Լուրերու Արխիվ

the promise

«The Promise» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը:

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» և «Արամ» կոմիտէներուն եւ Հովանաւորութեամբ Այնճարի Քաղաքապետութեան, Չորեքշաբթի 19 Ապրիլ 2017-ին, Զահլէի «Star Gate» սինէմայի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ «The Promise» ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը:

ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի քարոզչական մարմնի անունով ընկհ. Ալիս Պօղոսեան խօսք առնելով հպարտօրէն ըսաւ թէ, ինք կը պատկանի այն սերունդին, որ ծնած եւ ապրած է Լիբանանի մէջ ու շարունակեց ըսելով, որ Հայը այն բացառիկ ազգն է, որ հաւատարիմ է ու հաւտացեալ այն ազգն է, որ կ'աղօթէ ոչ միայն իրեն համար այլ ուրիշին համար ալ այդ անկեղծ ազգն է, որ երբեք չի մոռնար ուրիշին լաւութիւնը այն ազգն է, որ կը գոհանայ ու փառք կ ուտայ ամէն ինչին այն ազգն է, որ ոտքի կը կանգնի ինչ որ ալ ըլլայ պարագան:

Ա. Պօղոսեան աւելցուց շեշտելով, որ հայ ժողովուրդը մնայուն կերպով պիտի շարունակէ պահանջել Թուրքիայէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ու հատուցում կատարէ բռնագրաւուած հողերը վերադարձնել հայութեան:

Ապա Այնճարի ու Զահլէի հայրենակիցներու ներկայութեամբ ժամը 7:00-ին ցուցադրուեցաւ «The Promise» ժապաւէնը, որուն գլխաւոր դերակատարներն են դերասաններ Օսքար Իզաաք, Քրիսթիըն Պէյլ եւ Շարլոթ լը Պոն:

Հոլիվուտեան չափանիշները լրացնող այս ժապաւէնը սիրոյ պատմութեան մը ընդմէջէն լուսարձակի տակ կ՛առնէ 1914-ի աւարտին Օսմանեան կայսրութեան արարքները, անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին եւ, պատմական փաստերու վրայ հիմնուելով, կը ներկայացնէ այդ ընթացքին արձանագրուած սպանդները, ոճիրները եւ հայոց վրայ Ցեղասպանութեան ձգած ազդեցութիւնը:

Իսկ ֆիլմի աւարտին կը տեսնենք,  Մուսա լերան ճակատամարտը որ շատ մեծ պարծանք էր մանաւադ Այնճարի ժողովուրդին համար որը  խորհրդանիշ է թէ հայը ոչխարի նման չկոտորուեցաւ, այլ գիտէ կռուիլ, զոհուիլ յանուն ազգային ինքնագիտակցութեան մարդկային անհպելի ու անուրանալի արժանիքներուն: 

Ֆիլմին մէջ ներկայ էր Վեր. Տիգրան Անդրէասեանի կերպարը, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Մուսա լերան հերոսամարտի ընթացքին: Կը յիշեցնենք նաեւ, որ Վեր. Անդրէասեանի դամբարանը կը գտնուի Այնճարի Հայ Աւետարանական վարժարանի շրջափակին մէջ:

«The Promise» ժապաւէնին բեմադրիչն ու բնագիրի հեղինակն է Թերի Ճորճ: Ժապաւէնի երաժշտութիւնը յօրինած է Կապրիէլ Եարետ:

«The Promise»-ի պատրաստութեան ծախսը հասած է 100 միլիոն տոլարի, իսկ ժապաւէնին տեւողութիւնը 134 վայրկեան է:

IMG7154
IMG7166
IMG7163
IMG7157
IMG7174
IMG7177
IMG7197
IMG7186
IMG7203
IMG7201
IMG7191
IMG7210
IMG7209
IMG7263
the-promise
IMG7253
IMG7251
IMG7250
IMG7238
IMG7225