Համազգայինի «Պ.Սեւակ» մասնաճիւղ
Երաժշտական
Որոշ ժամանակաշրջան մը մասնաճիւղի ակումբէն ներս կը գործէ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի մասնաճիւղը:
Պարարուեստ
Մասնաճիւղի գործունէութեան մէջ մեծ տեղ կը տրուի նաեւ պարարուեստին: Մասնաճիւղը կ՛ունենայ իր «Կոմիտաս» պարախումբը: Մեծապէս կը փայլի պարախումբը պարուսոյց Պրն. Խաչիկ Սեպէեանի ղեկավարութեան օրերուն: Պարախումբը տպաւորիչ ելոյթներ կ՛ունենայ Այնճարի, Պէյրութի, Զահլէի, Ռաս էլ Մըթնի, Պէյթ էլ Տինի եւ յատկապէս Դամասկոսի միջազգային փառատօնին՝ արժանանալով հայ թէ օտար հանդիսականներու անվերապահ գնահատանքին:
Վերջին շրջանին կը կազմուի նաեւ «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան պարախումբը՝ պարուսոյց ունենալով օրդ. Գայանէ Մածունեանը:
Թատերական
Համազգայինի Այնճարի մասնաճիւղը, թատերական կեանքին մէջ եւս՝ մեծ վաստակ ունի: Դեռ նորակազմ, մասնաճիւղը կը ձեռնարկէ Մ. Իշխանի «Մեռնիլը Որքան Դժուար է » թատերախաղի ներկայացումին, ընկ. Յակոբ Փանոսեանի բեմադրութեամբ:
1979-ին թատերախումբի բեմադրիչը կը դառնայ Հայաստանի մէջ մասնագիտացած Պրն. Օննիկ Գանթարճեան:
Այս շրջանին թատերախումբը կ՛ունենայ իր անունը՝ «Լուսարձակ 40»(Տարին կը զուգադիպէր Այնճարի հիմնադրութեան 40 ամեակին, ինչպէս նաեւ 40 թիւը կը խորհրդանշէ Մուսա Լերան հերոսամարտի 40 օրերը):
Այդ սերունդէն քանի մը ընկերներ, զանազան բեմադրութիւններ հրամցուցին հանրութեան . Զաւէն Թաշճեան ,Վահէ Աշգարեան , Մուշեղ Գարագաշեան եւ Սագօ Փանոսեան:
Այս շրջանին թատերախումբը կ՛ունենայ իր անունը՝ «Լուսարձակ 40»(Տարին կը զուգադիպէր Այնճարի հիմնադրութեան 40 ամեակին, ինչպէս նաեւ 40 թիւը կը խորհրդանշէ Մուսա Լերան հերոսամարտի 40 օրերը):
Այդ սերունդէն քանի մը ընկերներ, զանազան բեմադրութիւններ հրամցուցին հանրութեան . Զաւէն Թաշճեան ,Վահէ Աշգարեան , Մուշեղ Գարագաշեան եւ Սագօ Փանոսեան:
Դարձեալ Ռ. Առաքելեանի ղեկավարութամբ, մասնաճիւղէն ներս ստեղծուած էր ասմունքի շարժում մը: Խումբը կոչուած է «Սուրէն Քոչարեան» ի պատիւ հայրենի ասմունքի մեծ վարպետին: Ասմունքի խմբակի անդամները միշտ մասնակցած են ազգային տօնախմբութիւններու եւ մշակութային այլազան ձեռնարկներու:
Նկարչական
Մասնաճիւղը նաեւ աշխատանք տարած է կերպարուեստի բնաշխարհէն ներս: Կազմակերպած է արուեստի եւ ձեռային աշխատանքներու ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ նկարչական դասընթացքներ:
Շրջան մը Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիան մասնաճիւղ մը կը բանայ Այնճարի մէջ, որ առիթ կը ստեղծէ արուեստի հակում ունեցող երիտասարդներուն աւելիով զարգացնելու իրենց նկարչական կարողութիւնները: Ակադեմիայի դասընթացքներուն հետեւող երիտասարդ–երիտասարդուհիները հետագային իրենց գործերը ցուցադրեցին գիւղին եւ Պեքայի զանազան արուեստի կեդրոններուն մէջ:
Այնճարի 65 ամեակի առիթով, Մասնաճիւղը կը հիմնէ նաեւ իր նկարչական «Ռուբէն Նաքեան» արուեստի դպրոցը ղեկավարութեամբ Պրն. Րաֆֆի Անտոնեանի, որ երկար տարիներ կը գործէ ներկայացնելով տարեկան ցուցահանդէսներ: Շրջան մը աշխատանքներուն կը հսկէ Գրիգոր Սգայեանը:
Մշակութային Գործունէութիւն
Մասնաճիւղը տարիներու ընթացքին, մեծ թիւով դասախօսական ձեռնարկներ հրամցուցած է հանրութեան: Կազմակերպած է գրական երեկոներ, հրաւիրելով Լիբանանահայ գաղութի ծանօթ գրագէտներ եւ մտաւորականներ: Մասնաճիւղը հրատարակած է նաեւ Թովմաս Հապէշեանի «Մուսա Լերան Պապենական Արձագանգներ» հատորը՝ մեկենասութեամբ Պրն. Հրաչ Աշգեանի:
Մասնաճիւղը կառուցած է նաեւ հանրութեան համար տրամադրելի գրադարան մը, որու շինութեան իրենց ներդրումը բերած են վաղամեռիկ համազգայնական՝ Անի Ինճէեանի ծնողները: Ի յիշատակ՝ Անիի, գրադարանը կոչուած է Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի «Անի Ինճէեան» գրադարան: