Աւանդութիւններ

Մուսա Լերան Ժողովուրդի Աւանդութիւններն ու Սովորութիւնները

Կաղանդ և Նոր Տարի

Կաղանդի և Նոր տարուան աւանդութիւնները Մուսա լերան ժողովուրդին համար կրօնական հանգամանք ունէին: Նուազագոյնը շաբաթ մը առաջ, պատանիները 4-5 մեթր երկարութեամբ դափնեձողեր կը պատրաստէին, որոնց գագաթին կը գտնուէին տերեւախիտ ոստեր: Կաղանդի առաւօտուն գիւղին երիտասարդները, պատանիները նոյնիսկ մանուկները մեծ խանդավառութեամբ կը հաւաքուէին գիւղին հրապարակը, ուր պատրաստուած կ՛ըլլար փայտերու ահագին դէզ մը: Ուրախութեան բացագանչութիւններով դափնիի ճիւղերուն սաղարթախիտ գլուխները կ՛իջնէին խարոյկին մէջ: Տերեւներու ճաթըրտոցը խժալուր աղմուկ մը կը բարձրացնէր , մինչեւ որ դափնեձողերը մերկանային եւ սեւնային , որոնցմէ հին ատեն պատանիները կը պատրաստէին նետեր եւ աղեղներ: Այս խարուկահանդէսէն անմիջապէս յետոյ պատանիները կը սկսէին տունէ տուն պտըտիլ կաղանդչէք հաւաքելու համար. իսկ գիշերը երկար չուաններով կապուած պայուսակներ կը նետէին կիսաբաց դռներէն ներս , որոնց մէջ տնեցիները կը լեցնէին թուզ, ընկոյզ, եւ այլ միրգեր:

Նոր տարուան առաջին օրը կը սկսէր ժամ պատարագով, աղօթքով եւ Աստուծոյ ուղղուած փառաբանութեամբ: Ապա կը սկսէին ընտանեկան այցելութիւնները. ամանորի առթիւ բոլոր ընտանիքները սեղան պատրաստած կ՛ըլլային առատ կերակուրներով ու խմիչքներով ՝ այցելուները պատուելու համար :

Մուսալեռ