Սեւ Գօտիներ

Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութիւն

Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութիւնը, որպէս Մայր Կազմակերպութիւն Լիբանանի տարածքին, հաստատուած է Հոկտեմբեր 1999 - ին:

2000 Թուականին, խումբ մը խանդավառ անհատներ մեկտեղուելով, ղեկավարութեամբ Ժագ Տաղլեանի՝ հիմնեցին միութեան հիմնադիր վարչութիւնը, որ պետական ճանաչում ստացաւ 2001-ին ( 147/Sh-R ) Լիբանանի Կրթութեան ու Մարմնամարզական Նախարարութենէն:

2002-ի Մարտին, միութիւնը լիարժէք անդամակցութիւն ապահովեց Լիբանանի Ուու Շու - Քոնկ Ֆու - համադաշնակցութեան մօտ՝ եւ սկսաւ մասնակցիլ Լիբանանի Ախոյանութեան մրցաշարքերուն:

Միութեան առաջնահերթ նպատակներն են.-

Ա. Դասաւանդել - Ուու Շու - Քոնկ Ֆու – ի եւ ինքնապաշտպանութեան արուեստը:

Բ. Ստեղծել ապահով միջավայր մը ուր երիտասարդներ միասնաբար ձեռք կը բերեն ընկերային, ֆիզիքական եւ մտաւոր հմտութիւններ՝ որոնք պիտի ծառայեն իրենց փայլուն եւ առողջ ապագայի կերտումին:

Այս մարտարուեստին միջոցաւ երիտասարդները ձեռք կը բերեն ֆիզիքական հմտութիւններ՝ արագաշարժութիւն, կարգապահութիւն, գիտելիքներ, աշխուժութիւն եւ վերջապէս կը նուաճեն ինքնավստահութիւն: Այս միութեան անդամ երիտասարդը ոչ միայն կը սորվի ինքնապաշտպանութիւն եւ մարտի հմտութիւններ, այլ կը սորվի ե՞րբ կռուիլ եւ ամենէն կարեւորը ի՞նչպէս խուսափիլ բախումներէ: Մարզիկները բնականաբար բաժնուած են կարգերու որոնք ըստ իրենց փորձառութեան կը խորհրդանշուին գունաւոր գօտիներով (J 6 - դեղին J5 - նարնջագոյն , J4 - կանաչ , J3 – կապոյտ , J2- սրճագոյն եւ J1- սեւ): Միութիւնը իր աշակերտներուն համար կը կազմակերպէ մարզական եւ ընկերային այլ միջոցառումներ ( բանակում, արշաւ, խրախճանքներ ...):
Որեւէ հայ անհատ որ տէր է բարոյական արժէքներու եւ կը հաւատայ միութեան առաքելութեան կրնայ անդամակցիլ անոր: Այնճարի Սեւ Գօտիներու Միութիւնը կը գործէ վարչութեան միջոցաւ, եւ տարեկան հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ իր անդամական ընդհանուր ժողովին, եւ Մանրամարզական Նախարարութեան: Անցնող տասնամեակին միութեան մարզիկները մասնակցած են բազմաթիւ մրցումներու եւ տիրացած են կարեւոր մրցանակներու: Միութեան հետ կապ կարելի է պահել օգտագործելով հետեւեալ հասցէները.

Միութիւններ