Լուրերու Արխիվ

Սիրելի ընկերուհիներ, ընկերներ եւ փառապանծ մեր ժողովուրդ:

Համաշխարհային այս ճգնաժամին՝ հակառակ բոլոր դիմագրաւած մեր մտահոգութիւններուն ի դիմաց, երբեք պիտի չմոռնանք մեր անցեալի փառքը հիւսող անմոռանալի հերոս նահատակները, որոնք մեզի համար ոչ միայն գաղափարական ճանապարհի ուղեւորութեան առաջնորդները եղան, այլ նահատակութեան գիտակցութիւնը եւ նուիրուածութիւնը ունենալով անձնուէր տիպարի օրինակը դարձան:
28 Մարտ 1985ին արեւանգուեցաւ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը եւ իր ընկերակից՝ ընկեր կարօ Գոլանճեանը:
1930ին Մուսա Լեռ «Խըտր պէկ» գիւղին մէջ շատ համեստ ընտանիքի մը մէջ լոյս աշխարհ եկաւ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը: Ան աւարտելէ ետք Այնճարի «Յառաջ» նախակրթարանը, ուսումը շարունակեց Երուսաղեմի Ժառանգաւորաց վարժարանը, ապա Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, վկայուելով հայագիտական բարձրագոյն ամպիոնէն 1954ին:
Իր Գաղափարական մկրտութիւնը ստացաւ առաջին հանրապետութեան հիմնադիր սերունդի տիտաններու՝ Նիկոլ Աղբալեանի, Լեւոն Շանթի, Կարօ Սասունիի եւ Սիմոն Վրացեանի հետ ուղղակի շփուելով:
Ապա կը գործուղուի Գահիրէ միանալու ՀՅԴ Օրգան «Յուսաբեր» խմբագրական կազմին Վահան Նաւասարդեանի, Գաբրիէլ Լազեանի, Բենիամին Թաշճեանի կողքին:
1962ին ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Լիբանան:
Այնուհետեւ իր Ճիգերը կը կեդրոնացնէ իր հարազատ գիւղի կրթական եւ ընկերային կեանքը աւելիով աշխուժացնելու եւ վերակենդանացնելու աշխատանքին:
1965ին կը նշանակուի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր մինչեւ 1968: «Ազդակ» շաբաթօրեակ-«Դրօշակ»ի հիմնադրութենէն ետք, 1969ին աշխատակցած է հոն որպէս օգնական խմբագիր, ապա 1978էն սկսեալ գործած է որպէս խմբագրապետ մինչեւ իր առեւանգումը 28 Մարտ, 1985:Այս կարճ ժամանակաշրջանին Մուսա Լեռէն Այնճար ապա Երուսաղէմ, դարձեալ վերադառնալով Այնճար ապա Պէյրութ, Գահիրէ ու վերջապէս հաստատուելով Պէյրութ ընկեր Սարգիս Զէյթլեան արդէն ՀԱՅԿԱԿԱՆԱՑԱԾ, ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԱՑԱԾ եւ վերջապէս ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆԱՑԱԾ տիպար հայորդիի պատրաստակամութեամբ նուիրուեցաւ անձնուէր գործին: Իր ինքնավստահութիւնն ու հոգեկան ունեցած խաղաղութիւնը զինք առաջնորդեցին պայծառ մտքի շողարձակման անսպառ աղբիւրի: Ան հարուստ էր գաղափարներու ներդաշնակցութեամբ, անոր գաղափարները եղան խօսքի վսեմագոյնը:
Ան հաւատաց թէ առանց գաղափարի որեւէ արարք կը վերածուի սոսկ ամուլ անարդիւնաւէտ աշխատանքի: Իր մտածումները վերածեց գործնական իրականութեանց: Հոս կը կայանայ ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի բացառիկ եւ խորաթափանց իմաստութիւնը:
Իր գաղափարներու միասնութիւնը չմնացին պարզապէս գրուած գործածական ընթացիկ բառեր կամ գեղեցիկ նախադասութիւններ,այլ վերածուեցան մտքի լուսարձակումներու, եւ դարձան գործընթացի ճանապարհ, ապագայի հեռանկարներու գործադրութեան հիմնական առաջնորդող քայլեր:
Քաջ գիտէր թէ այս յեղափոխականացման դժուարին երթը կրնայ զինք առաջնորդել նահատակութեան, այսինքն միանալու իր գաղափարակից յաւիտենականութեան մէջ ապրող ընկերներուն: Չընկրկեցաւ այս գաղափարին դիմաց, այլ աշխատեցաւ այն հաւատքով թէ շատ մահկանացուներ իրենց ողջութեան մէջ դիակացած են. Բայց նահատակները ողջ են յաւիտենականութեան մէջ, որովհետեւ ապրեցան այս հանգրուանային աշխարհի մէջ հերոսութեան փառահեղութիւնով:
Անոնք կը բնակին մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, անոնք մեր յիշողութեան մէջ ամէնօրեայ ներկայութիւն են: իրենց նահատակութեամբ հիմնեցին հերոսութեան եւ արժանապատուութեան վարդապետութիւն մը սերունդէ սերունդ: Անոնք պարզապէս տեղափոխուեցան յաւերժութեան մէջ, օրինակ դառնալով մեզ, իրենց մտքերը տակաւին հոս են եւ կը հսկեն մեր վրայ: Մէկ անգամ դէմ առ դէմ որ նահատակութեան պատրաստակամութեամբ տոգորուած ընկերոջ մը հետ խօսիլը աւելի տպաւորիչ է քան հարիւր անգամ անոր մասին լսելը: Բոլոր այն սերունդները որ դէմ յանդիման գտնուած են ընկեր Սարգիս Զէյթլեանի հետ կրնան վկայել՝ հաստատելով թէ բոլոր այն հայորդիները որոնք իրենց ափերուն մէջ պահեցին դաշնակցութեան կայծը եւ զայն փոխանցելով սերունդէ սերունդ այդ կայծը վերածեցին լոյսի, ջերմութեան եւ ապա թշնամիին դէմ կրակի:
Այն ինչ որ զոհած ենք անցեալին ու պատրաստակամ ենք զոհելու ներկայիս ուրիշ բան չէ՛, եթէ ոչ մի փոքր ոստում դէպի ապագայի կերտման հաստատուն ու պայծառ ուղղուածութիւն:
Սիրելիներ՝
«Կարմիր Լեռ» կոմիտէն եւ դաշնակցական համայն ընտանիքը պիտի շարունակեն դաշնակցութեան լուսապայծառ նուիրական տեսլականը գործնականացնել. այս աննկուն կամքով պիտի շարունակենք մնալ պատնէշի վրայ, ձեզի հետ ձեզի համար :
28 Մարտ 2020