Լուրերու Արխիվ

LOGO hy

2017-2018 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման մանկապարտէզի հանդէսը, Շաբաթ 16 Յունիսի երեկոյեան, վարժարանիս շրջափակին մէջ համախմբած էր հոծ բազմութիւն մը: Ներկայութեամբ ՝ գիւղիս հոգեւոր հովիւներու , վարժարանիս բարերար՝ Տէր եւ Տիկ Լեւոն Թորոսեանի , «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու ներկայացուցիչներու , Ազգային երեսփոխան ՝ Տոքթ. Խաժակ Այնթապեանի, ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու , վարժարանիս խնամակալութեան , Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի , պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ բազմաթիւ հայրենակիցներու, տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: 
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանիս վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով ու ողջունելէ ետք ներկաները հաստատեց ըսելով՝ «վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը՝ տնօրէնութիւն , խնամակալութիւն, ուսուցչակազմ եւ ծնողներ, իրենց ճիգը չխնայեցին քաջալերելու, համբերելու եւ նեցուկ կանգնելու այս դարբնոցին, ի սէր նորահաս սերունդի մաքուր ու արդի կարելիութիւններով օժտուած միջավայրի մը մէջ աճման եւ տարրական գիտելիքներ ջամբելու գործընթացին մէջ»: Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն , որոնք տարբեր առիթներով եւ զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսացան մանկապրատէզին: Ան ըսաւ, «Հայաստանի հանրապետութեան առաջին անկախութեան 100 ամեակի Սերունդ կը կոչուին այսօրուայ մեր շրջանաւարտները»: Մանուկներուն շրթներէն հոսած խօսքերը, կ՛իմաստաւորեն այս յաղթանակը ու կ՛ըսեն, - «Մենք սփիւռքի զաւակներն ենք, մենք չենք ծնած Մայր Հայրենիքի մէջ, այլ Հայրենիքը ծնած է մեր մէջ:» 
Ապա Տիկ. Լենա բեմը յանձնեց փոքրիկներուն , որոնք մանկական պատումներով ու ոճով , սակայն իմաստասիրական խորքով, հանդիսատեսին փոխանցեցին «Հայաստանի Անկախութեան 100 Ամեակ»ի պատգամը: 
Օրուան գեղարուեստական յայտագրին իւրայատուկ փայլք տուին Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք հանդէսի ընթացքին, մերթ ընդ մերթ բեմ բարձրանալով, վեր առին Հայաստանի Անկախութեան 100 ամեակի Տօնը: 
Ծիլ դասարանի երգչախումբի «Տղաների երգը» երգի կատարումով, ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն յաջորդեց «Եռագոյն Ծիածան» պարը: Ապա բողբոջ դասարանի աշակերտները երգեցին «Իմ Երեւան» երգը ու պարեցին «Նաւաստիներու» պարը: Այնուհետեւ կոկոն դասարանի աշակերտները երգեցին «Մենակ չենք մենք» երգը և պարեցին «Նոր Սերունդ» պարը: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները երգեցին «Հայրենիքն Իմ» երգը ու պարեցին «Ղափամա» հայկական պարը: 
Գեղարուեստական յայտագրին յաջորդեց շրջանաւարտներու ուղերձը, որոնք հրաժեշտ տուին իրենց ուսուցիչներուն և մանկապարտէզին:
Նախ քան վկայականներու բաշխումը , Ծաղիկի շրջանաւարտներուն իր պատգամը փոխանցեց վարժարանիս տնօրէն Արմէն Թաշճեան: 
Ան իր խօսքը ուղելով ծաղիկ դասարանի աւարտականներուն ըսաւ, թէ «Հայաստանի անկախութեան 100ամեակի արեւով ծաղկած էք լիովին և ձեր ծաղքունքին բուրմունքը կը շնչենք բոլորս, և մեր եռագոյն ձգտումը, հրայրքն ու երազը նոր տրոփումներով յոյս և ուժ կ՛ամբարէ»:
Տնօրէնը հաստատեց թէ, առանց ձեր ծաղկունքին՝ կ’իմաստազրկուին, ո՛չ միայն մեր ազգային տեսլականն ու մեր բոլոր ձգտումները, այլեւ մեր ազգային հաւաքական կեանքը անապատացման ճամբան կը բռնէ»: Ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «ասկէ 100 տարիներ առաջ, միմիայն հերոսներու և սերունդի ծաղկունքն էր, որ Հայաստանը, հայութիւնն ու ընհանրապէս՝ հայկական քաղաքակրթութիւնը փրկեց անապատացումէ. առանց այդ խրոխտ ու վառ ծաղկունքին, մենք չէինք ունենար Սարդարապատ, չէինք ունենար անկախութիւն և հանրապետութիւն, չէինք ունենար դրօշակ և քայլերգ. Սերունդներու ծաղկումն է, որ պիտի ապահովէ ազգի անխափան երթը դէպի յաւերժութիւն. այդպէս էր երէկ, այդպէս է այսօր և ընդմիշտ՝ մեր ազգի յարատեւումը այդ մշտանորոգ ծաղկումով պայմանաւորուած»: 
Վերջապէս տնօրէնը շեշտը դրաւ Հայոց Պատմութեան այն մեծագոյն դասին վրայ, որ հիմնականը՝ սերունդներու ծաղկումին հետ ճշգրիտ ժամադրութիւն պահելու կարողութիւնն է: Ժամադրութիւն՝ այսպիսի՛ սերունդներու, զորս կը մկրտենք 28 Մայիսի արեւին շողերով և անոնց դպրոցական առաջին վկայականին մէջ կը դրոշմենք այդ արեւը, իբրեւ ինքնութեան անվրէպ ուղենիշ»: 
Ապա տնօրէնը շնորհաւորելով ծաղիկները , իրենց ծնողներն ու մանկապարտէզի անձնակազմը , բեմ հրաւիրեց վարժարանիս նախկին վաստակաշատ մանկապարտիզպանուհի՝ Օրդ. Վերգինէ Այնթապեանը, ինչպէս նաեւ Տիկ. Ծովիկ Սնապեանը որպէսզի կատարեն վկայականներու բաշխումը: 
Հրավառութեամբ ու բոլոր փոքրիկներու բեմ բարձրացումով փակումը կատարուեցաւ օրուան հանդիսութեան:
Մեր Շրջանաւարտներն են՝ Անտրէիա Սգայեան, Ալեքս Գէօհիւլեան, Աւօ Աւետիսեան, Բիւզանդ Սապունճեան, Զուլալ Թաշճեան, Լարա Պէքարեան, Կալինա Գասամանեան, Ճորճ Մալլօ, Մարիլին Ատաճեան, Յովակ Ադամեան, Նարօտ Անտէքեան, Ռուպինա Աշգարեան, Սելենա Փալազեան, Վահագ Խօշեան, Վանա Տէտուշեան, Վիգի Հաւաթեան և Րայմոնդ Դանիէլեան: