Ինքզինք Գերազանցող Նկարչուհին. Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանի Գեղանկարչական Ցուցահանդէսին Առիթով
Իւրաքանչիւր այցելութեան այս նկարչուհին կը հիացնէ, կը զարմացնէ, եւ կ՛ունենաս այն տպաւորութիւնը, որ նկարչուհին դարձեալ ինքզինք գերազանցած է:
Թերեւս այս բնորոշումը ամէնէն հարազատն է այս խիստ աշխատասէր, օժտուած,այցելուն միշտ զարմացնող նկարչուհի Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեանին մասին: Ե՞րբ ժամանակ կը գտնէ, ինչպէ՞ս կրնայ այսքան խոր եւ տարածուն ընդգրկում ունենալ կեանքի մասին հիմնուած ամուր հաւատքի վրայ եւ զանոնք տպաւորիչ գեղանկարներով ներկայացնել պարզապէս հրաշալի է:
Նախ ըսենք, որ Նանորը բազմանդամ ընտանիքի մայր է, բծախնդիր` իր տնային աշխատանքներուն մէջ, եւ մեծ հոգատարութեամբ կը խնամէ իր զաւակները: Իր բնակարանը աւելի ցուցասրահ-թանգարանի կը նմանի. ամէն անկիւն տպաւորիչ ձեւով զարդարուած է: Նկարչական աշխատանքներու կողքին, կան բազմաթիւ ազգագրական իրեր որ իր ամուսնոյն` Պօղոս Հաճեանի հաւաքածոներն են:
Տան պատերը կը ներկայացնեն Նանորի աւելի քան 30 տարիներու աշխատանքներէն օրինակներ, որոնց մէջ տիրապետող են բնանկարներն ու սրբանկարները:
Բնականաբար բնանկարներուն մեծ մասը այնճարեան տեսարաններ են, որոնք ջրաներկ եւ իւղաներկ գեղանկարներ են` բծախնդրօրէն իրականացուած եւ հարազատ: Ջրաներկ աշխատանքները թափանցիկ են, լուսաւոր եւ բնութեան գեղեցկութիւնն ու թարմութիւնը փոխանցող: Հոս նկարուած են այնճարեան աւանդութիւնները, բնութեան գեղեցիկ տեսարանները եւ ազգագրական իրերու նաթիւրմորթեր: Նանոր տիրապետած ըլլալով ջրաներկի գաղտնիքներուն, վարպետօրէն կրնայ ներկայացնել բնութեան շունչն ու լոյսի խաղերը, որոնք իր նկարները կը դարձնեն շատ հարազատ եւ տպաւորիչ:
Բաւական մեծ թիւ մը կայ նաեւ իւղանկարներու, որոնք նուիրուած են այլազան նիւթերու: Բնութեան տեսարաններու կողքին, կան նաեւ հայոց մշակոյթին եւ լեզուին նուիրուած գեղանկարներ: Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած աշխատանքներէն որոշ թիւ մը հոս են. անոնք կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդին կրած տառապանքները եւ մանաւանդ` վերապրումը:
Բոլորովին տարբեր են Նանորին սրբանկարները: Ան սկսած է սրբանկարներ նկարել երկար տարիներ առաջ, եւ անոնք կը ներկայացնեն այլազան պատկերներ` Յիսուսի կեանքէն առնուած: Մանաւանդ Աստուածածնին նուիրուած իր նկարները ի յայտ կը բերեն իր հաւատքն ու նուիրումը քրիստոնէական սրբալոյս կրօնին հանդէպ: Հայկական երկու եկեղեցիներու խորանները (Ռաուտայի սրբուհի Ռիթայի եւ Յորդանանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ) իր սրբանկարներով զարդարուած են:
Նանոր ամուր հաւատքի տէր է. իր աշխատանքներուն մէջ զգալի է նկարչուհիին բացառիկ հաւատքը: Երբ կ՛ըսեմ իրեն, թէ «խոստովանանք»-ի մէջ յիշուած մեղքերը այնքան շատ են եւ մանաւանդ մեղք կը նկատուին յանդգնութիւնն ու բարձր ձայնով խօսիլը, հետեւաբար անկարելի է անմեղ ըլլալ, ինք կու տայ այնքան մանրամասն եւ սպառիչ բացատրութիւններ, որ ես ապշած` կը խորհիմ, որ պատրաստուած հոգեւորականի մը դիմաց կը գտնուիմ: Հիմա կը յստականայ ինծի համար այս սրբանկարներուն ետեւ թաքնուած ամուր հաւատքի տէր նկարչուհին:
Կեանքի այլազան խնդիրներու մասին ան ունի, պարզ բայց հաւատքի վրայ հիմնուած պատասխաններ, որոնք հոգեկան խաղաղութեան ցուցանիշ են: Հոգեկան այդ խաղաղութիւնը զգալի է նաեւ իր աշխատանքներուն մէջ:
Սպասուող ցուցահանդէսը այս անգամ բոլորովին իւրայատուկ է:
«Վերանորոգումի յոյսով» գեղանկարչական այս ցուցահանդէսը ձօնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսի ծննդեան 70-ամեակին: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ եւ բացումը պիտի կատարուի հինգշաբթի, 25 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ: Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի, 8 յունիս 2017, առաւօտեան ժամը 10:30-էն երեկոյեան ժամը 8:00:
Այս ցուցահանդէսին Նանոր պիտի ներկայանայ 62 նկարչական աշխատանքներով, որոնց մեծամասնութիւնը վերջին շրջանի գործեր են: Կան անշուշտ նաեւ սրբանկարներ` իր անցեալի գործերէն: Այս գործերուն մէջ պիտի ներկայացուի Նանորի «Հաւատով խոստովանիմ»-ի շարքը, զոր պատրաստած է այս առիթով` շնորհաւորելով վեհափառ հայրապետի ծննդեան 70-ամեակը եւ վեհին մաղթելով արեւշատութիւն: Նանոր հիմք ունենալով հայկական մանրանկարչութեան աւանդութիւնները, արդիական ոճով ներկայացուցած է «Հաւատով Խոստովանիմ»-ի շարքը, որ բոլորովին նոր ուղի է իր 30-ամեայ նկարչական կեանքի ընթացքին:
Նանոր Քիւրիւմլեան-Հաճեան, անհատական իր այս 7-րդ ցուցահանդէսով պիտի հաստատէ ինքզինք գերազանցելու կարողութիւնը եւ հաճելի առիթ պիտի ստեղծէ գաղութի արուեստասէր հասարակութեան` ծանօթանալու լուսարձակներէ հեռու աշխուժօրէն արտադրող այս օժտուած նկարչուհիին:
Պէտք է շնորհաւորել նկարչուհին այս առիթով:
ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Այնճար Ամիթի Հանդիսացաւ Ախոյեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Քոնկ ֆու – ուու շուի ֆետերասիոնին, կիրակի, 21 մայիսին, «Փլաթէա» դաշտին վրայ (Ժունիէ) տեղի ունեցան թաու լուի մրցումները:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ Ժունիէ, «Էս. Էֆ.», Այնճար Ամիթի, Շիահ եւ Հայ սեւ գօտիներու միութիւն:
Տիրանալով 14 ոսկի, 12 արծաթ ու 8 պրոնզ մետալի եւ ապահովելով 182 կէտ, Այնճար Ամիթի հանդիսացաւ ախոյեան: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Անթունիէ Պաապտա (152 կէտ) եւ «Էս. Էֆ.» (115):
Այնճար Ամիթիի համար մետալներ ապահովեցին Աննա Հերկելեան, Անի Գազանճեան, Արինա Աբրահամեան, Փաթիլ Թասլաքեան, Գետակ Այնթեպլեան, Ճէյսըն Աբիկեան, Վարդան Աւեսեան, Յարութ Տեմիրճեան, Միքայէլ Մարտիկեան, Ալեքս Քապաքեան, Հալա Աժամի, Ժատ Աժամի, Ռուբէն Քիւրտեան, Սոֆի Գալուստեան, Վարանդ Անտոնեան, Անթոնի Արզումանեան եւ Սերօ Գալեմքէրեան:
Անոնք իրենց մարզիչ ունէին Սարին Փալուլեանը, Սօսէ Գազանճեանը եւ Յարութ Վարդանեանը:
Մայրերու Օրուայ Տօնախմբութիւն
Մայրերուն հանդէպ երախտագիտական զգացումներն ու յարգանքը արտայայտելու նպատակով Ազգ. «Յառաջ Գ.Կիւլպէնկեան» քոլէճը կազմակերպած էր Մայրերու օրուան տօնախմբութիւն մը , որ տեղի ունեցաւ , Շաբաթ ,13 Մայիս , 2017 –ին ,Այնճարի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ :
Քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք , վարժարանին վարիչ մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ. Լենա Սթամպուլեան , ողջունեց ներկաները՝ քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը , Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանը , գիւղիս պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները , օրուան պատգամախօս՝ ԱզգայինՄիացեալ վարժարանի տնօրէնուհի՝ Թալին Հաւաթեան Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ մայրերն ու մեծ մայրերը , ապա փոխանցեց որ օրուան հանդիսութիւնը պիտի արտայայտէ մանուկներուն շրթներէն հոսող երախտագիտութիւնը իրենց մայրերուն հանդէպ:
Տիկ Լենա հաստատեց թէ միայն մայրն է, որ կրնայ յաղթահարել կեանքի որեւէ դժուարութիւն՝ պահելու համար իր ընտանիքը եւ դառնալու այդ սուրբ օճախին ճրագը: Ան մաղթեց բոլոր մայրերուն, որ իրենց զաւակներուն աչքին լոյսը արեգակի պէս շողայ ու պայծառութիւն բերէ հայ ազգին :
Ապա ընթացք առաւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն պատրաստած գեղարուեստական յայտագիրը :
Ծիլ , բողբոջ եւ կոկոն դասարանի աշակերտները արտասանեցին , որմէ ետք կոկոն ու ծաղիկ դասարանները ներկայացուցին «A mom like you » մայրերու նուիրուած երգը, այնուհետեւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները մօր նուիրուած խօսքեր արտասանեցին:
Ապա բեմ բարձրացաւ Ա. Բ. Գ. կարգերու երգչախումբը «My Mom» երգով , որուն յաջորդեց Դ.Ե.Զ. դասարաններու երգչախումբի «Կանաչ հեքիաթ» եւ «Գոյներ» երգերը:
Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մամա Մամա» պարը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Ազգային Միացեալ վարժարանի տնօրէնուհի ՝ Տիկ Թալին Հաւաթեան Մարտիրոսեան , որ բնութեան զարթօնքն ու հայ մօր նուիրուած տօնը շաղկապելով՝ հաստատեց , թէ իւրաքանչիւրը իր եզակի դերակատարութիւնը ունի մարդկութեան կազմաւորման հանգրուաններուն մէջ:
Տիկ Թալին նախ ՝ մօր նուիրաբերումը դրուատելով վեր առաւ Հայ Մօր զոհաբերումը,ըսելով , թէ ան իր տան սեմին մի՛շտ ներկայ , մի՛շտ քաջալերող եւ մի՛շտ պատրաստ կանգնած է՝ յանուն իր օճախի պահպանման եւ հայեցի կրթութեան:
Ապա ան ներկայացուց առաջին դասիարակը ՝ մայրը, որ իր զաւակին առաջին քայլերէն կ՛ընկերակցի իրեն եւ միշտ կ՛ուղղէ դէպի այն ճանապարհը , ուր կը դրոշմուի գիտակցութիւնը զատորոշելու էականը երկրորդականէն:
Հայ մօր վճռորոշ եւ նուիրական դերը ներկայացնելով Տիկ Թալին անդրադարձաւ՝ իր զաւակը վասն մարդկութեան փրկութեան զոհաբերող Աստուածամօր տիպարին:
Ան հաստատեց , որ հայ մօր դերը առանձգային ազդեցութիւն ունեցած է մեր կրօնական եւ աւանդական կեանքին մէջ , ան օրինակ առնելով պապենական օճախի համոզումներն ու սովորութիւնները , նկատել տուաւ , որ ներկայ սերունդը կը գտնուի ազդեցութեան տարբեր գօտիներու մէջ , ուր հայ մայրը իր հմտութեամբ պէտք է զարգացնէ զաւակներուն մէջ լայնախոհութիւնն ու քննական մտածողութեան կարողութիւնները:
Ապա Տիկ. Թալին մէջբերելով Պալզաքի «Ազգի ապագան մայրերուն ձեռքն է» յայտնի արտայայտութիւնը, խօսեցաւ ազգային գոյամարտին մէջ հայ մօր ունեցած իւրայատուկ դերակատարութեան մասին: Ան վերադառնալով Տէր Զօրի անապատներուն մէջ տառապող հայ մայրերու զոհաբերութիւններուն , անցնելով Մայիսեան անկախութեան ու Սարդարապատեան սխրագործութիւններէն , սփիւռքի տառապալից գոյատեւման պայքարին մէջ հայ երիտասարդին թիկունք կանգնած նուիրեալ մայրերէն եւ վերջապէս կանգ առնելով Արցախի նորօրեայ պատմութեան իրենց զաւակները հայրենիքի փրկութեան նուիրած հայ մայրերուն կից ՝ ընթերցեց Շուշիի գումարտակի հրամանատար՝ նահատակ Դուշման վարդանի մօր արտասանած խօսքը ու եզրափակեց պատգամը ըսելով՝ «բիւր յարգանք մեր հերոսածին մայրերուն»:
Շարունակելով գեղարուեստական յայտագիրը,Դ. Ե. Զ. կարգերու պարախումբը բեմը զարդարեց «Քո մաման» երգախառն բեմականացումով:
Արաբերէն արտասանութեամբ հանդէս եկաւ ութերորդ դասարանի աշակերտուհիներէն ՝ Ալիսա Չափարեան, որուն յաջորդեց միջնակարգի աղջիկներուն պարախումբի ռուսական պարը: Յայտագիրը վերջ գտաւ Ե.Զ. կարգերու հայկական ժողովրդական պարով:
Հանդիսութեան աւարտին վարիչ մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ Լենա Սթամպուլեան բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամաբեր ՝ Տիկ Թալին Հաւաթեան Մարտիրոսեանն ու վարժարանին տնօրէն Արմէն Թաշճեանը կատարելու համար կարկանդակի հատումը:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն :
Գիշերօթիկի 70 Ամեակ
Պատուենք անցեալը, Լուսաւորենք ներկան, Կերտենք ապագան: Կազմակերպութեամբ` Այնճարի Հայ Աւետարանական Գիշերօթիկին, Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին, «Հետուիկ» սրահէն ներս Այնճարի Աւետարանական Գիշերօթիկը նշեց իր հիմնադրութեան 70-րդ Ամեակը: Ներկայութեամբ Միսոնարներու Հիլֆսպունտ Կազմակերպութենէն:
Լիբանանի և Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրուդենէ ետք բացման խօսքը կատարեց, ներկայիս գիշերօթիկի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Նանօր Ագպաշարեան, ան ողջունեց ներկաները և բարի գալուստ մաղթեց բոլոր միսոնարներուն ու ըսաւ.- «Տարիներ առաջ, Աստուծոյ նախախնամութեանբ Այնճարի ժողովուրդը օրհնուեցաւ երեք անձնանուէր քոյրերու ներկայութեամբ, որոնք քաջափար եկած էին դարմանելու ոչ միյան ֆիզիքական վերքեր այլ նաեւ օժանդակելու հոգեկան, ընկերային և հոգեւոր բարգաւաճման Մուսա Տաղէն նոր հասած ժողովուրդին: Քոյր Հետուիկ, Քոյր Աննա և Քոյր Մարի եղան պատասխանը այն բոլոր աղօթքներուն որ բարձրացած էին Աստուծոյ մինչ Այնճարցիներ կը դիմագրաուէին զանազան դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ:» Ան հակիրճ ձեւով խօսեցաւ թէ անոնք 1947էն սկսեալ իրենց ճիգերով վերածեցին այս գիշերօթիկը առողջ աճման բոյնի մը մանուկներու և երիտասարդներու , ինչպէս միչեւ այս օրս կը վայելենք անոնց տառած աշխատանքը: Ապա օրուայ հանդիսաւար՝ Տիկ. Արփա Սնապեան Անտոնեան բեմ հրաիւրեց միսոնար Քոյր Հաննա Քրիսթէն բաժնեկցելու անցեալէն յուշեր: Քոյր Հաննա փառք տուաւ Աստուծոյ թէ այսօր ինք ականատէս կ'ըլլայ գիշերօթիկի 70 ամեակի հանդիսութեան, եւ շարունակեց իր խօսքը ըսելով թէ ինք շատ լաւ կը յիշէ 1959ին երբ ինք Այնճար ժամանեց ինչպէս դժուարութիւններ դիմագրաուեցին բոլորը Աստուծոյ ներկայութեամբ և բացատրեց թէ դժուար էր պարաքաները սակայն մանուկները շատ գոհունակ և ուրախ էին: Որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան կիսելու համար իր խօսքը: Ան ըսաւ,«Այսօր մէծարանքի օր չէ, բայց մեծութիւն յիշատակելու օրմըն է, մեծութիւններ կան որոնց արժեչափը իրենց գործունէութեան արդիւնքներէն կը յայտնաբերուին և բոլոր ժամանակի ընթացքին կը մնան կենդանի: Այս բացատրութիւնը հարիւր տոկոսով կը համակերպի արժանապատիւ “Hilfsbund” միսոնարութեան:» Ան իր խօսքին մէջ նշեց ինչպէս այս միսոնարութիւնը նեցուկ եղաւ բոլոր տառապող ընտանիքներուն և ինչպէս քոյր Հետուիկ եղած է մայր ու քոյր տիպարը իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ: Ապա ներկաները ակնդրեցին փոքր տեսաերիզ մը պատրաստուած գիշերօթիկի շրջանաւարտ սաներէն՝ Հովիկ Տէմիրճեանին կողմէ, որ ներայիս փոխ տնօրէն է Qatar Foundation-ի :
Որմէ ետք Քոյր Էլիզապէթ Քայսր, առիթը ունեցաւ բաժնեկցելու իր խօսքը, ան իր խօսքին միջոցաւ ներկաներուն ըսաւ թէ ճշմարիտ ճամբան Յիսուս Քրիստոսի ճամբան է, այն ճամբան է որ քոյր Հետուկ հետեւեցաւ և հասաւ Այնճար ուր ժաղովուրդը կարիքը ունէին այդպիսի հոգացող շունջի մը: Ապա Տիկ. Անէլիզէ Շբանկնպըրկ խօսք առնելով յայտնեց իր սէրը Այնճար հայաւանին հանդէպ որ երբ ան վերդարձաւ Քերմանիայ դիմագրաուեց շատ մը դժուարութիւններ և բնտրեց Այնճարի բնութիւնն ու խաղաղութիւնը: Յետ Տիկ. Շբանկնպըրկին, Պատ. Յակոբ Ագպաշարեան բեմ հրաւիրեց Հիլֆսպունտ Միսոնարութեան տնօրէն՝ Պատ. Անտրէաս Պաուման: Պատ. Պաուման ողջունելէ ետք ներկաները պատասխանեց թէ ինչո՞ւ Hilfsbund -ը 70 տարիներ ետք տակաւին կ'օժանդակէ Այնճարի Գիշերօթիկը:
Վերջապէս ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան բաժնեկցեցաւ իր խօսքը: Ան խօսեցաւ թէ ինչպէս այս երկար տարիներու ընթացքին Hilfsbund միսոնարութիւնը նեցուկ կանքնեցաւ շատ մը հայորդիներու: Ապա գիւղիս հերթապահի՝ Աբրահամ Մալքճեանի, Քաղաքապետ՝ Վարգէս Խօշեանի, ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի և «Հայկազեան» համալսարանի նախագահի՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթաենի ներկայութեամբ միսոնարներուն բաժնուեցաւ յուշանուէրներ:
Յայտագրի ընթացքին մերթ ընդ մերթ մատուցուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ «Միհրան» նուագախումբին և ներկայիս գիշերօթիկ աշակերտուհիներէն՝ Սիլվանա Մանուկեանի կողմէ պատրաստուած պար մը:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի աղօթքով:
Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
"""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""""Մարզական օր (քոլէճ)
Ուրբաթ, 5 մայիս , 2017-ին, տեղի ունեցաւ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի Մարզական օրը, որ առիթ ստեղծեց համախմբելու վարժարանի մեծ ընտանիքը : Աշակերտութեան եւ ուսուցչակազմին կողքին ՝ յաճախակի մատակարարումներով իր եռանդուն գործունէութիւնը ցուցաբերեց վարժարանին ծնողաց խորհուրդը: Առաւօտեան սովորական ժամուն քոլէճի աշակերտները խմբուեցան դպրոցին բակը , ուրկէ ընթացք առաւ Rally paper խաղը: Նախաճաշէն ետք , սկսաւ պարան քաշելու խաղը, ապա տեղի ունեցաւ ֆութպոլի եւ պասքէթպոլի մրցաշարք: Ուժի խաղին յաջորդեց վազքի մրցումն ու մէկ քայլ ոստումը: Ճաշի դադարէն ետք աշակերտները մասնակցեցան մէկ քայլ ոստումի , բարձրութիւն ցատկելու , նշանառութեան, ինչպէս նաեւ free throw , three poin , football control և ping pong-ի խաղերուն: Մարզական օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ մետալաբաշխում ՝ ներկայութեամբ Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեանին , քաղաքապետ՝ Վարդգէս խօշեանին , խնամակալութեան , Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան վարչութեան , ՀՄԸՄի վարչութեան , վարժարանիս Ծնողաց Խորհուրդին եւ ծնողներու հոծ բազմութեան : Վարժարանին տնօրէն՝ Արմէն Թաշճեան ողջունեց ներկաները , շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Քաղաքապետութեան , Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան եւ վարժարանին ծնողաց խորհուրդին ,որոնք իրենց աջակցութեամբ սատար հանդիսացած էին օրուան յաջողութեան : Ապա տնօրէնը հաստատեց թէ վարժարանը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ մարմականակրթանքին, որովհետեւ ըսաւ ան,- «կը հաւատանք , որ առողջ միտք մը կրնայ աճիլ առողջ մարմինի մէջ» : Եզրափակելով իր խօսքը տնօրէնը մարզական օրը նուիրեց Մայիսեան փառաւոր յաղթանակներուն ու թելադրեց աշակերտներուն պատմութիւն կերտած հերոսներու աննկուն կամքով յառաջդիմեն ՝ հասնելու միշտ յաղթանակներու: Ապա ան հրաւիրեց հոգեւոր հովիւը, քաղաքապետը, խնամակալութեան ատենապետը, տիկնանց միութեան ատենապետուհին, ՀՄԸՄի վարչութեան ներկայացուցիչն ու ծնողաց Խորհուրդի ատենապետուհին , որ յանձնեն մետալներն ու բաժակները: