Այնճարի Մէջ Գործող Հ.Յ.Դ. Միութիւնները
Այնճարի Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.ի «Շ.Միսաքեան» մասնաճիւղ
Իր հիմնադրութենէն(1973) անմիջապէս ետք, Հ.Յ.Դ. Լ.Ե.Մ.ի «Շ.Միսաքեան» մասնաճիւղը կը պայքարի բազմաթիւ ճակատներու վրայ՝ ազգային-յեղափոխական դաստիարակութիւն, առօրեայ ապահովական աշխատանքներ, հակաթուրք քարոզչութիւն, Այնճարի երիտասադներու համախմբում ... եւայլն:
Սկզբնական տարիները կ՛ըլլան կազմակերպումի ժամանակաշրջան մը միութեան համար , որ քայլ առ քայլ կ՛աշխուժանայ, կը դառնայ մեծաթիւ եւ շօշափելի աշխատանքներով մասնաճիւղ մը եւ գիւղին մէջ իր ներկայութիւնը կը փաստէ: Երիտասարդական խանդավառութիւնը կ՛արդիւնաւորուի եւ միութիւնը կը դառնայ գործունեայ եւ կազմակերպ:
Յատկապէս ազգային-յեղափոխական բոլոր տօնակատարութիւններուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ մասնաճիւղը՝ ասմունքներու, թատերական գործերու եւ կենդանի պատկերներու ներկայացումով:
Այնճարի Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» Պատանեկան Միութիւն
Այնճար հաստատուելէ անմիջապէս ետք, Մուսա Լերան ժողովուրդը իր հանապազօրեայ հացին հետ զուգահեռաբար մտահոգ էր նաեւ իր զաւակներուն կրթութեամբ: Ազգ. «Յառաջ» վարժարանին հիմնումէն անմիջապէս ետք, հիմը դրուեցաւ Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան Միութեան 1943-ին, որպէս բնական յաջորդը Մուսա Լերան պատանեկան միւթիւններուն, ուր մուսալեռցի պատանին կը դաստիարակուէր իբրեւ հայ եւ իբրեւ դաշնակցական՝ տէր կանգնելու համար ազգային եւ յեղափոխական մեր աւանդներուն:
Հ.Յ.Դ. «Յառաջ» պատանեկան միութիւնը գործած է երկար տարիներ, դժուար պայմաններու մէջ, բայց հոն տիրող խանդավառութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը գրեթէ բոլոր ազգային եւ յեղափոխական երեւոյթներուն նկատմամբ, ստեղծած է որոշ մթնոլորտ մը, որ երկար տարիներ իր շուրջ պահած է մեծ թիւով պատանիներ: