Մուսա Լերան Հերոսամարտը (Համառօտ Գիծերու Մէջ)

1915-ի ամառը, Մուսա Լերան վրայ չորս գլխաւոր ճակատամարտեր մղուեցան եւ չորսն ալ կատարեալ յաջողութեամբ պսակուեցան, որոնց հետեւեցաւ ժողովուրդի հրաշալի փրկագործութիւնը՝ ասպետական ֆրանսական մարտանաւերով: Փոխադրուեցանք Եգիպտական հող, Փոր Սայիտի հարաւը, քաղաքին գրեթէ կից աւազուտքի մը վրայ, Սուէզի ջրանքին արեւելեան ափին:
Նախ տեսնենք 1915 չարաշուք թուականը նախորդող 5-6 տարիներու ընթացքին պատահած դէպքերն ու նախապատրաստական աշխատանքները, առանց որոնց Մուսա Լերան ժողովուրդի կեանքը հաւանաբար տարբեր ընթացք ստանար:
Մուսա Լերան ժողովուրդին մէջ կը գործէին երկու կուսակցութիւններ, Հնչակեան եւ Դաշնակցական:

Հնչակեան Կուսակցութիւնը հիմնուած էր 1887-ին հնչակեան նշանաւոր գործիչ Բաբգէն Սիւնիի դասընկեր եւ ուխտակից՝ Աղասիի եւ իր ընկերներուն կողմէ, որոնք եկած էին մեր կողմերը յեղափոխական աշխատանքներ կատարելու եւ Զէյթունի ապստամբութեան մասնակցելու: Անոնց Մուսա Լեռ ներկայութեան ատեն գրեթէ ամբողջ երիտասարդութիւնը կը գործակցէր իրենց հետ: Չորս տարի իր ընկերներով Աղասին յեղափոխական քարոզչութիւն ըրած էր ժողովուրդին մէջ: Սակայն, ղեկավարութեան Զէյթուն մեկնելով կուսակցութիւնը գրեթէ անգլուխ մնացած էր եւ գրեթէ կազմալուծուած: Թէեւ կազմակերպուած կուսակցական կեանք չկար, սակայն ազգային, յեղափոխական գործերու հանդէպ հետաքրքրութիւն ու խանդավառութիւն կար:
1908-ին կազմակերպուեցաւ Դաշնակցութիւնը Անանիա Վիրաւորեանի Կողմէ: Անանիան ուսումնատենչ եւ հաւասարակշիռ երիտասարդ մըն էր, ազգային ոգիով տոգորուած հաւատաւոր դաշնակցական, խառնուածքով ջղուտ եւ վճռական: Ծնած էր Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք Գիւղին մէջ: Ուսումը ստացած էր Հալէպի ազգային վարժարաններուն մէջ, հոն ալ դաշնակցական եղած:
1908-ին Անանիան իր ծննդավայր գիւղը վերադառնալով՝ կը կազմակերպէ դաշնակցական կորիզը: Անոր համար սկզբունք էր նախ իր գիւղի, ապա նաեւ շրջակայ գիւղերու, լուրջ վարկ եւ յեղափոխական ոգի ու թռիչք ունեցող յանդուգն երիտասարդները դաշնակցական արձանագրել: «Հիմա թիւը կարեւոր չէ ,- կ՛ըսէր ,-այլ՝ որակը. մեր խօսքը կշիռ պիտի ունենայ, մեր գործը վստահութիւն պիտի ներշնչէ»:
Կուսակցական կեանքը ամրացնելէ ետք իր առաջին գործը եղաւ ժողովուրդը զինել: Բայց դժբախտաբար թոքախտէ վառակուած ըլլալով շատ շուտ մեռաւ: Սակայն, գործը կանգ չառաւ. կուսակցութիւնը գլխաւորեց Մովսէս Տէր Գալուստեանը: Իր արժանաւոր գործակիցները եղան Գէորգ Պաղտոյեանը(Հաճնցի), Մօրուք վարժապետը՝ նշանաւոր յեղափոխական մը, որ ուսուցիչ էր Մուսա Լերան Խըտըր Պէկ գիւղին մէջ, նաեւ Խորէն Կիւլիզեանը(Այնթապցի)՝ խստաբարոյ դաշնակցական մը, որ առօրեայ կանոնաւոր մասնակցութիւն կը բերէր կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ ուսուցիչ էր Եօղուն Օլուք գիւղին մէջ: Կիւլիզեանի մեկնումէն ետք զինք կը փոխառինէ Մխիթար Հիւսնեանը, որ կը կոչուէր նաեւ Սարգիսեան. ժողովուրդը կը ճանչնար զայն Չափար Վարժապետ անունով: Առաւելաբար յեղափոխական քարոզչութիւն կը կատարէր ոչ միայն դաշնակցական ընկերներուն, այլ նաեւ ընտանիքներուն՝ Րաֆֆիի գործերը կարդալով եւ բացատրելով:


Ժողովուրդը զինելու վտանգաւոր գործը գլուխ հանելու համար, հարկ եղաւ ապահովել Քեսապի դաշնակցութեան կոմիտէի գործակցութիւնը: Քեսապի կազմը զէնքերը պիտի հայթայթէր, իսկ Մուսա Լերան կազմը փոխադրութիւնը պիտի ստանձնէր: Զէնքի Մաքսանենգութեամբ զբաղելու համար՝ նկատի առնուեցան քանի մը յանդուգն եւ նուիրեալ դաշնակցական եւ դաշնակցութեան հետ գործակցող երիտասարդներ: Գործը սկսաւ ընթացք առնել: Տակաւ առ տակաւ սկսաւ զէնք ու զինամթերք հասնիլ: Տեղական միջոցներով գնուեցան բաւական քանակութեամբ վառօդ, կապար եւ քափսիւլ՝ փամփուշտ լեցնելու եւ որսի հրացաններ գործածելու համար: Այնպէս որ 1915-ի եղերական օրերուն ունէինք շուրջ 100 յունական պատերազմական Կրա զէնքեր եւ մօտաւորապէս 10-ը արագահարուած ատրճանակներ, որոնք յարմարութիւն ունէին պատերազմ մղելու համար:


Կամաւոր գաղթ դէպի լեռ, եւ ոչ թէ ակամայ գաղթ դէպի Սուրիոյ մահաբեր անապատները: Զինուորական փախստական մեր երիտասարդները, որոնք ուշագրաւ թիւ կը կազմէին, սրտաճմլիկ վկայութիւններ բերած էին թրքահայ գաղթական զանգուածներու վիճակէն: Պատուելի Տիգրան Անդրէասեան, որ այդ օրերուն իր ծննդավայր գիւղը վերադարձած էր Զէյթունէն, նոյն վկայութիւնները կը հաստատէր աւելի պատկերաւոր ձեւով: Այս բոլորը նկատի ունենալով, որոշում առնուած էր նախընտրել պատուաւոր մահը անպատիւ կեանքի քաշքշուքէն: Բաւական զէնք եւ բաւարար կռուողներ ունէինք, մանաւանդ Հալէպէն զինուորական փախստական տղաքը արդէն լերան ծերպերուն մէջն էին: Երբ գաղթի հրամանը տրուեցաւ երկար բարակ մտածելու պէտք չկար այլեւս:


Եօղուն Օլուք, Խըտըր Պէկ եւ Վագըֆ գիւղերու բնակչութիւնը երկու-երեք օրէն հաւաքաբար լեռ կը բարձրանայ, իր հետ տանելով պատրաստի պարէնը եւ տնային բոլոր տեսակի իրեղէնները: Քէպուսիէ գիւղէն միայն 17 ընտանիք կը հետեւին այս երեք գիւղերուն: Հաճի Հապիպլիի եւ Պիթիասի ժողովուրդը պահ մը կը համենայ դիրք ճշդել, մինչեւ որ ի վերջոյ կէսէն աւելին կը միանայ ըմբոստներուն, իսկ մնացեալ փոքրամասնութիւնը կը հետեւի պատուելի Նոխուտեանին՝ գաղթի ճամբան բռնելով:
Շաբաթավերջին ժողովուրդը արդէն լերան գագաթն էր, քանի մը համախմբումներով: Անմիջապէս ժողովներ կը գումարուին դասաւորելու եւ կազմակերպելու համար ժողովուրդին կեանքը: Վարչական կեդրոնական մարմնի ատենապետ կ՛ընտրուի պատուելի Տիգրան Անդրէասեանը: Երիտասարդութիւնը կը բաժնուի 43 խումբերու՝ 43 խմբապետներով: Ընդհանուր զինուորական վերահսկիչ կը կարգուի Մովսէս Տէր Գալուստեանը երկու օգնականներով: Տակաւ առ տակաւ կեանքը բնականոն կը դառնայ: Ամէն ընտանիք անտառային փայտերով կը կանգնէ իր հողածածկ խշտին ու կ՛ամփոփուի անոր ներքեւ: Կը դառնանք անտառներու բնակիչ: Կը վերադառնանք նախամարդու կենցաղին, դրացի գայլերու, վագրերու եւ վարազներու՝ եւ անոնց պէս ազատ ու հպարտ: Ալ բռնութիւն չկար, բռնակալ չկար: Աշխարհային աղտեղութիւններէն մաքրուած, իմացեալ մահուան գաղափարով գինով, նոր կեանք մըն է որ կը սկսի Մուսա Լերան մշուշոտ խորհրդաւոր գիրկին մէջ: Լեռ ու լեռնական միաձուլուած կը սպասեն , թէ վաղը արեւը ի՞նչպէս պիտի ծագի:



