Լուրերու Արխիվ


 musa dagh

 14 Սեպտեմբեր, 1915. Մուսա Լերան հերոսամարտին փրկարար ուղին

Նազարէթ Պէրպէրեան

 

102 տա­րի ա­ռաջ այս օ­րե­րուն, 12-14 ­Սեպ­տեմ­բեր 1915-ին, ա­ւե­լի քան 4 հա­զար հայ մար­դիկ` մա­նուկ եւ ա­լե­հեր, կին թէ տղա­մարդ, ի­րենց զէն­քե­րով եւ փո­խադ­րե­լի ինչ­քե­րով, ա­պաս­տան գտան ֆրան­սա­կան 5 մար­տա­նա­ւե­րու վրայ եւ հե­ռա­ցան ի­րենց հայ­րե­նի դա­րա­ւոր ոս­տա­նէն` Մու­սա ­Լե­րան գիւ­ղե­րէն։

Ա­նոնք հայ­րե­նի­քը կա­մո­վին լքող­ներ չէին։ Ընդ­հա­կա­ռա՛կն. պա­պե­նա­կան հո­ղին կառ­չած հա­յեր էին, ո­րոնք ամ­բողջ 40 օր ան­հա­ւա­սար կռիւ մղե­ցին օս­մա­նեան զօր­քին դէմ` սե­փա­կան հո­ղին վրայ խա­ղա­ղօ­րէն ապ­րե­լու եւ ա­րա­րե­լու ի­րենց բնա­կան ու անբռ­նա­բա­րե­լի ի­րա­ւուն­քին պահ­պան­ման, ամ­րագր­ման հա­մար։

Ա­նոնք յաղ­թա­նա­կով պսա­կե­ցին 40 օ­րե­րու ի­րենց հե­րո­սա­մար­տին օր­հա­սա­կան ճա­կա­տու­մի բո­լոր պա­հե­րը, երբ խի­զա­խօ­րէն դի­մագ­րա­ւե­ցին եւ յետ մղե­ցին թրքա­կան զօր­քի յար­ձա­կում­նե­րը։ ­Բայց ­Մու­սա ­Լե­րան լան­ջե­րուն տա­րա­ծո­ւած ի­րենց գիւ­ղե­րէն հա­ւա­քա­բար լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­ցած եւ ա­նա­ռիկ ար­ծո­ւե­բոյն կազ­մած մու­սա­լեռ­ցի­նե­րը ի վեր­ջոյ ա­ռան­ձին էին, դի­մադ­րու­թեան եւ ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան սոսկ կղզեակ մըն էին ողջ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը եւ ­Կի­լի­կիան հա­րո­ւա­ծած տա­րագ­րու­թեան ու կո­տո­րած­նե­րու ցե­ղաս­պա­նա­կան ա­լե­կոծ ծո­վուն մէջ։ ­Մա­նա­ւանդ որ փամ­փուշտն ու սնուն­դը հատ­նե­լու վրայ էին, իսկ ո­սո­խը ա­նընդ­հատ կը վե­րա­նո­րո­գէր իր շար­քե­րը` ին­կող­նե­րուն տեղ նոր ու­ժեր կը հասց­նէր եւ լեռն ի վեր յար­ձա­կու­մը ա­նընդ­հատ կը շա­րու­նա­կէր։

Օգ­նու­թեան եւ փրկու­թեան միակ յոյ­սը ­Մի­ջերկ­րա­կան ծովն էր, ո­րուն բա­ցե­րուն պար­բե­րա­բար կ­’ե­րե­ւէին ֆրան­սա­կան մար­տա­նա­ւեր, ո­րոնք թէեւ օս­մա­նեան բա­նա­կին հետ ընդ­հա­նուր պա­տե­րազ­մի մէջ էին` ­Դաշ­նա­կից ու­ժե­րու շար­քին, բայց ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց յա­տուկ ծրա­գիր չու­նէին ուղ­ղա­կիօ­րէն Ա­ղեք­սանտ­րէ­թի նա­հան­գին եւ Սո­ւէ­տիոյ գա­ւա­ռա­կին վե­րա­բե­րեալ, ուր կը գտնո­ւէր ­Մու­սա ­Լե­ռը։

Այդ պատ­ճա­ռով ալ, երբ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թեան հե­րո­սա­կան ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան բռնկու­մէն 40 օր ետք ֆրան­սա­կան ծո­վու­ժը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց առ­ժա­մա­բար տե­ղա­փո­խե­լու եւ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն փրկե­լու ա­ւե­լի քան 4 հա­զար մարտն­չող հա­յե­րը, մու­սա­լեռ­ցիք ըն­դա­ռա­ջե­ցին եւ բաժ­նո­ւե­ցան ի­րենց հայ­րե­նի ոս­տա­նէն։

Սկզբ­նա­պէս դէ­պի ­Կիպ­րոս ուղ­ղուե­ցան ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը փո­խադ­րող ֆրան­սա­կան մար­տա­նա­ւե­րը, բայց ­Կիպ­րո­սը ի վի­ճա­կի չէր պատսպա­րե­լու այդ­քան մեծ թո­ւով նոր գաղ­թա­կա­նու­թիւն։ Ե­գիպ­տո­սի ­Փոր ­Սա­յիտ նա­ւա­հան­գիս­տը երկ­րորդ ընտ­րանքն էր, ուր եւ տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը։ ­Մին­չեւ 1919 եւ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տը, մու­սա­լեռ­ցիք գաղ­թա­կան ապ­րե­ցան ­Փոր ­Սա­յի­տի մէջ, վրան­նե­րու տակ։ 1919-ին ա­նոնք մեծ մա­սով վե­րա­դար­ձան ի­րենց հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րը, ուր մնա­ցին մին­չեւ 1939, երբ ­Սու­րիոյ եւ Ան­տիո­քի հո­գա­տա­րու­թիւ­նը ստանձ­նած Ֆ­րան­սան այդ շրջան­նե­րը… յանձ­նեց ­Թուր­քիոյ ­Հան­րա­պե­տու­թեան։

1939-ին ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը ո­րո­շեց հե­ռա­նալ 10-րդ ­դա­րէն սկսեալ իր շէն­ցու­ցած պա­պե­նա­կան օ­ճա­խէն։ ­Մեծ մա­սը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Այն­ճար` Լի­բա­նան։ Ո­րոշ մաս հե­տա­գա­յին ներ­գաղ­թեց ­Հա­յաս­տան։ Իսկ նոյ­նինքն ­Մու­սա ­Լե­րան գիւ­ղե­րէն միայն ­Վա­գը­ֆի մէջ հա­յեր շա­րու­նա­կե­ցին ապ­րիլ` մին­չեւ մեր օ­րե­րը հայ­կա­կան հետ­քե­րը պահ­պա­նե­լով։

Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը, ան­շո՛ւշտ, միա­կը չէր իր տե­սա­կին մէջ` 1915-ին հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ ի գործ դրած ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջա­նին։ ­Սա­սունն ու Վա­նը, Ուր­ֆան եւ ­Շա­պին ­Գա­րա­հի­սա­րը լայն տա­րո­ղու­թեամբ մարմ­նա­ւո­րե­ցին ու շնչա­ւո­րե­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դին դի­մադ­րա­կան ո­գին եւ հե­րո­սա­կան ծա­ռա­ցու­մը ցե­ղաս­պան ո­սո­խին դէմ։ ­Բայց թէ՛ Ֆ­րանց Վեր­ֆէ­լի «­Մու­սա ­Լե­րան 40 օ­րե­րը» վէ­պով գրա­կա­նօ­րէն ան­մա­հա­նա­լով, թէ՛ հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին նկա­րագ­րին հե­րո­սա­կան խո­յան­քին ման­րան­կա­րը շնչա­ւո­րե­լու իր հան­գա­ման­քով` ինչ­պէս հե­տա­գա­յին ­Վա­հան Թէ­քէ­յեան պի­տի գրէր իր ծա­նօթ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մէջ, ­Մու­սա Լե­ռը իր հայ­կա­կան փոքր գիւ­ղե­րով «ան­հու­նօ­րէն մեծ­ցաւ»…

Եւ ինչ­պէս որ տաս­նա­մեակ­ներ ետք ­Մու­սա ­Լե­րան ար­ժա­նա­ւոր զա­ւակ­նե­րէն՝ դաշ­նակ­ցա­կան տա­րա­բախտ ղե­կա­վար ­Սար­գիս ­Զէյթ­լեան դի­պուկ շեշ­տադ­րու­մով մը եւ պատ­կե­րա­ւոր ձե­ւով պի­տի ընդգ­ծէր, ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը ե­ղաւ ով­կիա­նո­սի այն կա­թի­լը, որ բա­ւա­րար է ստու­գե­լու եւ ճանչ­նա­լու հա­մար ամ­բող­ջու­թեան` հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­րո­սա­կան նկա­րագ­րին ճշգրիտ բա­ղադ­րու­թիւ­նը։

Ման­րա­մասն յի­շեց­ման ար­ժա­նի է ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը, որ իր բո­լոր հանգ­րո­ւան­նե­րով եւ ծալ­քե­րով հա­րա­զա­տօ­րէն կը ներ­կա­յաց­նէ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ճա­կա­տագ­րին փառքն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը։ ­Բայց յու­շա­տետ­րի նեղ սիւ­նա­կը հա­զիւ ու­րո­ւագ­ծա­յին խտաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կ­’ըն­ձե­ռէ։ Այդ­քա­նով ալ պարզ կը դառ­նայ, թէ ին­չո՛ւ եւ ինչ­պէ՛ս ­Մու­սա Լե­րան հա­յու­թիւ­նը իր ու­րոյն տե­ղը նուա­ճեց հա­յոց պատ­մու­թեան հե­րո­սա­կան մե­ծա­գոր­ծու­թեանց հպար­տան­քի մա­տեա­նին է­ջե­րուն մէջ։

«­Ճե­պէլ ­Մու­սա» («­Մով­սէ­սի ­Լեռ») ա­րա­բե­րէն ա­նո­ւա­նու­մէն կու գայ ­Մու­սա ­Լե­ռը, որ մաս կը կազ­մէ Ա­մա­նոս լեռ­նաշղ­թա­յի հա­րա­ւա­յին ճիւ­ղա­ւո­րու­մին ա­րեւմ­տեան բաժ­նին։ Ին­կած Ո­րոն­դէս գե­տի հիւ­սի­սա­յին ա­փին, ան­տա­ռա­խիտ ու կա­նա­չա­պատ այդ փոք­րիկ լեռ­նաշղ­թան կը խրի ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի ջու­րե­րուն մէջ, ա­ւար­տե­լով ­Րաս էլ ­Խան­զիր («­Վա­րա­զի Գ­լուխ») հրո­ւան­դա­նով։ ­Լեռ­նաշղ­թա­յին ա­րե­ւե­լեան բա­ժի­նը կ­’իշ­խէ Ան­տիոք քա­ղա­քին վրայ։

Մու­սա ­Լե­րան բար­ձունք­նե­րուն եւ Ո­րոն­դէս գե­տի ա­փե­րուն մի­ջեւ եր­կա­րող տա­րա­ծու­թեան վրայ, պատ­մա­կան ­Սե­լեւ­կիա նա­ւա­հան­գիս­տի մեր­ձա­կայ­քը, 10րդ դա­րէն սկսեալ հա­յեր բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած եւ շէն­ցու­ցած են վեց գիւ­ղեր` ­Պի­թիաս, Հա­ճի ­Հա­պիպ­լի, Եո­ղուն Օ­լուգ, Խ­տըր ­Պէյ, ­Վա­գըֆ եւ ­Քե­պու­սիէ։ 1915-ին, վեց գիւ­ղե­րու հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր համ­րան­քը կ­’անց­նէր վեց հա­զա­րը։ Երբ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ­Դաշ­նա­կից­նե­րու դէմ պա­տե­րազ­մի գօ­տի հռչա­կեց ամ­բողջ շրջա­նը եւ Սո­ւէ­տիոյ գա­ւա­ռա­պե­տը իբր «սրտցա­ւու­թեամբ» ­Մու­սա լե­րան հա­յե­րուն տե­ղա­հա­նու­թիւն «ա­ռա­ջար­կեց», իբր թէ ա­ւե­լի ա­պա­հով շրջան­ներ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս պատս­պա­րո­ւե­լու հա­մար, շուրջ եր­կու հա­զար մու­սա­լեռ­ցի­ներ հա­ւա­տա­ցին թրքա­կան կեղծ «հո­գա­տա­րու­թեան», ընտ­րե­ցին տա­րագ­րու­թեան ճամ­բան եւ մեծ մա­սով կոր­սո­ւե­ցան։ Մ­նա­ցեալ ա­ւե­լի քան չորս հա­զա­րը, ի մի գա­լով եւ եր­կա­րա­տեւ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ու վէ­ճեր ու­նե­նա­լով` տե­ղա­հա­նու­թեան «ա­ռա­ջարկ»ը ըն­դու­նե­լու կամ մեր­ժե­լու դիր­քո­րո­շում­նե­րուն շուրջ, վեր­ջա­պէս յան­գե­ցաւ ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դով լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­նա­լու եւ թրքա­կան հա­ւա­նա­կան յար­ձակ­ման վտան­գը դի­մագ­րա­ւե­լու եզ­րա­կա­ցու­թեան։ ­Յու­լիս 31-ին սկսաւ բո­լո­րով — տուն-տեղ լքած եւ փո­խադ­րե­լի ինչ­քե­րը հակ կա­պած ու շալ­կած — դէ­պի լե­րան գա­գա­թը բարձ­րա­նա­լու եւ դիր­քա­ւո­րո­ւե­լու դժո­ւա­րին, այլ հե­րո­սա­կան գոր­ծո­ղու­թիւ­նը։

Ճիշդ է, այդ խորհր­դակ­ցու­թեանց մաս­նա­կից­նե­րը վեց գիւ­ղե­րուն ե­րե­ւե­լի ու հե­ղի­նա­կա­ւոր` ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան դէմ­քերն էին, բայց ամ­բողջ ­Մու­սա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը իր խօս­քը ու­նե­ցաւ տրո­ւած ո­րո­շու­մին մէջ։ ­Փաս­տօ­րէն ամ­բողջ հե­րո­սա­մար­տի ըն­թաց­քին եւ այ­նու­հե­տեւ ալ, ­Փոր Սա­յի­տի մէջ գաղ­թա­կա­նու­թեան շրջա­նին թէ ­Մու­սա ­Լեռ ի­րենց վե­րա­դար­ձէն ետք, նաեւ` հայ­րե­նի օ­ճա­խին պար­պու­մէն եւ Այն­ճար հաս­տա­տո­ւե­լէն աս­դին, մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին ակն­բախ ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մէ­կը ե­ղած է ի­րենց հա­ւա­քա­կան ընտ­րանք­նե­րը, ո­րո­շում­նե­րը եւ քայ­լերը խորհր­դակ­ցա­բար ու հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­յաց­նե­լու սո­վո­րոյ­թը։

Գիւ­ղա­կան հա­մայ­նա­կան կեան­քի դրա­կան այդ ե­րե­ւոյ­թը մե­ծա­պէս նպաս­տեց, որ­պէս­զի լեռ բարձ­րա­ցած չորս հա­զա­րէ ա­ւե­լի ժո­ղո­վուր­դը իր գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րէ հե­րո­սա­մար­տին` իւ­րա­քան­չիւ­րը իր կա­րո­ղու­թեան եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան նո­ւի­րա­բե­րու­մով։ ­Հա­մա­խո­հա­կան այդ մթնո­լոր­տը նաեւ օգ­նեց, որ ա­ռան­ձին դէմ­քեր ու ան­հա­տա­կա­նու­թիւն­ներ ճա­ռա­գայ­թող հե­ղի­նա­կու­թիւն դառ­նան եւ ղե­կա­վար դեր ստանձ­նեն ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան ան­հա­ւա­սար ու­ժե­րով կռո­ւի ամ­բողջ 40 օ­րե­րուն ըն­թաց­քին։ Այդ­պէ՛ս է, որ Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տը ու­նե­ցաւ իր փայ­լուն դէմ­քե­րը, ո­րոնք ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս ղե­կա­վա­րե­ցին մարտն­չող ժո­ղո­վուր­դը եւ պատ­մու­թեան ան­ցան փառ­քի դափ­նեպ­սա­կով, ինչ­պէս պա­տո­ւե­լի ­Տիգ­րան Անդ­րէա­սեան (ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան կեդ­րո­նա­կան մարմ­նի նա­խա­գա­հը), ­Մով­սէս Տէր-­Գա­լուս­տեան (նոյն մարմ­նի ան­դամ ու զի­նո­ւո­րա­կան խոր­հուր­դի ղե­կա­վա­րը), հե­րոս մար­տիկ Ե­սա­յի Եա­ղու­պեան եւ ու­րիշ­ներ։

Նաեւ յա­նուն պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան պէտք է ա­ւելց­նել, որ 1890-ա­կան­նե­րէն սկսեալ ­Մո­ւսա ­Լե­րան հա­յու­թիւ­նը ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան զար­թօն­քի ա­րա­գըն­թաց փուլ մը ապ­րե­ցաւ, որ իր բա­րե­րար անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ ընդ­հա­նուր տա­րագ­րու­թեան ընդ­դի­մա­նա­լու մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու վճռա­կա­նու­թեան դրսե­ւոր­ման վրայ։ 1890-ա­կան­նե­րուն Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թիւնն ու ­Վե­րա­կազ­մեալ Հն­չա­կեան­նե­րը, իսկ 1900-ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան յատ­կա­պէս Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­րագ տա­րա­ծում գտան ե­րի­տա­սարդ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու մօտ։ 1908-ին ար­դէն, ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պա­կան իր աշ­խոյժ կա­ռոյ­ցը ստեղ­ծած էր, ո­րուն շար­քե­րէն գա­լով, տա­կա­ւին ե­րի­տա­սարդ, ­Մով­սէս ­Տէր-­Գա­լուս­տեան վճռո­րոշ դեր ու­նե­ցաւ ինչ­պէս 1915-ի հե­րո­սա­մար­տին, այն­պէս ալ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու հե­տա­գայ կեան­քի հու­նա­ւոր­ման եւ ղե­կա­վար­ման մէջ։

Մ­նա­ցեա­լը 40 օ­րե­րու հե­րո­սա­պա­տում է, որ այն­քան գե­ղեց­կօ­րէն գրա­կա­նա­ցո­ւած ու յա­ւեր­ժու­թեան յանձ­նո­ւած է ­Վեր­ֆէ­լի աշ­խար­հահռ­չակ վէ­պով։

Սահ­մա­նա­փակ թո­ւով զէն­քե­րով եւ փամ­փուշտ­նե­րով սկսած ինք­նա­պաշտ­պա­նա­կան կռի­ւը կրցաւ իր յաղ­թա­կան եր­թը պահ­պա­նել` շնոր­հիւ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու խի­զա­խու­թեան ու մար­տու­նա­կու­թեան։ ­Ռազ­մա­կան իւ­րա­քան­չիւր յաղ­թա­նա­կի հետ, մարտն­չող հա­յե­րը կրցան հզօ­րաց­նել զէն­քի եւ փամ­փուշտ ի­րենց ու­ժը` պար­տու­թեան մատ­նո­ւած թշնա­միին իսկ զէն­քե­րով ու զի­նամթեր­քով։ Իսկ ժո­ղո­վուր­դը կրցաւ հո­ղին բա­րիք­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծել, լե­րան բար­ձուն­քին իր օ­րա­ւուր սնուն­դը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար։

Վեր­ջա­պէս, ­Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին ան­բա­ժան մա­սը կը կազ­մէ ֆրան­սա­կան Կի­շէն մար­տա­նա­ւը, որ Օ­գո­տո­սի 10-ի շուրջ ա­ռա­ջին ան­գամ ե­րեւ­ցաւ ծո­վուն բա­ցե­րը։ Մու­սա­լեռ­ցիք ի­րենց յա­տուկ ա­ղեր­սագ­րի­րը` զէնք, զի­նամ­թերք եւ սնունդ ստա­նա­լու կամ, այ­լա­պէս, նա­ւով տե­ղա­փո­խո­ւե­լու խնդրան­քով, քա­նի մը լո­ղորդ­նե­րով հաս­ցու­ցին ֆրան­սա­կան մար­տա­նաւ։ ­Կի­շէ­նի հրա­մա­նա­տա­րը խոս­տա­ցաւ ա­ղեր­սա­գի­րը հասց­նել իր կա­ռա­վա­րու­թեան եւ հե­ռա­ցաւ ու շա­բաթ­ներ տե­ւեց, մին­չեւ որ վե­րա­դառ­նայ եւ բե­րէ Փա­րի­զի պա­տաս­խա­նը, որ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու տե­ղա­փո­խու­թեան տրո­ւած հա­մա­ձայ­նու­թիւնն էր։

Սեպ­տեմ­բեր 9-ին ­Կի­շէն մար­տա­նա­ւը, ­Տե­սեքս մար­տա­նա­ւի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, խարս­խեց ծո­վուն բա­ցե­րը եւ սկսաւ ռմբա­կո­ծել թրքա­կան դիր­քե­րը։ ­Միա­ժա­մա­նակ մա­կոյ­կով ծո­վափ ե­կաւ ֆրան­սա­ցի հրա­մա­նա­տա­րը եւ մու­սա­լեռ­ցի­նե­րու հետ վերջ­նա­կան բնոյթ տո­ւաւ լեռ­նէն ծո­վափ իջ­նե­լու եւ մար­տա­նա­ւեր փո­խադ­րո­ւե­լու գոր­ծո­ղու­թեան։ ­Մարտն­չող հա­յոր­դի­նե­րուն պար­պու­մի գոր­ծո­ղու­թիւ­նը սկսաւ Սեպ­տեմ­բեր 12ին եւ տե­ւեց եր­կու օր։ ­Մինչ այդ ծո­վուն բա­ցե­րը հա­սած էին եւս ե­րեք մար­տա­նաւ` ­Տեսթ­րէ, Ա­մի­րալ ­Շար­նէ եւ ­Ֆոտ­րը։ ­Լե­րան գա­գա­թին, կռո­ւող խում­բեր հսկե­ցին թրքա­կան շար­ժում­նե­րուն վրայ, մին­չեւ որ նախ ժո­ղո­վուր­դը իջ­նէ ծո­վափ եւ տե­ղա­ւո­րո­ւի մար­տա­նա­ւե­րուն վրայ, ա­պա ի­րենք` վեր­ջին կռո­ւող­ներն ալ միա­ցան ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն եւ այդ­պէս մու­սա­լեռ­ցիք հե­ռա­ցան դէ­պի ­Մի­ջերկ­րա­կա­նի բա­ցե­րը։

Այդ օ­րէն ի վեր, ա­մէն ­Սեպ­տեմ­բե­րի կի­սուն եւ Ս. ­Խա­չի տօ­նին ա­ռի­թով, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, բայց յատ­կա­պէս Այն­ճա­րի (­Լի­բա­նան) եւ ­Նոր ­Մու­սա ­Լե­ռի (­Հա­յաս­տան) մէջ, Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­կան հա­յու­թեան ժա­ռան­գորդ­նե­րուն հետ, ամ­բողջ մեր ժո­ղո­վուր­դը կ­’ո­գե­կո­չէ հա­յոց պատ­մու­թեան այս հպար­տա­ռիթ հե­րո­սա­մար­տին յի­շա­տա­կը` սե­րունդ­նե­րուն պատ­գա­մե­լով, որ պէտք չէ հա­ւա­տալ թրքա­կան կեղ­ծի­քին եւ պատ­րաստ պէտք է ըլ­լալ, ի հար­կին զէն­քի ու­ժով, դի­մադ­րե­լու ­Թուր­քիոյ ցե­ղաս­պա­նա­կան սադ­րանք­նե­րուն։

Փր­կու­թեան այլ ելք ծա­նօթ չէ հա­յոց պատ­մու­թեան։

Մու­սա ­Լե­րան հե­րո­սա­մար­տին 102րդ ­տա­րե­դար­ձը ա՛յդ պատ­գա­մը կը յու­շէ հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն՝ ­Հայ­րե­նի բռնագ­րա­ւեալ հո­ղին տէր կանգ­նե­լու անվ­հատ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան մէջ կը կա­յա­նայ միակ ու ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­րաշ­խի­քը հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան ա­զա­տագ­րու­մին եւ լիար­ժէք վե­րա­կանգ­նու­մին։