Լուրերու Արխիվ

0108Kevork Hajian

 

Հրապարակի վրայ է դասական եւ  ազգային երգերու հանրածանօթ մեկնաբան՝ Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ Կռիւ» խորագիրով տեսահոլովակը (https://www.youtube.com/watch?v=zss3VgZ8y2E,):

Տեսահոլովակին նախաձեռնութիւնը եղած է անձամբ Հաճեանի կողմէն։

Բառերուն հեղինակն ու պատրաստողը Սամուէլ Թադէոսեանն է, իսկ երաժշտութիւնը կը պատկանի հայրենի երգահան եւ երգիչ՝ Սամուէլ Գալստեանին։

Բնագիրը նաեւ թարգմանուած է անգլերէնի, շնորհիւ Ռուբէն Ճամպազեանի եւ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի։

«Առայժմ թարգմանութիւնը զետեղած եմ տեսահոլովակին տակը, կը յուսամ նիւթական միջոցներ կը գտնեմ, եւ կարելի կ՚ըլլայ անգլերէնը զետեղել տեսահոլովակին մէջ, տողատակի ձեւով»,- նշած է երգիչը։

Տեսահոլովակը ամբողջութեամբ խաղարկային է եւ համալրուած է կենդանի նկարահանումներով: Այս գծով, անմիջական աջակցութիւն եւ արտօնութիւն տրամադրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն կողմէ:

Նկարահանումները տեղի ունեցած են սահմանագիծի վրայ, Մռավի բարձունքներէն մինչեւ Ֆիզուլի զօրամասերը։

Տեսահոլովակին մէջ կ՝արտացոլուի հիմնական չորս միտք.-

  1. – Արուեստագէտին ներդրումը ԱզգայինԲանակ գաղափարին, տալով կենդանի արտայայտութեան ձեւերէն մէկը։
  2. – Երգիչը բացի իր համերգասրահներուն մէջ ունեցած ելոյթներէն, նաեւ պատրաստ է եւ կը մեկնի Հայ Զինուորին երգելու ուղակի սահմանագիծին վրայ, նաեւ խրամատներուն մէջ, քաջալերելու եւ սատար կանգնելու Հայրենապաշտպանութեան վեհ գործին։
  3. – Յիշողութիւնները մեր 90-ական թուականներու ազատամարտիկներու յաղթանակին եւ կապը այսօրուան շարունակուող թշնամիին ոտնձգութիւններուն դէմ պայքարող հայու կամքի արտայայտութիւն։
  4. – Մշակոյթի գործիչն ու Հայ Զինուորը նոյն առաքելութիւնը ունին, Պաշտպանել Հայրենիքի սահմանները, ազգային արժէքները, զէնքով ու երգով, եւ պահանջեալ հարկին նաեւ արուեստագէտին մասնակցութիւնը յարատեւ կռւի այս դժոխքին զէնք վերցնելու հայ զինուորին կողքին։