ունեցաւ Ծաղկեպսակի զետեղում, Մովսէս Տէր Գալուստեանի կիսանդրիի առջեւ:

Ապա «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղականութեան գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն, որուն ներկայ էին գիւղիս հոգեւոր հայրերը, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան:
Խօսք առաւ ընկեր Եսայի Հաւաթեան, ուր Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեանի գործերուն մասին գրուած յօդուածի մասին տեղեկութիւններ տուաւ ներկաներուն:
Իր սրտին խօսքը փոխանցեց Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց, վեր առնելով բոլոր Մուսա Լեռցիներուն ներդրումները ազգային կեանքի մէջ:

5190f563-88d1-4834-b62e-226af39f8302
bb5d6895-d725-46f3-8255-e114b23f765d
878f7953-cb95-4e01-a271-e5504e237bf2
7dc4166b-4267-4136-9594-94a31899653c
0d478ca4-8ed3-4f35-ae8b-12c7bac8706f

Boghos Ghougassian 2218

Ձմրան շարունակուող տերեւաթափը չխնայեց խլելու վարժարանիս ծառէն ոսկեայ տերեւ մը…

Յանկարծակի կորուստը ընկեր Պօղոս Ղուկասեանի` խայթող կսկիծ մը պիտի մնայ վարժարանի ընտանեկան յարկին տակ:

Տակաւին երէկ էր, երբ ընկեր Պօղոսը, խնամակալութեան վերջին նիստին, խանդավառութեամբ կը զեկուցէր վարժարանի ամրապնդման ուղղութեամբ իր մէկ նախաձեռնութեան տարբեր խոչընդոտներու վերացումին մասին: Այնուհետեւ, կը յիշեցնէր, որ տարի մը առաջ իր մշակած այլ ծրագիրի մը USAID-ի կողմէ հաւանութեան արժանանալուն առիթով մեզի նուիրած գինիի շիշը պիտի բացուի, անմիջապէս որ ծրագիրի գործնական աշխատանքներուն մեկնակէտը նշանակուի…

Այսպէս էր. հակառակ ծանրաշարժ թուացող իր արտաքին կերպարանքին, ունէր պատանեկան վառ եռանդ եւ այդ եռանդով կը փորձէր համակել նոյնիսկ ամենաթերահաւատ անձը յատկապէս` գաղափարի գործնականացման իր յամա՛ռ, բայց լո՛ւռ ջանադրութեամբ: Չէր զեկուցեր մինչեւ շօշափելի առաւելներ ձեռք ձգած չըլլար աշխատանքի հունին մէջ:

Ժողովներուն, սկիզբէն մինչեւ աւարտ, իր ներկայութեան վարժեցուցած էր բոլորս, ըլլալու վերջին զեկուցողը. վարքագիծ մը, որ իր համեստ, ազնիւ ու համբերատար նկարագիրէն կու գար:

Պարտաճանաչ, յանձնառու եւ ճշդապահ` ամէն պարագայի տակ: Ունէր բոլորս զարմացնող ու ակներեւ տոկուն կամք մը, որ տեղի չէր տար ամենատարբեր արգելքներու եւ սրտնեղութիւններու առջեւ:

Ընկեր Պօղոսի մասնագիտութիւնն ու ասպարէզը, ինչպէս նաեւ գաղափարական ուխտաւորութիւնը համահունչ էին իր խառնուածքին: Համահունչ այս միասնութեան մէջ ոչ մէկ արհեստական ճիգ կար: Իր նկարագիրը այս բոլորին հարազատ համակեցութեան թարգմանն էր պարզապէս:

Այդպէս պէտք էր ըլլար, որովհետեւ ընկեր Պօղոսը գիւղի այն պատանիներէն էր, որ ուսման եւ գիտութեան ծարաւը յագեցնելու իր հրայրքին մէջ, իր մօր քաջալերանքին հետ, ի՛նք եւս պայքարեցաւ իր ճակտի քրտինքով եւ անխոնջ ու մաքառող մտասեւեռումով: Չբաւարարուեցաւ ուսողութեան եւ բնագիտութեան իր վկայականներով եւ գնաց Միացեալ Նահանգներ` մասնագիտանալու համար կենսոլորտային ճարտարագիտութեան, իսկ Անգլիոյ մէջ` այլընտրանքային գիւղատնտեսութեան մէջ:

Նկարագրային այս բնորոշման մէջ ակնբախ է, որ ընկեր Պօղոսը մաս կազմեց վարժարանիս ուսուցչակազմի այն սերունդի երիտասարդներուն, որոնք իրենց ուսման աւարտին եւ նոյնիսկ անոր զուգահեռ` վերադարձան գիւղ, թէկուզ` կարճ շրջանի մը համար եւ ապահովեցին ու ամրապնդեցին ազգային վարժարանի երկրորդական ուսման անցումը: Վարժարանիս աւելի քան 75-ամեայ պատմութիւնը ինչե՜ր չի պարտիր ուսուցչակազմի այդ սերունդին` թէ՛ ուսումնական որակի նուաճման առումով եւ թէ՛ ալ բարոյական պատգամներ իւրացնելու առումով:

Ուսուցչակազմի սքանչելի այս սերունդն էր, որուն տոկունութեան եւ հաւատաւոր ներկայութեան շնորհիւ, ամառնային դպրոցներու եկամուտով, քոլեճի կառոյցը իր համալրումները կատարեց, պատուհանները շինուեցան, շրջափակը կանաչապատուեցաւ, եւ այսօրուան շրջափակի պուրակները, որոնց շուքին հասակ կ՛առնեն սերունդները, ուսուցչակազմի այս սերունդի նախաձեռնութեան կը պարտինք…

Նոյն ուսուցչակազմի եւ շրջանաւարտներու վարժարանէն ներս ապահոված մշակութային եւ մտաւոր աշխուժութիւնն էր, որ ծնունդ տուաւ գիւղի «Դալար անկիւն»-ին, որուն մթնոլորտով եւ պարարտ ենթահողի վրայ հիմնուեցաւ նաեւ Այնճարի Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը:

Անոնք քաջ համոզուած էին, որ գիւղի բարգաւաճումը եւ անոր վայել բոլոր ճոխութիւնները պիտի ծնին նախ եւ առաջ գիւղի նորահաս սերունդներու կրթութենէն, անոնց ջամբած ուսումէն…

Սքանչելի այս ուսուցչակազմին կարկառուն անդամներէն էր ընկեր Պօղոսը, որ զաւարեանականի իր ուխտաւորութիւնը կ՛ուզէր կենսագործել նաեւ իր գիւղին մէջ:

Հետագային նաեւ, երբ ընտանիք կազմեց եւ քաղաք հաստատուեցաւ, վերադարձի իր կամուրջը, նոյնիսկ` չներուած պայմաններու տակ, աշխուժ պահեց: Տարբեր փուլերով մաս կազմեց գիւղի տարբեր յանձնախումբերու եւ մարմիններու, ինչպէս նաեւ` վարժարանիս խնամակալ կազմերու:

Գիտական մտածելակերպի մարդ էր` յատկապէս: Կ՛առաջնորդուէր առարկայական տուեալներով,  քննական միտքն ու կշռադատուած մօտեցումները առողջ եզրակացութեանց անվրէպ ապահովագրութիւնը կը համարէր:

Վարժարանի գործունէութեան հոգածութեան ծիրէն ներս իր ուշադրութիւնը սեւեռած էր երկու ուղղութիւններու վրայ:

Առաջին` վարժարանի գիտական տարրալուծարանի գործունէութիւնը, ուսուցիչներու առաջնորդութեամբ` աշակերտներու գիտական խոյզերու եւ նորարարութիւններու ներգրաւուածութեամբ: Պահանջկոտ էր այս իմաստով եւ շարունակ կը ջանար օգտակար հանդիսանալ:

Երկրորդ` ազգային կալուածները, իբրեւ նորահաս սերունդի կրթութեան մէկ կարեւոր յենարան: Ինչպէ՞ս ընել, որ կալուածներու ցանքն ու բերքը առաւելագոյն չափով ապահովագրուին բնութեան աղէտներէն. ի՞նչ ծրագիրով առաջնորդուիլ, որ կալուածները լաւ բերք ունենան, ի՞նչ ցանքատեսակներ որդեգրել, որ անվրէպ շուկայ կ՛ապահովեն եւ նուազ ծախսալից են…

Գոնէ վերջին փուլին, իր առաջադրած ծրագիրը ֆինանսաւորում ապահովեց, եւ նոր ջրհոր մը ունեցանք խողովակաշարի եւ ոռոգման ցանցի կցորդ ծրագիրի մը հաւանութեան ձեռքբերումով…

Դամբանականի մը սահմանները նեղ են արձանագրելու գիւղին մէջ նմանօրինակ ծրագիրներու իրականացման համար ընկեր Պօղոսի ջանադրութիւնը, իսկ ո՞վ չի գիտեր, որ Լիբանանի տարածքին հեռաւոր անկիւններու եւ տասնեակ մը աւաններու կենսոլորտային, երկրագործական եւ վերանորոգուող ուժանիւթի տարբեր ծրագիրներ կը կրեն ընկեր Պօղոսի փորձագիտական եւ նոյնիսկ հեղինակային կնիքը:

Գիւղին հանդէպ իր առաքելութեան մէկ կարեւոր ուղենիշն էր այնճարցին դաշնադիր պահել հողին եւ բնութեան հետ, որքան ալ համայնական եւ անհատական կենսակերպերը փոխուած ըլլան, որովհետեւ պապենական կտակը պահելու նախանձախնդրութեան զուգահեռ, ան համոզուած էր, որ հողը մարդուս չի դաւաճաներ, միայն թէ զայն խնամելու գիտական ստոյգ արուեստին տիրապետենք…

Ան համոզուած էր, որ տնային եւ գիւղի համայնական տնտեսութեանց մէջ պէտք է պահել ու զարգացնել գիւղական տարբեր պահածոներու պատրաստութեան եւ ընդհանրապէս գիւղամթերքի ապահովման այնճարցիին աւանդութիւնները, միայն թէ գիտական որոշ գործելաոճ մը ժողովրդականացուէր…

Կը նեղանար, որ հողի ու բնութեան գիրկին մէջ բնակողներս, այս երկուքին առողջարար բարիքները անտեսած, կը դիմէինք դիւրամատչելի շուկայականին…

Այս տխուր առիթով, ներողամիտ եղէք, որ անհատական վկայութիւն մըն ալ կատարած ըլլամ:

Հօրս եւ ընկեր Պօղոսին մտերմութիւնը թագադրուած էր հօրս ամուսնութեան եւ անոր զաւակներուն ընկեր Պօղոսին կնքահայրութեամբ: Հօրս կորուստէն ետք, մանաւանդ, մենք զգացինք, որ ընկեր Պօղոսին համար կնքահայրութիւնը ընտանեկան տիտղոս մը չէր, երբե՛ք, այլ` իր ընկերոջ հանդէպ բովանդակ յանձնառութիւն, մահէ ալ անդին…

Ափսո՜ս, որ այսօր իր ալ կորուստը կը սգանք…

Սիրելի՛ ընկեր Պօղոս,

Կը խոնարհինք յիշատակիդ առջեւ եւ բոլորս կը խոստանանք քու նուիրած գինիի շիշը բանալ կիսատ ձգած գործերդ աւարտելուն պէս, քաջ համոզումով, որ բաժակդ բարձր պահող արժանաւոր ժառանգորդներ ունիս արդէն, սիրելի զաւակներդ` Գալէն, Սէրուժը, Հրակը եւ Դալարը:

Այո՛, ձմրան շարունակուող տերեւաթափը ոսկեայ տերեւ մը հողին կը յանձնէ վարժարանիս ծառէն, բայց ընկեր Պօղոսի՛ն իսկ բացատրութեամբ, ծառին ամենահարազատ պարարտացուցիչը իր տերեւներն են, եւ ծառը պիտի աճի այդ պարարտացուցիչով:

Այո՛, ընկե՛ր Պօղոս, վարժարանիս ծառը պիտի աճի եւ ուժով պիտի ծլարձակէ իր ամենաթանկագին տերեւներու հողի ընդերքին խառնած աւիշով: Ահաւասիկ նաեւ քու ներարկած աւիշովդ նոր սերունդը հասակ պիտի առնէ` հետեւելով գործի ու տիպար նկարագիրի օրինակիդ:

Յիշատակդ անթառա՛մ, սիրելի՛ ընկեր:

Արմէն Թաշճեան