Լուրերու Արխիվ

HMEM Angakhoutioun

Հ.Մ.Ը.Մ. Այնճար - Լիբանանի Անկախութեան Տօն

Կիրակի 20 Նոյեմբեր 2016-ին, Հ.Մ.Ը.Մ Այնճար մասնաճիւղի Սկաուտական խումբերը «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, նշեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը, իրենց տարբեր օրակարգներով, ձեռային աշխատանքներով ու յատուկ յայտագիրով մը:

1503629510318572002698949179347622364909107n
1505567710318572469365565810025273631648233n
1508551410318574602698685630687768467923197n
1507872510318573036032174762123036623256679n
1510950610318575869365224912721306829189007n
1517919110318883802667766684793460192759269n
1518160110318574502698696723360517797189891n

Angakhoutioun Kaghakabedaran

Լիբանանի Անկախութեան Տօն

Երկուշաբթի 21 Նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Այնճարի 3 դպրոցներու մանկապարտէզի աշակերտները այցելեցին Այնճարի քաղաքապետարան, և Լիբանանի քայլերգով, զանազան երգերով ու արտասանութիւններով դիմաւորեցին Լիբանանի Անկախութեան Տօնը:

Յատկանշական էր իւրաքանչիւր վարժարանի պատրաստած խորհրդանշական նուէրները:

Խօսք առաւ գիւղիս քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, անդրադառնալով թէ աւելի մեծ ուրախութիւն է իբրեւ Այնճարի քաղաքապետութիւն, դիմաւորել այս սերունդը, որոնք մեզի շունչ և ապաւեն են ապագայի համար:

Այնճար Հայաւանի 3 վարժարաններու մանկապարտէզի աշակերտներուն հետ, քաղաքապետը կարկանդակ հատեց, որմէ ետք խանդավառելու համար փոքրիկները, հրաւիրեց զանոնք Ճաշարան Նապաա Այնճար, ուր իրենց պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր մը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

Այս առիթով, մեր սրտին խորերէն կը մաղթենք, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող բոլոր փոքրիկներուն երեսներուն վրայ գծագրուի նոյն ճպիտը, ու խաղաղ պայմաններու մէջ տօնեն անկախութիւնը: Թող Աստուած ամբողջ աշխարհին պարգեւէ խաղաղութիւն, մանաւանդ մեր սիրելի ԼԻԲԱՆԱՆԻՆ:

IMG4131
IMG4133
IMG4134
IMG4137
IMG4141
IMG4147
IMG4160
IMG4171
IMG4178
Angakhoutioun-Kaghakabedaran

The Promise

Մուսա Լերան հերոսամարտի ֆիլմը 80 տարի առաջ ձախողութեան մատնելէ ետք‚ Անգարա այժմ կը փորձէ սպաննել «The Promise»-ը

Հայֆայի համալսարանին մէջ պատմութեան դասախօս եւ գրող դոկտ. Սթեֆան Իհրիկ «Ֆորպզ» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին սկիզբը կը գրէ. «Ասիկա գրելը վտանգաւոր է. Հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսիլը կը նշանակէ մեծ ռիսք առնել»։ Առնուազն յոգնեցուցիչ փորձառութիւն մը պիտի ըլլայ‚ համացանցի վրայ նեղութիւն պիտի պատճառեն‚ սպառնալիքներ պիտի ստանաս‚ «Ամազոն»-ի վրայ մակարդակի ստորագնահատումի ենթարկուիս եւ հրապարակաւ վատաբանուիս։ Մինչեւ հիմա այս բոլորը անհատներու‚ ակադեմականներու‚ արուեստագէտներու եւ գործիչներու կը վերաբերէր‚ սակայն հիմա կը թուի‚ թէ նաեւ հոլիվուտեան տեսաժապաւէններու կը վերաբերի։ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մնալ 20-րդ դարու պատմութեան ամենէն վիճելի թեմաներէն մէկը‚ եւ նոյնիսկ անոր 100-ամեակէն ետք‚ կարելի չէ սպասել որ այդ մէկը վերջ գտնէ, եւ մօտօրէն համախոհութիւն մը գոյանայ։ Ընդհակառակը‚ անցեալ շաբաթներուն Թուրքիան հեռացաւ Եւրոպական Միութեան մշակութային ծրագիրէն՝ բողոքելով Տրեստընի սիմֆոնիք նուագախումբին կողմէ ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յարգող  երաժշտական երկի մը հարցով‚ որ ծրագիրին կողմէ հովանաւորուած էր։ Վերջերս Թուրքիա արգիլեց Պոլսոյ գերմանական հիւպատոսարանին մէջ նոյն երկը ներկայացնող համերգ մը։ Իսկ այժմ հակահայկական նոր արշաւի մը հանգրուանին մէջ կը գտնուինք։ Այս անգամ խնդրոյ առարկան հոլիվուտեան տեսաժապաւէն մըն է՝ ցեղասպանութեան վրայ կեդրոնացող կոթողային «The Promise»-ը‚ որուն գլխաւոր դերասաններուն շարքին է Քրիսթիան Պէյլը։ Սակայն այս անգամ կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ։

Այս բոլորը վաղեմի աւանդութիւն մըն է։ 88 տարի առաջ թրքական կառավարութիւնը Հոլիվուտին ստիպեց հրաժարիլ տեսաժապաւէնի վերածել «Մուսա Տաղի 40 օրերը»‚ որ օրին Հայոց ցեղասպանութեան մասին Ֆրանց Վերֆելի կողմէ գրուած եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող գերմաներէն վէպ մըն էր։ Վէպը չնկարահանուեցաւ: Այդպիսի տեսաժապաւէն մը Նացի Գերմանիոյ մէջ ուշադրութեան առարկայ կրնար դարձնել նաեւ հրեաներու ճակատագիրը։ Այդ օրէն ի վեր շատեր հետաքրքրուած են զայն նկարահանելով. օրինակ՝ Մել Կիպսըն եւ Սիլվեսթըր Սթալոն‚ սակայն թրքական ընդդիմութիւնն ու արգելակումը  անյաղթահարելի կը թուէին:

Վերջին տարիներուն‚ մասնաւորաբար ցեղասպանութեան 100-ամեակին‚ շատ բան կը թուի փոխուած ըլլալ։ Նոր հրատարակութիւններու (ակադեմական կամ ոչ) տարափ մը տեղի ունեցաւ։ Ամբողջ աշխարհի տարածքին ակադեմական խորհրդաժողովներ գումարուեցան։ Պատահական չէր‚ որ անցեալ տարի Իսրայէլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բոլոր խորհրդաժողովներուն‚ որոնք տեղի ունեցան Բաց համալսարանի‚ Եբրայական համալսարանի կամ Երուսաղէմի «Վան Լիր» հիմնարկին մէջ‚ մասնակիցներն ու կազմակերպիչները մատնանշեցին, թէ ինչպէ՛ս թրքական կառավարութիւնը արգելք հանդիսացած է անոնց։ Իսրայէլ ցեղասպանութիւնը ճանչցողներուն եւ ժխտողներուն համար յարգի ճակատամարտի դաշտ մըն է։ Մէկ այլ յարգի ճակատամարտի դաշտ մըն ալ Հոլիվուտն է։

Եւ մինչ շատ բան փոխուած է‚ շատ բան ալ նոյնը մնացած է։ Անոր մէկ անհերքելի ցուցանիշն է անցեալ տարի լոյս տեսած նոր‚ լաւապէս գրուած ու հետազօտուած գիրքերուն մասին արեւմտեան աշխարհի գլխաւոր լրատուամիջոցներուն մէջ գրախօսականներու բացակայութիւնը։ Աւելին‚ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի մամլոյ անդրադարձներուն նախնական զննումը ցոյց կու տայ‚ որ հիմնականին մէջ ծագումով հայերն էին‚ որ խօսեցան հայերուն ու անոնց պատմութեան մասին։ Հակառակ եւրոպական տարբեր երկիրներու ազգային խորհրդարաններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող շարք մը որոշումներուն՝ հասարակական կարծիք ձեւաւորողներուն մեծամասնութիւնը մնացին լուռ։ Այս մէկը միայն լրագրողներուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ‚ օրինակի համար‚ 20-րդ դարու կամ Համաշխարհային Ա. Պատերազմին մասին գրող պատմաբաններուն։ Ուստի զարմանալի չէ‚ որ «The Promise»-ի մամլոյ անդրադարձները կու գան վկայելու‚ որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տակաւին կը նկատուի «նոր» եւ լայն հասարակութեան անծանօթ թեմայ մը։

Թրքական կառավարութիւնը լռութեան ամրապնդման շատ ամուր եւ յարաբերաբար յաջող պատ մը հիւսած էր՝ արգելակելով ոչ միայն իմանալու փորձերը‚ այլ նոյնիսկ տարբեր ձեւերով թեմային քննարկումը։ Նոյնիսկ եթէ միջամտութեան գործելաոճերը փոխուած են‚ սակայն թրքական ժխտողականութիւնը կը մնայ այժմէական հարց մը։ Անիկա երբերմն կառավարութեան կամ դեսպանատան կողմէ ուղղակի միջամտութեան մը ճամբով չէ‚ այլ խափանման եւ լռութեան պարտադրման ընդհանուր մթնոլորտի ճամբով։ Կարելի է պատկերացնել լրատուամիջոցներուն ուղղուած սպառնալիքները‚ քաջ գիտնալով որ այդ սպառնալիքները գոյութիւն ունին եւ իսկական են։ Նաեւ զգալի են գործադրուած ճնշումները՝ թուրք ազգայնականներու եւ ժխտողականներու կողմէ‚ որոնք ընկերային համացանցը կ'օգտագործեն ընդդիմանալու բոլոր անոնց, որոնք այդ մասին կը խօսին։

«The Promise»-ը աւելի հեռու հասաւ քան նախկին մեծ ծրագիրները‚ որովհետեւ անկախ ֆինանսաւորում ունի։ Անիկա ամենէն մեծածախս  տեսաժապաւէններէն մէկն է։ Անիկա ամբողջացած է եւ կը թուի գրեթէ յաջողած ըլլալ։ Բայց տակաւին էական դժուարութիւն մը ունի շրջանցելիք: Սեպտեմբերին Թորոնթոյի միջազգային տեսաժապաւէններու փառատօնին ընթացքին ներկայացուցեաւ սակաւաթիւ ակնդիրներու։ Այլ նշանակալից տեսաժապաւէններու նման պատրաստած է իր IMBD-ին, ուր կրնաք գտնել տեսաժապաւէնին մասին բոլոր տեղեկութիւնները, եւ մարդիկ կրնան տալ իրենց գնահատականները։ Այդտեղ համացանցային ճակատում մը ընթացքի մէջ է։ Անցեալ շաբաթններուն 91 հազար քուէարկութիւն տեղի ունեցած է‚ որոնք բաժնուած են մէկէն տասը աստղերու։ Մեծամասնութիւնը՝ աւելի քան 57 հազարը մէկ աստղ է։ Այս մէկը տեսաժապաւէնը թերագնահատելու բացայայտ արշաւ մըն է: Հերթականօրէն ականատես կը դառնանք հակահայ ժխտողական այս արշաւին‚ որ շղթայազերծուած է Թուրքիայէն շատ հեռու՝ բաց ու ժողովրդավարական հասարակութիւններու մէջ։ Մինչ յստակ չէ‚ թէ այս արշաւը կազմակերպողը ո՛վ է‚ կ'ենթադրուի‚ որ այլ արշաւներու նման կապ ունի թրքական կառավարութեան եւ/կամ ազգայնական խմբաւորումներու հետ։

Ասիկա կը թուի նորութիւն մը ըլլալ։ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը վերջին տասնամեակներուն տարբեր փուլերէ անցած է։ Յաճախ կարելի է գտնել ակնարկներ‚ որոնք պարզապէս կը խօսին «պատմութիւններ»ու մասին‚ ուր անցեալի իրողութիւններն ու արխիւային փաստաթուղթերը տիրական էին։ Ներկայիս ականատես կը դառնանք երեւոյթին համացանցային շրջադարձին։ Ժխտողականութիւնը մուտք գործած է «Թուիթըր»ի եւ online ամբոխի իշխանութեան մարզ, եւ դժբախտաբար՝ բաւական յաջող կերպով։

IMBD-ի վրայ 91 հազար քուէները իսկութեան մէջ մեզի ի՞նչ կ'ըսեն։ Ո՞վ կը քուէարկէ‚ ովքե՞ր իսկապէս կանգնած են անոր ետին եւ որքանո՞վ ներկայացուցչական է։

Այնպէս ինչպէս Թրամփի նախագահական ընտրարշաւը մեզի շատ բան կ'ըսէ ապագայ քաղաքականութեան մասին (համացանցային միջոցներու դերակատրութեան‚ ընկերային ցանցերու  քաղաքականութեան եւ նուիրուած համակիրներու զօրակոչի ենթարկման մասին)‚ IMBD-ի վրայ «The Promise»-ի շուրջ աղմուկը եւս կրնայ շատ բան ըսել  ընկերային ցանցերու վրայ գոյութիւն ունեցող  կազմակերպեալ խմբակներու մասին:

Սակայն աւելի քան 91 հազար քուէները ունին իրենց դրական կողմը, անոնք շատ լաւ գովազդ են եւ պէտք է նպաստեն տեսաժապաւէնի տարածման‚ որպէսզի մենք‚ եւ բոլոր այն 32 հազար անձերը‚ որոնք տեսաժապաւէնին ի նպաստ քուէարկած են, կրնանք իրապէս դիտել տեսաժապաւէնը։ Քիչ են այն տեսաժապաւէնները‚ որոնք հրապարակուելէ առաջ IMBD-ի վրայ այսքան աղմուկ կրցած են բարձրացնել: Այդ մէկը յստակ է։

Garo Shannakian

Մահազդ

Կիրակի 20 Նոյեմբեր, 2016-ին, մահացաւ Կարօ Շաննաքեան՝ 60 տարեկանին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Երկուշաբթի 21 Նոյեմբեր 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:30-ին, Այնճարի «Ս. Պօղոս» Եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն:

 

Bedros Shannakian

Մահազդ

Հինգշաբթի 17 Նոյեմբեր, 2016-ին, մահացաւ Պետրոս Շաննաքեան74 տարեկանին:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի 23 Նոյեմբեր, 2016-ին Ամերիկայի մէջ:

Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն և հարազատներուն: