Լուրերու Արխիվ

ՇՈՂԵՐ ԳԱՌՆԷՇԵԱՆ-ՄԽՃԵԱՆ

Առաջին տպաւորութեամբ բաւական խտրական, հատուածական եւ, հետեւաբար, նաեւ վիրաւորական կը թուի ըլլալ այս նախադասութիւնը, երբ մանաւանդ զայն դիտարկենք զուտ համամարդկային ընդհանուր արժեհամակարգի պրիսմակէն, այլ խօսքով` «բոլորը հաւասար են» հասկացողութեամբ:

Շատ փոքր տարիքէս կը յիշեմ,  որ մեր տան մէջ աղօթքի նման կը թեւածէր եւ մօրս կողմէ յաճախ կը կրկնուէր «Մենք`  հա՛յ, լուսաւորչակա՛ն, սուրբ դաշնակցակա՛ն, այնճարցի՛ ենք» հաստատումը, որուն անպայմանօրէն կցուած կ՛ըլլար «հպարտօրէն»-ը:

Պարագաներու բերումով, իր պատանեկան տարիները եւ երիտասարդութեան առաջին փուլը Համտուն անցուցած, բոլորովին այլ եւ շատ յաճախ օտար շրջանակ մը ունեցած մօրս համար ինչո՞ւ, սուրբգրային իրականութեան մը նման, այսպէս քարացա՛ծ հաստատում մը պիտի հնչէր, այն ալ` Լիբանանի մէկ անկիւնը թառած գիւղի մը մասին, ուր կ՛ապրին նաեւ հայկական այլ յարանուանութիւններու յարգելի համաքաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ` քաղաքական այլ հայեացքներու տէր ստուար թիւով անձեր:

«Մեզի համար բոլորը յարգելի են: Ամէն մարդ ազատ է: Մենք ալ հպարտ ենք, որ մուսալեռցի-այնճարցի ենք», կը շարունակէր կրկնել մայրս` պատմելով «հայ մնալու» վճռակամութենէն մղուած եւ հայերէնն ու յատկապէս Մուսա Լերան բարբառը չմոռնալու համար նախ որոշ ժամանակ մը Այնճար գիշերօթիկ ըլլալու եւ այդ առիթով նաեւ քոյր Հետուիկին «կեանքի դպրոցի»-ն աշակերտելու, իսկ աւելի ուշ արդէն Համտուն հաստատուած ժամանակ «Ապու Նազիմին փոսթայով» ամէն շաբաթավերջին, սաստիկ բուքին ու ձիւնին, Այնճար ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան հաւաքներուն ներկայ գտնուելու իր պատմութիւններուն մասին, որոնք, թէեւ` գողգոթային, սակայն այժմ արդէն համով-հոտով յուշեր են:

Այս մթնոլորտին մէջ մեծնալով` բնականաբար կեանքի մեր ուղեգիծը եւս խարսխուած պիտի ըլլար այս բնաբանին վրայ:

Բայց, եկէք, պահ մը առարկայական գնահատական մը տանք եւ իսկապէս պեղենք մուսալեռցի-այնճարցիի նկարագիրն ու կերպարը` հասկնալու համար, որ արդեօք այս «պինդգլուխ լեռնցիներու հաւաքականութիւնը»` «եապանճիներու հանդէպ զգայնութիւններ ունեցողները» որո՞նք են:

Ըլլալով հայ ժողովուրդին մէկ անբաժանելի բաղադրիչն ու մասնիկը` մուսալեռցին անմասն չէ եղած հայութեան վիճակուած տառապանքներէն եւ իր գոյատեւման համար մղուած պայքարներէն:

Հայ ժողովուրդին եւ ազգին գոյատեւման համար իր գերագոյնը զոհաբերած այս լեռնցին կարելի բոլոր միջոցներով պաշտպանած է նախ Հայ եկեղեցին, ապա` իր հայրենիքը, իսկ երբ վտանգը սպառնացած է իր գոյութեան, ապա ցցած է իր «սուր ակռաները»` ծամելու համար հայ  ժողովուրդի ազգային անվտանգութիւնը խախտել փորձող նախայարձակները:

Ուղիղ ութսուն տարի առաջ հաստատուելով Այնճարի մէջ` մուսալեռցին, հայ մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի բառերով` «Ինչե՜ր ասես, որ չէ արել… Քար է շրջել, սար է շարժել», այո՛, ճի՛շդ «հայ մօր» կերպարի մարմնացումով «ծով լռութեամբ, համբերութեամբ»  կեանք ստեղծեր է լքուած ու անմարդաբնակ տափաստանի մը մէջ, ուր այդ ժամանակ գայլերն ու բորենիները նոյնիսկ մեծ քաջութիւն պէտք էր ունենային ապրելու եւ մանաւա՛նդ գոյատեւելու համար:

Այնճարի ստեղծման առաջին փուլը իսկապէ՛ս որ մեծ դժուարութիւններով, զրկանքներով եւ զոհողութիւններով լի եղաւ, սակայն շնորհիւ իր աննկուն կամքին եւ վճռակամութեան` մուսալեռցի-այնճարցին իր տքնաջան աշխատանքով եւ արդար քրտինքով կրցաւ կերտել եւ շէնցնել իր «նոր հայրենիք»-ը:

Ուրեմն այս պայմաններուն մէջ հասակ նետած այնճարցին բնականաբար պիտի կառչէր զինք կորուստէ փրկած լաստին` վերոյիշեալ կարգախօսին, եւ անոր ընդմէջէն ալ սերտօրէն կապուած պիտի ըլլար իր եկեղեցւոյ (առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներով) եւ ասոր կողքին, վստահաբա՛ր պիտի զգար իրեն միշտ տիրութիւն ըրած ու բոլոր փորձանքներէն  պաշտպանած Դաշնակցութեան հայրական գուրգուրանքը:

Հակառակ իր կոշտ կերպարին, սակայն, մուսալեռցի-այնճարցին շատ նուրբ եւ չափազանց զգայուն  հոգիի տէր, հիւրասէր եւ կեանքն ու քէֆը սիրողի  բնաւորութիւն ունի:

Իր ազգային ու մշակութային ժառանգութեան ամրօրէն կառչելով եւ իր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները պահպանելով հանդերձ, այնճարցին միշտ ցուցաբերած է մարդկային մօտեցում` հանդէպ այն ընտանիքներուն, որոնք պարագայի բերումով հաստատուած ու ապրած են Այնճարի մէջ: Այնճարցիները սրտբաց ու գրկաբաց ընդունուած են բոլոր «հիւրերը», սակայն պայմանաւ որ անոնց ներկայութիւնը որեւէ ձեւով չսպառնայ գիւղի անդորրութեան եւ յատկապէս բնակիչներու ապահովութեան, այլապէս գործի դրուած է այլ տեսակի «լեզու» մը:

«Եապանճի» շատ մը հայերու կողքին, Այնճար բնակած են նաեւ տեղացիներ` արաբներ եւ օտարահպատակներ: Շնորհիւ  Այնճարի մէջ տիրող մթնոլորտին ու այնճարցիներու իւրայատուկ խառնուածքին եւ գիւղին մէջ բոյն դրած համակեցութեան ու համերաշխութեան սկզբունքին, անոնք եւս մաս կազմած են տեղւոյն բնակչութեան` սորվելով լեզուն, Մուսա Լերան բարբառը, ճաշատեսակները… եւ այլն: Այլ խօսքով, դառնալով լիիրաւ քաղաքացիներ` երբեմն նոյնիսկ այնճարցիներէ աւելի պաշտպանած են գիւղն ու անոր շահերը:

Մեզմէ շատերուն ծանօթ են` հայոց պատմութեան մրցանակի արժանացած «Էպան» ու այժմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած եւ Քարաունէն սերած անոր շատ յարգելի «Օգտի» ընտանիքը: Այնճարեան աւանդական տաւուլ-զուռնայի սիրահար «Կիխխի, տուղա՜» գոռացող ու պարեղանակին հետ իր ոտքերն ու հոգին միասնաբար թնդացնող գերմանացի, «Հայ դատի պաշտպան» Եոնին (Շփենկընպըրկ) եւ անոր սիրելի ընտանիքը: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի պասքեթպոլի մարզիկներէն Օմարը, որուն ընտանիքը չերքեզ էր: Այնճարի բարբառով լաւապէս հաղորդակցող տեղացի հարսերը: Եկեղեցւոյ` «Աստուծոյ տան» մէջ աղօթող տիւրզի Սիհամը… եւ տակաւին` բազմաթիւ այլ անուններ:

Այո՛, ա՛յս է իսկական այնճարցին:

Հայկական սփիւռքի մայրաքաղաքը նկատուող Պէյրութէն բաւական հեռու վայրի մը մէջ արմատ նետած մուսալեռցիներու նոր հայրենիք Այնճարը լոկ հողատարածք մը չէ՛: Հողաշերտէ մը անդին, ամէն բանէ առաջ «ոգեղէն» ներկայութիւն է: Այնճարը, Մուսա Լերան գոյատեւման գրաւականը եւ, հետեւաբար, նաեւ կտակն է:

Մենք` իբրեւ մուսալեռցիներու շառաւիղ, պարտաւոր ենք ամէն բանէ առաջ ապրեցնելու «Ոգեղէն Այնճար»-ը, ո՛ւր որ ալ երթանք եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուինք:

Մենք ենք մեր սարերը: Մենք ենք Մուսա Լեռ-Այնճարը…