Այնճարի Առաջին Տարիները
Սանճաքի հայ գաղթականներու Այնճար փոխադրութիւնը այնքան յանկարծակի եղած էր, որ մուսալեռցիք երբ Այնճար ժամանեցին եւ կայք հաստատեցին վրաններու տակ, արդէն իսկ դժուար եւ տառապալից պայմաններ ստեղծուած էին: Ի տես այս իրականութեան, պետական իշխանութիւնները, ազգային իշխանութիւնը եւ հայ բարեսիրական կազմակերպութիւնները գործի լծուեցան, անմիջական օգնութիւն տրամադրելու համար գաղթականներուն եւ գլուխ հանելու անոնց տեղաւորումը:
Ֆրանսական կառավարութիւնը ապահովեց գաղթականներուն փոխադրութիւնը, նոր հողամասի ապահովումը, տուներու շինարարութիւնը... եւ ստանձնեց գաղթականներու առողջապահական հսկողութիւնը, հաստատելով հիւանդանոց մը (Տէր Զանունի կամուրջին կից) եւ պահելով մնայուն բժիշկ:
Նոյնքան սրտակից զգացումներ արտայայտուեցան տեղական կառավարութեանց, Սուրիական եւ Լիբանանեան ներկայացուցիչներուն եւ տեղացի Արաբ ժողովուրդին կողմէ: Տեղական իշխանութիւնները դիւրացուցին գաղթականներու փոխադրութիւնը եւ արագացուցին տեղական հպատակութիւն տրամադրելու աշխատանքը:
Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի կողմէ գաղթականներու օգնութեան հասնելու կոչը անմիջապէս արդիւնաւորուեցաւ եւ սփիւռքի ամբողջ հայութիւնը հանգանակութիւններով մասնակից դարձաւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղթականներու անմիջական կարիքներու ապահովման աշխատանքին: Այս օժանդակութիւններով կարելի եղաւ անմիջապէս նախաձեռնել եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շինարարութեան՝ որոնք արդէն իսկ սկսած էին գործել վրաններու տակ...
Ազգային առաջնորդարանը, գործակցութեամբ Օգնութեան Խաչին եւ Բարեգործականին, շինեց մայրանոց մը, որ հետագային վերածուեցաւ մանկապարտէզի: Իւրաքանչիւր համայնք նախաձեռնեց իր եկեղեցին եւ դպրոցը կառուցելու աշխատանքին...
Այնճար նոր հաստատուած գաղթականներուն համար սակայն մեծագոյն խնդիրը ապրուստի հարցն էր: Գաղթականները լծկան եզներ չունէին, ոչ ալ հերկող մեքենաներ հողամշակութեան համար: Հետեւաբար, շրջանի գիւղերէն լծկան եզներ եւ թրաքթօրներ վարձու առնուեցան (քանի մը տարի ետք իրանահայ բարերար՝ Տիար Հայկ Թիւթիւնճեան, թրաքթէօր մը կը նուիրէ Այնճարին): Բարեգործականը երկրագործ ժողովուրդին հայթայթեց սերմնացու ցորեն, գարի, ոսպ, սիսեռ, լուբիա եւ կորեկ, ինչպէս նաեւ գնուեցան 50 զոյք եզ, 110 կով, նոյնքան այծ եւ ոչխար եւ քանի մը հատ ձի եւ ջորի, երկրագործութեան աշխատանքը յառաջ մղելու համար:
Առաջին ցանքերը կ՛ըլլան սիսեռ եւ գարի գլխաւորաբար: Ժողովուրդը ալիւր կը պատրաստէ եւ հաց՝ սիսեռով եւ գարիով: Այս հացը ծամելն ու կլլելը իսկական տառապանք կը դառնայ...
Այս տարիներուն, մալարիան (ջերմախտ) սկսաւ աւեր գործել: Այնճարի հիւանդներուն մէկ երրորդէն աւելին այս հիւանդութենէն կը տառապէր եւ մահերը բազմաթիւ էին... 1942-ին ամրան Այնճար շատ գէշ համաճարակ մը կ՛անցընէ եւ մէկ ամսուան ընթացքին կը մահանան 90 գաղթականներ:
Մալարիայի, փորհարութեան եւ չքաւորութեան պատճառով հազարէ աւելի մուսալեռցիներ կը մահանան առաջին երկու տարիներուն ընթացքին (յիշենք որ մուսալեռցիք միայն 18 նահատակներ տուած էին քառասնօրեայ հերոսամարտի ընթացքին):
Մալարիան չէզոքացնելու համար պէտք էր ձերբազատիլ լճացած ջուրերէն եւ ճահիճներէն:
Ջրանցքներ բացուեցան 40-60 սմ. Լայնութեամբ եւ 45-65 սմ. խորութեամբ: 250-է աւելի հողեր առաջին անգամ ըլլալով մշակելի դարձան: Հետագային 90 քլմ. երկարութեամբ Ա.Բ.Գ. կարգի ջրուղիներ ( քանալներ) բացուեցան եւ մօտ 45 քլմ. քանալներ՝ արտերուն ջուրերը քամելու համար: Ջրաբաշխման աշխատանքը ըմպելի եւ ոռոգման ջուրերու համար կը վստահուին յատուկ յանձնախումբերու միշտ հսկողութեան տակ գիւղի պատասխանատու մարմիններուն: Ցարդ աշխատանքը նոյն կերպով կը շարունակուի:
Ջուրերը հականեխելու աշխատանքը ամէնէն հիմնականն էր, որ իրագործուեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի, Բարեգործականի եւ «Գարակէօզեան» հաստատութեան կողմէ: Այս ձեւով 3 տարիներու ընթացքին կարելի եղաւ մալարիան արմատախիլ ընել շրջանէն:
Յաջորդող տարիներուն «Գարակէօզեան»ը կը շարունակէ իր աշխատանքները Այնճարի մէջ: Դարմանատան կողքին կը կազմակերպուին ձեռային աշխատանքներու եւ անմիջական օգնութեան դասընթացքներ, ինչպէս նաեւ հերթաբար բժշկական քննութեան կ՛ենթարկուին Այնճարի աշակերտները, որոնց համար կը գործադրուին պատուաստումի արշաւներ: Ցարդ հաստատութիւնը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը: Վերջին տարիներուն հաստատութիւնը ստեղծած է նաեւ ատամնաբուժական կեդրոն մը գիւղի մանուկներուն համար:
1943-45-ին, գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, եկամուտ ապահովելու համար գաղթականներուն՝ բացուեցաւ կօշկակարատուն մը, ագարակ մը եւ հաստատուեցան երեսուն ջուլհակի տազկահներ: