Աւանդութիւններ

Սըրբա՜կիբ (Սուրբ Յակոբ)

Սերմնցու ցորենէն աւելցածը Սուրբ Յակոբի հարիսային կը յատկացնէին: Հարիսան անպայման պէտք է ըլլար աքլորի միսով:

Աւանդութիւնը կ'ըսէ թէ Մծբնայ Սուրբ Յակոբ Հայրապետը տեսնելով թշնամիէն պաշարուած ժողովուրդին սովահար վիճակը , կը թելադրէ որ մնացորդ վերջին ցորենահատիկները լեցնեն կաթսաներու մէջ եւ մորթեն աքաղաղներ ու նետեն զանոնք նոյն կաթսաներուն մէջ եւ պատրաստեն հասարակաց վերջին ճաշը՝ եղբայրօրէն ուտելու եւ եղբայրօրէն մեռնելու համար :

Աւանդութիւնը կ'ըսէ նաեւ որ երբ ժողովուրդը ուտելով զբաղած էր, Սուրբ Յակոբ Հայրապետը բազկատարած աղօթքի կեցած էր: Այդ պահուն, անծանօթ պատճառով, թշնամին պաշարումը կը վերցնէ եւ կը հեռանայ ընդմիշտ: Այդ օրէն ասդին, Սուրբ Յակոբի տօնին հարիսա կը պատրաստեն, եւ պայման էր որ աքաղաղի միսով ըլլար:

Մուսալեռ