Լուրերու Արխիվ

 

00Yessayi Havatian

 

Ազգը Միացեալ Քայլերու Ակնկալութեամբ (Չարտասանուած խօսք՝ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին)

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Բնականաբար գիտէի, որ համաժողովին խօսք առնողներուն տրուած ժամանակը քանի մը վայրկեան պիտի ըլլար, հետեւաբար անհրաժեշտ էր, որ խօսքս կրճատէի` «մատը վէրքին վրայ դնել»-ով , ինչպէս կ՛ըսէ ժողովրդային առածը:

Հետեւաբար խօսքս սահմանափակեցի` ինծի համար  ամէնէն հրատապ թուացող հինգ  հարցերու անդրադառնալով, կարելի եղածին չափ սեղմ եւ յստակ կերպով:

Ա.- Մեծագոյն ներդրումը մարդու վրայ կատարուած ներդրումն է. հետեւաբար հայութեան ամբողջ ներուժը պէտք է օգտագործել կրթութեանբնագաւառին վրայ` առաջնահերթութիւն նկատելով սերունդներու պատրաստութիւնը թէ՛ հայրենիքի, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Ջաւախքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Ուսեալ, կրթուած եւ հայրենասէր սերունդը կրնայ լուծել հայութեան դիմաց ցցուող բոլոր խնդիրները: Հետեւաբար ուսուցիչները պէտք է վարձատրուին ինչպէս երեսփոխաններն ու նախարարները:Կարելի  չէ կէս անօթի դաստիարակներով լաւ սերունդ պատրաստել: Միայն որակաւոր ուսուցիչներէն  առողջ սերունդ դուրս կու գայ: Պէտք չէ մտահան ընել, որ Թիֆլիսի «Ներսիսեան»-ի, Պոլսոյ «Կեդրոնական»-ի, Կարնոյ «Սանասարեան»-ի, Էջմիածնի «Գէորգեան»-ի, Երուսաղէմի «ժառանգաւորաց»-ի շրջանաւարտներն էին գլխաւորաբար  հայոց պատմութեան վերջին շրջանի կարեւորագոյն դերակատարները: Հայ ուսուցիչը ազգի փրկութեան բանալիներէն մէկն է եւ պէտք է արժանանայ ոչ միայն բարոյական, այլ նաեւ նիւթական քաջալերանքի:

Բ.- Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանները, որոնք կը գործեն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, բացի ընթացիկ պետական աշխատանքներէն, պէտք է ունենան ազգային օրակարգ: Ազգային օրակարգի մէջ կ՛իյնան սփիւռքահայերուն քաղաքացիութիւն ստանալու դիմումներու աշխուժացումը, հայկական մասնագէտ մարդուժի դէպի հայրենիք առաջնորդելը,օտար ձեռներէցներու սիրաշահումը, մշակութային կապի զարգացումը, սփիւռքահայ ուսանողներու հայրենիքի մէջ մասնագիտանալու քաջալերումը…

Սփիւռքահայը պէտք է զգայ նեցուկը իր հայրենիքին, մանաւանդ` ճակատագրական պահերուն: Երբ երկու տարի առաջ վտանգաւոր կացութիւն ստեղծուեցաւ Մուսա Լեռ-Այնճարի շրջակայքը, «դուրսէն» արագ արձագանգ չեղաւ դժբախտաբար, մինչ 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ օրերուն հայրենի արձակագիր Մուշեղ Գալշոյեան կը դիմէր պետութեան` արտօնութիւն խնդրելով Լիբանան մեկնիլ  իր վտանգուած քոյր-եղբայրներուն օգնութեան հասնելու համար:

Հայաստանի դեսպաններուն աշխատանքը շատ աւելի մեծ տարողութիւն պէտք է ունենայ: Անհրաժեշտ է նաեւ հիւպատոսներու թիւի բարձրացումը` տարածուելով բոլոր հայկական միջավայրերէն ներս:

Գ.- Հայութիւնը, առանց մեր կամքին, տարածուած է աշխարհի չորս ծագերուն: Այս իրողութիւնը իր բազմաթիւ թերութիւններով հանդերձ, կրնայ նաեւ առաւելութիւն մը նկատուիլ: Վերջապէս, քանի՞ ազգեր ունին մեր հնարաւորութիւնները աշխարհի տարածքին: Բոլոր բնագաւառներուն մէջ հայութեան հնարաւորութիւնները անսահման են: Պէտք է բացայայտել եւ ազգի հզօրութեան ի նպաստ օգտագործել այս հնարաւորութիւնները:Հայութիւնը սփիւռքի մէջ, իր կազմակերպուած կառոյցներով,  անգնահատելի գանձ է հայրենիքին համար: Սփիւռքի մէջ հայկական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, Հայ եկեղեցւոյ համայնքներու լաւ կազմակերպուածութիւնը կրնայ մեր ազգը վերածել ամէնէն ամուր, ամէնէն արդիւնաբեր եւ ամենաուժեղ ազգերէն մէկը:

Դ.- Պէտք է վերջնականապէս յստակացնել հայ ժողովուրդի ապագայի տեսիլքը: Ինչի՞ կը ձգտի հայութիւնը:

Հզօր, խաղաղ, անվտանգ, զարգացող, պահանջատէր եւ արդար Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններո՞ւ:

Հզօր, պահանջատէր, զարգացող եւ հայաստանեան ուղղուածութիւն ունեցող սփիւռքի՞:

Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ծիծեռնակաբերդի հռչակագիրի վերջին կէտը (Պաշտպան կանգնիլ հայրենի սրբազան ժառանգութեան` ծառայելով յանուն `

– Առաւել հզօր հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան,

– Անկախ Արցախի առաջընթացին եւ զօրացման,

– Աշխարհասփիւռ հայութեան գործօն համախմբման,

– Համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակներու իրականացման) եթէ կ՛ամբողջացնէ մեր բոլորին տեսիլքը, զայն պէտք է վերածել հայկական պատուիրաններու, որոնք պէտք է տարածուին բոլոր հայկական կեդրոններուն, դեսպանատուներուն, ակումբներուն, կրթական հաստատութիւններուն եւ բոլոր հայկական բնակարաններուն մէջ: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է սրբութիւն նկատէ այս պատուիրանները` իր մասնակցութիւնը բերելով անոնց իրագործումին:

Ե.- Ազգը միացնող քայլերու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:

Հայութեան տարբեր հատուածները աւելիով իրարու կապուած պահելու համար պէտք է աշխատիլ նուազեցնել տարբերութիւնները եւ ցցուն դարձնել նմանութիւնները: Անհրաժեշտ է ազգը միացնող քայլերու նախաձեռնել: Կարելի է քանի մը օրինակներ տալ.

Ա.- Հայոց լեզուի միատեսակ ուղղագրութեան որդեգրում: Անկարելի է այսպէս շարունակել: Ազգ մը չի կրնար մէկ լեզու եւ երկու ուղղագրութիւն ունենալ:

Քաջալերական էր լսել սփիւռքի նախարարութենէն, թէ այս հարցով մասնագէտներու յանձնախումբ մը կազմուած է: Յուսանք, որ կարելի ըլլայ եզրակացութեան մը հասնիլ:

Բ.-Արագ, ճշգրիտ եւ տարածուն լրատւութիւն, որ իրարու աւելի կը ծանօթացնէ եւ կը մօտեցնէ հայութեան տարբեր հատուածները: Ուրախութեամբ կարելի է ըսել, որ այս ծիրին մէջ նկատելի է արդէն որոշ աշխատանք:

Գ.- Հայաստանի ազգային ժողովին մէջ  անհրաժեշտ է սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող երեսփոխաններու  ներկայութիւնը: Չմոռնանք, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ կային խումբ մը երեսփոխաններ, որոնք կը ներկայացնէին արեւմտահայութիւնը: Եթէ ճիշդ է, որ ափիւռքի մէջ կ՛ապրին շուրջ 7 միլիոն հայեր, ապա անհրաժեշտ է, որ այդ հայութիւնը ունենայ իր ներկայացուցիչները Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ: Բաւարար չէ մէկ նախարարական պաշտօնով գործադիր իշխանութեան մէջ սփիւռքը ներկայացուած նկատել:

Դ.- Խորհրդային ժամանակաշրջանին, հայութիւնը պառակտելու նպատակով, հայրենի մեր ժողովուրդին ներկայացուեցաւ խեղաթիւրուած պատմութիւն մը, մանաւանդ` հայոց պատմութեան վերջին ժամանակաշրջանը: Հանրապետութիւն կերտած ղեկավարները անտեսուեցան եւ հակահայ գործիչներ մեծարուեցան: Ժամանակը եկած է, որ արժանին մատուցուի արժանաւորին, եւ դատապարտուին ազգին վնաս հասցուցած շինծու «ղեկավարներ»-ը: Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը լաւ առիթ է այս սրբագրութիւններուն համար: Ուրախացնող երեւոյթ է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական յանձնաժողովի յառաջացումը, որ կոչուած է  լաւագոյնս կազմակերպելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման 100-ամեակը: Ճիշդ քայլ է նաեւ Երեւանի քաղաքապետութեան ծրագիրը` հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանը կանգնեցնելու Երեւանի մէջ: Ակնկալելի է անշուշտ, որ Արամ Մանուկեանը դառնայ Հանրապետութեան հրապարակի խորհրդանիշը:

 

IMG 6913

Պարէտ Մարոնեանի «Women of 1915» ֆիլմի ցուցադրութիւն

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին երէկ` Կիրակի, 29 հոկտեմբեր, 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Պարէտ Մարոնեանի «1915-ի կիները» վաւերագրական ժապաւէնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պրն. Յակոբ Այնթապլեան, որ ներկայացուց Պարէտ Մարոնեանը, նշելով որ ան որոշ ժամանակ մը ապրած է Այնճարի մէջ, եւ ահա այսօր կը գտնուի մեր մէջ, իր գնահատելի աշխատանքով, որ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ ցուցադրուեցաւ եւ այսօր կը ցուցադրուի Այնճարի մէջ, ներկայութեամբ Պարէտ Մարոնեանին:

Շուրջ մէկուկէս ժամ հանդիսատեսը ժապաւէնին ընդմէջէն վերապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը, հայ ժողովուրդի զաւակներուն կրած խոշտանգումները, տառապանքները, մասնաւորապէս հայ կնոջ ապրած տանջանքները, սարսափազդու պահերը, բայց նոյն ատեն նաեւ ոտքի կանգնելու վճռակամութիւնը, ապրելու եւ պայքարելու կամքը, ապրելու եւ իրեն հետ ապրեցնելու նաեւ ուրիշներ: Ժապաւէնը անդրադարձաւ նաեւ այն մարդասէր օտար քոյրերուն, որոնք իրենց հանգիստ երկիրները ձգելով հասած են հայ ժողովուրդին, օգնութեան ձեռք երկարած եւ ամէն գնով աշխատած պահել, գուրգուրալ, եւ կրկին ոտքի հանել հայ որբերը:

Ժապաւէնի ցուցադրութեան աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Պարէտ Մարոնեան, որ ըսաւ, թէ մեծ ուրախութիւն է իրեն համար գտնուիլ Լիբանան, ուր անցուցած է իր մանկութիւնը: Պարէտ Մարոնեան յայտնեց նաեւ, որ ժապաւէնին վրայ մեծ թիւով մարդիկ աշխատած են եւ ան միշտ փորձած է իր երախտագիտութիւնը յայտնել անոնց: Ան նշեց, որ ժապաւէնը միջազգային աշխատանքներով մէջտեղ եկած է. աշխարհի տարբեր կողմերէն հայեր եւ ոչ հայեր սիրայօժար օժանդակած են ժապաւէնի պատրաստութեան: Ան ըսաւ, որ միջազգային տարողութիւն ունեցող պատմութիւններ պատահած են մեզի` հայերուս, եւ մենք ձեւը գտած ենք մեր պատմութիւնները միջազգայնականացնելու եւ ներկայացնելու հազարաւոր մարդոց: Պարէտ Մարոնեան յայտնեց նաեւ, որ «Ցեղասպանութեան որբերը» իր առաջին ժապաւէնը յաջողած է հասնիլ 100 միլիոն հանդիսատեսի, իսկ այսօր կը յայտարարէ, որ նոյն ճամբով պիտի տանի «1915-ի կիները»:

Ապա Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Վազգէն Գալոշեան յուշանուէրով մը պարգեւատրեց Պարէտ Մարոնեանը, որ աւարտին պատասխանեց ժապաւէնի մասին ներկաներուն ուղղուած հարցումներուն:

IMG6921
IMG6920
IMG6918
IMG6915
IMG6917
IMG6913
IMG6914
IMG6909
IMG6903
IMG6908

 

Մկեր Կարագաշյան1 300x146

Այսօր Սփիւռքի ՄԷջ Ո՛չ Թէ Արեւմտահայերէնի Կորուստի Խնդիր Ունինք, Այլ` Հայախօսութեան. Մհեր Գարագաշեան

Հոկտեմբեր 18-19-ը Պրիւքսէլի մէջ կայացած Եւրոպահայերու 4-րդ համագումարի առանցքին 4 կարեւոր նիւթեր էին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման պահանջատիրական պայքար, Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունք, Հայապահպանութեան խնդիրներ, Հայաստան-Եւրոմիութիւն երկկողմանի յարաբերութիւններ:

Հայապահպանութեան նուիրուած նիստին որպէս բանախօս մասնակցող Մոնրէալի Ս. Յակոբ վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան ներկայացած էր յատուկ առաջարկով` ստեղծել հայկական համացանցային դպրոց, որուն շուրջ, եւ ո՛չ միայն, ծաւալած է «Հայերն այսօր»-իհարցազրոյցը:

– Պարո՛ն Գարագաշեանհայապահպանութեան նուիրուած նիստին ընթացքին ի՞նչհարցեր քննարկուեցան եւ ի՞նչ եզրահանգումներ եղան:

– «Հայապահպանութիւնը` գոյատեւման հիմնական ազդակ» կլոր-սեղանի ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ հարցերը. «Համայնքային կազմակերպութեան կշիռը ինքնութեան պահպանման եւ պահանջատիրութեան պայքարի մէջ» թեմայով բանախօսեց Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Ազգային վարժարանի նախկին տնօրէն  Միհրան Քիւրտօղլեան, «Արեւմտահայերէնի գործածութեան իրավիճակը Եւրոպայի մէջ եւ վերջինիս պահպանման անհրաժեշտութիւնը» թեման լուսարձակի տակ առաւ Փարիզի «Հրանդ Տինք» վարժարանի մանկավարժական բաժնի պատասխանատու Կարապետ Տաքէսեան:

Իմ ներկայացուցած նիւթս «Հայեցի դաստիարակութեան ներկայի մարտահրաւէրները` տունէն մինչեւ դպրոց, դասական մամուլ ու համացանց» նիւթին շուրջ էր: Նշեմ նաեւ, որ կլոր-սեղանի զրուցավարն էր Համազգային կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ բաւականին ամփոփ, ճշգրիտ եւ դիպուկ պատմական ակնարկով ներկայացուց հայապահպանութեան հարցերը:

Այս նիւթին ծիրէն ներս, դժբախտաբար, մնայուն օրակարգի վրայ են Սփիւռքի այլեւս ո՛չ թէ դանդաղ, ինչպէս յաճախ կ’ըսենք, այլ արդէն բնականոն մաշումը: Սփիւռքի համայնքներուն մէջ ինքութեան կորուստը, նոր սերունդին մօտ հայախօսութեան եւ հայերէնի իմացութեան չգոյութիւնը եւ հայապահպանութեան հետ առնչուող այլ խնդիրներ ահազանգ են, որոնք ուղղակիօրէն կը սպառնան, որ  օր մը Սփիւռքը այլեւս կրնայ գոյութիւն չունենալ:

Թէեւ կլոր-սեղանի նիւթերէն մէկը կ’առնչուէր արեւմտահայերէնի կորուստին, վտանգուած ըլլալուն, սակայն որպէս եզրահանգում, սա նաեւ իմ անհատական մօտեցումս է, հնչեց այն միտքը, որ այսօր մենք Սփիւռքի մէջ ո՛չ թէ արեւմտահայերէնի կորուստի խնդիր ունինք, այլ ընդհանրապէս` հայախօսութեան: Եւ դժբախտաբար, այս ամէնուն առաջքը առնելու մեր ունեցած գործիքները, զինանոցը բաւարար չեն:

– Պարոն Գարագաշեանկը խնդրէիներկայացնել Ձեր ելոյթի հիմնականշեշտադրումները:

– Ցեղասպանութենէն ետք անցնելով մօտ 100-ամեայ ճանապարհ, թեւակոխեցինք 21-րդ դար: Յատկապէս Միջին Արեւելքի հայկական համայնքներուն մէջ հայապահպանութեան յստակ ձեւեր  ստեղծուած էին` տուն-դպրոց-եկեղեցի-ակումբ-հայկական կեդրոն, Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ նաեւ հայկական թաղամասեր, հայախօս եւ հայաբնակ բնակավայր, ինչպէս օրինակ` Այնճարը, որոնք հսկայական գործ  ըրած են եւ դեռ կը շարունակեն արդունաւէտ կատարել: Սակայն այսօր մենք ունինք նոր իրականութիւն: Նոյնիսկ այս ձեւը, որ որոշ չափով փոխադրուեցաւ նաեւ Արեւմուտք, այլեւս բաւարար չէ, շատ քիչ հասանելիութիւն ունի:

Միջին Արեւելքի համայնքներուն եւ Արեւմուտքի մէջ ձեւաւորուած Հայկական սփիւռքի մէջ հայպահպանութեան, հայախօսութեան, ինքնութեան պահպանման զարգացումները բոլորովին հակոտնեայ էին: Եթէ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ հայկական դիմագիծը պահպանելու առումով ամէն ինչ յստակ էր, ապա Արեւմուտքի մէջ գոյութիւն ունեցող իրականութիւնը բոլորիս  յայտնի է` կարծես կանգնած ենք հսկայական ամայութեան առջեւ` հայկականութեան, ազգային դիմագիծի առումով:

Այս ամէնուն գումարուեցաւ նաեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք  յետխորհրդային երկիրներու մէջ կազմաւորուած հայկական համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Խնդրին առնչուող բոլոր փաստարկները, ինչպէս եւ Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ժամանակ, ներկայացուցի թիւերու լեզուով:

Թիւերը, թերեւս, ամենախօսունն են այս պարագային: Թուարկեմ  քանի մը օրինակ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան տուեալներով Ռուսիոյ մէջ կը գործէ մօտ 200 մէկօրեայ կրթօճախ: Եթէ դպրոցներէն իւրաքանչիւրը լաւագոյն պարագային 50 աշակերտ ունենայ, որ 10 000 կը կազմէ, 2-2,5 միլիոն հայ բնակչութեան համար տխուր պատկեր կը ներկայացնէ, նման թիւերով բան չես կրնար ընել:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը, ըստ տեղական հայ մամուլի հրատարակած տուեալներուն, կը հասնի 6000-ի, այն պարագային երբ օտար կրթական հաստատութիւններ կը յաճախեն 50 000 հայ աշակերտ: Ամերիկահայերու թիւը շուրջ 1, 5 միլիոն է, իսկ երկու ափերու ամէնօրեայ վարժարաններու թիւը միայն  26-ն է:

Ֆրանսայի մէջ տարբեր տուեալներով կը բնակի 400 000-էն մինչեւ 500 000 հայ: Կը գործէ 7 ամէնօրեայ վարժարան, որոնցմէ 5-ը նախակրթարան են, մէկը` միջնակարգ, եւ միայն մէկ երկրորդական` Մարսէլի Համազգայինի ճեմարանը: Հայ աշակերտներուն թիւը մօտ  60 000 է, եւ միայն 1500-ը կը  յաճախէ հայկական վարժարաններ:

Մտահոգիչ պատկեր, եւ այստեղ է, որ հարց կ’առաջանայ` ի՞նչ պէտք է ընենք ապագային, ինչպէ՞ս պէտք է պահպանենք հայկական ինքնութիւնը, ի՞նչ եղանակով հայապահպանութիւն պիտի քարոզենք: Նման թիւերով անկարելիութեան պիտի հասնենք` սպասարկելու հայ աշակերտներուն: Բնական է, եթէ հայկական վարժարաններ չյաճախեն ու նախընտրեն օտար դպրոցներ, այստեղ է, որ ինքնաբերաբար Սփիւռքը կը սկսի մաշիլ: Որքան ալ ընտանիքը ջանք թափէ, օտար միջավայրը, տիրապետող մշակոյթը, լեզուներն իրենց ազդեցութիւնը կը գործեն: Հնարաւոր է, որ այդ մթնոլորտին մէջ մեծցող երիտասարդը ունենայ պատկանելիութեան զգացում, ինքնութեան դիմագիծ, բայց յաջորդ սերունդները ատիկա չեն կրնար պահպանել: Եւ 50 տարուան ընթացքին այդ մաշումը բաւականին արագ կ’ընթանայ:

– Պարո՛ն Գարագաշեանորպէս ելքԴուք կը բարձրաձայնէք համացանցային դպրոցիգաղափարը:

– Այո՛, եւ չեմ ուզեր միայն ախտանշումներ ընել: Ինչպէս Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ժամանակ հնչեցուցի, մենք այսօր կարիք ունինք մասնագիտական, լուրջ ուսումնասիրուած, կազմակերպուած հայկական համացանցային դպրոցի, որուն դասընթացներուն կրնան հետեւիլ մանկապարտէզի տարիքէն մինչեւ աւարտական դասարանի աշակերտները:

Առաջարկը պարզ, սիրողական նիւթ չէ, այլ լուրջ քայլ` համացանցային դպրոց, որուն ամենամեծ առաւելութիւնն այն է, որ սահմաններ չի ճանչնար:

Որպէս նախատիպ ունենալով ՀԲԸՄ-ի Վիրտուալ քոլեջը, կրնանք ստեղծել համացանցային դպրոց, որ թէեւ պատեր, դասարաններ, գրասեղաններ չունենար, սակայն կ’ունենայ ուսումնական համակարգուած դասընթացք, որ տեղի կ’ունենան վիրտուալ իրականութեան մէջ:

Բաւականին մեծ ծրագիր է, հետեւաբար առաջարկս է, որ բոլորիս ուժերու լարումով ըլլայ` պետութիւն, եկեղեցի, կրթական, մշակութային կառոյցներ: Բոլորս պէտք է կեդրոնացնենք մեր ուժերը եւ անհրաժեշտութեան պարագային ստեղծենք յանձնախումբ, որ նախ եւ առաջ գոյութիւն ունեցող թիւերու հիման վրայ ուսումնասիրութիւններ, հետազօտութիւններ կը կատարէ: Եթէ, ի հարկէ, օգտակար կը գտնեն եւ կը համաձայնին նման իրականութեան հետ հաշտուիլ:

Բնական է, որ գաղափարը կրնայ նաեւ հարցադրումներ յառաջացնել, օրինակ` եթէ ստեղծենք, արդեօք բոլորը կը ցանկա՞ն մասնակցիլ: Հարց, որուն յստակ չենք կրնար պատասխանել եւ հաւանաբար  չենք կրնար բոլորը հաւաքագրել: Բայց եթէ չստեղծենք, ապա հայկական դպրոցներու գոյութիւն ունեցող պակասը այդպէս ալ կը մնայ չլուծուած: Իսկ եթէ ստեղծենք, ժամանակի ընթացքին այն կրնայ նոր թափ հաւաքել: Որքան շատ մարդ միանայ այս դպրոցին,  միայն կրնանք շահիլ: Պեռլինի մէջ, Կալկաթայի, Սիտնէի մէջ ապրող հայ աշակերտը կրնայ լիարժէք հայկական կրթութիւն ստանալ, եթէ մենք կարենանք ամէն ինչ ճիշդ հիմքներու վրայ դնել:

Յաճախ տրուող հարցերէն է նաեւ` համացանցային դպրոցը ոգի եւ շունչ կրնա՞յ փոխանցել: Պատասխանս փոխանցեմ  պարզ օրինակով մը: Ժամանակին  թատրոնէն դէպի սինեմա անցումը բաւականին աղմուկ բարձրացուց: Շատերը  թերահաւատ էին, կրնա՞յ արդեօք «պաղ» շարժանկարը փոխանցել թատրոնի մարդկային տաք շունչը, ոգին: Ժամանակը ցոյց տուաւ, թէ շարժանկարներն ինչպէս կրնան յուզել, ապրումներ փոխանցել մարդոց, հանդիսատեսին:

Նոյնն է նաեւ դպրոցի պարագային, եթէ կարենաս ստեղծել դասարան, ուր բոլոր դասերը փոխներգործող կ’ըլլան, ֆիզիկական ներկայութեան խնդիրը չի կրնար  խոչընդոտ ըլլալ:

– Պարո՛ն Գարագաշեանորքանով  Ձեր առաջարկած ծրագիրը

իրատեսական է եւ ի՞նչ  պէտք էորպէսզի այն հնարաւոր ըլլայ իրագործել:

– Եթէ մտածենք` իրականալի է, թէ` ոչ, ոգի, շունչ կրնայ փոխանցել, թէ` ոչ, միայն կը փնտռենք պատճառաբանութիւններ` ոչինչ ձեռնարկելով: Իսկ ոչինչ ընելով` կ’ունենանք այն պատկերը, ինչ ունինք այսօր: Սակաւաթիւ կրթական հաստատութիւններ, որոնք մեր կարիքները չեն կրնար բաւարարել: Այս ամէնէն ետք  անլուրջ է առտուընէ իրիկուն հայապահպանութեան մասին գեղեցիկ ճառեր ըսելը:

Եթէ լուրջ ճամփայ պիտի ելլենք կրթական օճախներ ստեղծելու համար, իբրեւ նմանօրինակ գաղափարի այընտրանք, ապա իւրաքանչիւր համայնքի մէջ հարիւրաւոր վարժարաններ պիտի ստեղծենք. միթէ՞ կրնա՞նք կամ հնարաւո՞ր է: Սա ոչ միայն անիրականալի է, մեծածախս, ֆինանսական լուրջ ներդրումներ պահանջող, այլեւ միջոցներ չունինք այդ ամէնը իրականացնելու:

Փոխարէնը` համացանցային վարժարանը  առջեւդ լայն հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ եւ մէկ վարժարանով կու տաս բոլոր հարցերու պատասխանը: Մեր տրամադրութեան տակ են նաեւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները, որոնք օրէ օր կը զարգանան եւ նոր հեռանկարներ կը բանան: Եթէ այս ամէնն ի օգուտ մեզի օգտագործենք, եթէ ժամանակին համընթաց քալենք ու պարբերաբար թարմացնենք մեր պարունակութիւնը, հասնալիութեան միջոցներն ու մեթոտները, կը կարծեմ` մեր բոլոր խնդիրներուն պատասխանը կ’ունենանք:

– Եւ վերջին հարցըպարո՛ն Գարագաշեանհայապահպանութիւնը ուրկէ պէտք է սկսիլ(նկատի ունենալով Ձեր փորձառութիւնըորպէս մանկավարժ եւ մարդոր կ’ապրիՍփիւռքի մէջ):

– Ամէնէն առաջ հայապահպանութիւնը կը սկսի տունէն, ընտանիքէն, ընդլայնուած ընտանիքէն` հայր, մայր, մեծ ծնողներ, ազգականներ, բարեկամներ, շրջապատէն, տան մէջ տիրող հայկական մթնոլորտէն, տան մէջ արծարծուող ազգային զգացողութիւն ունեցող նիւթերէն, որ կը յանգեցնէ լեզուի խնդրին: Ես այն մարդոցմէ եմ, որոնք տակաւին ամուր կառչած են լեզուին, որոնք կը համարեն, որ հայ լեզուն հայապահպանութեան առանցքն է: Դասական առումով` լեզուն է, որ լեզուամտածողութիւն կը ստեղծէ, իսկ լեզուամտածողութիւնը` հոգեկերտուածք: Սակայն այսօր մենք ունինք նաեւ մէկ այլ իրականութիւն եւ պէտք է մտածենք այլ միջոցներու մասին: Եթէ Սփիւռքի մէջ ապրող 4-րդ, 5-րդ սերունդի երիտասարդի ծնողները հայախօս չեն, շրջապատին մէջ հայկական դպրոց չկայ, մեծ ծնողները ներկայութիւն չունին անոր կեանքին մէջ, այդ երիտասարդի ինքնութիւնը չես կրնար խարսխել լեզուի վրայ: Հետեւաբար, պէտք է մտածես մնացած բաղադրիչներուն մասին, պիտի փորձես այդ «պակասը» լրացնել մշակոյթով, հայկական երգով, պարով, խոհանոցով, այդ ամէնուն աւելցնես նաեւ հայկական «activism»: Կամաց-կամաց, քայլառքայլ այս բաղադրիչներով կը սկսիս քարոզել այն, որ կը կոչուի ազգային դիմագիծ:

Օրինակ` Եւրոպայի մէջ, յատկապէս` Ամերիկայի մէջ, մենք այսօր Հայ դատի աշխատանքներուն լծուած շատ երիտասարդներ ունինք, որոնք այս կամ այն պատճառներով հայախօս չեն: Սակայն հոյակապ գործ կը կատարեն, շատ պարագաներու նոյնիսկ հայախօս հայերէ աւելի հայրենասէր, ազգասէր են ու կ’ընեն հնարաւոր ամէն ինչ մեր դատը, մեր երազները տեղ հասցնելու եւ ի կատար ածելու համար:

Այս ամէնը մեզի կը յուշեն, որ որքան ալ կառչած մնանք լեզուի գաղափարով հայապահպանութիւնը հիմնաւորելու խնդրին, այդքան ալ պէտք է բաց ըլլանք պրպտելու, փնտռելու այլազան մօտեցումներ, որպէսզի կարենանք մարդոց պահել հայկականութեան ծիրին մէջ:

Այս առումով Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնը, մեր երկու հանրապետութիւններու ներկայութիւնը շատ մեծ դեր ունեցաւ մեր կեանքին մէջ եւ տակաւին պէտք է ունենայ: Հետեւաբար, Հայաստանի եւ Արցախի հետ անմիջական կապը շատ բան կրնայ փոխել: Դէպի հայրենիք մէկ այցելութիւնն անգամ նուազագոյն կորիզ ունեցող հայուն մէջ շատ բան կրնայ փոխել:

Երկրորդ` ժամանակն ինքնին կ’ընթանայ այն ուղղութեամբ, որ հայութեան օրը կը մօտենայ իր արշալոյսին: Շատերը կը կրկնեն այս թռիչքաձեւ, գեղեցիկ խօսքը: Ես նոյնպէս կը հաւատամ, որ մենք ոչ շատ հեռու ապագային պիտի ունենանք ամբողջական ծաղկումը մեր ունեցած ստեղծագործ աշխարհին: Անգամ աշխարհը դէմ յանդիման դուրս կու գայ հայկական ալիքին: Եւ այդ ընթացքին է, որ մենք պիտի տեսնենք հայկականութեան վերազարթօնքը հայկական շատ կորսուած համայնքներու, սերունդներու հոգիներուն մէջ:

Բայց պէտք չէ այս հեռանկարով առաջնորդուիլ, պէտք է հաստատ քայլեր ձեռնարկել:

Այս իմաստով մեր դարաշրջանի քայլին համընթաց, յառաջախացման ալիքին վրայ պէտք է լուծումներ որոնենք: Եթէ մինչ այսօր մեր ունեցած միջոցները մեզի հասցուցած են 21-րդ դար, այսուհետ մենք պէտք է գտնենք նոր ձեւեր, որոնք առաւել արդիւնաւէտ կ’ըլլան: Այդ հարցով մեր ամենամեծ դաշնակիցը կրնան ըլլալ համացանցային արհեստագիտութիւնները: Սփիւռքի պարագային մենք կրնանք այն զէնքի վերածել, հայապահպանութեան իւրատեսակ ազդակի:

Մեզի կը մնայ ընդամէնը խոստում կատարել: Մեր հասած ճանապարհէն դիմացի ճամփան թռիչքով հասնելու որոշում կայացնել եւ անցնիլ գործի:

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան 

IMG 20171027 WA0059

Ճանչնալ – պաշտպանել – իրականացնել

Եւրոպական Միութեան ֆինանսաւորած "Ճանչնալ – պաշտպանել – իրականացնել" խորագրով ծրագրին իրագործման ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի 25 Հոկտեմբեր, 2017-ի առաւօտեան, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ յայտագիր մը՝ Սուրիահայերու օժանդակ յանձնախումբի հրաւէրով եւ ներկայութեամբ մեծ թիւով սուրիահայերու: Ծրագրի ընդհանուր նպատակն է նպաստել գաղթականներու, ապաստան հայցողներու եւ գաղթականներու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ:

Կարիտաս Լիբանանի կողմէ իրաւաբան Ճոյս Ճիհա եւ Նուհա Ռուքոզ ներկաներուն ներկայացուցին ծրագրին գործունէութեան ընթացքը, շեշտելով անոնց պարտականութիւնները իրենց ապաստանած երկիրներուն հանդէպ, ինչպէս նաեւ իրենց իրաւասութիւնները:

Ծրագիրը շահառուներուն կը տրամադրէ սոցիլական եւ իրաւական օգնութիւն, տնային աշխատանք ծաւալող գաղթականներուն համար բժշկական եւ մարդասիրական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ իրաւական իրազեկման դասընթացքներ Այնճար ապաստանած Սուրիահայերուն, ինչպէս նաեւ նիւթապէս կ'օգնէ իրենց կեցութեան թուղթերուն եւ կը քաջալերէ Հայաստան ապաստանիլ ուզողներուն:

IMG-20171027-WA0065
IMG-20171027-WA0063
IMG-20171027-WA0062
IMG-20171027-WA0060
IMG-20171027-WA0059
IMG-20171027-WA0058
IMG-20171027-WA0057
IMG-20171027-WA0056
IMG-20171027-WA0055

 

6th panarmenian 102017

Դրական Եւ Ժխտական Մատնանշումներ` Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ Համաժողովին Առիթով

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը գումարուած է արդէն Երեւանի մէջ, 18-20 սեպտեմբեր 2017-ին, շուրջ 1800 մասնակիցներով:

Բնականաբար, թէ՛ համաժողովէն առաջ, թէ՛ նաեւ համաժողովի գումարումէն ետք, բազմաթիւ հայորդիներ իրենց կարծիքն ու կեցուածքը յայտնեցին թէ՛ բանաւոր, եւ թէ՛ գրաւոր կերպով` յօդուածներ գրելով կամ արձանագրութիւններ կատարելով ընկերային ցանցերուն վրայ:

Այս քննարկումներն ու կարծիքներու փոխանակումը պէտք է միայն ողջունել: Այս արտայայտութիւնները կենդանութեան, հետաքրքրութեան, հայրենասիրութեան եւ առողջ մտածողութեան նշաններ են: Անոնց պէտք է մօտենալ ամենայն բծախնդրութեամբ` առանց վշտանալու նոյնիսկ շատերու ծայրայեղ գնահատականներէն:

6th panarmenian1 102017

Առաջին անգամ ըլլալով` ես ալ հրաւէր ստացայ  Հայաստանի սփիւռքի նախարարութենէն այս  համաժողովին մասնակցելու համար:

Քանի մը տարի առաջ Հայաստանի մէջ բազմամարդ ժողովի մը մասնակցելու նախկին փորձառութիւնս դառն եղած  էր: «Հայ ակրոֆորում պիզնես»-ը օրին համախմբած էր աշխարհի չորս կողմերէն հայ գիւղատնտեսներ` քննելու համար Հայաստանի գիւղատնտեսութեան իրավիճակը: Դժբախտաբար, սակայն, համաժողովը եղած էր ձեւական, եւ ժողովին բանաձեւը պատրաստուած էր նախքան ժողովի գումարումը… Յուսախաբ վերադարձած էի համաժողովէն:

Հակառակ այս դառն փորձառութեան` որոշեցի մասնակցիլ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովին:

Մասնակցութիւնս  օգտակար փորձառութիւն մը եղաւ ինծի համար:

Հիմա կ՛ուզեմ ընթերցողներուն հետ բաժնեկցիլ այս փորձառութիւնը եւ մատնանշել կարգ մը   դրական եւ ժխտական երեւոյթներ, որոնք նկատելի էին Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովի ընթացքին:

Դրական էր այսպիսի համաժողովի մը կազմակերպումը քանի մը պատճառներով.

Ա.- Այս համաժողովը կը համախմբէր հայութեան գրեթէ բոլոր հատուածներուն ներկայացուցիչները: Հայութեան համախմբումը, ի՛նչ առիթով ալ ըլլայ, միշտ դրական երեւոյթ է հայութեան համար: Նաեւ լաւ առիթ է մեր թշնամիներուն պատգամներ հասցնելու համար:

Բ.- Պէտք է գնահատել համաժողովին մասնակիցներու բարձր համեմատութիւնը, եթէ նկատի ունենանք, որ 2200 հրաւիրեալներէն 1800-ը ընդառաջած էին հրաւէրին:

Գ.- Տպաւորիչ էր ժողովին համար նկատի առնուած բնաբանը` «Փոխադարձ վստահութիւն, միասնականութիւն եւ պատասխանատուութիւն», որոնց այնքան կարիք ունի մեր ժողովուրդը:

Դ.- Խելացի կերպով պատրաստուած էր  համաժողովին օրակարգը`«Հայաստանի զարգացման հիմնախնդիրներ», «Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրների պայմաններում», «Արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ» եւ «Հայապահպանութեան հիմնախնդիրներ»: Չորս հիմնական օրակարգի գլուխներուն տակ ներառուած էին հայութիւնը յուզող գրեթէ բոլոր հարցերը:

Ե.- Բացի պաշտօնական խօսքերէն` նախագահներուն, կաթողիկոսներուն, վարչապետին, խորհրդարանի նախագահին եւ կարգ մը նախարարներու, առանձին նիւթերու մասին զեկուցումներով հանդէս եկան շուրջ 100 մասնագէտներ:

Զ.- Պէտք է արձանագրել, որ սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ ջանք թափած էր այս համաժողովը լաւագոյն ձեւով կազմակերպելու համար: Վերջապէս, զիրար ճանչնալու ու մանաւանդ զիրար հասկնալու լաւ առիթ էր այս համաժողովը:

Է.- Ողջունելի էր նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան (յառաջիկայ տարի) 100-ամեակին եւ քաղաքամայր Երեւանի 2800-ամեակին համար նախատեսուած  տօնակատարութիւններու ծրագիրներու ներկայացումը: Շատ օգտակար էր նաեւ իւրաքանչիւր մասնակիցի փոքր գրքոյկի մը տրամադրումը, որ կը ներկայացնէր 5-րդ համաժողովին (2014) եղած գլխաւոր առաջարկներն ու իրագործուած կէտերը, որոնք կ՛ապացուցէին, որ այս համաժողովները բաւական դրական  փոփոխութիւններու պատճառ հանդիսացած են, եւ ժողովներ չեն` միայն ժողովներ գումարելու սիրոյն:

Անշուշտ այս բոլորը դրական եւ քաջալերական երեւոյթներ են:

Չկայի՞ն թերութիւններ եւ բացթողումներ, բնականաբար կային:

Հիմնական բացթողումներ կարելի է նկատել.

Ա.- Բացման հանդիսաւոր նիստին, որուն ընթացքին խօսք առին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց նախագահներն ու զոյգ կաթողիկոսները, քոյր համայնքներուն եւ հայ ազգային կուսակցութեանց ներկայացուցիչները խօսք չունէին:

Բ.- Երիտասարդ ներկայացուցիչներու թիւի պակասը (մասնակիցներուն մեծամասնութեան տարիքը 50 տարեկանէն վեր էր):

Գ.- Շատ մը զեկուցումներու ջնջումը վերջին վայրկեանին (երեւակայել, որ մարդիկ տուն, տեղ ու գործ ձգած եւ զեկուցում պատրաստած` եկած էին համաժողովին իրենց կարծիքը յայտնելու):

Դ.- Համաժողովի մասին տարուած քարոզչական սխալ շեշտաւորումը, որ անուղղակիօրէն  պատճառ կը հանդիսանար, որ մեր ժողովուրդը  մեծ յոյսեր կապէ այս համաժողովին:

Ե.- Կային նաեւ այլ գործնական դժուարութիւններ, ինչպէս` նոյն ատեն գումարուող  չորս նիստերու առկայութիւնը չորս տարբեր սրահներու մէջ: Մասնակցողը եթէ ուզէր իսկ, չէր կրնար մասնակցիլ տարբեր նիստերու նոյն ատեն:

Զ.- Համաժողովին մասնակցողներուն մեծ թիւը,որ գործնականօրէն անկարելի կը դարձնէր հարցերու քննարկումը:

Է.- Ժամանակի սղութիւնը. երեք օրերու ընթացքին պիտի գումարուէին (բացի պաշտօնական ելոյթներէն) երեք լիագումար եւ բազմաթիւ կողմնակի  նիստեր:

Եթէ փորձենք գնահատական տալ այս համաժողովին, ի՛նչ ալ ըսենք, ճշգրիտ պիտի չըլլայ պարզ այն պատճառով, որ իւրաքանչիւր հայ արդարօրէն տարբեր անկիւնէ կրնայ դիտել այս համաժողովը` տարբեր ակնկալութիւններով:

Կարելի է սակայն կարգ մը ընդհանուր հաստատումներ կատարել եւ առաջարկներ  ներկայացնել յառաջիկայ համաժողովներուն համար:

Ա.- Համահայկական ժողովները, որոնք կը գումարուին 3 տարին անգամ մը, օգտակար  են: Հայ ժողովուրդին ուժը իր միասնութեան մէջ է, եւ այդ միասնութիւնը պէտք է պահպանուի բոլոր բնագաւառներէն ներս: Հետեւաբար երբեք պէտք չէ շուքի մէջ մնան քոյր համայնքներն ու հայ ազգային կուսակցութիւնները:

Բ.- Այս համաժողովները պէտք է ներկայացուին որպէս խորհրդակցական ժողովներ, որովհետեւ անոնք գործող մարմին չեն: Այս ժողովները պէտք է ծառայեն խորհրդակցելու` հայութեան ամէն տեսակի դժուարութեանց մասին: Հետեւաբար աւելի ճշգրիտ է «խորհրդակցական» բնորոշումին օգտագործումը: Այսպիսի խորհրդակցական ժողովներէն բնականաբար համեստ կ՛ըլլան նաեւ  մեր ժողովուրդին ակնկալութիւնները:

Գ.- Սփիւռք-Հայաստան անուանումը արհեստական բաժանումի, կամ երկու կողմերու տպաւորութիւն կը ձգէ: Աւելի շինիչ կրնայ ըլլալ Համահայկական  անուանումը, որուն մէջ մէկ կողմ կայ միայն` հայ ժողովուրդը:

Դ.- Նկատի ունենալով, որ այս համաժողովները կը կազմակերպուին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ եւ ունին համահայկական բնոյթ, յառաջիկային անհրաժեշտ է սփիւռքի կազմակերպութիւններու գործօն մասնակցութիւնը համաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, ինչ որ մեծապէս կը դիւրացնէ համաժողովներու կազմակերպական գործը:

Ե.- Յառաջիկայ համաժողովներուն անպայման ճիգ պէտք է թափել, որպէսզի ժողովի մասնակիցներուն մէջ երիտասարդները մեծ թիւ  կազմեն: Բաւական հսկայ թիւ մը կայ երիտասարդ մասնագէտներու, որոնց ներկայութիւնը այսպիսի համաժողովներուն անհրաժեշտութիւն է: Պէտք չէ մտահան ընել նաեւ այն իրողութիւնը, որ երիտասարդները ի վիճակի են մեծ պատասխանատւութիւն վերցնելու (կարգ մը յառաջադէմ երկիրներու վարչապետներն ու նախարարները  40-էն վար են տարիքով…):

Զ.- Յառաջիկայ համաժողովներուն անհրաժեշտ է ժողովներու գումարման  հետ առնչուող  դժուարութիւններուն լուծում գտնել,  որ բաւականին դժուար է` նկատի ունենալով ժողովականներուն մեծ թիւը եւ ժամանակի սղութիւնը:

Դժբախտաբար այս համաժողովին ես ալ  խօսք չունեցայ. անունս խօսքէ զրկուածներու ցանկին մէջ էր:

Հետեւաբար հարկադրուած եմ չարտասանուած խօսքս մամուլով ներկայացնելու: Շուտով:

Կ՛ուզեմ նաեւ իմ համոզումս յայտնել ընդհանրապէս ժողովներու մասին: Ժողովներու ընթացքին արտայայտուած որեւէ լաւ գաղափար կը նմանի ոսկեդրամի, որ եթէ ինկած է որեւէ ճամբու վրայ, անպայման մէկը կը նկատէ զայն ու կը վերցնէ:

?>