Մուսալեռէն Այնճար

Մուսա Լերան Հայկական Գիւղերուն Պարպումը

Նկատի առնելով, որ 23 Յուլիս 1939-ին Սանճաք վերջնականապէս Թուրքիոյ կը կցուէր (Փարիզի մէջ կնքուած Ֆրանքօ-Թրքական դաշնագրով), շրջանի հայութիւնը նախորդող մէկ շաբթուան ընթացքին պէտք է պարպեր «թրքական» հողը:

Սանճաքէն արտագաղթը սկսած էր արդէն 1938-ին, երբ թրքական զօրքեր մուտք գործած էին շրջանէն ներս: 1938-ի աշնան եւ յաջորդ տարուայ ձմրան հայերուն 70 տոկոսը արդէն գաղթած էր շրջանէն:

1939 թ. Յուլիս 17-ին կը սկսի Մուսա լերան գիւղերու պարպումը: Եւ դարձեալ գաղթականութի՜ւն, երբ տակաւին նախորդ գաղթականութեան յիշողութիւնը թարմ էր... Մուսալեռցին արցունքոտ աչքերով կը բաժնուէր իր հայրենի գիւղերէն եւ լեռնէն: Բոլոր գիւղերու բնակիչները կը խմբուին մայր խճուղիներուն եզերքը, ուրկէ ինքնաշարժներով, ոստիկաններու հսկողութեան տակ, քանի մը ժամէն կ՛անցնին Քեսապի մօտէն՝ մուտք գործելով Սուրիա: Ծանր առարկանները առագաստանաւերով կը փոխադրուին: Յուլիսի 23-ին, Մուսա լերան գիւղերը պարպուած էին իրենց բոլոր բնակիչներէն: Միայն Վագըֆ գիւղին մէջ կը մնան քանի մը ընտանիքներ՝ որոնք կը գոյատեւեն ցարդ եւ կը վերակառուցեն իրենց եկեղեցին (1998): Վերջին տարիներուն Վագըֆի բնակիչները կ՛ունենան իրենց դիմատետրի էջը http://www.facebook.com/vakiflikoyu հասցէով:

Մինչեւ 23 Յուլիս 1939, Սանճաքի (Մուսա լեռ եւ Գըրըք Խան) 35.000 հաշուող հայութիւնը, ինչպէս նաեւ 20.000 արաբներ եւ չէրքէզներ կը հեռանան Սանճաքէն եւ կը հաստատուին Սուրիա եւ Լիբանան:

Մուսալեռցիներու առժամեայ բնակավայրը կը դառնայ Պասիթը, Քեսապէն շուրջ 25 քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք՝ ծովեզերեայ շրջանը: Ժողովուրդը հոս պիտի մնար մինչեւ որ վերջնական կարգադրութիւն մը ըլլար իր բնակութեան վայրին մասին:

Մուսալեռ