Գլխաւոր

Երաժիշտներ

Պարգեւ Թասլաքեան

Զաքար Քէշիշեան

Գէորգ Հաճեան

Գէորգ Պուրսալեան

Եսայի Մարգարեան (Տոլար Պապուկ)

Շահէ Սգայեան

Սարգիս Փանոսեան

Տէր Մաշտոց Քհնյ. Աշգարեան

Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Փանոսեան

Գիտական Դէմքեր

Տոքթ. Վազգէն Տէր Գալուստեան

Ծնած է Մուսա Լեռ 1937 թուին: Զաւակն է Մովսէս եւ Անահիտ Տէր Գալուստեաններու: Աւարտած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը 1955-ին ու յետոյ յաճախած Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը ուրկէ բժշկական վկայականը ստացած է 1963-ին:
Պոսթոնի Harvard համալսարանին մէջ ուսանած է մանկաբուժութիւն եւ Baltimore-ի Johns Hopkins համալսարանին մէջ՝ ծինաբանութիւն՝ (Genetics), եւ ժառանգական հիւանդութիւններ:
Վերադառնալով Լիբանան, 1970-ին ամուսնացած է Լենա Սէթեանի հետ: Ունի երկու դուստրեր՝ Սարին եւ Տարիա:
1968-էն 1986 պաշտօնավարած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ: 1986-ին ընտանեօք փոխադրուած է Մոնթրէալ, Քանատա: Իբրեւ Full Professor դասաւանդած է McGill համալսարանին մէջ եւ Montreal Children’s Hospital-ի ժառանգական հիւանդութիւններու բաժանմունքի վարիչ տնօրէնը եղած է:
Այժմ McGill Համալսարանի մանկաբուժութեան եւ ծինաբանութեան Emeritus Professor է:
Գրած է երեք մասնագիտական հատորներ՝ Genetic Diseases of the Skin                 ( Springer-Verlag, 1979), The Kidney in Genetic Disease (Churchill-Livingstone, 1986), Congenital Anomalies of the Ear, Nose and Throat (Oxford University Press, 1997) : Գրած է նաեւ 16 գլուխներ բժշկագիտական գրքերու մէջ եւ 158 յօդուածներ ծինաբանութեան միջազգային մասնագիտական թերթերու մէջ: Անդամ է եղած այլազան միջազգային գիտական հրատարակութիւններու խմբագրական կազմերուն:

 

Անդամ եղած է նաեւ բազմաթիւ միջազգային բժշկական եւ գիտական կազմակերպութիւններու (European Society of Pediatric Research, American Society of Human Genetics, Canadian College of Medical Geneticists): Մաս կազմած է Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան (World Health Organization – WHO) գիտական յանձնախումբերու եւ մասնակցած UNESCO-ի եւ WHO-ի գիտաժողովներու:
Ազգային կեանքի մէջ, այլ պատասխանատուութիւններու կարգին, եղած է անդամ եւ ատենապետ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական վարչութեան, անդամ՝ Կիլիկեան Կաթողիկոսարանի Կեդրոնական Վարչութեան եւ ատենապետ՝ Ազգային Ընդհանուր ժողովներու:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան

Ծնած է Այնճարի մէջ ուր ստացած է իր նախնական եւ երկրորդական կրթութիւնը Այնճարի Հայ Աւետարանական Վարժարանին մէջ: Համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ մասնագիտանալով ուսողութեան մէջ: Մագիստրոսի վկայականը ստացած է Ամերիկայի Հարաւային Քարօլայնայի համալսարանէն՝ աւարտելով կիրառական ուսողութեան բաժինը, իսկ դոկտորի վկայականը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն աւարտելով ճարտարագիտութեան բաճինը եւ մասնագիտանալով կառավարման բնագաւառին մէջ:

Որպէս գիտաշխատող աշխատած է Թեքստրոն, Ռաքըտայն, Պոյինկ եւ Եունայթըտ Թէքնոլոճիզ ընկերութիւններուն մէջ՝ ծրագրաւորելով հրթիռային սարքաւորումներու կառավարման համակարգեր:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան գիւտերու հեղինակ է անոնցմէ տատանումներու մարման նոր եղանակը լայն ընդունելութիւն գտած է: Այս գիւտին համար ան արժանացած է ԱՄՆ-ի կառավարութեան պարգեւին: Ան անդամ է բազմաթիւ կազմակերպութիւններու եւ հեղինակ է աւելի քան 80 գիտական յօդուածներու:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան սարքած է ամենաբարդ հրթիռային շարժիչի կառավարման օրէնքներու ծրագրաւորումը որ փորձարկուած է ՆԱԶԱ-ի կողմէ եւ կրնայ օգտագործուիլ ապագայ ձայնի արագութենէն տասը անգամ աւելի արագ օդանաւ – հրթիռ նորատիպ համակարգերու վրայ:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան հիմնադիրն է Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան (1983): Ան նաեւ հիմնադիրն է ԱՐՓԱ (1992) մասնագիտական կազմակերպութեան որ օգտակար կը դառնայ Հայաստանի գիտութեան, տնտեսութեան, կրթութեան, առողջապահութեան եւ այլ բնագաւառներու զարգացման:

Դոկտ. Յակոբ Փանոսեան առաջին եւ միակ մուսալեռցին է, որ ընտրուած է Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ արդարօրէն արժանանալով Ակադեմիկոս-ի կոչումին:

Դոկտ. Վահրամ Շամմասեան

Դոկտ. Լեւոն Թորոսեան

Բարերարներ

Ճոն Վարդան (Վարդան Սարգունի, Վարդան Քէօշէեան)

Ծնած է 1945-ին Այնճար: Մասնագիտական իր ուսումը շարունակած է Միշիկընի եւ Փէնսէլվանիայի համալսարաններուն մէջ մասնագիտանալով ճարտարապետութեան մէջ: Ան կը յաջողի հանրածանօթ անձնաւորութիւն մը դառնալ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ ստեղծելով մեծածաւալ հաստատութիւններ եւ դառնալով բարերար բազմաթիւ կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու: Ան թիկունք կանգնած է նաեւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին եւ Այնճարի «Յառաջ - Գալուստ Կիւլպէնկեան» երկ. Վարժարանին:

Հաստատած է Vartan Group, Vartan Construction Company, Vartan National Bank եւ Բարեւ Ճաշարանը:

Նուիրած է հողատարածք եւ շինութիւններ Widener համալսարանին ինչպէս նաեւ երկու միլիոն տոլարի կրթանպաստ: Մահացած է 2004-ին: Ամուսնացած է եւ ունի 4 զաւակներ որոնք կը հսկեն իր հիմնադրած հաստատութիւններու գործունէութեան:

Զօհրապ Թազեան

Շաւարշ Միսաքեան

Գալուստ Կիւլպէնկեան

Տէր Նարեկ Քհնյ. Շիրիգեան

Ճորճ Ճորճորեան

Սուրէն եւ Ալիս Ֆիլհաննէսեաններ

Յակոբ Ճանպազեան

Հիլֆսպունտ Միսիոնարութիւն

Մուսալեռցի - Այնճարցի Արուեստագէտներ

Մուսալեռցիները արուեստի հանդէպ յատուկ սէր ունեցող ժողովուրդ են: Հին դարերուն նոյնիսկ , անոնք ճանչցուած էին որպէս գեղեցիկ կառոյցներ շինող ժողովուրդ: Ալեքսանտրէթի շրջանին մէջ, մուսալեռցիներու կողմէ կառուցուած մեծաթիւ կամուրջներ եւ գեղեցիկ երկյարկանի տուներ տակաւին կանգուն են մինչեւ այսօր:

Արուեստի ծիրին մէջ անոնք սկսան ներկայութիւն դառնալ յատկապէս Բ.համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ գաղթականութեան դժուար պայմանները աւարտած ըլլալով՝ մուսալեռցիները սկսան հաստատուիլ Այնճարի եւ հայրենիքի մէջ , մաս մըն ալ ցրուեցան աշխարհով մէկ:
 
Մուսալեռցիները ունեցան իրենց արուեստագէտները, որոնցմէ ոմանք համաշխարհային հռչակի տէր դարձան՝ նոյնիսկ ամէնէն դժուար արուեստի շրջանակներուն մէջ:
 
Եւ այսպէս, Մուսալեռցի-Այնճարցիները ունեցան երեք սերունդի արուեստագէտներ՝ երէց, միջին եւ երիտասարդ, որոնք արդէն պատկարելի թիւ մը կը կազմեն եւ հպարտութիւնն են հայ ժողովուրդին:

ԺԱՆ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

He was born in Beirut, in 1938.

In 1962, he received the "Sersok” Museum award. Later in 1970, he held his first private exhibition,

Since then, his works have been displayed in well known painting exhibition halls, around the world.   http://jeankazandjian.com

Ծնած է Պէյրութ , 1938-ին:

1962-ին տիրացած է Պէյրութի Սըրսոք թանգարանի մրցանակին: 1970-ին կը կայանայ անոր առաջին անհատական ցուցահանդէսը, որմէ ետք անոր գործերը կը ցուցադրուին Լիբանանի, ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Անգլիոյ, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու միջազգային համբաւ վայելող ցուցասրահներու մէջ: Հաստատուած է Փարիզ տասնամեակներէ ի վեր եւ կը շարունակէ ստեղծագործել: Արուեստագէտի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքէջը: http://www.jeankazandjian.com/

ԳԵՂԱՄ ԹԱԶԵԱՆ

Մուսալեռցի վաստակաւոր նկարիչ եւ քանդակագործ:

30 տարիներ շարունակ հաւաքական եւ անհատական ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է Միացեալ նահանգներու , Քանատայի եւ եւրոպական երկիրներու մէջ:Անոր գործերէն շատեր մնայուն ներկայութիւն են միջազգային նշանաւոր ցուցասրահներու մէջ: Ստացած է բազմաթիւ միջազգային մրցանակներ: Արուեստագէտի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքէջը: http://tazianart.com/

ՀԱՅՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄԱՐՏԻՐԵԱՆ

Ծնած է Պէյրութ 1937-ին:

1985-ին կը սկսի փայտի եւ քանդակագործութեան: 1988-ին կը պարգեւատրուի երկու միջազգային ճանաչում ունեցող մրցանակներու: Անհատական աւելի քան տասը ցուցահանդէսներ տուած է Լիբանանի եւ Իտալիոյ մէջ: Մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու լիբանանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ: Ան իր գործերէն նուիրած է միջազգային համբաւ վայելող թանգարաններու եւ ցուցասրահներու Իտալիոյ, Հայաստանի , Միացեալ Նահանգներու եւ Պէյրութի մէջ: Արուեստագէտի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքէջը: http://vmardirian.com/

ԱՇՈՏ ԹԱԶԵԱՆ

Ծնած է Մուսալեռ , 1936-ին:

1956-ին անոր մէջ արդէն կը դրսեւորուի արուեստի նկատմամբ սէրն ու հետաքրքրութիւնը: Արդէն, ան լեռներն ու ծովեզերքը կը թափառի՝ փայտ հաւաքելու եւ զանոնք քանդակներու վերածելու համար: Տարբեր թուականներու եւ Լիբանաեան տարբեր շրջաններու մէջ կը կայանան անոր քանդակներուն եւ ձեռային աշխատանքներուն ցուցահանդէսները: Արուեստագէտի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել հետեւեալ դիմատետրի էջը: http://www.facebook.com/public/Ashod-Tazian

Արուեստաբան Դոկտ. Մովսէս Հերկելեան (Ծիրանի)

Ծնած է 1949-ին Այնճար, ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը յաճախելով ազգային «Յառաջ» վարժարանը: Մասնագիտական իր ուսումը շարունակած է Հայաստանի մէջ ուր տիրացած է  պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան մագիստրոսի վկայականին Երեւանի պետական համալսարանէն եւ Թատերական ու Արուեստի Ինսթիթիութէն: Ապա վկայուած է որպէս Արուեստի Դոկտոր՝ Հայաստանի ազգային գիտութիւններու ակադեմիայէն:

          Վերադառնալով Լիբանան լծուած է բեղուն աշխատանքի թէ կրթական եւ թէ մամուլի ծիրէն ներս: Եղած է արուեստի ուսուցիչ, թերթի աշխատակից եւ արուեստի էջի պատասխանատու ինչպէս նաեւ հեղինակած է շարք մը հատորներ նուիրուած տարբեր արուեստագէտներու՝

  1. «Նռան Գոյնը» 1985
  2. «Փօլ Կիրակոսեան» 1986
  3. «Post Soviet Painting» 1996
  4. «Արշիլ Կորքի Ատոյեան» 1998
  5. «Վահրամ» 2008
  6. «Սուրէն» 2010
  7. «Վահան» 2011
  8. «Եուրոզ» 2012

Որպէս արուեստի քննադատ աշխատակցած է միջազգային եւ ազգային շարք մը թերթերու եւ պարբերականներու՝ ինչպէս "Fine Art” magazine (New York), "Luxe-Immo” Monaco (Paris), "Monday Morning” (Beirut), «Բագին» , «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արծիւ»:

Դոկտ. Հերկելեան սեփականատէրն է "Noah’s Ark Art Gallery” պատկերասրահին եւ Արուեստի խորհրդականը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան: Ան անդամ է Լիբանանի եւ Արաբական պետութեանց թղթակիցներու համադաշնակցութիւններուն: Ան մասնակցած է բազմաթիւ միջազգային ցուցահանդէսներու աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ:

ՎՐԷԺ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ

Ծնած է Այնճար , 1942-ին , ապա ներգաղթած է Հայաստան: Հեղինակ է բազմաթիւ ճարտարապետական նախագիծերու եւ այդ շարքին նաեւ եկեղեցիններու:

Այս մարզին մէջ ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:

1971-էն ի վեր ունեցած է երեք անհատական ցուցահանդէսներ , երկուքը ՝ Երեւան , իսկ մէկը ՝ Այնճար:

ՆՇԱՆ ՏԷՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ

He was born in Beirut, in 1938.

He received the "Sersok Museum” award in 1962, and in 1970, he held his first individual exhibition. His works have been displayed in individual and group exhibitions in Lebanon, Paris, USA, Belgium and Germany.

Ծնած է Պէյրութ, 1938-ին:

1962-ին կը շահի Պէյրութի Սըրսոք թանգարանի մրցանակը, իսկ 1970-ին կ՛ունենայ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսը: Ապա անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներով իր գործերը կը ներկայացնէ հանրութեան Լիբանանի, Փարիզի, Միացեալ Նահանգներու, Պելճիքայի եւ Գերմանիոյ մէջ՝ արուեստի նշանաւոր սրահներու եւ կեդրոններու մէջ:

ՏՈԿԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՆԻԳՈԼԵԱՆ

Ծնած է Պէյրութ, 1945-ին:

Առաւելաբար վերջին տասնհինգ տարիներու ընթացքին ծաղկած է անոր արուեստը: Մասնակցած է համաշխարհային հաւաքական ցուցահանդէսներու Միացեալ նահանքներու, Գանատայի, Հայաստանի, Արժանթինի եւ Չինաստանի մէջ: Հիմնականօրէն կը նկարէ Լիբանանեան հին տուներ, Փիւնիկեան թագուհիներ ու թագաւորներ , Մանտոլինով աղջիկներ եւայլն: Վերջին ժամանակաշրջանին կը ներկայացնէ հայկական ժայռապատկերները նկարչական գունաւոր երանգներով:

ՅԱԿՈԲ ՃԱՄՊԱԶԵԱՆ

Ծնած է Այնճար: Անոր կոթող-ստեղծագործութիւնները սփռուած են տարբեր քաղաքներու մէջ՝ Նիւ Ճըրզի, Մոնրէեալ, Թորոնթօ, Քեմպրիճ եւ այլ շրջաններ, ուր կանգնած են հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձաններ ՝ տարբեր ձեւի, չափի եւ բնոյթի: Հեղինակ է հայ նշանաւոր դէմքերու նուիրուած քանդակներու ընդարձակ շարքի մը: Հեղինակն է նաեւ Գանատայի մէջ կառուցուած Մուսա Լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանին:

ՎԱՀԷ ՀԱՆԻՍԵԱՆ

Ծնած է Այնճար, 1954-ին: 1979-ին կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսի՝ հանրութեան ներկայացնելով իր գործերը: Ապա հաւաքական եւ անհատական ցուցահանդէսներու կը մասնակցի Պէյրութի եւ Այնճարի մէջ:

Ալեքսան Քիւսպէքեան

Ծնած է Այնճար: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» երկ. վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքէն մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է նկարչութեան հանդէպ: Ինքնաշխատութեամբ տիրացած է նկարչական թէքնիքներու: Մասնակցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներու Պէյրութի եւ Այնճարի մէջ: Գնահատելի աշխատանք տարած է նոր սերունդին մօտ նկարչական սէրն ու հետաքրքրութիւնը զարգացնելու նպատակով:

Կարօ Անտոնեան

Ծնած է 1959-ին , Այնճար:

Մասնակցած է հաւաքական եւ անհատական ցուցահանդէսներու՝ Լիբանանի, հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ:

Կարօ Ուրֆալեան

Ծնած է Դամասկոս: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ազգային «Միացեալ» վարժարանին մէջ: Փոքր տարիքէն յատուկ սէր ցուցաբերած է նկարչութեան հանդէպ: Հետեւած է Այնճարի մէջ գործող համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի դասընթացքներուն, հսկողութեան տակ հայրենի արուեստագէտներ Ալեքսան Քոչարեանի եւ Լաւրէնտի Աղասեանի: Մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ արժանացած ժողովուրդի քաջալերանքին:

ՆԱՐԵԿ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ

Զաւակն է մուսալեռցի պատմաբան եւ Մաշտոցի անուան մատենադարանի գիտաշխատող Փայլակ Այնթապեանի: Ծնած է Երեւան 1961-ին: Տիրացած է միջազգային մրցանակներու Խորհրդային միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Անոր գործերը մնայուն կերպով ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու շարք մը եկեղեցիներու եւ թանգարաններու մէջ:

1986-էն ի վեր ունեցած է հաւաքական եւ անհատական ցուցահանդէսներ Հայաստանի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ մէջ:

ՄԱՐԱԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Ծնած է Պէյրութ, 1963-ին: 1986-էն ի վեր ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ Սուրիոյ , Կիպրոսի եւ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցածէ աւելի քան 50 հաւաքական ցուցահանդէսներու վերոյիշեալ երկիրներուն, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ:

1991-ին կը պարգեւատրուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ոսկի շքանշանով: Կ՛աշխատակցի մշակութային պարբերաթերթերու: Հիմնադրած է «Այբ թու զետ» ակադեմեան:

Ծնած է Պէյրութ, 1963-ին: 1986-էն ի վեր ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ Սուրիոյ , Կիպրոսի եւ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցածէ աւելի քան 50 հաւաքական ցուցահանդէսներու վերոյիշեալ երկիրներուն, Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի մէջ:

1991-ին կը պարգեւատրուի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ոսկի շքանշանով: Կ՛աշխատակցի մշակութային պարբերաթերթերու: Հիմնադրած է «Այբ թու զետ» ակադեմեան:

ՊՕՂՈՍ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ (ԱՂԱՍԻ)

Ծնած է Այնճար, 1964-ին: Նկարչական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած է Երեւանի եւ իտալիոյ մէջ: Ցուցահանդէսներ ունեցած է իտալիոյ, Լիբանանի, Սպանիոյ, Զուիցերիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Երեւանի, Անգլիոյ եւ Պելճիքայի մէջ: Ան նաեւ քանդակագործ եւ նկարիչ է: Իր քանդակները ցրուած են բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Արուեստագէտի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքէջը: http://www.aghassiart.com/

ՐԱՖՖԻ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

Ծնած է Այնճար, 1964-ին: 1983-էն ի վեր ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ եւ մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ: Արուեստի ուսուցիչ է տարբեր մշակութային դպրոցներու մէջ: Հիմնադիրներէն է Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի «Ռուբէն Նաքեան» արուեստի դպրոցին ուր դասաւանդած է երկար տարիներ: Արուեստագէտի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել հետեւեալ կայքէջը: http://raffiandonian.com/

ԺԻՐԱՅՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ

Ծնած է Պէյրութ, 1968-ին: Նկարչական բարձրագոյն կրթութեան տիրացած է Փարիզի մէջ: 1987-էն ի վեր անհատական ցուցահանդէսներ տուած է Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ: Քրոջը՝ Մարալ Փանոսեանին հետ հիմնադրած է «Այբ թու զետ» արուեստի հիմնարկը:

ԳՕԳՕ ՍԳԱՅԵԱՆ (ԿԱՐԱՊԵՏ)

Ծնած է Այնճար, 1968-ին: Մասնագիտական կրթութիւնը ստացած է Վենետիկի Գեղարուեստի ակադեմեային մէջ: 1984-էն ի վեր հաւաքական եւ անհատական ցուցահանդէսներ տուած է տարբեր քաղաքներու մէջ:

Անոր գործերը ցուցադրուած են Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի ու Ասիոյ ցուցասրահներուն եւ մշակութային կեդրոններուն մէջ: Արուեստագէտի մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է այցելել հետեւեալ դիմատետրի էջը:

ՀԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓ ՎՐԴ. ԱՇԳԱՐԵԱՆ

Ծնած է Պէյրութ 1969-ին: 2001 թուականին կը ձեռնադրուի վարդապետ, կը մասնագիտանայ սրբանկարչութեան ճիւղին մէջ: Անհատական ցուցահանդէսներով հանդէս կու գայ Լիբանանի , Գերմանիոյ , Անգլիոյ, Կիպրոսի եւ Իտալիոյ մէջ: Հրատարակած գործերէն են «Մեկնութիւն 20 մանրանկար սրբանկարներու», «Հայ սրբանկարիչին ձեռատետրը», եւայլն: Անոր սրբանկարներէն շատեր այսօր կը գտնուին հայկական եւ իտալական բազմաթիւ եկեղեցիներու մէջ, ինչպէս նաեւ Վատիկանի թանգարանին մէջ: Այժմ հաստատուած է Սիկիլիա ուր կը շարունակէ ստեղծագործել:

ՆԱՆՈՐ ՔԻՒՐԻՒՄԼԵԱՆ ՀԱՃԵԱՆ

Ծնած է Պէյրութ, 1974-ին: Նկարազարդած է շուրջ 15 գիրքեր, յատկապէս մանկական հեքիաթներու: Մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ Լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: Յորդանանի մէջ գծած է բազմաթիւ նկարներ պանդոկներու եւ տուներու մէջ՝ ներկայացնելով Յորդանանեան ժողովուրդի բարքերն ու սովորութիւնները:

Անոր գործերը ցուցադրուած են նաեւ հայկական եկեղեցիներու մէջ ՝ Այնճար , Յորդանան եւ Ժիպէյլ:

ՏԱԹԵՒ ԳԱՍԱՄԱՆԵԱՆ-ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Ծնած է Գանատա, 1980-ին: 1999-ին՝ առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ հայաստան, ուր բնութիւնը խոր ազդեցութիւն կ՛ունենայ իր արուեստին վրայ: Ունեցած է երկու անհատական ցուցահանդէսներ Գանատայի մէջ:

Րաֆֆի Թաշճեան

Ծնած է Այնճար , 1973-ին:

Փոքր տարիքէն յատուկ սէր ցուցաբերած է նկարչութեան հանդէպ: Հետեւած է Համազգային «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի գծագրական դասընթացքներուն: Մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու՝ ունեցած է նաեւ անհատական ցուցահանդէս: Մեկնած է Հայաստան եւ մասնագիտացած է Ճարտարապետութեան մէջ:

Պետրոս Տուտագլեան

Ծնած է Այնճար , 1982-ին:

2010-ին կայացած է անոր անհատական առաջին ցուցահանդէսը: Արուեստի կրթութիւն ստացած է հայրենի արուեստագէտներու հովանիին եւ հսկողութեան տակ: Մասնակցած է բազմաթիւ հաւաքական ցուցահանդէսներու Այնճարի եւ Պէյրութի մէջ:

Մուսալեռցի - Այնճարցի Գրագէտներ

Եդուարդ Պօյաճեան (1915-1966)

Բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, քննադատ, խմբագիր եւ ուսուցիչ Եդուարդ Պօյաճեան ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը՝ 1915-ին, Մուսա Լերան հերոսամարտի օրերուն: Երեք ամսուայ երեխայ, ծնողներուն հետ փոխադրուած է Փոր Սայիտ, ուր մնացած է 4 տարի: Ծննդավայր վերադարձին, ուսման առաջին շրջանը անցուցած է գիւղական երկու վարժարաններուն մէջ. մէկը՝ Խըտըր Պէկ, միւսը՝ Եօղուն Օլուք. իսկ երկրորդ շրջանը՝ Պէյրութի Հայ Ճեմարանէն ներս, 15 տարեկանէն մինչեւ 20 տարեկան (1930 - 1935):

Գրել սկսած է փոքր տարիքէն, իսկ տպուիլ՝ 1932-ին: Աշխատակցած է Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին, Փարիզի «Յառաջ»-ին, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին եւ շաբաթաթերթին, «Նայիրի» ամսագրին եւ Պէյրութի նոյնանուն շաբաթաթերթին. նաեւ «Հասկ»-ին, «Ակօս»-ին, «Ազդարար» -ին եւ «Բագին» -ին: Գործածած ծածկանունները եղած են Ալպաթրոս, Վազգէն Տիրանեան, Ե. Սարենց եւ Ե. Ծովիկեան:

Գրականութեան առընթեր՝ Եդուարդ Պօյաճեան ամբողջ կեանքին ընթացքին զբաղած է կրթական գործով: Ուսուցչութիւն ըրած է Սուրիոյ Թել Ապեատ գիւղը, ապա ծննդավայր Խըտըր Պէկի մէջ, յետոյ՝ յաջորդաբար՝ Այնճար, Հալէպ, Քեսապ եւ Պէյրութ: Եղած է «Բագին» Ամսագրի հիմնադիր անդամներէն եւ խմբագիրներէն մէկը (1962 - 1966):

Եդուարդ Պօյաճեան լոյս ընծայած է 6 հատորներ՝ «Սէր եւ Վիշտ» (1944), «Հողը» (1948), «Պայքարողներ, Պայքարողներ դուք գազազած» (1958), «Թուղթ Զաւակներուս» (1961), «Տոմար Տարագրի» (1963) եւ «Երկու Նամակ» (1964):

Իսկ յետ մահու իր գործերէն լոյս տեսած են «Դէմքեր» (1967), «Երկեր Ա. հատոր» (1968), «Ծննդավայր Կորուսեալ» (1984), «Ընտրանի» (Երեւան 1994), «Կեանքի Ափերէն» (1995) , «Դուն» (Երեւան 2005) եւ «Միտք Պահէ» ():

Պօղոս Սնապեան

Ծնած է 11 Օգոստոս 1927-ին, Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ:

1944-ին կ՛ընդունուի Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը եւ կ՛աւարտէ զայն 1949-ին:

1950-էն սկսեալ իբրեւ ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ ազգային վարժարաններուն մէջ, որուն առընթեր գրական եւ քննադատական իր գործերը լոյս կը տեսնեն «Նայիրի» եւ «Ակօս» հանդէսներուն մէջ:

1962 Յունուարին, Կարօ Սասունիի խմբագրապետութեամբ, երբ լոյս կը տեսնէ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող գրականութեան եւ արուեստի «Բագին» ամսագիրը, Եդուարդ Պօյաճեանի հետ կը կոչուի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնին:

1962-ին կը մեկնի Փարիզ եւ Սորպոնի եւ Ալիանս Ֆրանսէզի մէջ երկու տարի, իբրեւ ազատ ունկնդիր կը հետեւի գրական եւ իմաստասիրական դասընթացքներու: Վերադարձին շարունակելով «Բագին»ի մէջ վստահուած աշխատանքները,միաժամանակ կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն, Այնճարի եւ Պէյրութի ազգային երկրորդական վարժարաններու աւարտական դասարաններուն մէջ:

1966-1973-ին մաս կը կազմէ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան, իբրեւ ազգային եւ գրական- մշակութային էջերու պատասխանատու խմբագիր:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ հաստատուած (1966), «Գէորգ Մելիտինեցի) գրական դատակազմի անդամ է մինչեւ օրս եւ խմբագրած է աւելի քան 50 գրական հատոր:

1983-1989-ին կ՛աւանդէ հայ գրականութիւն՝ «Համազգային»ի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի բոլոր դասարաններուն:

v1950-ական թուականներէն սկսեալ աշխատակցած է նաեւ սփիւռքահայ շարք մը թերթերու՝ պատմուածքներով, տպաւորապաշտ էջերով եւ քննադատական եւ հրապարակագրական յօդուածներով:

Պօղոս Սնապեանի Հրատարակած ու Հրատարակելի Գործերը:

  • Ժամանակ Չկայ (1953)
  • Յեղափոխութեան Համար (1956)
  • Վերջին Արարը (1958)
  • Անդրշիրիմեան Ձայներ (1960)
  • Աւազախրած Նաւը (1963)
  • Ես Այդ Շունն Եմ (1966)
  • Կորստական Թոյներ (1970)
  • Աղքատներու Աւանդութւինը Ա. Հատոր (1983)
  • Ի՞նչպէս Հայհոյեմ (1990)
  • Միջնարար (1992)
  • Յայսմաւուրք (1997)
  • Տարեդարձներ (2001)
·Աղքատներուն Աւանդութիւնը Բ.Հատոր (2002)
·Կրկէսին Մէջ (Քննադատական յօդուածներ 2005)
·Տպաւորութիւններու Հէնքով (Քննադատական յօդուածներ)
·Վերծանումներ (Ուսումնասիրութիւն)
·Պատիժներ (2008)
·«Ես Իմ Անուշ»ի Ոդիսականը (Ուսումնասիրութիւն)
·Ձգողական (2010)

Այլ Հրատարակութիւններ

  • Միջնաբերդ (գրական տարեգիրք) 1957-1959
  • Հանդիպումներ Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ (1978)
  • Հայաստանի Երիտասարդ Արձակագիրները (1980)
  • Արագիլ (1984)
 
Պատրաստ Հրատարակութեան
 
·Պղտոր Ջուրեր (վէպ)
·Գրեցէք Բացակայ (Վիպակ)
·Դէմքերու Հետ (Ուսումնասիրութիւն)
·Գիրքերու Հետ (Քննադատական յօդուածներ)
·Իմ Տոքթորաս (Ուսումնասիրութիւն Յ.Օշականի Մնացորդացի մասին)
·Զրոյցներ (գրական)
·Աղքատներու Աւանդութիւն Գ. (պատմուածք)

Զուլալ Գազանճեան (1936-2011)

Ծնած է 1936 -ին Մուսա Լեռ: Տակաւին մանուկ, Մուսա Լերան ժողովուրդին հետ տեղափոխուած է Այնճար ուր նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի ազգային «Յառաջ» նախակրթարանին մէջ, որմէ ետք տեղափոխուած է Հալէպ: 1949-ին մեկնած է Վենետիկ՝ ուսանելու համար «Մուրատ Ռաֆայէլեան» վարժարանին մէջ:

1954-1961 ուսուցչութեամբ զբաղած է Հալէպի մէջ որմէ ետք հաստատուած է Փարիզ:
Վերջին տասնամեակին իր ժամանակը բաժնած է Փարիզի եւ Երեւանի միջեւ: Հրատարակուած քերթողագիրքերն են.-
1- «Կեանքը Քոյրս», Փարիզ 1964
2- «Արեւածաղկի մը Նման», Փարիզ 1975
3- «Շարունակելի», Վենետիկ 1992
4- «Բանաստեղծութիւններ», Երեւան 1996
5- «Հատընտիր Հայ Հին Բանաստեղծութեան», Վենետիկ 1998 երկու հատոր

Թովմաս Հապէշեան

Ծնած է 1904-ին Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղին մէջ: Մուսալեռցիներուն հետ բարձրացած է Մուսա Լեռ 1915-ին եւ ապա փոխադրուած Փոր Սայիտ: Յաճախած է Փոր Սայիտի «Սիսուան» Վարժարանը:

Մուսա Լեռ վերադարձած է 1919-ին:Ժամանակ մը ետք սկսած է ուսուցուչեան զոր շարունակած է իր ամբողջ կեանքի ընթացքին: Դասաւանդած է Խըտըր Պէկի, Վագըֆի եւ Եօղուն Օլուքի վարժարաններուն մէջ:

Շարունակած է ուսուցչական ասպարէզը Այնճարի մէջ 1939-էն ետք մինչեւ հանգստեան կոչուիլը: Ինքնաշխատութեամբ տիրացած է մեծ գիտելիքներու: Գրել սկսած է փոքր տարիքէն եւ յատկապէս մեծ բանահաւաքի աշխատանք տարած է ուսումնասիրելով եւ հրատարակելով Մուսա Լերան ժողովուրդի ազգագրական հիմնական երեւոյթները (Բարբառ, սովորութիւններ, աւանդութիւններ, հեքիաթներ ...): Ան վարած է ազգային եւ կուսակցական (Հ.Յ.Դ.) պատասխանատու պաշտօններ: Հրատարակած է երկու հատորներ «Մուսա-Տաղի Պապենական Արձագանգներ» (1986) եւ«ՅիշատակարանՄուսաԼերանԲարբառի»(1993):

Եսայի Մարգարեան (1889–1964)

Ծնած է Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը 1889-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի ազգ. վարժարանին մէջ:

1910-ին կը զինւորագրուի Օսմանեան բանակին մէջ ծառայելով Մարաշի շրջանին մէջ: 1913-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ ուր կը մնայ աւելի քան 33 տարիներ, որմէ ետք կը վերադառնայ Այնճար 1946-ին եւ կը մասնակցի գիւղի կառուցման: Փոքր տարիքէն իր մէջ զգալի եղած է սէրը բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ: Սկսած է յօրինել երգեր եւ ծանօթ դարձած է որպէսԱշուղ Տոլար Պապուկ:
Տոլար պապուկ կեանքի վերջին տարիները կ՛անցնէ իր ժողովուրդին հետ Այնճարի մէջ՝ զբաղելով երկրագործութեամբ եւ երգեր յօրինելով: Հեղինակ է շարք մը քերթուածներու եւ երգերու:

Իր երգերը գրուած են թէ հայերէնով եւ թէ Մուսա Լերան բարբառով: Մեծ ճանաչում գտած է իր «Մուսա Լերան Գիւղերէն» երգը որ վերածուած է Այնճարի ժողովրդային քայլերգի: Նշանաւոր են նաեւ իր «Հաւուն Երգը», «Ամուսիններուն Վէճը» ...:

Մահացած է Այնճարի մէջ 1964-ին:

Զաւէն Նալպանտեան (Զարեւանդ)

Ծնած է Անտիոք Մուսալեռցի մօրմէ: Հայրը զոհ գացած է 1909-ի Կիլիկեան կոտորածներուն: Ուսումը ստացած է Այնթապի ազգային վարժարանին մէջ: Ինքնաշխատութեամբ կը տիրանայ բարձր ուսումի եւ կը դառնայ Թուրանիզմի մասնագէտ՝ խորապէս ուսումնասիրելէ ետք թուրք ժողովուրդի մտածելակերպն ու հոգեբանութիւնը: Հեղինակ է երկու վաւերական հատորներու՝ «Ի՞նչ կը Ծրագրեն Թուրքերը» եւ «Կրնա՞նք Հաշտուիլ Թուրքին Հետ»:

Յակոբ Թորոսեան (1909– )

Ծնած է Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Փոր Սայիտի վրանաքաղաքին մէջ: Մուսա լեռ վերադարձէն յետոյ մէկնած է Պոլիս ուր յաճախած է Մխիթարեաններու դպրոցը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքին մէջ:

Զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ: Աշխատակցած է շարք մը պարբերականներու եւ օրաթերթերու: Հեղինակ է շարք մը գիրքերուեւ ուսումնասիրութիւններու: Մշակած է լեզուական, երգիծական, թատերական, պատմուածքային եւ բանաստեղծական սեռերը: Հրատարակած է՝ «Լեզուաշինութիւն», «Հայերէնի Ճոխութիւնը», «Փունջ Յոյն Դիցաբանութեան», «Թորոս Ծառայ» եւ «Մարդասպանութիւն Մը» գործերը: Իր թատերգութիւնները լոյս տեսած են քանի մը հատորներով:

Վարուժան Արք. Հերկելեան

Ծնած է 1946-ին Այնճար՝ աւազանի անունով Պօղոս: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ որմէ ետք յաճախած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը զայն աւարտելով 1967-ին: Ծառայած է որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն Այնճարի, Զահլէի եւ Թռչնոց Բոյնի մէջ: Որպէս հոգեւորական իր ծառայութիւնները տարածուած են Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ: 1997-ին կը նշանակուի Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ: 2003-ին կ՛ստանայ Արքեպիսկոպոսի կոչում:

Տ. Վարուժան Սրբազան ունեցած է բեղուն եկեղեցական, կրթական, հրատարակչական եւ գրական գործունէութիւն: Ան հիմնադիրն է «Գառնի» մատենաշարին որ լոյս ընծայած է 41 հատորներ: 1993-էն սկսեալ կը հրատարակէ «Արծիւ» ամսաթերթը (www.ardziv.com) որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

ardziv

 

1997-էն ի վեր կը հրատարակէ Կիպրոսի Առաջնորդարանի «Գեղարդ» լրատուն: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ հանդէս եկած է բազմաթիւ յօդուածներով՝ ազգային-կրթական եւ մշակութային թեմաներով: Ցարդ հրատարակած է հինգ հատորներ.-

  • «Հայաստանեայց Եկեղեցին Կիպրոսի Մէջ» (2003)
  • «Ատանայի Վկաները եւ Ս. Ստեփանոս Վկայարանը – 1909» (2010)
  • «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. Կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի» (2010)
  • «Կիպրոսի Թեմի Հովուական Կարգը եւ Թեմական Կազմաւորումը» (2011)
  • «Տարագրութիւն, Որբեր, Մելգոնեան Հաստատութիւն» (2011)

Հայր Յարութիւն Ծյրգ. Վրդ. Պզտիկեան

Ծնած է Պէյրութ Մուսալեռցի ընտանիքի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ իսկ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումը Վենետիկի, Հռոմի եւ Փարիզի համալսարաններուն մէջ: Վկայուած է որպէս Աստուածաբան, Փիլիսոփայութեան եւ արուեստի պատմութեան դոկտոր: Մաս կը կազմէ Մխիթարեան ուխտին ծայրագոյն վարդապետ աստիճանով: Ծառայած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայի հայկական գաղթօճախներուն մէջ:
Իր առաջին արուեստի ցուցահանդէսը կայացած է 1962-ին Վենետիկի մէջ, որմէ ետք ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:
Հայր Յարութիւն Պզտիկեան հեղինակ է շարք մը գիրքերու հայերէն եւ օտար լեզուներով: Այժմ կը գործէ Փարիզի մէջ: Ստորեւ իր հրատարակած գիրքերուն ճակատի էջերը:

Մարտիրոս Գուշագճեան

Ծնած է Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ իսկ երկրորդական ուսումը Մելգոնեան Հաստատութեան մէջ: Մասնագիտացած է Անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան մէջ (Օքսֆորտ, Մարի Հաուզ Գոլէճ օֆ Էտիւքէյշըն, Արեւելեան Դպրութիւններ, Սէն Ժոզէֆ Համալսարան):

Զբաղած է ուսուցչութեամբ երկրորդական վարժարաններու մէջ դասաւանդելով Անգլերէն եւ Հայերէն լեզուներ ու գրականութիւն: Եղած է նաեւ Տօնիկեան հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիրը: Աշխատակցած է հայ մամուլին պատմուածքներով, բանաստեղծութիւններով եւ գրադատական յօդուածներով: Խմբագրած է Հալէպի «Դէպի Երկիր», «Երկիր» եւ «Յուշարձան Մուսա Լերան» պարբերականները:
Հեղինակ է շարք մը գիրքերու՝
  • «Կեանքի Կարօտ» (1957) - բանաստեղծութիւններ
  • «Յուշամատեան Մուսա Լերան» (1970) – (Պօղոս Մատուռեանի հետ միասին)
  • Բառարան (Վեր. Տիգրան Խնդրունիի հետ միասին) Անգլերէն-Հայերէն եւ Հայերէն-Անգլերէն
·«Մուսա Լերան ՀայկականԳաղթօճախը» (1988)
 
 
Աղբիւր՝ «Յուշամատեան Մուսա Լերան»

Արսէն Ճանեան

Ծնած է 1938-ին Մուսա Լերան Վագըֆ գիւղին մէջ: Նախակրթարանի ուսումը ստազած է շրջանի վարժարանին մէջ որմէ ետք ուսումը շարունակած է Պոլսոյ Սկիւտարի դպրեվանքին մէջ: Յաճախած է նաեւ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանը որմէ ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ եւ գրականութեամբ: Աշխատակցած է Պոլսոյ հայ մամուլին եւ հրատարակած քանի մը բանաստեղծական հատորներ:

Հետագային կը տեղափոխուի հայրենիք ուր 2010-ին Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ իր արձակ գրութիւններու հատորը «ԵսԳալիսԵմԻմՊապիԳրկից» խորագրով: Յիշեցնենք որ գրագէտի միակ որդին, ԿարէնՃանեան, Արցախեան Պայքարի նահատակ է, որ իր կարգին ունի իր մասին հրատարակուած յետ մահու հատոր մը՝ «ՄտաւորականՄարտիկը» խորագրով (տեսնել գրադարանի բաժնին մէջ):

Յակոբ Փամպուքեան (Բամպակեան)

Ծնած է 1930-ին Մուսա Լեռ: Յաճախած է Տեղւոյն ազգային վարժարանը: 1939-ին կը տեղափոխուի Այնճար: 1941-ին, մէկ տարի կը յաճախէ ազգային «Յառաջ» վարժարան, որմէ ետք հինգ տարի կը հետեւի Այնճարի հայ Կաթողիկէ վարժարանի դասընթացքներուն: Ինքնաշխատութեամբ տիրապետած է Հայերէն լեզուին:
1956-էն սկսեալ գրած է չափածոյ եւ արձակ էջեր, որոնք հրատարակուած են «Մասիս» շաբաթաթերթին, «Աւետիք» Ամսագրին, «Ռահվիրայ» պարբերաթերթին եւ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ: Հեղինակ է շարք մը հատորներու՝ ինչպէս «Հողին Կարօտով» եւ «Յաւերժական Երգեր» (բանաստեղծական շարք հինգ հատորներով):
Հաստատուած է Այնճար եւ կը զբաղի հողամշակութեամբ:

Պետիկ Հերկելեան (1954 - 1987)

Բանաստեղծ, արձակագիր եւ խմբագիր Պետիկ Հերկելեան (գրական ծածկանունով՝ Պետրոս Հերեան) ծնած է 15 Փետրուար 1954-ին, Լիբանանի Այնճար Գիւղը: Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի Ազգ.«Յառաջ Գ.Կիւլպէնկեան» Վարժարանին մէջ ստանալէն ետք, կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը հետեւի Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասընթացքներուն: Լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը կ՛ընդհատուի, սակայն ան հետագային կը յաջողի շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ հիմնարկէն շրջանաւարտ կ՛ելլէ 1985-ին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ Եւ Արկածի Տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը:

1976-ին կը գործուղղուի Յունաստան եւ երկու տարի կը վարէ «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագրի պաշտօնը: 1978-ին կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը միանայ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան՝ իբրեւ սրբագրիչ:

Դպրոցական գրասեղաններուն վրայ իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած Պետիկ Հերկելեան 1973-ին լոյս կ՛ընծայէ իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն Դուրս», որուն էջերուն ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները: 1983-ին , կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը , որ կ՛արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը:Խոհափիլիսոփայական շիկացումներով եւ նուրբ քնարերգութեամբ յատկանշուող քերթութիւնը երիտասարդ բանաստեղծին կ՛ապրի նոր զարգացում մը, երբ երկու տարի ետք՝ 1985-ին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր Պագանեմ» անուն իր երրորդ քերթողագիրքը: 1986-ին լոյս կը տեսնէ իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը: Նոյն տարին կը խմբագրէ եւ մամուլին կը յանձնէ Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քըրթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր Կեանքիս Գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը: Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ կը սկսի պաշտօնավարել Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ կը հասնի եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքարումներէ ետք, կը մահանայ 10 մարտ 1987-ին:

1992-ին, յետ մահու, տարաբախտ բանաստեղծին հարազատները կը հրատարակեն անոր «Գրական Վերլուծական Էջեր» անուն հատորեակը, որ կ՛ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները:

Մուսալեռցի - Այնճարցի Նահատակներ

Սարգիս Զէյթլեան

sarkiszeitlian

Ընկ. Սարգիս Զէյթլեան ծնած է 1930-ին , Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը: Մուսա լեռցիներու Լիբանան վերաբնակեցումէն եւ Այնճարի հիւղաւանը կերտելէն ետք , յաճախած է ազգային «Յառաջ» նախակրթարանը, այնուհետև Երուսաղէմի ժառանգաւորաց վարժարանը և «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի հայագիտական բաժինը , Լևոն Շանթի և Սիմոն Վրացեանի տնօրէնութեան օրերուն:

1954-ին կը հրաւիրուի Գահիրէ , իբրեւ օգնական խնբագիր Ընկ. Վահան Նաւասարդեանի խմբագրած «Յուսաբեր» օրաթերթին: Ան կը պաշտօնավարէ նաև Ազգ. «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, դասաւանդելով հայագիտական նիւթեր:
1958 ին կը նշանակուի «Յուսաբեր»ի խմբագիր մինչեւ 1962 թուականը, երբ իր ընտանիքին հետ կը վերադառնայ Լիբանան, ուր կը նշանակուի «Ազդակ»ի խմբագիր և այդ պաշտօնը կը վարէ մինչև 1968 թուականը: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի պաշտօնաթերթ «Ազդակ շաբաթօրեակ-Դրօշակ» ի հիմնադրութենէն ետք , շրջան մը իբրև օգնական խմբագիր պաշտօնավարելէ ետք , 1978-էն սկսեալ կը գործէ խմբագրապետի հանգամանքով , մինչեւ իր առեւանգումը՝ 28 Մարտ 1985 :

1973 էն մինչեւ իր մահը ,Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Ընկ. Սարգիս Զէյթլեան կը հանդիսանայ դաշնակցական ղեկավարութեան պատմական սերունդը փոխարինող և անոնց ուղին վերանորոգող պատասխանատու ընկերներու ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան վերջին քառորդ դարուն կազմակերպական կեանքին, ազգային քաղաքական գործունէութեան և գաղափարական վերանորոգումին մէջ ունեցաւ իր ուրոյն և շօշափելի մասնակցութեան բաժինը: Դերակատար եղաւ նաեւ երիտասարդական միութիւններու հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ՝ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը համախմբելով ազգային օրակարգի շուրջ:

28 Մարտ , 1985-ի առաւօտուն՝ Զոքաք-Պլաթի շրջանին մէջ , «Նշան Փալանճեան» ճեմարանի ճամբուն վրայ, հակադաշնակցական դաւադիր ուժերու ձեռքով առեւանգուեցաւ եւ աւելի ուշ անծանօթ պայմաններու մէջ տմարդի կերպով սպաննուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ և «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի խմբագրապետ՝ ընկ. Սարգիս Զէյթլեան:
Իր մահէն ետք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կողմէ հրատարակուեցաւ ծաւալուն հատոր մը որ կ՛ամփոփէ Սարգիս Զէյթլեանի կողմէ գրուած յօդուածներն ու խմբագրականները:

Զաւէն Թաշճեան

ZavenTashjian

Ընկեր Զաւէն Թաշճեան ծնած է Այնճար, 1944 ին: Յաճախած է Ազգային «Յառաջ» վարժարանը , ուր ստացած է իր նախնական կրթութիւնը: Պատանի հասակին անդամագրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղին ու ապա ՝ Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութեան, որուն գաղափարական հնոցին մէջ կուսակցականի իր դաստիարակութիւնը ստանալէ ետք փոխանցուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը:

Մոլի ընթերցող էր ընկեր Զաւէն: Մեծ ըմբոշխնումով կը կարդար մանաւանդ բանաստեղծական գործեր: Ան բացառիկ տաղանդ ունէր ասմունքի եւ դերասանութեան: Մաս կազմած է համազգայինի թատերական ներկայացումներուն եւ մեծ յաջողութեամբ մարմնաւորած է Պէպոյի կերպարը:

Լիբանանեան տագնապէն առաջ իսկ՝ ընկեր Զաւէն մաս կը կազմէր տեղւոյն Հ.Յ.Դ.«Կարմիր լեռ» կոմիտէին: 1980-էն մինչեւ նահատակութիւնը , վեց տարի շարունակ կը վարէր անոր ներկայացուցիչի պատասխանատու պաշտօնը:

3 Մարտ 1986 ին , ընկեր Զաւէն Թաշճեան զոհ գնաց դաւադիր ոճիրի մը իր վաճառատան մէջ : Անծանօթ մը մուտք գործելով վաճառատուն, ձայնարգել զէնքով մը երկու փամփուշտ արձակեց այդ պահուն առանձին գտնուող ընկերոջ վրայ եւ յաջողեցաւ խոյս տալ:

Ընկեր Զաւէն եղաւ ամէն տեղ եւ իր համակ կեանքը նուիրեց իր գիւղին , ժողովուրդին , կուսակցութեան եւ ազգին մինչեւ որ նահատակ ինկաւ հայանուն վարձկանի մը ձեռքով արձակուած փամփուշտէն:

Պետիկ Ինճէեան

bediginjeyian

Ան զաւակն էր Յովհաննէս եւ Ալիս Ինճէեաններուն , ծնած 3 Նոյեմբեր 1950 ին , Այնճար: Փոքր տարիքէն յատուկ սէր ցուցաբերած էր մարզանքին և որսին հանդէպ, որ հետագային արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի և Հ.Յ.Դ.-ի իր անդամակցութեամբ և աշխոյժ գործունէութեամբ: Մաքուր կենցաղով ու բարի և հեզ բնաւորութեամբ, ծառայասէր Պետիկը բոլորին սիրելին էր: Ազգային գործերուն մէջ երբեք խտրութիւն չէր դներ: Իր համոզումը այն էր, որ երիտասարդները պէտք է հոգան ժողովուրդին բոլոր պէտքերը եւ ուղղակիօրէն աշխատին ժողովուրդին հետ գետնի վրայ:

27 Մայիս, 1976-ին, Փարիզի հայկական կեդրոնի սենեակներէն մէկուն մէջ, կը նահատակուի ընկեր Պետիկը:
Ահաւասիկ այսպէս, զինեալ պայքարի առաջին նահատակը կը դառնար հերոսական Մուսա Լերան ժողովուրդի թոռներէն մէկը՝ որ ամբողջական նուիրումով կ՛ապացուցէր թէ Հայ Դատը չէ մեռած, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները պիտի պայքարին մինչեւ ստանան իրենց արդար իրաւունքները:

Զաւէն Յովհաննէսեան

ZavenHovannesian

28 Մարտ 1963-ին Մուսա լեռցի ընտանիքի մէջ ծնած այս երիտասարդը հասակ նետած է Պէյրութի եւ Այնճարի թաղերուն մէջ: Վստահաբար Ճէպէլ Մուսայի հերոսական անցեալը յատուկ աւիշ ներարկած է իր երակներուն , եւ ինք յատուկ սէր տածած է ազգային արժէքներու հանդէպ:

Զաւէն զոհ կ՛երթայ Սեպտեմբեր 1979-ին , «Ապրոյեան»-ի պահակութեան կեդրոնի տանիքը, երբ արձակազէնի փամփուշտէ մը մահացու կը վիրաւորուի եւ կը նահատակուի տեղն ու տեղը:

Առիթը չունեցաւ ան հասնելու իր սիրած կուսակցութեան շարքերը անցնելու տարիքին, իր սիրած դրօշակով կարելի չեղաւ պարուրել զինք, սակայն իր մատաղումը եղաւ դրօշակ եւ պատգամ:

Սարգիս Ֆուճուրեան

Sarkisfujurian

Ընկեր Սարգիս զաւակն էր Մուսալեռցի հաւատաւոր դաշնակցական՝ ընկեր Աբրահամ Ֆուճուրեանի, որ դաշնակցականի իր օրինակելի կեցուածքով յարգուած էր իր ընկերներէն եւ մեծ վարկ ունէր լիբանանեան բանակին մէջ , ուր կը ծառայէր իբրեւ յիսնապետ:

Համալսարանը աւարտելէ ետք, ան նուիրուած էր ուսուցչութեան, տարիներ շարունակ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելով նորահաս սերունդին:

Ընկ. Սարգիսի կուսակցական կազմաւորման առաջին դպրոցը կ՛ըլլայ Հ.Յ.Դ. «Զաւարեան» Ուսանողական Միութիւնը: Փոքր տարիքէն ան մաս կը կազմէ նաև Հ.Մ.Ը.Մ. ին , որուն կը ծառայէ աւելի քան 10 տարի:

Նուիրումի եւ շարունակուող կեանքի դաշնակցական նման օրինակ մը կու տայ ընկ. Սարգիս Ֆուճուրեան, որ 22 Յուլիս 1976- ին կը նահատակուի Արագածի մէջ, երբ նոր հաստատուած զինադուլի մը ամրապնդման աշխատանքներու պահուն, ինքնազսպումի հրահանքներ կը փոխանցէր պատնէշներու ետին կանգնած հայ տղոց, յանկարծ դիմացէն անարգ փամփուշտ մը կը ստանայ կուրծքէն եւ հերոսաբար կը նահատակուի տեղն ու տեղը: Այսպիսով ան կը դառնայ Նապաայի դէպքերուն առաջին նահատակը:

Պարոյր Տուտագլեան

baroyrdoudaklian

Ծնած է նոր Սիսի մէջ 1960-ին: Հասակ առած է «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ շուքին տակ եւ նախակրթութիւնը ստացած է նոյն թաղի Ազգ. «Աքսոր Գասարճեան» վարժարանին մէջ: Ճակատագրին մէկ խաղով թաղին, եկեղեցւոյ և վարժարանին պաշտպանութեան նուիրական ճամբուն վրայ ալ վերջ կը գտնէր Պարոյր Տուտագլեանի կեանքը, զոր ուխտած էր արդէն նուիրաբերել իր ժողովուրդին, անդամագրուելով Հ.Յ.Դ. երիտասարդական Միութեան:

Անսպառ եռանդը, նուիրումը, ծառայութիւնն ու պատրաստակամութիւնը նկարագրային յատկանիշի վերածած Պարոյր Տուտագլեան, Սեպտեմբեր 1979-ի նահատակներէն է: Հազիւ 19 գարուններ բոլորած այս երիտասարդը կը զոհուի 13 Սեպտեմբեր 1979-ի առաւօտեան, Նոր Սիսի «Ս. Սարգիս» եկեղեցւոյ դիրքին վրայ, նոր հաստատուած զինադուլի մը ամրապնդման պահուն, արձակազէնի մը անարգ փամփուշտէն:

Պարոյրի ընտանիքը , դաշնակցական հայ մարդու անգնահատելի տոկունութեամբ, գիտակից մօտեցումով վերաբերուեցաւ անոր մահուան հետ: Երբ օր մը վերջ միայն առիթը ունեցան խորշակահար իրենց զաւկին դիակը ողջունելու Եռագոյնով փաթթուած դագաղին մէջ, իրենց անհուն ու անմխիթար սուգին մէջ, «վարձքդ կատա՜ր, զաւակս» գոչեցին անոնք, մեծնալով ու մեծցնելով նահատակը՝ բազմահարիւր սգակիրներու ներկայութեամբ:

Յովիկ Պուրսալեան

hovigboursalian1

Ծնած է 1968-ին Այնճար , Նախնական կրթութունը ստացած է Այնճարի Ազգ. «Յառաջ» վարժարանէն ներս: Փոքր տարիքէն մեծ սէր ցուցաբերած է զէնքին հանդէպ եւ այս երեւոյթին իբրեւ արդիւնք ան կամաւոր զինուոր արձանագրուած է Լիբանանեան բանակին՝ ծառայելու համար Լիբանան հայրենիքին:

Յովիկը, միշտ ժպիտը դէմքին փորձած է համերաշխութիւն պահել իր ընկերներուն մէջ՝ խուսափելով ընկերական անհիմն վիճաբանութիւններէ: Ան եղած է բոլորին մտերիմը: Մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութեան , ինչպէս նաեւ Լ.Ե.Մ.-ի «Շաւարշ Միսաքեան» Մասնաճիւղին: Երկար տարիներ մաս կազմած է նաեւ Այնճարի փողերախումբին:

1987-ին Վերջնականապէս կ՛որոշէ զինուորագրուիլ Լիբանանեան բանակին մէջ եւ ծառայել երկրին: Մուսա Լերան հերոսամարտի յաղթութեան հաւատքով՝ կ՛ուզէր պաշտպանել իր գիւղն ու երկիրը: Սակայն , երեք տարիներ ետք, Յովիկ կը նահատակուի բանակի ծառայութեան ընթացքին:

Յովիկի հարազատներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ գիւղի զաւակներուն համար մեծ կորուստ էր իր նահատակութիւնը, սակայն ան միշտ կը մնայ գիւղի հերոս զաւակներու շարքին դասուած , որովհետեւ, ան , մահը արհամարհելով՝ զէն ի ձեռին նահատակուեցաւ յանուն Լիբանանի փրկութեան:

Լորանս Քերթէշեան

lawrance2Լորանս Քերթէշեան զինուորագրուած է Լիբանանեան բանակին 1993 թուականին: Ան նահատակուած է նոյն տարին եւ իր անունը արձանագրուած է բանակի նահատակներու յուշակոթողին վրայ՝ զոր կարելի է տեսնել ստորեւ:

Անդօ Պօղիկեան

Ծնած է Այնճար 1963-ին եւ նախնական կրթութիւնը ստացած է Այնճարի հայ Աւետարանական վարժարանին մէջ: Մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի ֆութպոլի Ա. խումբին եւ մասնակցած բազմաթիւ մրցումներու: Անդամագրուած է Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ. -ի «Շ. Միսաքեան» Մասնաճիւղին եւ իր մասնակցութիւնը բերած է միութենական աշխատանքներուն: Նահատակուած է Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ակումբի շրջափակին մէջ 16 Մայիս 1981-ին:

Ստորակարգեր

LOGO en

?>