Այնճարը Դրախտ Պահելու Տեսլականով
Շաբաթ 10 Դեկտեմբեր 2016-ին, Այնճարի Քաղաքապետարանի շէնքի յատուկ ժողովասրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Կենսոլորտի Հարցեր» խորագրով կլոր սեղան հանդիպում մը:
Այս յատկանշական և խիստ շահեկան ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէքայի պետական պաշտօնատարներ, որոնց շարքին էր Կենսոլորտի ընդհանուր դատախազ, կենսոլորտի և գիւղատնտեսութեան հարցերու ներկայացուցիչներ, կեդրոնական Պէքայի Քաղաքապետութեան խորհուրդի բոլոր անդամներն ու դրացի գիւղերու քաղաքապետները:
Հանդիպումէն ետք բոլոր ներկաները շրջեցան գիւղի այն շրջանները, որոնք առնջութիւն ունէին վերոյիշեալ հանդիպումի օրակարգի կէտերուն հետ: