Լուրերու Արխիվ

dzererou havakouyt

Տարեցներու Ձեռնարկ

Այնճարի տարեցները  Ս. Զատկուան  ճաշկերոյթը վայելեցին ճաշարան  «Արեւ»-ի տնօրէնութեան հրաւէրով, Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2017-ի կէսօրին:

Տէր Միւռոն քահանայ Աւետիսեանի օրհնութեան աղօթքով և Այնճարի հոգեւոր հայրերու ներկայութեամբ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին կողմէ ձեռնարկը բացուած յայտարարուեցաւ: Ապա ընկերային յանձնախումբի ատենապետ՝  ընկհ. Ծաղիկ Հերկելեան, շնորհաւորեց ներկաներուն Զատիկը և բարի գալուստի, բարի վայելումի և առողջութեան մաղթանքներէն ետք, խօսքը տուաւ օրուան հանդիսավարներուն՝ ընկերուհիներ Համեստ Ճամպազեանին և Սալբի Հանտեանին:

            Անոնք զուարճացուցին ներկաները իրենց հաճոյակատարումներով և Մուսա Տաղեան առօրեան բնորոշող առածներով, երգերով և հանելուկներով:

Մէջ ընդ մէջ, յայտագիրը ճոխացուցին ներկայները, իրենց երգերով, ասմունքներով, պարերով:

     Սրտի խօսք փոխանցեցին, Տէր Արսէն քահանայ Քէշիշեան, առաքինազարդ քոյր Թէօպիստէ Պետրոսեան և Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան:

     Ապա տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ:

     Ձեռնարկի աւարտին, վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց  օրուան բարերար ընտանիքին մայրը՝ ընկհ. Վարդուհի Զէյթլեանը:

IMG-20170424-WA0031
IMG-20170424-WA0030
IMG-20170424-WA0029
IMG-20170424-WA0028
IMG-20170424-WA0027
IMG-20170424-WA0026
IMG-20170424-WA0025
IMG-20170424-WA0024
IMG-20170424-WA0023
IMG-20170424-WA0022
IMG-20170424-WA0021
IMG-20170424-WA0020
IMG-20170424-WA0019
IMG-20170424-WA0018
IMG-20170424-WA0016
IMG-20170424-WA0017
IMG-20170424-WA0015
IMG-20170424-WA0014

Salpi tashjia aztag

Ապրիլեան Մտորումներ. «Ես Զաւա՛կն Եմ Հայաստանի»…

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Այո՛. զաւակն եմ Հայաստանի եւ հպարտութեամբ կը բարձրաձայնեմ այս տողը, ո՛չ միայն այն պատճառով, որ Հայաստանը իմ հայրենիքս է եւ հայերէնը իմ մայրենի լեզուս, այլեւ զաւակն եմ այն հողատարածքին, զոր թշնամին դարէ մը ի վեր կը պարծենայ իր գերութեան տակ պահելով կը պարծենայ, մինչ անիկա պապենական մեր երկրէն բաժին մըն է:

Թուրքին եաթաղանը սպառնաց հայուն միայն ա՛յն ժամանակ, երբ այս վերջինէն խլուած էր իր զէնքը, որովհետեւ թշնամին լաւապէս կը ճանչնայ հայուն յարատեւ պայքարը, որ արեան գնով պատրաստ է ոռոգելու իր բերրի դաշտերը, սերմանելու հերկուած ակօսները:

Թշնամին մոռցաւ սակայն «ղօղանջող զանգերը», որոնց ձայնը լսելի է միա՛յն հայուն. ի զուր փնտռեց, որպէսզի լռեցնէ ու ոչնչացնէ արդարութեան ամէն բեկոր, սակայն չգտաւ. մեր սրտի բաբախումին պէս այդ զանգերը շարունակեցին ու կը շարունակեն հնչել անդադար, անկոտրում հաւատքով ու նուիրագործութեամբ:

Եւ ապրեցա՛նք. գոյատեւեցի՛նք. թէկուզ այլ երկինքի տակ, կորսուած հողի կարօտով. եւ ամիսը` իր բառարանային իմաստով, շարունակեց ըլլալ ճշմարիտ, կեանք նուիրեց մնացորդացին, եւ երթը շարունակուեցաւ…

23 ապրիլ 2017, Այնճար…

Լոյսերը կը մարին, եւ վարագոյրը կը բացուի:

«Սուրբ երկիրը» կը հնչէ. պատկերը մարմին կը ստանայ, եւ նահատակութեան բագինին առաջնորդող պարը թափ կ՛առնէ: Կոտորած, մահ ու սարսափ, անժպիտ նայուածք, սակայն` խիզախ ու հպարտ շարժումներով կը շորորայ նազանի գեղուհին, որ սեւազգեստ լռութեան կը յանձնէ իր մենութիւնը, իր զայրոյթն ու պոռթկումը անարդարութեան ստուերներուն մէջ թաղած` վերապրումի զարթօնքը կը սփռէ: Ազատութի՜ւն, դէպի երկինք ու գերուած հողերը վերականգնելու աստուածային ամպրոպ, թռչունի պէս սաւառնելու երկրէ-երկիր` վերջապէս թառելու արդարութեան խաղաղ կտուրին, ուրկէ ծնունդ կ՛առնէ յաւերժութեան ջահը, յաղթանակի՛ ջահը` իր խայտացող շողերով շլացնելու անգութ թշնամին: Աւելի՛ն. Արարատի կատարին եռագոյն դրօշ կը պանծայ, մինչ հայրենաբաղձ կարօտի յուզումով հանդիսատեսը երկա՜ր ժամանակ կը ծափահարէ:

Ապրի՛ք, սիրելի՛ աշակերտներ, Ազգային Յառաջի հնոցէն ստացած ձեր դաստիարակութեամբ` ձեր ներկայացումը սովորական չհնչեց, այլ` պարային ձեր ելոյթով դուք թարգմանը հանդիսացաք արդար պահանջատիրութեան` բռնագրաւուած հողերուն ու մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնց ոսկորները իրենց վերջնական հանգիստը պիտի գտնեն ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի հողին վրայ…

25/4/2017

Այնճար

lerna

Զեկուցական Երեկոյ

կազմակերպութեամբ Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի Մշակութային յանձնախումբին, Ուրբաթ 28 Ապրիլ 2017-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր-Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական երեկոյ մը, որոնց ընթացքին զեկուցեց «Մեսեչուսեց ինսթիթիութ օֆ թեքնոլոճի»-ի («Էմ. Այ. Թի.») Մըք Միլըն-Սթիուըրթի պատմութեան օժանդակ դասախօս դոկտ. Լերնա Էքմեքճիօղլու:

Համազգայինի Այնճարի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղի Մշակութային յանձնախումբին անունով բացման խօսքը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան հակիրճ ձեւով ներկայացուց դասախօսը, անոր գործերը և ուսումնասիրութիւնները:

Յետ բացման խօսքին, Սեւան Սարգիսեան ներկայացուց արտասանութիւն մը:

Դոկտ. Էքմեքճիօղլու իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ Մշակութային յանձնախումբին զինք հրաւիրելու նման ձեռնարկ մը կազմակերպելու առիթով: Դոկտ. Էքմեքճիօղլու անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք տիրող կացութեան` հաստատելով հայ կնոջ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդի պահպանումին եւ ապաքինման մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերու որոշ թիւ մը մնացած էր Պոլիս` նկատի ունենալով, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք դաշնակից ուժերը Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն տիրացած էին: Դոկտ. Էքմեքճիօղլու նշեց, որ Ա. ժամանակաշրջանին հայը կորսնցուց ամէն ինչ որ ունէր, իսկ փոխանցման շրջանին` վրայ հասաւ այլ սարսափ մը, որ մարմնաւորուեցաւ դաշնակից ուժերուն Թուրքիայէն հեռացումով, որուն պատճառով տասնեակ հազարաւոր հայեր փախուստ տուին Պոլիսէն:

Բ. ժամանակաշրջանին հայերը արդէն իսկ վերածուած էին փոքրամասնութեան, անոնք զրկուած էին քաղաքացիի լիիրաւ իրաւունքներէն եւ կ՛ապրէին իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ: Ան անդրադարձաւ Պոլսոյ մէջ հրատարակուող շարք մը հայկական պարբերաթերթերու եւ հրատարակութիւններու,  շեշտը դնելով պոլսահայութեան մէջ կիներու իրաւունքներու հիմնական պաշտպան Հայկանուշ Մարքի հրատարակած «Հայ Կին» հրատարակութեան վրայ` ցաւով յայտնելով, որ 1933-ին վերջ գտած էր անոր հրատարակութիւնը: Էքմեքճիօղլու շեշտեց, որ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով պոլսահայութիւնը իր իւրայատուկ պատմութիւնը ունի` յատկապէս պոլսահայութեան հայկական ինքնութիւնը պահպանելու իմաստով:

Դասախօսութեան աւարտին դոկտ. Էքմեքճիօղլու և Ալին Ուզանեան, պոլսահայ թղթակից, պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներու տարափին:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ սրինքի մեղմիկ նուագով որ նուագեց Հասմիկ Այնթապլեան:

lerna
IMG7414
IMG7416
IMG7412
IMG7410
IMG7408
IMG7409
IMG7407
IMG7406
IMG7401
IMG7400

Gensolord

Միջերկրական Պտուղի Ճանճին Դէմ Պայքարելու Գործնական Քայլ

Շաբաթ 29 Ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Այնճարի Քաղաքաետութեան Կենսոլորտի Յանձնախումբը սկսաւ իր գործնական քայլին պայքարելու համար Միջերկրական Պտուղի Ճանճին դէմ:

 30-է աւելի հողագործներ և գիւղացիներ ներկայացան քաղաքապետարան, ունենալով իրենց հետ 1000-է աւելի բլաստիկէ շիշեր: Յանձնախումբի անդամները զետեղեցին դեղերը այդ շիշերուն մէջ:

Այս աշխատանքը պիտի կատարուի նաեւ Շաբաթ 6 Մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-1:00 նոյն վայրին մէջ: Կը խնդրենք մեր գիւղացիներէն անպայման ներկայանան որպէսզի իրենց շիշերուն մէջ զետեղուի դեղը գիտակցելով որ այս աշխատանքին յաջողութիւնը փրկելու համար գիւղին բերքերը կը պահանջէ համագիւղական բարձր գիտակցութիւն և աշախատանք:

 

image2
IMG7452
image1
IMG7449
IMG7448
IMG7445
IMG7441
IMG7436
IMG7437
IMG7434
IMG7433
IMG7432
IMG7431
IMG7430
IMG7429
IMG7426
IMG7428
IMG7427
IMG7421
IMG7422

levon Saida

Սայտայի Մարաթոն. «Յաղթանակս Կը Նուիրեմ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն» Ըսաւ Լեւոն Թաշճեան

Կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին, Սայտայի քաղաքապետութիւնը առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպած էր մարաթոնի մրցում մը` 42.195 քմ վազքի: Այս մարաթոնը կը վայելէր երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հովանաւորութիւնը: Մարաթոնին նշանաբանն էր «Վազենք խաղաղութեան ու զարգացման համար»:

42.195 քմ վազքի մրցումին կը մասնակցէին 15 հազարէն աւելի երկսեռ մարզիկներ` օտար երկիրներէ եւ Լիբանանէն:

Մարզիկները վազքը սկսան ներկայութեամբ քաղաքական եւ միութենական անձնաւորութիւններու, ինչպէս զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երեսփոխան Պահիա Հարիրի, Ֆուատ Սինիորա, եւ ուրիշներ:

42.195 քմ վազքը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, Սայտայի քաղաքապետութեան ֆութպոլի դաշտի դիմացէն: Մարզիկները խանդավառօրէն շրջեցան ամբողջ Սայտան, իսկ մրցումը աւարտեցաւ սկսած վայրին մէջ:

Լեւոն Թաշճեան մասնակցեցաւ այս մարաթոնին` իր մտքին ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Ան 42.195 քմ վազքը աւարտեց 4 ժամ 55 վայրկեան ժամանակէն եւ իր տարիքային խմբաւորման մէջ գրաւեց առաջին դիրքը: Լեւոն Թաշճեան իր տիտղոսը ստացաւ ձեռամբ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի: Լեւոն Թաշճեան յայտարարեց, որ իր տիտղոսն ու յաղթանակը կը նուիրէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

ԱԶԴԱԿ Օրաթերթ

Այս առիթով, Այնճարի հայութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին, կու գայ շնորհաւորելու Ընկեր Լեւոն Թաշճեանը:

 

?>