Լուրերու Արխիվ

Anjar 9818

Ուրբաթ, 7սեպտեմբեր 2018-ին, կեսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարան այցելեց Լիբանանի հայոց նորընտիր առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան` մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցի եւ գործունէութեան: Այցելութեան սկզբնաւորութեան առաջնորդ սրբազանը շրջագայեցաւ եւ բաժանմունքներուն մասին տեղեկութիւններ ստացաւ վարժարանի Տնօրէն՛ Արմէն Թաշճեանի կողմէն:

Ապա տեսչարանին մէջ սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը` Ազգային վարչութեանատենապետ ՐաֆֆիՍիսլեանի, եւ Առաջնորդարանի Տնօրէններ՛ Րաֆֆի Տէմիրճեանի, Պարոյր Տէր Ղուկասեանի վարժարանի տնօրէնին, խնամակալութեան, ինչպէս նաեւ ուսուցչակազմին հետ ունեցանաշխատանքայինհանդիպումմը: Սրբազան հայրը ստացաւ համապատասխան տեղեկութիւններ եւ խոստացաւ պարբերական դրութեամբ հետեւիլ վարժարանի աշխատանքներուն` նպաստելով անոր զարգացման ճիգերուն: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազան հայրը մաղթեց, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը Ազգային «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանին համար ըլլայ ինքնահաստատման եւ բեղուն գործունէութեան փուլ մը, որուն յաջողութեան մէջ կրթական պատասխանատուներուն եւ ուսուցիչներուն կողքին մեծ դեր ունին ծնողները:

Ապա Սրբազանը այցելեց Ս. Պօղոսեկեղեցի ուր ան «Կանոնականաղօթք» կատարեց Տէր Միւռոն քհնյ Աւետիսեանի հետ, ապա թաղականութեան գրասենեակին մէջ դիմաւորուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչին , Այնճարի աղաքապետին, քահանայհօր, թաղականութեան ու տիկնանց միութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ միութեանց ներկայացուցիչներու կողմէ: Հանդիպման ընթացքին սրբազանը նշեց, որ այս հանդիպումները կը միտին ըմբռնել միջավայրին դժուարութիւնները, ուրախանալ արձանագրուած իրագործումներով եւ փորձել կարելին իգործդնե լմեր հաւաքական առաքելութեան յաջողութեան համար: Այսառիթով, Այնճարի  քաղաքապետ  Վարդգէս Խօշեան հաստատեց,  որ գիւղին միասնակամութիւնը եւ դիմագիծը պահպանելը գլխաւոր գրաւականն է, որուն իրականացման համար իւրաքանչիւր անհատ եւ կառոյց ունի իր պարտականութիւնը, եւայս շրջագիծին մէջ առաջնորդ սրբազան հօր այցելութիւնը մեծապէս կը նպաստէ նշեալ գրաւականի յաջողութեան:

Ապա Սրբազան հայրը Ճաշի հիւրը եղաւ Գիւղին: