Հիմնադրում

Մուսա Ծնունդը

Ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնները, գործադրելով Ազգաց Դաշնակցութեան Գաղթականաց Յանձնախումբին որոշումը` կը գնեն այն հողամասը, ուր մուսալեռցիք պիտի հաստատուէին:

Այնճարի հողամասը սեփականութիւնն էր Ռուճտի Պէկ Ֆհմիին եւ իր մօր Այիշա Սապարնազին, որ ժառանգ մնացած էր իրենց Ահմէտ Ֆհմի փաշայէն:

1928-ին, պետութեան կողմէ նշանակուած կալուածներու յատուկ յանձնախումբ մը, կը չափագրէ լրիւ հողատարածքները Այնճարի մէջ եւ զանոնք կը բաժնէ երկու տարածքներու՝ քարտէս թիւ 1 եւ 2, ու կը հաստատէ Ռուճտի Պէկին եւ իր մօր սեփականատիրութիւնը: 19-8-1939-ին,Ֆրանսական իշխանութեանց թիւ 176 որոշումով, Այնճարի լրիւ հողատարածքը սեփականացուեցաւ Ֆրանսական հոգատար իշխանութեանց կողմէ եւ արձանագրուեցաւ Ֆրանսական կառավարութեան անունով:

Սեփականատէրերուն վճարուեցաւ 410.000 ֆրանք գումար մը, որ հայթայթուեցաւ Ֆրանսական կառավարութեան, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ կարգ մը մեծահարուստ հայերու կողմէ եւ այս մէկը ընդհանուրին շահին համար, ինչպէս արձանագրուած է յիշեալ որոշումին մէջ: Որոշումին մէջ արձանագրուած է նաեւ թէ Այնճարը կը տրամադրուի Ալէքսանտրէթի հայ գաղթականներուն:

1944-1945-ին, մեծ թիւով հողամասերու կալուածագրեր տրուեցան մուսալեռցիներուն (պետութեան կողմէ՝ իրաւապէս հաստատելով իրենց իրաւունքը այս հողամասերուն վրայ: Լիբանանի անկախութենէն ետք, Այնճարի այն հողերը, որոնց կալուածագիր չէր տրամադրուած տակաւին, մնացին ֆրանսական հոգատար իշխանութեանց անունին, մինչեւ 1956 թուականը:

1944-1945-ին, մեծ թիւով հողամասերու կալուածագրեր տրուեցան մուսալեռցիներուն (պետութեան կողմէ՝ իրաւապէս հաստատելով իրենց իրաւունքը այս հողամասերուն վրայ: Լիբանանի անկախութենէն ետք, Այնճարի այն հողերը, որոնց կալուածագիր չէր տրամադրուած տակաւին, մնացին ֆրանսական հոգատար իշխանութեանց անունին, մինչեւ 1956 թուականը:

21-2-1956-ին Այնճարի կալուծագիր չունեցող հողատարածքները, կը փոխանցուին Լիբանանեան իշխանութեանց, որպէսզի արձանագրեն զանոնք՝ բոլոր անոնց անունին, որոնք կը հաստատեն իրենց իրաւունքը Ալեքսանտրէթի հայ գաղթականներէն: Հոս պէտք է արձանագրել, որ Լիբանանեան իշխանութիւնները չեն գնած Այնճարի հողատարածքը եւ չեն վճարած անոր փոխարժէքը, ուստի եւ այս հողերուն իրաւատէրը մուսալեռցիներն են՝ Ալէքսանտրէթի հայ գաղթականները:

1963-ին թիւ 40/63 օրէնքով, հաստատուեցաւ մուսալեռցի հայ գաղթականներուն իրաւունքը Այնճարի լրիւ հողատարածքին վրայ, որ իրենց իրաւունք կու տայ բոլոր չարձանագրուած հողամասերը արձանագրելու իրենց անունին:

1967-ին նոր կալուածագրեր տրուեցան մուսալեռցիներուն (Հայաստան ներգաղթած մուսալեռցիներուն հողամասերը, պետական որոշումով կը տրուէին շրջան մնացող մուսալեռցիներուն):

Այս բոլորէն ետք, տակաւին կը մնան հողամասեր որոնք կալուածագիր չունին, թէեւ շրջանի պատասխանատուները աշխատանք կը տանին ամբողջացնելու համար կալուածագրերու ապահովումը:

Այնճար