Հիմնադրում

Ե՞րբ եւ Ի՞նչպէս Կառուցուեցաւ Այնճարը

Այնճարը միակ գիւղն է Պէքաայի դաշտին մէջ, որուն համար նախ պատրաստուած է յատակագիծ-քարտէս եւ ապա միայն կառուցուած:

Այնճարի յատակագիծը (որ կը ներկայացնէ թեւերը բաց արծիւ մը ), պատրաստած է հայազգի ճարտարապետ Յակոբ Քէշիշեան, օգնական ունենալով մուսալեռցի երկրաչափ Աբրահամ Տէր Գազանճեանը:

Այնճար կը գտնուի Պէյրութ-Դամասկոս մեծ պողոտային վրայ, գրեթէ մէջտեղը երկու քաղաքներուն Պէյրութէն՝ 55, Իսկ Դամասկոսէն՝ 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Տարածութիւնն է 1800 հեքթար ( 18 քառ. քլմթ.) իսկ ծովէն բարձրութիւնը 900 մեթր: 92 հեքթար հող յատկացուած է բնակութեան համար, իսկ մնացեալը ցանքատարածութիւն է: Մուսա Լեռ-Այնճարը, յատակագիծին համաձայն բաժնուած է վեց գիւղերու.-

  • ·Եօղուն Օլուք 975 անձ
     
    ·Խըտըր Պէկ 936 անձ
     
    ·Քեպուսիք 950 անձ
     
    ·Պիթիաս 870 անձ
     
    ·Հաճի Ճապիպլի 870 անձ
     
    ·Վագըֆ 538 ան

1939-ին, երբ մուսալեռցիք Այնճար ժամանեցին, կը հաշուէին 5125 հոգի (1205 ընտանիք):

Իւրաքանչիւր գիւղաթաղ միւսէն բաժնուած է 20 մեթր լայնութեամբ ճամբայով մը: Գլխաւոր պողոտայի գագաթին կառուցուած է «Ս. Պօղոս» եկեղեցին, որուն կողքին ազգային վարժարանը: Առանձին տեղեր տրուած են հայ Կաթողիկէ եւ հայ Աւետարանական եկեղեցիներու եւ դպրոցներու շինութեան համար: Մինչեւ տուներու շինութիւնը հետզհետէ ցրուող ընտանիքները պակսելով՝ Այնճարի մէջ տեղաւորուեցան 1050 ընտանիքներ, որոնցմէ 803-ը Առաքելական, 165-ը Կաթողիկէ եւ 82-ը Աւետարանական:

Գաղթականները հաստատուեցան (Հ.Բ.Ը.Մ.-ի տրամադրած մեծաքանակ կտաւներէն վրաններ շինուեցան) վրաններու տակ , Քալքիս կոչուած փլատակ բերդի աւերակներուն վրայ:

Բնութեան դաժան պայմանները, սնունդի եւ ջուրի տագնապը ծանր կացութիւն ստեղծեցին: Գաղթականներուն մէկ մասը մնաց այս պայմաններուն մէջ, սակայն բաժին մը (գլխաւորաբար մանուկներ եւ ծերեր) ցրուեցան Պեքաայի շրջակայ գիւղերուն մէջ, ինչպէս Մէժտէլ, Սթապըլ(Ռաուտա), Պար-Իլիաս, Քֆէրզապիթ, Գապ-Իլիաս, Ժտիթա, Մրէյժաթ, Թալապիա,Գարաք, Զահլէ, Ռայաք... Եւ այլն:

20 Սեպտեմբեր 1939-ին, Այնճարի մէջ սկսաւ տուներու շինութիւնը, որ շարունակուեցաւ ամբողջ ձմրան ու յաջորդող գարնան: Իւրաքանչիւր ընտանիքի համար ծրագրուած էր կառուցել երկու սենեակ, մէկ խոհանոց եւ յարակից բաժիններ, սակայն Բ. Աշխարհամարտի պատճառով (շինարարութեան անակնկալ սղութիւն) շինուեցաւ միայն մէկ սենեակ (4 x 4,5 մեթր մեծութեամբ), փոքր արտաքնոցով մը: Իւրաքանչիւր տան համար տրամադրուած էր 400 քառ. մեթր հողամաս (25x16 մ.), որ կարելիութիւն կը ստեղծէր տան կողքին փոքր ազատ հողի մը, զոր Այնճարցիք հետագային վերածեցին պարտէզի:

Իւրաքանչիւր ընտանիք ստացաւ նաեւ ցանքի հող, անձ գլուխ 3 տէօնիւմ (3000 քառ. մեթր): Կառուցուեցաւ 1065 տուն՝ իւրաքանչիւրը 3000 ֆրանք ծախսով:

Մինչեւ տուներու շինութեան աւարտը Այնճարի ակէն մինչեւ ջրամբար խողովակներ զետեղուեցան եւ ապա ազգային իշխանութեանց կարգադրութեամբ՝ հաստատուեցաւ ջրմուղ մը, ջուրը մինչեւ գիւղ հասցնելու համար. մինչ այդ բնակիչները ջուրը կը բերէին ուսամբարձ, Այնճարի ակէն՝ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութենէն:

Այնճար