Կենցաղային

Մկրտութիւն

Առաջին զաւակի ծնունդը ընտանեկան ամենամեծ ուրախութիւնը կ՛ըլլար. Մանաւանդ երբ նորածինը մանչ ըլլար: Ան ընդհանրապէս կը ստանար մեծ հօր անունը, որ պիտի ըլլար տան շառաւիղը, տունը պահողը: Աղջիկ ըլլալու պարագային նորածինը կը յորջորջուէր մեծ մօր անունով:

Կնունքի առթիւ նուէրներ կը բաժնուէր մօտիկ ազգականներուն: Պայման էր որ կնքահօր յատկացուած նուէրը զոյգ մը կօշիկ ըլլար: Կնքահայրը պարտէր աւելի արժէքաւոր նուէրներ ընել իր սանին:

Դայեակը կը վարձատրուէր դրամով եւ հագուստեղէններով:

(Աղբիւր՝ «Մուսա Լերան Պապենական Արձագանգներ» Թ. Հապէշեան)

Մուսալեռ

?>