Բարբառ

Մուսա Լերան Բարբառը

Մուսա Լերան բարբառը ամբողջութեամբ չէ ուսումնասիրուած: Իր հնչիւնաբանական ու ձեւաբանական առանձնայատկութիւններով մեծ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բարբառներէն է: Մուսա լերան բարբառը խօսակցական լեզուն է Սուէտիայի նախկին բոլոր հայ գիւղերու բնակչութեան: Գիւղեր, որոնք կը գտնուին իրարմէ կէս կամ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ: Անոնք կը կոչուին Պիթիաս, Հաճի Հապիպլի (Հէպլէք), Եօղուն Օլուք, Խըտր Պէկ (Իտտէր), Վագֆ եւ Քէպուսիէ: Այս Գիւղերու կողքին կան նաեւ փոքր գիւղակներ ինչպէս՝ Գէրէչի, Դրժընիկ, Սուլթումու, Ամաճ, Վիրը Ազզէր, Նըրքը Ազզէր, Զութունէն, Մաղարնէն եւ Չէվլիկ:

Բոլոր այս գիւղերու ժողովուրդը գործածած է նոյն բարբառը զայն կոչելով Քիսթինըգ: Քեսապի, ինչպէս նաեւ շրջակայ հայ գիւղերու բնակիչները խօսած են նոյն բարբառով՝ շատ փոքր տարբերութիւններով: Լաթաքիոյ շրջանի Արամօ եւ Ղընէյմիէ գիւղերու բնակիչներն ալ օգտագործած են նոյն բարբառը: Խորքին մէջ այս գիւղերու գաւառաբարբառները Քիսթինըքի ենթաբարբառներ են: Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ շուրջ քսանհինգ հազար հայերու լեզուն էր Քիսթընըքը:

Խօսակցական լեզուի տեսակէտով Մուսա լերան գիւղերը կը բաժնուին 3 խումբի.-

1. Հաճի Հապիպլի եւ Պիթիաս:

2. Եօղուն Օլուք, Խըտր Պէկ եւ Վագֆ:

3. Քէպուսիէ, Մաղարնէն եւ Չէվլիկ:

Մուսա լերան բարբառը խառնուրդ մըն է գրաբարի, Կիլիկեան ռամկօրէնի, ինչպէս ան կը յայտնուի Կիլիկիոյ զանազան բարբառներուն մէջ: Մուսա լերան բարբառը ունի մասնայատուկ երեւոյթներ՝ քերականական օրէնքներու, ոճերու եւ բառերու, որոնք բազմաթիւ դարերու մեկուսացած կեանքի դրոշմը կը կրեն իրենց վրայ: Բարբառին մէջ սակայն գրաբարը շատ հիմնական եւ հաստատ է: Բարբառը կրնայ նաեւ նախագրաբարեան շրջանի հայ ժողովուրդի անգիր լեզուի աղաւաղուած նմուշ մը ըլլալ, նկատի առնելով որ շատ մը բառեր (քէրիլ, նիտիլ, շուղնիլ..) շատ հինէն կուգան: Բարբառին մէջ կ՛օգտագործուին հեթանոսական շրջանին հետ կապ ունեցող բառեր որոնք կը փաստեն բարբառին շատ հին ըլլալը:

Մուսա լերան բարբառը ուսումնասիրած են շատ մը լեզուաբաններ եւ ազգագրագէտներ: Անոնցմէ կարելի է յիշել Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեանը, Թովմաս Հապէշեանը, Յակոբ Թորոսեանը, Ալէքսանդր Փաշայեանը, Ինքնատիոս Մարտիրեանը, Գաղթուհի Հաննէեանը(Հանանեան), Վերժինէ Սվազլեանը, Գրիգոր Կիւզալեանը, Յակոբ Փամպուքեանը եւ ուրիշներ:

Մուսալեռ