Գլխաւոր

Մուսալեռցի - Այնճարցի Եկեղեցական Դէմքեր

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան (1888-1962)

Ծնած է Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղին մէջ, որմէ ետք ղրկուած է Այնթապի Գոլէճը՝ զոր աւարտած է 1911- ին: Աւարտած է նաեւ Մարաշի Աստուածաբանական Ճեմարանը 1914 -ին: Նոյն տարին կը մեկնի Զէյթուն՝ որպէս հայ Աւետարանական Եկեղեցուոյ Պատուելի:

Տարագրութեան առաջին ամիսներուն կը վերադառնայ իր ծննդավայրը՝ ականատես ըլլալով ճամբու ընթացքին Թրքական վայրագութիւններուն: Կարեւոր դերակատարութիւն կ՛ունենայ ժողովուրդը համոզելու որպէսզի չբռնէ գաղթի ճամբան: Կը մասնակցի Մուսա Լերան հերոսամարտին: Կ՛ընտրուի հերոսամարտի կեդրոնական մարմնի ատենապետ եւ ձեռնհասօրէն կը վարէ այս պաշտօնը ամբողջ հերոսամարտի ընթացքին:

Պատերազմէն ետք, 1919-ին երբ Մուսալեռցիք Փոր Սաիտէն կը վերադառնան տուն, Պատուելի Անդրէասեան կը շարունակէ իր հովուական ծառայութիւնները Սուրիոյ եկեղեցիներուն մէջ՝ Քեսապ եւ Հալէպ մինչեւ 1957: 1957-ին կը փոխադրուի Պէյրութ ուր կը մահանայ 1962 -ին: 2000 -ին Վեր. Անդրէասեանի աճիւնները կը փոխդրուին Այնճար՝ իր հարազատ ժողովուրդի ծոցին մէջ (Այնճարի հայ Աւետարանական Եկեղեցուոյ կողքին):

Վեր. Անդրէասեան հրատարակած է «Զէյթունի Տարագրութիւնը եւ Սուէտիոյ Ապստամբութիւնը», «Քրիստոնէականը» եւ «Սուէտիոյ Բարբառը կամ Քիստինըքի Լեզուն» (1967 Երեւան) հատորները:

Վեր. Անդրէասեան վարած է բազմաթիւ պաշտօններ եւ իր ետին ձգած է տիպար ազգասէրի եւ ամբասիր հոգեւորականի տիպարը:

Հայր Թովմաս Քաջազն (Գալենտէրեան)

Ծնած է 1909-ին Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Փոր Սայիտի «Սիսուան» վարժարանին մէջ: Հետագային կ՛ուղարկուի Վիեննայի Մխիթարեաններու վանքը: 1931-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: 1934-35-ին կը վերադառնայ Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը ուր կը ծառայէ Քափուչիններու վանքին մէջ որպէս ուսուցիչ, որմէ ետք կը ծառայէ Գահիրէի եւ Պէյրութի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ: 1941-1942-ին կը վերադառնայ Այնճար ծառայելու համար Այնճարի Հայ Կաթողիկէ վարժարանին մէջ: 1942-էն 1944 կը ծառայէ Քեսապի մէջ իսկ 1944-էն 1946 Ճարապլուսի մէջ: Կրկին ծառայութեան կը կոչուի Գահիրէի եւ Պէյրութի մէջ:
Հայր Թովմասի ջանքերուն շնորհիւ Այնճարի Լատինաց Հայրերը կը միացուին Հայ Կաթողիկէ համայնքին:

Գերապայծառ Վարդան Աշգարեան (1937-2012)

Ծնած է 1937-ին Անտիոքի Հարպիէի արուարձանը:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Դամասկոսի Մէզզէի ֆրանսական վարժարանին , իսկ երկրորդական ուսումը Մխիթարեան վարժարանին մէջ Վիեննա:

Իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, Վիեննայի պետական համալսարանին մէջ հետեւած է արեւելեան լեզուներու եւ գրականութեան ճիւղերուն: Մասնագիտութիւնն է արդի գրականութիւնը:

Քահանայ օծուած է 22 յունուար 1961-ին , եւ մինչեւ 1964 վարած է Գահիրէի Հելիոպոլսոյ Մխիթարեան վարժարանի փոխտնօրէնի պաշտօնը:

1964-1987 եղած է Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնը, միեւնոյն ատեն բարձրագոյն դասարաններուն դասաւանդելով գրականութիւն եւ բարոյագիտութիւն:
Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժնի մէջ իբրեւ դասախօս դասաւանդած է 1965-1975:
1982-ին եղած է վախճանեալ Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ.Գասպարեան Պատրիարք-Կաթողիկոսի օգնական եպիսկոպոսը, իսկ 1999-էն ի վեր ՝ Տէր Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոսի օգնականը:
2000-էն ի վեր նախագահն էր Հայ Կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններուն, ինչպէս նաեւ գլխաւոր պատասխանատուն՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դպրոցներուն:
Աշխատակցած է սփիւռքահայ բազմաթիւ թերթերու եւ գրած է տասնեակ գիրքեր, որոնց նիւթերը կրօնա-բարոյական, գրական եւ բանաստեղծական են:

Գրչանունն է Վարդան Զօրենց:

Հրատարակած գիրքերն են՝

  • Քնար Մայրական
  • Հայրենաշունչ
  • Բուռ Մը Բանաստեղծ Մտաւորականներ
  • Կեանքը Երգ
  • Միայն Մէկ Ժամ
  • Հինը Որ Նոր Պիտի Ըլլայ
  • Կինը
  • Որովհետեւ Տեղ Չկար
  • Բռունցքի Նման
  • Պահանջելու Պէս Խնդրանք Իբրեւ
Ստացած է Սաաիտ Աքըլի մրցանակը՝ իր գիրքին արաբերէն թարգմանութեան առիթով:
Վախճանած է 2012-ին եւ թաղուած է իր մօր շիրիմի կողքին՝ Այնճարի գերեզմանատան մէջ, համաձայն իր կտակին:

Վարուժան Արք. Հերկելեան

Ծնած է 1946-ին Այնճար՝ աւազանի անունով Պօղոս: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ որմէ ետք յաճախած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը զայն աւարտելով 1967-ին: Ծառայած է որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն Այնճարի, Զահլէի եւ Թռչնոց Բոյնի մէջ: Որպէս հոգեւորական իր ծառայութիւնները տարածուած են Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ: 1997-ին կը նշանակուի Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ: 2003-ին կ՛ստանայ Արքեպիսկոպոսի կոչում:

Տ. Վարուժան Սրբազան ունեցած է բեղուն եկեղեցական, կրթական, հրատարակչական եւ գրական գործունէութիւն: Ան հիմնադիրն է «Գառնի» մատենաշարին որ լոյս ընծայած է 41 հատորներ: 1993-էն սկսեալ կը հրատարակէ «Արծիւ» ամսաթերթը (www.ardziv.com) որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր:

ardziv

1997-էն ի վեր կը հրատարակէ Կիպրոսի Առաջնորդարանի «Գեղարդ» լրատուն: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ հանդէս եկած է բազմաթիւ յօդուածներով՝ ազգային-կրթական եւ մշակութային թեմաներով: Ցարդ հրատարակած է հինգ հատորներ.-

  • «Հայաստանեայց Եկեղեցին Կիպրոսի Մէջ» (2003)

  • «Ատանայի Վկաները եւ Ս. Ստեփանոս Վկայարանը – 1909» (2010)

  • «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. Կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի» (2010)

  • «Կիպրոսի Թեմի Հովուական Կարգը եւ Թեմական Կազմաւորումը» (2011)

  • «Տարագրութիւն, Որբեր, Մելգոնեան Հաստատութիւն» (2011)

Աբբահայր Պօղոս Գուճանեան

Վերապատուելի Մովսէս Ճանպազեան (1946-2000)

Վեր. Մովսէս Ճանպազեան ծնած է Այնճար, Լիբանան 1946-ին, ուր ստացած է իր երկրորդական ուսումը տեղւոյն Հայ Աւետ. Վարժարանին մէջ: Շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն (1968-ին, Պսակաւոր Արուեստից՝ պատմութեան մէջ), եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանէն (1971-ին, Մագիստրոս՝ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան մէջ):
1971-1972 ծառայած է որպէս տնօրէն Թրատի Հայ Աւետարանական ընկերային կեդրոնին: Ամուսնացած է Օրդ. Լուիզա Եումուշաքեանի հետ, եւ օրհնուած՝ երկու զաւակներով՝ Վահագն-Պօղոս Եւ Անի-Ագնէս: 1980-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ հաստատուելէն ետք, կը ստանձնէ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան փոխ տնօրէնի, եւ 1987-էն սկսեալ գործադիր տնօրէնի պաշտօնը: Ան կը ձեռնադրուի 1984-ին: 1998-ին Հայկազեան համալսարանէն կը ստանայ Պատուակալ Աստուածաբանութեան Դոկտորայի տիտղոսը:
 
Վեր. Մովսէս Ճանպազեան եղած էՀայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդի քարտուղար եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձու:Կը մահանայ 54 տարեկան հասակին:

Վեր. Մովսէս Ճամպազեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, մանաւանդ վերջին 15 տարիներուն, ակնառու ներդրում ունեցած է հայ ժողովուրդի ընդհանուր վերելքի եւ հոգեւոր վերազարթօնքի մարզերուն մէջ: Վեր. Ճանպազեան իր անխոնջ ծառայութեամբ ճանչցուած էր ժողովրդական եւ պետական շրջանակներու մէջ՝ իբրեւ նուիրեալ հայ, քրիստոնեայ եւ եկեղեցական առաջնորդ:

Հայր Յարութիւն Ծյրգ. Վրդ. Պզտիկեան

Ծնած է Պէյրութ Մուսալեռցի ընտանիքի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ իսկ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումը Վենետիկի, Հռոմի եւ Փարիզի համալսարաններուն մէջ: Վկայուած է որպէս Աստուածաբան, Փիլիսոփայութեան եւ արուեստի պատմութեան դոկտոր: Մաս կը կազմէ Մխիթարեան ուխտին ծայրագոյն վարդապետ աստիճանով: Ծառայած է Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի եւ Ամերիկայի հայկական գաղթօճախներուն մէջ:

Իր առաջին արուեստի ցուցահանդէսը կայացած է 1962-ին Վենետիկի մէջ, որմէ ետք ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ աշխարհի կարեւորագոյն մայրաքաղաքներուն մէջ: Ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ:
Հայր Յարութիւն Պզտիկեան հեղինակ է շարք մը գիրքերու հայերէն եւ օտար լեզուներով: Այժմ կը գործէ Փարիզի մէջ: Ստորեւ իր հրատարակած գիրքերուն ճակատի էջերը:

01
02
03
book05
book03
book07
book10
book17
book19
book21
book24
book31
book34
book36
book39
book45
book48
book53
book50
book59
book61
book63
book65
last2
last1

Տէր Մովսէս Քհնյ. Ղազարեան

Ազգային Քաղաքական Դէմքեր

Աբրահամ Սէքլէմեան (1864 - 1920)

Աբրահամ Սէքլէմեան կը նկատուի Մուսա Լերան ժողովուրդի առաջին մտաւորականն ու հրապարագիրը: Ան ծնած է Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղը եւ յաճախած գիւղի ծխական դպրոցը: Փոքր տարիքէն աչքի զարկած է իր արտակարգ ուշիմութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ: Տիրապետած է անգլերէն լեզուին: Ուսուցիչ եղած է Կարինի մէջ ուր կը ձերբակալուի որպէս յեղափոխական: Բանտէն ազատ կ՛արձակուի եւ Պոլսոյ մէջ լոյս կ՛ընծայէ իր երկու հատորները՝ «Մարդ Ըլլալու Միջոցը» եւ «Ճշմարիտ Կինը»:

Մեկնած է Ամերիկա, ուր 1898-ին լոյս կը տեսնէ իր անգլերէն լեզուով հատորը՝ «Կոլտըն Մէյտըն» խորագրով: 1908-ին, Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, քանի մը դաշնակցական ընկերներու օժանդակութեամբ, հիմը դրած է «Ասպարէզ» թերթին 1908 թուականին՝ վարելով անոր խմբագրապետի պաշտօնը երկար տարիներ: Մահացած է Ամերիկա 1920-ին՝ հայրենիքի կարօտը սրտին:

Նարեկ Աբրահամեան (1891 - 1927)

Ծնած է 1891-ին Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղը: Յաճախած է Խըտըր Պէկի ազգային վարժարանը ուսուցիչ ունենալով՝ ազգային-կուսակցական եւ դաշնակցական գործիչ Մօրուք Վարժապետը (Գէորգ Պաղտոյեան):

Նարեկ Աբրահամեան կ՛ընտրուի Սուրիական խորհրդարանի երեսփոխան 1924-ին՝ եւ կ՛ըլլայ առաջին մուսալեռցի երեսփոխանը:

Իր հանրանուէր գործունէութեան համար, ան կը դառնայ յարգուած անձնաւորութիւն մը Մուսա Լերան ժողովուրդին համար: Կը մնայ երեսփոխան մինչեւ իր վաղաժամ մահը (1927): Ի նպաստ Մուսա Լերան շրջանին իր տարած աշխատանքներուն համար կ՛արժանանայ Ֆրանսական երկրագործական նախարարութենէն եւ Սուրիական կառավարութենէն գնահատանքի շքանշաններու: Կը մահանայ երիտասարդ տարիքին (1927-ին), թոքախտէ:

Մովսէս Տէր Գալուստեան (Ա. Լէյլանի) (1895 - 1984)

Մովսէս Տէր Գալուստեան ծնած է Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք Գիւղը, 1895-ին: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ հայրենի գիւղին մէջ՝ յաճախելով տեղւոյն «Խրիմեան» վարժարանը: Ուսումը կը շարունակէ Հալէպ, որմէ ետք կը վերադառնայ գիւղ եւ կը սկսի ուսուցչութեան: Անանիա Վիրաւորեանի հետ կը լծուի կուսակցական գործի: Կը կազմակերպուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան կորիզը, որ հետագային մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենայ 1915-ի հերոսամարտի ընթացքին: Մովսէս Տէր Գալուստեան Լեռ բարձրանալու եւ ինքնապաշտպանութեան դիմելու առաջին պաշտպաններէն եղաւ: Հերոսամարտի վարչական մարմնին կողմէ կ՛ընտրուի զինուորական վերահսկիչ: Մեծ կ՛ըլլայ իր դերակատարութիւնը հերոսամարտի ընթացքին՝ հանդիսանալով անոր զինուորական ղեկավարը:

Փոր Սայիտի մէջ եղաւ հայկական լեգէոնի հիմնադիրներէն եւ շուտով բարձրացաւ տեղակալի աստիճանին: Նշանակալից ներդրում ունեցաւ Արարայի ճակատամարտի յաղթանակին մէջ:

Եգիպտոսի մէջ կ՛աշխատակցի «Յուսաբեր»ին՝ Ա. Լէյլանի ծածկանունով: 1928-ին կը հրատարակէ իր առաջին գրքոյկը, որ մեծ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ իր անձին շուրջ: Ֆրանսական հոգատարութեան շրջանին Մովսէս Տէր Գալուստեան եղաւ Մուսա Լերան շրջանի կառավարիչը՝ երկար տարիներ մեծապէս օգտակար հանդիսանալով շրջանի հայութեան: Փաստօրէն ան ժողովրդապետ էր, կուսակցապետ եւ կրթական գործի մղիչ ուժ: Կ՛ընտրուի երեսփոխան՝ Իսկէնտէրուն- Սանճաքի հայութիւնը ներկայացնելու համար սուրիական խորհրդարանին մէջ:

1939-ին հարկադրաբար Մուսալեռցիները լքեցին իրենց հայրենի գիւղերը: Մովսէս Տէր Գալուստեան մեծ աշխատանք տարաւ Մուսալեռցիներուն նոր ապաստան մը ապահովելու համար եւ փաստօրէն դարձաւ Մուսա Լեռ- Այնճարի հիմնադիրը:

1939-էն ետք Մովսէս Տէր Գալուստեանի գործունէութեան դաշտը հիմնականօրէն Լիբանանն էր, ուր կ՛ընտրուի երեսփոխան՝ 1943-էն մինչեւ 1972: Երեսուն տարիներու ընթացքին, մաս կազմելով նաեւ կուսակցութեան գերագոյն մարմիններուն, Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան: Ան մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման եւ զարգացման մէջ: Եղաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ջերմ պաշտպաններէն եւ դաշնակցութեան ճամբով իր ամբողջ կեանքը ի սպաս դրաւ հայութեան, անշեղօրէն հետեւելով կուսակցութեան հարազատ ծրագիրին եւ քաղաքական վարքագիծին: Գործեց դաշնակցականի անկաշառ հաւատքով եւ հայութեան գերագոյն շահերուն համար:

Կը մահանայ 1984-ին, Պէյրութ, եւ կը թաղուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատունը:

1998-ին, Մովսէս Տէր Գալուստեանի աճիւնները կը տեղափոխուին Այնճար եւ իրենց յաւիտենական հանգիստը կը գտնեն Մուսա Լերան հերոսներուն նուիրուած յուշարձան-համալիրի կողքին, Արթօ Չաքմաքճեանի կերտած կիսանդրիի պատուանդանին տակ:

Պետրոս Տմլաքեան ( - 1921)

Փոքր տարիքէն հայրը կորսնցուցած ըլլալով, երեք քոյրերու ամենափոքրը, մնացած էր մօրը խնամքին տակ եւ հետագային դարձած է անոր յոյսն ու ապաւէնը:

Անիկա մտնելով Խըտըր Պէկ գիւղիԼատինաց վարժարանը, շուտով ուշադրութիւնը գրաւեց աւստրիացի «Փաթրիկ»ին, իր ուշիմութեամբ եւ խիզախ բնաւորութեամբ:

Տմլաքեան որքան մեծնար, նոյն համեմատութեամբ անոր մէջ կ՛աճէր ազատ լեռնականի ըմբոստ ոգին եւ ընտանիքի պատասխանատուութեան զգացումը: Պարագաներու բերումով սակայն անիկա, ուսումը կիսատ թողած՝ կը մեկնի Ամերիկա, ապահով ապագայ մը կերտելու հեռանկարով: Հոն կը մտնէ Հնչակեան կուսակցութեան շարքերը , ինչ որ իր մէջ պիտի հրահրէ ի ծնէ ըմբոստ լեռնականի գիծը:

1912-ին էր որ կը վերադառնար Մուսա Լեռ: Երիտասարդները կը մղէ զինուելու եւ որեւէ անակնկալի պատրաստ ըլլալու:

Տմլաքեան սխալած չէր իր կանխատեսութեան մէջ: 1914-ին պիտի բռնկէր առաջին աշխարհամարտը եւ տարին չշրջած, թրքական արիւնկզակ իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկէին իրենց հայաջինջ քաղաքականութեան:

Տմլաքեան առաջին իսկ օրէն եղաւ դրօշակակիրներէն մէկը ժողովուրդը ինքնապաշտպանութեան սուրբ գործին առաջնորդող: «Օ՜ն, Դէպի Լեռ» կարգախօսը հնչեցնողներուն առաջիններէն մէկը եղաւ ան:

Տմլաքեան, Մուսա Լերան հերոսամարտի չէթէեական երեք խումբերէն մէկուն խմբապետն էր:

Հայկական Լէգէոնի կազմութեան ժամանակ, 600 սուէտացիներու հետ Տմլաքեան առաջիններէն մին եղաւ դրապէս պատասխանող Լէգէոնի կազմութեան կոչին:
Անիկա 1921-ին, պարտականութեան գլուխը, ինկաւ անարգ թշնամիին գնդակով, Մարաշի ճակատին վրայ:

Եսայի Եաղուպեան ( -1957)

Ծնած է Սուէտիոյ Եօղուն Օլուք գիւղը: Դեռ պատանի մասնակցած է հայդուկային կեանքի: Թրքական կառավարութեան կողմէ հալածուելով, 1902-ին մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ նահանգներ:

Թրքական սահմանադրութենէն ետք, կարճ ժամանակով մը վերադարձած է ծննդավայր, ապա կրկին մեկնած է Ամերիկա՝ իր եղբօր քով: Ամերիկեան քաղքենի միջավայրը նեղ կու գար իրեն սակայն, եւ զայն նորէն կը գտնենք իր ծննդավայրը:

Զէնքի սիրահար Եաղուպեանի սրտին միշտ մօտիկ եղած է ապստամբութեան գաղափարը: Վրայ կը հասնի 1915 չարագուշակ տարին, երբ թրքական արիւնկզակ կառավարութիւնը հայ ժողովուրդի բնաջնջումի ճիւաղային ծրագրի գործադրութեան կը ձեռնարկէր: Եսայի Եաղուպեան կ՛ըլլայ առաջիններէն, որ ոգի ի բռին կը ջատագովէ ինքնապաշտպանութեան սկզբունքը, եւ խօսքէն գործի անցնելով խումբի մը հետ կը քաշուի Ճէպէլ Մուսայի անմատչելի բարձունքները:
Եաղուպեան հերոսամարտի չէթէեական երեք խումբերէն մէկուն խմբապետն էր եւ գործոն մասնակցութիւն կը բերէ հերոսամարտի ճակատամարտներու ընթացքին:
Եաղուպեան 1947-ին հայրենիք ներգաղթեց, եւ հոն ալ իր մահկանացուն կնքեց 1957 թուին:

Սերոբ Շերպեթճեան (1889-1981)

Սուէտիոյ լեռնալանջերուն կազմուած դաշնակցական առաջին խումբին առաջին անդամագրեալներէն էր Սերոբ Շերպեթճեանը:

Ծնած է 1889 -ին Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղին մէջ:
Ան միակ զաւակն էր Խըտըր Պէկի հովիւ՝ տէր Յարութիւն քահանայ Շէրպէթճեանին:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ:
Սերոբ Շէրպէթճեան մէկն էր այն դաշնակցական «խենթ»երէն, որոնք աքսորի փոխարէն՝ իրենց հայեացքը ուղղեցին Մուսա Լերան անառիկ ժայրերուն:
 
Իր երիտասարդութիւնը զուգադիպեցաւ մահուան եւ հերոսութեան խոյանքներու տարիներուն՝ Եղեռն եւ Մուսա Լերան Հերոսամարտ:Կեանքի եւ մահուան այդ գուպարի օրերուն, Սերոբ Շերպեթճեան, իբրեւ մէկը ժողովուրդի ղեկավարութեան մաս կազմող ըմբոստներէն, աշխատեցաւ տիւ ու գիշեր՝ որպէսզի կանգուն մնայ ժողովուրդի մարտունակ ոգին եւ պայքարէն յաղթական դուրս գալու յոյսը չտկարանայ:

Ապա, իր ժողովուրդին հետ Եգիպտոսի աւազներուն վրայ, չորս տարուան գաղթականի կեանք մը վարեց, եւ 1919-ին վերադարձաւ Մուսա Լեռ:

Ամուսնացած է Եւա Կէպէշեանին հետ եւ բախտաւորուած չորս զաւակներով,- Արաքսի, Յարութիւն (հետագային Այնճարի Քաղաքապետ), Խաթուն եւ Լուսին:

ՍուէտիոյՄիւտիրնէր ան, երբ 1939-ին, ժողովուրդը վերստին առաւ գաղթականի ցուպը եւ եկաւ հաստատուելու Այնճարի մէջ:

Այստեղ ան դարձաւ Այնճարի առաջին Քաղաքապետը:

Հանրային ծառայութեան իր կորովը չնահանջեց երբեք: Տարիքի բերումով քաղաքապետի պաշտօնէն դադրելէ ետք, նոյն խանդով աշխատեցաւ ազգային հաստատութիւններուն մէջ: Երկար տարիներ ձեռնհասութեամբ վարեց «Ս.Պօղոս» եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ ազգային «Յառաջ» վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետի պաշտօնները եւ իր օրով թէ՛ եկեղեցին եւ թէ՛ դպրոցը ապրեցան բարգաւաճ օրեր:

Իր կեանքի վերջին տարիներուն՝ իր պարտականութիւնը կատարած մարդու գոհունակութեամբ, առանձնացաւ եւ խաղաղ կեանք մը ապրեցաւ: Բծախնդիր պրպտումով գրեց Մուսա Լերան ժողովուրդին պատմութիւնն ու իր երկար կեանքին յուշերը, (Հրատարակուած 2010-ին, «Պատմութիւն Սուէտահայերու» խորագրով) ինչպէս նաեւ կատարեց պրպտումներ Մուսա Լերան բարբառի արմատներուն մասին, որոնք տակաւին չեն հրատարակուած:

Սերոբ Շերպեթճեանի կեանքը եղաւ հանրային եւ կուսակցական բոլորանուէր ծառայութեան կեանք մը: Մահացաւ 1981-ին Այնճարի մէջ:

Անդրանիկ Ուրֆալեան (1923-2006)

Ծնած է Մուսա Լերան Քէպուսիէ գիւղը 1923-ին:

Հայրը ուսուցիչ էրՔէպուսիէի մէջ՝ Մարաշէն տեղափոխուած ըլլալով Հալէպ եւ ապա Մուսա Լեռ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Քէպուսիէի մէջ, իսկ 1937-1942 յաճախած է Երուսաղէմի «Սրբոց Յակոբեանց» ժառանգաւորաց վարժարանը՝ զոր աւարտած է փայլուն կերպով:Վերադարձած է Այնճար, ուր դասաւանդած է ազգ. «Յառաջ» վարժարանին մէջ հինգ տարիներ:

1948-ին կը ստանձնէ Թրիփոլիի ազգային վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը մինչեւ 1954 թուականը:

1954-ին կը տեղափոխուի Պէյրութ դառնալով ազգային «Լուսինեան» (Հետագային «Աքսոր Գասարճեան») վարժարանի տնօրէն շուրջ երեսուն տարիներ: 1988-ին կը տեղափոխուի Լոս Անճէլըս՝ ուր կը մահանայ 2006 թուականին:

Աշխատակցած է «Ազդակ»ին, «Յառաջ»ին, «Ասպարէզ»ին, «Ազատ Օր»ին, «Յուսաբեր»ին, «Նոր Կեանք»ին եւ այլ սփիւռքահայ թերթերու եւ պարբերականներու:

Վարած է ազգային-կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ եւ իր ներդրումը բերած է յատկապէս Լիբանանահայ գաղութի պահպանութեան ու զարգացման:

Հրատարակած է «Կեանքի Էջեր», «Մուսալեռը եւ Մուսալեռցին», «Կեանքի մը Հետքերով» հատորները:

Զօրավար Փանոս Մանճեան

Ծնած է 1952-ին Պէյրութ: Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Այնճարի «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» գոլէճին մէջ: Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Հայ Աւետարանական Գոլէճին մէջ: Ամուսնացած է Ցօղիկ Քէնտիրճեանին հետ եւ բախտաւորուած է 3 զաւակներով:

1972 թուականին մուտք կը գործէ Լիբանանի սպայից վարժարան, ուրկէ վկայուելով 1975-ին կը դառնայ Լիբանանեան բանակի սպայ: Կը ծառայէ բանակին մէջ 38 տարիներ: 2001-ին կը ստանայ Զօրավարի աստիճան: Մինչեւ 2010-ը կը գործէ բանակին մէջ որպէս Զօրավար տարբեր պատասխանատու պաշտօններ վարելով: Հանգստեան կը կոչուի Դեկտեմբեր 2010-ին: Զինուորական իր մասնագիտութիւնը եղած է հրասայլերու օգտագործումն ու կառավարումը պատերազմներու ընթացքին: Այս ծիրին մէջ հետեւած է մասնագիտական դասընթացքներու Ամերիկայի Միացիալ Նահանգներուն մէջ: Եղած է վաշտապետ իսկ 2005-2010 ժամամնակամիջոցին նշանակուած է Լիբանանեան բանակի սպարապետի օգնական:
Իր ծառայութեան ընթացքին ստացած է բազմաթիւ շքանշաններ որոնցմէ յատկապէս կարելի է յիշել «Վիրաւորի», «Պատերազմի» եւ «Լիբանանեան Մայրի»-ի շքանշանները: Ստացած է նաեւ բազմաթիւ շնորհաւորագրեր:
Յունիս 2011-ին մաս կը կազմէ Լիբանանի Կառավարութեան որպէս պետական նախարար եւ առիթ կ՛ունենայ Լիբանանը ներկայացնելու Զուիցերիոյ, Իտալիոյ, Յորդանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ:

Ստորակարգեր

LOGO en

?>