Կենցաղային

Նշանտուք եւ Հարսանիք

Հին ատեն նշանուիլը տեղի կ՛ունենար ծնողներու կամքով եւ նախասիրութեամբ եւ ոչ թէ տղու եւ աղջկայ փոխադարձ համամտութեամբ:

Նշանտուքը կ՛ըլլար առանց արարողութեան եւ առանց խրախճանքի: Նշանը կը տանէին գիւղի երէցփոխը եւ տղու կողմի մերձաւորներէն քանի մը հոգի: Նշանը կը բաղկանար ընդհանրապէս ոսկեղէն զարդերէ, արծաթ դրամէ, մատանիէ մը եւ գլխու շորերէ:

Նշանուածները իրաւունք չունէին իրարու մօտ գալու, իրարու հետ խօսելու ո՛չ նշանուելէ առաջ եւ ո՛չ ալ նշանուելէ ետք: Հակառակը մեղանչում կը նկատուէր պարկեշտութեան դէմ: «Հարսը ձիուն վրայ իսկ նստի չես գիտեր որու տունը կը մտնէ» կ՛ըսէին: Աշխարհը անակնկալներով լեցուն է. Ինչե՜ր ըսես չեն պատահիր: Այս զգոյշ վերապահութեան դէմ մեղանչողները, դժբախտ պատահարներու պարագային չարաչար կը զղջային. Մանաւանդ աղջիկը, եթէ նոյնիսկ շատ գեղեցիկ ըլլար եւ պարկեշտ՝ կը դատապարտուէր տունը մնալու, տան ծառան դառնալու: Ամուսնութեան դուռը փակուած կ՛ըլլար իր առջեւ:

Նշանտուքէն շաբաթ մը ետք, տղուն կողմը խնամութեան կ՛երթար նշանածին տունը, հետագայ մտերմութեան եւ յարաբերութեան ճամբան բանալու համար: Նուէր կը տանէին անուշեղէններ եւ այլ քաղցրաւենիներով լեցուն Տապուխներ :

Տապուխը ցորենի ծղօտներէ հիւսուած տաշտաձեւ աման մըն էր: Տապուխները ծածկուած կ՛ըլլային ընդհանրապէս մետաքսէ ծածկոցներով:

Սոյն այցելութենէն յետոյ նշանածը պարտէր փեսացուի տնեցիներուն եւ ազգականներուն ձեռքը համբուրել եւ փեսացուի ծնողքի ներկայութեան բացարձակ լռութիւն պահել: Խնամիներու մեկնումէն ետք, քանի մը օր անց, փոխադարձ այցելութիւն կը տրուէր աղջկայ կողմէն, տապուխները վերադարձնելով նուէրներով լեցուն: Տապուխներուն մէջ պայման էր որ տապկուած հաւը ըլլար: Ատկէ ետք այցելութիւններ կ՛ըլլային երկուստեք՝ անպաշտօն ու յաճախակի կերպով: Նման առիթներու հարսնցուին դրամական նուէրներ կ՛ըլլային, որ կը կոչուէր ՈՒԺԿԻԼ(օժտել):

Աղուհացի հատիկի կիրակին խաշուած շաքարախառն ցորենի, սիսեռի եւ բակլայի խառնուրդ կը տանէին նշանծուին, ինչպէս նաեւ Թթվը Գլուրըկ կոչուած կերակուրը:

Նշանտուքը երկու կողմի ծնողներուն փոխադարձ ճանաչումի միջոց մըն էր եւ ոչ թէ հիմնական եւ վերջնական կարգադրութիւն մը:

Հարսանիքը կ՛ըլլար յաճախ մեծ շուքով: Շաբաթ մը առաջ տղուն կողմը գումաշի կ՛երթար քաղաք, հարսանեկան զգեստներ գնելու:

Կերուխումի եւ յարակից կարգադրութիւններուն կը սկսէին հինգշաբթի:

Այդ օրը անասունները կը մորթուէին եւ հարիսայի ցորենը հանդիսաւոր ձեւով կը լուացուէր եւ սանդերու մէջ կը ծեծուէր երիտասարդ տղոց կողմէ՝ թակերը գործածելու մասնաւոր վարպետութեամբ: Չորս խոշոր թակեր անդադար կ՛ելեւէջէին սանդին մէջ՝ առանց զիրար հարուածելու:

Ուրբաթ, իրիկունը, ընդհանրապէս հինումի կը յատկացուէր: Մեծ բազմութիւն մը կը հաւաքուէր: Երիտասարդներ ու ծերունիներ միասին նստած գուշմաներ կ՛երգէին: Գուշմաները ուրախութեան երգեր էին, թրքերէն բառերով: Խրախճանքը կը սկսէր փեսացուին տունը, ապա կը փոխադրուէր նշանծուին տունը: Երբ նշանծուին հինումը աւարտէր կարգը կու գար փոքրիկներուն:

Հինումի գործողութիւնը տեղի կ՛ունենար հարսնցուին ազգականներուն եւ ընկերուհիներուն ներկայութեան: Ապա ուրախութիւնը կը վերափոխադրուէր փեսացուին տունը եւ կը շարունակուէր մինչեւ լոյս: Խրախճանքի ատեն գիւղին նշանուած տղաքը կը բերուէին եւ պարաններով կը կապուէին տան առջեւի ծառերուն եւ փրկագին կը պահանջուէր անոնց նշանածներուն տուներէն: Փրկագինը կ՛ըլլար օղի կամ հաւ եւ կամ երկուքը միասին: Ստացուածը կը գործածուէր երիտասարդական հասարակաց խնդութեանց սեղաններուն համար:

Հարսանեկան հրաւէրներ կը ղրկուէին ուրբաթ օրուընէ: Հարուստներուն եւ այլ կարեւոր նկատուած մարդոց օժիտ կը ղրկուէր: Օժիտը կ՛ըլլար ընդհանրապէս Գլուխ-շաքար, Թաշկինակ կամ Գլխու շոր:

Հարսանեկան ուրախութիւնները կը սկսէին շաբաթ օրուընէ: Սեղանները լեցուած կ՛ըլլային բազմատեսակ կերակուրներով եւ օղիի շիշերով: Առանց թմբուկ-զուռնայի գրեթէ հարսանիք չէր ըլլար: Թմբկասեղանակներուն կ՛ընկերանային զոյգ մը պարողներ՝ դէմ դիմաց կեցած՝ թաշկինակներ ի ձեռին: Կիներուն մէկ մասը ներսի ծառայութեանց կը մասնակցէր, իսկ միւս մասը դիտողի դերին մէջ կը մնար եւ խրախճանքի ամենէն տաք պահերուն զիլ ձայներով զըղլայթներ կ՛արձակէր :

Կարգը կու գար փեսացուն եւ փեսաղբարը սազելուն (վայելուչ հագուեցնելուն): Պայման էր որ սազողները ըլլային երկու նշանուած երիտասարդներ: Մէկը կը հագուեցնէր փեսացուն իսկ միւսը՝ խաչեղբայրը: Հագուստի իւրաքանչիւր կտոր քանի մը անգան կը դարձնէին անոնց գլխուն շուրջ եւ ապա «Շնորհաւոր թող ըլլայ» գոչելով կը հագցնէին անոնց: Սոյն արարողութեան ընթացքին կիները կը զըղլըթէին իսկ երիտասարդներ հրացաններ կը պարպէին: Սազելու գործողութիւնը կ՛աւարտէր կարմիր եւ կանաչ թաշկինակներ կապելով փեսային եւ փեսաղբօր կուրծքին: Այդ միջոցին «խորհուրդ խորին» եւ այլ շարականներ կ՛երգուէին պսակադիր քահանային եւ անոր ընկերացող տիրացուներուն կողմէ: Ատենն էր որ ալ կազմուէր հարսանեկան թափօրը՝ ճամբայ ելլելու համար դէպի խնամիանց տունը՝ հարսնցուն առնելու եւ դէպի եկեղեցի առաջնորդելու: Մինչեւ հարսնցուին ճամբայ ելլելը տան առջեւ պարեր տեղի կ՛ունենային թմբուկ-զուռնայի ընկերակցութեամբ:

Հնաւանդ սովորութեամբ հարսնցուն ձիուն վրայ հեծած եկեղեցի կը տարուէր սուրբ պսակի խորհուրդի: Ան հօրենական տունէն բաժնուելու ատեն կու լար, կու լային նաեւ իր մերձաւորները եւ ընկերուհիները: բաժանումի պահուն կ՛երգուէր հետեւեալ երգը.

«Հէյ մայրիներ, մայրիներ,

Հէյ դեռատի մայրիներ,

Երբ արեւը կը ծագի,

Ձեզմէ խեժը կը կաթի...»

Երբ հարսանեկան թափօրը եկեղեցի կ՛ուղղուէր, փողոցներէն մարդիկ հարսին գլխուն կը նետէին դրամներ եւ բուռ-բուռ հատիկներ, որ կը յիշեցնէր Արտաշէս արքայի եւ Սաթենիկի հարսանիքը: Պսակէն յետոյ հարսը տարբեր ճամբայով կը տարուէր փեսային տունը. Հակառակը չարագուշակ կը նկատուէր:

Հարսը երբ տուն հասնէր անմիջապէս չէին իջեցներ ձիէն. փեսային ծնողքին եւ ազգականներուն կողմէ նուէրներ կ՛ըլլային իրեն, որոնք կը կոչուէին զանկըլըք:

Հարսը, երբ ձիէն իջնէր, տան սեմին կը կեցնէին զայն եւ գլխուն վրայ հաց կը կտրէին (խաչաձեւ):Ապա գունդ մը խմոր կու տային ձեռքը որ փակցնէր դրան վրայ: Նաեւ կը յանձնէին իրեն ջրալի կաւէ սափոր մը, որ զարնելով շէնքի քարին կը փշրէր եւ ջուրը կը տարածուէր տունէն ներս եւ դուրս: Ամենավերջը կու տային ձեռքը անուշահամ եւ մեծ նուռ մը որ ուժգնօրէն զարնելով գետին կը պայթեցնէր որուն կարմրուկ հատիկները կը ցրուէին տունէն ներս եւ բակին մէջ: Այս խորհրդաւոր արարողութենէն ետք հարսը կը դիմաւորուէր գըրընպիւլով (հողէ շինուած պզտիկ կրակարանով), որուն վրայ կը ծխային գուվէս եւ ծխնիլաք կոչուած անուշահոտ տերեւները խունկով միասին, չարքերու մուտքը արգիլելու տունէն ներս:

Այսպէս խունկ ու բոյրով, խինդ ու սիրով հարսը կ՛առաջնորդուէր մասնաւոր կահաւորուած սենեակ մը, որ պիտի ըլլար իր տունը, իր բոյնը:

Կարճ միջոց մըն ալ խրախճանքը շարունակելէ յետոյ բազմութիւնը կը ցրուէր փեսային տունէն:

Մուսալեռ

?>