Մուսալեռէն Այնճար

Սուրիական Ալեքսանտրէթը Կը Տրուի Թուրքիոյ

1936-էն ետք, Ալէքսանտրէթի Սանճաքը կը դառնայ անկախ պետութիւն: Շուտով սակայն ի յայտ կու գայ թէ, այս մէկը առաջին քայլն է Սուրիոյ անբաժան մէկ մասը եղող Ալէքսանտրէթը Թուրքիոյ յանձնելու:

1937-ի Յունուար 8-ին, մուսալեռցիք, գործակցութեամբ Արաբական Ազգայնական Կուսակցութեան ղեկավար Զէքի Արսուզիի, կը կազմակերպեն «Անտիոքի մեծ ցոյցը», որ ուժգին բողոք մը կը դառնայ՝ Սանճաքը Թուրքիոյ յանձնելու Ֆրանսական քաղաքականութեան դէմ: Հազարաւոր հայեր, արաբներ, ալեւիներ եւ յոյներ կը մասնակցին ցոյցին, որ հակաթրքական հսկայ ելոյթ մը կը դառնայ: Աւա՜ղ սակայն, ֆրանսացիք վճռած էին Սանճաքը թուրքիոյ յանձնել…

Մուսալեռցիք մերժելով թրքական իշխանութիւնը, լաւագոյն լուծումը նկատեցին լքել իրենց տունն ու տեղը՝ մանաւանդ որ ինքնապաշտպանութեան նոր փորձի մը համար բացարձակապէս աննպաստ էին պայմանները: Աշխատանք տարուեցաւ համոզելու ֆրանսական իշխանութիւնները, որ մուսալեռցիք հաւաքաբար փոխադրեն Սուրիա կամ Լիբանան՝ յատկացնելով իրենց անկիւն մը, ուր կարենան վերստին կառուցել իրենց տուները, մշակել հողը եւ ապրիլ համախումբ ազգային կեանք մը: Ֆրանսական կառավարութիւնը յանձն կ՛առնէ այս պարտաւորութիւնը եւ կը նախաձեռնէ նոր կայքի մը ապահովման աշխատանքներուն…

Մուսալեռ