Հ.Մ.Ը.Մ.

Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճարի Մասնաճիւղ

Մուսա Լերան տեղահան եղած ժողովուրդը, իր առօրեայ ծանրաբեռնուած պայմաններուն մէջ կ՛որոշէ հայաւանին մէջ հիմը դնել Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Այնճարի մասնաճիւղին, որպէս ֆիզիքական եւ ազգային դաստիարակութեան իւրայատուկ դպրոց:

Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ. ի մասնաճիւղը, Այնճարի երկսեռ երիտասարդութեան համար կը դառնայ հոգեկան եւ ֆիզիքական կրթութեան ազգային օճախ մը, որ իր դերը պիտի ունենայ առողջ սերունդներ պատրաստելու առաքելութեան մէջ:

1940 թուականին, գլխաւորութեամբ եղբայրներ՝ Զարմայր Մինասեանի, Արամ Յովսէփեանի եւ Թադէոս Պագալեանի կը հիմնուի Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ. ի մասնաճիւղը:

Անմիջապէս յետոյ կը կազմուի սկաուտական առաջին խումբը՝ նախաձեռնութեամբ Մովսէս Փ. Այնթապեանի:

1948 ին, Հայաստան ներգաղթած հայրենակիցի մը բնակարանը կը տրամադրուի մասնաճիւղին եւ մէկ սենեակի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ. -ի վարչութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

Լ.Օ.Խ. ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ճիգերով ստեղծուած արծուիկներու խումբը կը փոխանցուի Հ.Մ.Ը.Մ.ին՝ ստեղծելով արենուշներու փաղանգը:

Առաջին տարիներուն, սկաուտական շարժումի գլխաւոր ղեկավարներն ու խմբապետները կ՛ըլլան եղբայրներ Անդրանիկ Քէնտիրճեան եւ Սարգիս Սարգիսեան: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները կ՛ունենան այլազան բնոյթի գործունէութիւն, յատկապէս կազմակերպելով բանակումներ, արշաւներ...

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղը կը կազմէ իր մարզական խումբերը, որոնք պատուաբեր արդիւնքներ կը բերեն միջ-մասնաճիւղային եւ շրջանային մրցաշարքերու ընթացքին: Յատկապէս կը փայլի ֆութպոլի խումբը, որ կը խլէ Պէքաայի ախոյեանութիւնը 1957-ին: Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Լեւոն Թաշճեան կը յաջողի դառնալ Լիբանանի 10 քլմթ. Երկար վազքի ախոյեան 1974-ին: Մարզական խումբերը կը մասնակցին նաեւ Նաւասարդեան խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան հալէպի մէջ՝ արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ :

Կը կազմուի նաեւ փողերախումբ , որ մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծէ գիւղին մէջ: Հետագային կեանք կ՛առնէ նաեւ երէցներու փաղանգը, որ սկաուտական շարքերուն մէկ նոր օղակը կը դառնայ:

1967-ին Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ. ի մասնաճիւղը կը ստանայ պետական ճանաչում:

Անցնող տասնամեակներուն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Այնճարի մասնաճիւղը իր գայլիկներով, մրջնիկներով , արի-արենոյշներով, երէց փաղանգով եւ մարզական խումբերով կը դառնայ տարածուն կառոյց մը գիւղին մէջ եւ իր ներդրումը կը բերէ Այնճարի պատմութեան:

Միութիւններ

?>