Կաթողիկէ

Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Համայնք

Հայ Կաթողիկէ համայնքը անբաժան մասն է Մուսա Լերան երեք համայնքներուն: Մուսալեռցի գաղթականներուն հետ, մուսալեռցի կաթողիկէները Այնճար ժամանեցին եւ առաջին տարին անցուցին դժուար պայմաններու տակ:

Այնճար հասնելէն մէկ շաբաթ յետոյ, համայնքը կ՛ունենայ իր հոգեւոր հովիւը ՝Տէր Յովհաննէս վրդ. Խալխովեան, որ կը նուիրուի ժողովուրդի ծառայութեան:

Այս պայմաններուն մէջ, Աղաճանեան պատրիարքի նախաձեռնութեամբ եւ նիւթական օժանակութեամբ , 1940-ին, հիմը կը դրուի Այնճարի «Անարատ Յղութեան Քոյրեր»-ու շէնքին եւ վարժարանին, որուն առաքելութիւնը կ'ըլլայ ծառայել մուսալեռցի գաղթականներուն եւ աղքատ աշակերտութեան ուսում ջամբել:

1 Հոկտեմբեր 1940-ին, Այնճար կը ժամանեն քոյրեր՝ Լորենցիա Աղեքսանտրեան, Մատլէն Ճռնազեան եւ Պերճուհի Աւետիսեան: 14 Հոկտեմբերին իր դռները կը բանայ Այնճարի Հայ Կաթողիկէ վարժարանը: Հայր Ս.Վ. Հալլաճեան կը դիմէ Ֆրանսական իշխանութեանց եկեղեցի կառուցելու խնդրանքով որ կ՛արդիւնաւորուի եւ կը կառուցուի տախտակաշէն եկեղեցի մը:

Սկզբնական շրջանին վարժարանը կ՛ունենայ երկու անջատ բաժիններ, մանչերու եւ աղջկանց վարժարաններ: 1946-ին զոյգ վարժարանները կ՛ունենան իրենց առաջին շրջանաւարտները: Այս դրութիւնը կը գոյատեւէ մինչեւ 1954, երբ աշակերտներու թիւի նուազումին պատճառով կը վերածուի մէկ վարժարանի:

Հոս արժէ յիշատակել Կամսարական վարդապետին օրով արհեստից վարժարան հաստատելու ծրագիրը, ատաղձագործութեան, կօշկակարութեան, եւ երկաթագործութեան բաժիններով, որուն իր օժանդակութիւնը կը բերէ «Գարակէօզեան» բարեսիրական հաստատութիւնը :

Առաջին տարիներուն, պատասխանատու քոյրերը մեծ աշխատանք կը տանին կազմակերպելու դպրոցը եւ հոգալու անհրաժեշտ կարիքները: Վարդապետին հետ գործակցաբար անոնք կը յաջողին բարերարներու օգնութեամբ հագուստ ապահովել կարիքաւոր աշակերտներուն եւ անոնց ընտանիքներուն :

Մտահոգութիւնները, տաժանելի աշխատանքը , վատառողջ կլիման ու զրկանքները կը սպառեն քոյրերուն ուժերը, բայց անոնք նոյնիսկ հիւանդ վիճակով կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը: Այնճարի հիմնադրութենէն ի վեր Այնճարի հայ կաթողիկէ համայնքը մնայուն ձեւով կ՛ունենայ իր ժողովրդապետ- վարդապետը:

1952-ին համայնքը կը կառուցէ իր քարաշէն եկեղեցին որ ժամանակի ընթացքին կը բարեզարդուի հայկական գմբէթով , գաւիթով եւ սրբանկարներով:

1954-ի Հոկտեմբեր 11-ին, տեղի կ՛ունենայ եկեղեցւոյ պաշտօնական օծումն ու բացումը՝ ձեռամբ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի:

Վարժարանը անընդմիջաբար կը շարունակէ իր աշխատանքը: 1958-ին, նոր դասարաններ կը կառուցուին եւ մեծ հանդիսասրահ մը , իսկ 1973-ին, դպրոցի նախկին շէնքին վրայ կը կառուցուի օդասուն եւ լուսաւոր դասարաններ, գրադարան եւ տարրալուծարան: Այս իրագործումին մէջ իր մեծ դերը կ՛ունենայ Քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան : Վարժարանին մակարդակը կը բարձրանայ մինչեւ միջնակարգի:

13 Հոկտեմբեր 1973-ին, համայնքը կը կատարէ «Աղաճանեան Սանուց տան» բացումը ՝ բարձր հովանաւորութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ն.Վ. Պրն. Սիւլէյման Ֆրանժիէի, ի ներկայութեան պետական, ազգային եւ կրօնական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

Այնճարի Հայ Կաթողիկէ Համայնքին մէջ կը գործէ «Տիկնանց Աղքատախնամ Միութիւն»ը, որ բարեգործութեամբ կը զբաղի :

Համայնքին մէջ կը գործէ նաեւ երիտասարդական միութիւնը (Հ.Կ.Ե.Մ.), որ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն, կազմակերպելով երիտասարդութեան համար դաստիարակիչ ձեռնարկներ, ինչպէս՝ երգչախումբ, երիտասարդական պտոյտներ, ֆիլմի ցուցադրութիւն, դասախօսութիւններ, յիշատակի հանդիսութիւններ եւայլն:

Համայնքի բարձրագոյն մարմինը Այնճարի մէջ ժողովրդապետական խորհուրդն է, որ կը հսկէ բոլոր աշխատանքներուն . սկզբնական շրջանին համայնքը ունեցած է սկաուտ-արենուշներ, որոնք հետագային միացած են Հ.Մ.Ը.Մ.ին :

1973-ին, համայնքը, հայր Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեանի ղեկավարութեամբ կը հիմնէ «Յիսուսի Փոքրիկ Բարեկամներ» միութիւնը , որուն նպատակը կ՛ըլլայ եկեղեցական ծառայութեան մղել պատանիները: Փոքր աղջկանց համար կը հիմնուի «Աստուածածնայ Փոքրիկ Աղջիկներ» միութիւնը, որ կը տանի դաստիարակչական աշխատանք:
 
Հայր Յովհաննէս Վրդ. Օրջանեանին կը յաջորդէ Տէր Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան որ զարկ կուտայ համայնքային աշխատանքներուն: Կը սկսի հրատարակութիւնը «Մուսա Լեռ» համայնքային ամսաթերթին, եկեղեցուոյ հիմնական բարեզարդումին՝ որ կ՛օժտուի հայկական մեծ գմբէթով եւ ծաւալուն սրբանկարներով:
Աղաճանեան սանուց տունը կը գործէ անընդմէջ. վերջին շրջանին անոր աշխատանքներուն կը հսկէ Տէր Ալիշան Քհնյ. Աբարդեանը: Այնճարի հայ Կաթողիկէ քոյրերու նախկին բնակարանները կը փոխառինուին նոր եւ հանգստաւէտ շէնքով մը: Համայնքը կը շարունակէ Մուսա Լերան Աստուածածնայ տօնի սովորութիւնը՝ կազմակերպելով մատաղի պատրաստութիւն եւ ժողովրդային տօնախմբութիւն:

Համայնքներ

?>