Պոլսոյ Մէջ Թրքերէնով Լոյս Տեսաւ «Մուսա Լերան Դիմադրութիւնը»
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը թրքերէնով լոյս ընծայեց իտալացի հեղինակներ Մարքօ Տոսաթիի եւ Ֆլաւիա Ամապիլէի հեղինակած «Մուսա Լերան Դիմադրութիւնը» գիրքը: Այս երկու հեղինակները յայտնի են նաեւ իրենց «Հալէպի Պարոնները» գիրքով:
Իտալերէնէ թարգմանուած «Մուսա Լերան Դիմադրութիւնը» գիրքը թուրք ընթերցողին կը պատմէ Ցեղասպանութեան տարիներուն զէնք բարձրացուցած եւ ինքնապաշտպանութեան դիմած կիլիկիացի հայերու պայքարին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Գիրքը նաեւ կը ծանօթացնէ մուսալեռցիներու մշակութային առանձնայատկութիւնները, խոհանոցը, ազգային աւանդութիւններն ու ապրելակերպը:
Արցախ կ'այցելէ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանը
Սեպտեմբեր 27-ին Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խoշեան` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանի ընկերակցութեամբ, հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արա Յարութիւնեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է Այնճարն ու Արցախի որեւէ քաղաք քոյր քաղաք յայտարարելու հարցը:
Այնուհետեւ Վարդգէս Խօշեան հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն հետ: Միտքեր փոխանակուած են Արցախի եւ Այնճարի կապերը սերտացնելու վերաբերեալ:
Քաղաքապետարանի աշխատանքներէն
Այնճարի քաղաքապետութիւնը կը շարունակէ իր աշխատանքները: Սկսած է ասֆալթապատումի առաջին հանգրուանը: Ձեզի հետ կ'ըլլանք հետագային՝ յաւելեալ նկարներով եւ տեղեկութիւններով:
Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Վերամուտ
Հինգշաբթի 28 Սեպտեմբեր, 2017ի առաւօտեան հնչեց Հայ Աւետարանական Երկրորդական վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի առաջին զանգը: Վերամուտի հանդիսութիւնը սկսաւ նախ Տէրունական աղօթքով ու ծաղկեպսակի զետեղումով՝ ի յիշատակ քոյր Հետուիկի ու բոլոր քոյրերուն, որոնք աշխատած են ի նպաստ Աւետարանական համայնքին ու անոր վարժարանին վերելքին:
Ապա, հիւրերն ու աշակերտութիւնը ուղղուեցան դէպի Հետուիկ սրահ՝ վարժարանի վերամուտի պաշտօնական հանդիսութեան:
Բարի Գալուստի խօսք արտասանեց վարժարանի տնօրէն՝ Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան: Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան իր խօսքին մէջ յայտարարեց որ 2017-2018 տարեշրջանը պիտի կոչուի նորոգուող սիրտի եւ միտքի տարեշրջան, ուր տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմն ու աշակերտութիւնը, ձեռք-ձեռքի տուած, պիտի գործեն ի նպաստ վարժարանին ու հայ ազգին վերելքին: Ան շարունակեց. «Այս վարժարանը պիտի շարունակէ երեւան հանել սերունդներ որոնք հայ են, քրիստոնեայ են ու շատ հարուստ գիտելիքներով անհատներ են:»
Ապա, ան ներս հրաւիրեց Ա. Կարգի աշակերտները, ինչպէս նաեւ վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի շրջանաւարտները, որոնք հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով խօսքեր ու մաղթանքներ արտասանեցին:
Առաջին ու 12-րդ կարգերու դիմաւորութեան յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին վարժարանի պարախումբը ներկայացուց 2 պար, բեմադրութեամբ պարուսոյս Տիկ. Մարալ Թնգրեանի: Աշակերտուհիներ Կասիա Պօյաճեան եւ Ռոզալին Քէնտիրճեան ներկայացուցին ասմունք մը: Նաեւ, Նարէ Փիլավճեան եւ Սեւատա Անտոնեան հանդէս եկան բանաստեղծական կտորով մը:
Խօսք առաւ ծնողական խորհուրդի ներկայացուցիչ Տիկ. Շողեր Տէիրմէնճեանը, որ իր խօսքին մէջ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ նախորդ տարուան ծնողական խորհուրդին աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:
Այնճարի քաղաքապետութեան անունով խօսք առաւ Պրն. Յակոբ Այնթապլեան, շեշտելով, որ Այնճարի քաղաքապետութիւնը պատրաստ է եւ միջոց պիտի չխնայէ յաջողցնելու համար առաջարկուած ծրագիրներ: Ան ըսաւ. «Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանը հպարտութեան աղբիւր մը պէտք է ըլլայ բոլորիս համար, որովհետեւ ան իր մէջ կը կրէ շունչը մեր Մուսա Լերան նախահայրերուն, որոնք այն քիչ հայ գիւղացիներէն էին որ հերոսամարտ մղեցին ու չխոարհեցան թուրքին առաջ:»
Ապա, Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան բեմ հրաւիրեց Տէր եւ Տիկին Թոռոսեանները, եւ յանձնեց անոնց փոքրիկ յուշանուէր մը:
Պրն. Թոռոսեան խօսք առաւ, ըսելով որ կրթական գործը ամէնէն սուրբ գործն է, որ կը պահանջէ շատ մեծ զոհողութիւններ, եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայուի անոր մէջ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ խմբային նկարով մը, որմէ ետք հիւրերն ու աշակերտութիւնը հիւրասիրուեցան ծնողական խորհուրդին կողմէ:
Բարի դպրոցական վերամուտ եւ բեղուն տարեշրջան բոլոր աշակերտներուն:
Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիքեանին նուիրուած Ս. և Անմահ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն
Կիրակի 24 Սեպտեմբեր 2017-ին, Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ուենեցաւ վաստակաշատ հոգեւորական, կրթական մշակ, գիւղիս նախկին Հոգեւոր Հովիւ և Ազգային Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի նախկին Տնօրէն, ինչպէս նաեւ Ազգային Բարերար՝ հոգելոյս Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Շիրիքեանին նուիրուած Ս. և Անմահ Պատարագ:
Սուրբ Պատարագին յաջորդեց Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս հաւաք մը, որուն ընթացքին Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտներէն Գարինա Աշգարեան կարդաց վախճանեալ տէր հօր կենսագրականը, ըսելով. «Ան եղած է եկեղեցաշէն և դպրոցաշէն, գործնապէս նպաստելով Թեմի եկեղեցիներու հիմնադրութեան ու շինութեան և վարժարաններու ընդարձակման»: Շեշտելով թէ, Տէր Նարեկը գործած է անսակարկ նուիրումով, եղած է բարերար և իր արդար վաստակէն բաժին հանած է նաեւ մե՛ր վարժարանին, ուսումնատենչ սերունդին թեւ ու թիկունք ըլլալու և ազգային վարժարանը բարձր պատուանդանի վրայ պահելու բուռն նախանձախնդրութեամբ: » Ան շարունակեց. «Տէր հայրը ֆիզիքապէս կը բացակայի մեր կեանքէն, սակայն անբաժան մասն է այս վարժարանին, երախտապարտ ենք և կը կտակենք իրմէ կեանքի վաստակէն բխած յիշատակներ»:
Ապա, խօսք առաւ գիւղիս հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միւռոն Քհնյ. Աւետիսեանը, որ ըսաւ. «Հայ ազգի ողջամիտ դասակարգը, որ ունի տոհմային նկարագիր գիտէ հոգեւորականին դերն ու պաշտօնը գնահատել, գիտակցելով անոր նախանձախնդիր պահապանի դերին, թէ հոգեւոր, թէ տոհմային, թէ ընկերային, թէ կրթական, թէ հայ գրականութեան ու մատենագրութեան եւ թէ կազմակերպչական ոլորտներուն մէջ: Հայ ճշմարիտ եկեղեցականը, ինչպէս միշտ պատրաստ է իր արիւնովը վկայելուև իր անձը զոհելու յանուն իր հօտին և հաւատքին: Մարտահրաւէրներ ցայսօր չեն պակսիր ապացուցելու հայ կղերի նկարագիրը, թէկուզ եթէ զարնուի ամենամեծ անձնազոհութիւններու փորձաքարին»:
Տէր Միւռոն աւարտելով իր խօսքը ըսաւ, - «Հոգելոյս Արժ. Տ. Նարեկ Աւագ Քհնյ. Շիրիքեանը, ընտրեալ էր աստուածային այս պաշտօնին համար, արդարացնելով իր ծառայական կեանքի ընթացքին իր կոչումն ու առաքելութիւնը, իբրեւ հոգեւոր հովիւ, կրթական մշակ, և ազգային բարերար: Ինք որ լոյսի նման հալեցաւ, թող որ լուսեպսակն իր գլխուն լոյսերու մէջ խաղաղութեամբ հանգչի:»
Ապա, խօսք առաւ նաեւ Ազգային Յառաջ Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժաէանի տնօրէն՝ Արմէն Թաշճեան, ըսելով. «Վերամուտին նախորդ օրը՝ ամերիկեան արեւմտեան ափի առաւօտեան և իր սիրելի գիւղի գիշերուան մէջ, Տէր հայրը փակած էր իր աչքերը: Գիշերուան մութին հետ կը խորանար անոր վախճանման գուժը. Սակայն իր իսկ նկարագիրէն, բոլորս ներշնչած իր համոզումներէն, կեանքի եւ ազնիւ գործունէութեան իր տիպար օրինակէն թելադրուած հրամայական մը, ինչպէս նաեւ իր հարազատներու փափաքը վերամուտի թուականը առաւել կը նուիրականացնէր, առաւել կ՝իմաստաւորէր:» Ան շարունակեց. «Վարժարանի 75 ամեակի յոբելինական տարեշրջանը բախտը ունեցաւ Տէր Նարեկի նահապատեկան ներկաութիւնը վայելելու Դեկտեմբերէն տոհմիկ երեկոյ եւ մինչեւ ամավերջի հանդէս ... տարեշրջանի գրեթէ իւրաքանչիւր քայլափոխի ... »:
Տնօրէնը յիշեց նաեւ Տէր հօր վերջին յորդորը, - «Աչքի լոյսի պէս պահեցէք Այնճարը՝ նոր Մուսա լեռը և անոր աչքի լոյս վարժարանը»:
Հոգեհանգստեան հաւաքը փակուեցաւ պահպանիչ աղօթքով: