Ո՞ւր Է Մուսա Լեռը Եւ Ո՞վ Է Մուսալեռցին

Խoսիլ Այնճարի ու Այնճարցիի մասին, կը նշանակէ յիշել Մուսա լեռն ու մուսալեռցին: Իսկ ո՞ւր է Մուսա լեռը:
Մուսա լեռը կը գտնուի Անտիոքէն շուրջ 18 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք՝ Միջերկրականի վրայ:

Անոր ափերուն վրայ, հին դարերէ ի վեր կանգնած են Մուսա լերան հայկական գիւղերը՝ Եօղուն Օլուք, Խըտըր Պէկ (Իտտէր), Պիթիաս, Հաճի Հապիպլի (Հապլաք), Վագըֆ, Քէպուսիք, եւ խումբ մը գիւղակներ ինչպէս Վերի Ազզէր, Չաւլիք, Մաղարաճըք, Սուլթումու, Դրժընիկ, Ամաճ ... : Թէ ճշգրիտ ե՞րբ եւ ի՞նչպէս ծնունդ առած են Մուսա լերան հայկական գիւղերը, դժուար է ըսել:


Յստակ է սակայն, որ հիւսիսային Ասորիքը եղած է այն առաջին շրջաններէն մէկը, ուր հաստատուած են որոշ թիւով հայեր՝ Ք.Ա. 3-րդ դարուն: Շրջանին մէջ հաստատուած հայ գաղթականներու թիւը յաւելում կրած է Մեծն Տիգրանի իշխանութեան ժամանակ Ք. Ա. Ա. դարուն:



Յաջորդող դարերուն, հայկական գաղութը տեւապէս դիմագիծ կը փոխէ, երբեմն ստուարանալով եւ ապա նուազելով համաձայն շրջանի պայմաններուն: Շրջանի հայ գաղթականներու թիւը յաւելում կը կրէ ԺԱ. դարէն սկսեալ՝ Սելճուք-Թաթարական արշաւաքներու ընթացքին եւ ծնունդ կ՛առնեն վարչականօրէն լաւ կազմակերպուած գաղութներ: Կիլիկեան թագաւորութեան անկումէն ետք, շրջանի գաղութը շատ կը տկարանայ եւ միայն ԺԷ. դարէն ետք դարձեալ կ՛աշխուժանայ՝ Մուսա լերան, Քեսապի եւ շրջակայ կարգ մը գիւղերուն մէջ՝ ինչպէս Արամօ, Յակոբիէ (Եագուպիէ), Ղնէյմիէ եւայլն:
Մուսա լերան հայկական գիւղերը Ի. դարու սկիզբը աչքի կը զարնեն իրենց կազմակերպուած ազգային-կրթական կեանքով եւ Օսմանեան բռնակալութեան դէմ կը դառնան դիմադրական շարժման կեդրոն: Սակայն ի՞նչ պատճառով եւ ի՞նչպէս նշանաւոր դարձան Մուսալեռն ու մուսալեռցին:


Այս հարցումին կը պատասխանէ Ֆրանս Վերֆէլի «Մուսա Լերան 40-օրը» դիւցազնավէպը, որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէս բուռ մը հայեր լեռ կը բարձրանան եւ հերոսական դիմադրութիւն ցոյց կուտան բազմահազար թուրք զինուորներուն դէմ ու պատմութեան համար կ՛արձանագրեն մուսալեռցիներու փառաւոր հերոսամարտը: Առասպելական կռիւ մը Մուսա լերան լանջերուն՝ 1915 թուականի հայկական ջարդերու ամենադաժան դէպքերու ընթացքին:


Քառասնօրեայ ահեղ դիմադրութենէ ետք, մուսալեռցիք կը բարձրանան ֆրանսական մարտանաւերը ( որոնք Միջերկրականի ծովեզերքը կ՛երթեւեկէին եւ պատահաբար կը նկատեն փրկարար կարմիր խաչ-դրօշակը մխացող լերան վրայ) եւ կը փոխադրուին Փոր Սայիտ (Եգիպտոս), ուր կը հիմնեն վրանաքաղաք մը, չորս տարուան համար եւ կը վերադառնան իրենց գիւղերը 1919-ին, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը կը քայքայուի եւ շրջանը կը գրաւուի դաշնակից ուժերուն կողմէ:



Մուսալեռցին յամառ է եւ տոկուն: Երբ կը վերադառնայ հայրենի գիւղերը՝ զանոնք կը գտնէ լրիւ աւերակ եւ կողոպտուած վիճակի մէջ, սակայն դարձեալ կը վերաշինէ զանոնք մինչեւ 1939-ը թուական, երբ հարկադրաբար կը ստիպուի լքել իր հայրենի գիւղերն ու շէները:

