Լուրերու Արխիվ

LOGO hy

Կազմակերպութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան՝ Հինգշաբթի 28 Յունիս, 2018-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ զեկուցական հանդիպում մը, որուն ընթացքին Այնճարի քաղաքապետ Պրն. Վարդգէս Խօշեան ներկայացուց Այնճարի քաղաքապետութեան գործունէութեան առնչուող նիւթաբարոյական տեղեկագիր: Նաեւ քաղաքապետարանի յաձնախումբերը ներկայացուցին իրենց աշխատանքները ու խօսեցան իրագործումներուն ու ծրագիրներուն մասին:

Այս առիթով, մեր հայրենակիցներն ալ ներկայացուցին իրենց հարցերը, մտահոգութիւններն ու առաջարկները, որոնց տրուեցան յստակ բացատրութիւններ:

Վարձքը կատար բոլորին

 

12f14050-ef1c-4564-a705-831308aa3b8f
fecb62c6-5652-4292-89ce-0bf46e853eef
465dc506-db75-4df4-8575-d7093b239de2
bd18f1af-ecec-4255-bcf6-a4a2e6ec7edd
9d1b861c-5d6b-44a3-88c9-90026836b4a2
b48e34bc-6887-45a6-bfe7-9f0425c20515
8c7267f2-06d6-49c6-a817-0b4530a484ff
dd4d9f0d-8a35-4db6-aed8-9083e17dd5ca
cdf30e95-d5f0-4069-a475-5b7e2e701c7c
bf490709-aaf2-402f-9466-f46d930a6597
55504909-3797-46a0-8985-1355229a0cf4
a27d327e-f0aa-4339-8ab2-f78e8ef3644e
e9e61bd6-0003-4727-8c2c-30ddb5523cb1
33506170-2d61-4d7c-8aed-50b0c605c2f2
46e557c6-c1f6-490e-855b-b5ae7ccf2450
9d7e98ba-30d8-4439-bfd0-0f9d48e88466
4e2564a6-813b-482c-b0d2-fd03d10379d7
6f218d82-930f-46cd-ab44-058e593425a8
2e7aee4e-962c-4a22-8e73-0198da4074dd
26efbed5-7df6-41e0-8d1a-fe7c11ec0bfb

LOGO hy

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ. Լիբանանի շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Այնճարի մասնաճիւղին, Ուրբաթ 22 Յունիս 2018-ին տեղի ունեցաւ  Հայաստանի հանրապետութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100 ամեակի փառատօն:

Առաջնորդութեամբ փողերախումբին, նախ տեղի ունեցաւ սկաուտական շարքերու տողանցք:

Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համալիրին դիմաց պաշտօնական ձեռնարկ:

Բարի գալուստի խօսք արտասանեց եղբ. Միսաք Բաբիսեան: Ան ըսաւ. «Զուգադիպութիւն չէ այսօր, թէ մենք կը տօնենք 100 ամեակը Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան եւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան: 100 տարիներ առաջ Հայաստանի անկախութիւնը կերտեցին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսները, ըլլան անոնք Արամ Մանուկեան, Դրօ եւ շատ շատեր:

Եւ դարձեալ 100 տարիներ առաջ Շաւարշ Քրիսեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան եւ Վահան Չերազ «Բարձրացիր Բարձրացուր» նշանաբանով  հիմը դրին Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, որ կերտած է եւ կը շարունակէ կերտել սերունդներ, որ գիտեն ու պիտի պահեն հայկական արժէքներն ու սկզբունքները:» Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Սիրելիներ, եկէ'ք այսօր նորոգենք մեր ուխտը՝ մեր հաւատքի, մեր ազգի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի ուխտը, շարունակելով քալել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրներուն եւ Սարդարապատի հերոսներուն ուղիէն:»

Ապա, մասնաճիւղի արենուշներն ու պարմանուհիները ներկայացուցին պար մը:

Օրուայ պատգամը փոխանցեց եղբ. Վաչէ Նաճարեան: Ան ըսաւ. «Այն պահուն երբ Երեւանի մէջ Արամ Մանուկեանն ու անկախութիւնը կերտող հերոսները հիմը կը դնէին անխախ պետութեան, Պոլսոյ մէջ Քրիսեանի գաղափարներով եւ իրմով ներշնչուած Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան, Վահան Չերազ եւ ուրիշներ ծնունդ կու տային Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, որուն պիտի վստահուէր Հայ ժողովուրդին ծառայելու պարտականութիւնը: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ բացառիկ թուականներ են 28 Մայիս, 1918-ը եւ 16 Նոյեմբեր, 1918-ը:» Ան շարունակեց. «Մարզանքն ու սկաուտութիւնը իբրեւ միջոց ունենալով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը 100 տարիներ շարունակեց ազգային պատկանելիութեան զգացում զետեղել հայ մանուկին մէջ, ազգային կնիքով դրոշմեց այս երիտասարդ սերունդները: 100 տարի կանգուն մնալ կը նշանակէ թէ յաջորդ տարիներուն ալ պիտի շարունակենք դաստիարակել նուիրեալ մարզիկներու եւ անձնուէր վարչականներու կամաւոր բանակ մը, պատրաստ ծառայութեան առանց ակնկալութիւններու:»

Օրուայ պատգամին յաջորդեց երգ, կատարողութեամբ մասնաճիւղի արծուիկներուն:

Սկաուտի խօսքը փոխանցեց եղբ. Գօգօ Քէնտիրճեան: Ան նշեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականը այն պահանջատէր հայն է, որ իր սկզբունքով ու գործունէութեամբ պիտի շարունակէ մեր դատն ու իրաւունքները յիշել, յիշեցնել ու պահանջել: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Դո'ւն յաղթական հայորդի, պայքարի'ր մինչեւ որ Սարդարապատի զանգերուն արձագանգը հասնի Մուշ, Կարս ու Վան: Մինչեւ որ սուրբ դրօշդ ծածանի բռնագրաւեալ հողին վրայ: Այո', վրէժի ջահակիրները տարազով Արարատի լանջերուն պիտի տողանցեն ու Արարատի գագաթին պիտի բարձրացնեն Եռագոյն դրօշը, Մեր Հայրենիք քայլերգով:»

Պաշտօնական ձեռնարկը վերջ գտաւ կենդանի պատկերով մը, պատրաստուած մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ:

Ապա, բազմութիւնը մեկնեցաւ «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան կից գտնուով բակը, ուր կազմակերպուած էր տօնավաճառ քերմէս: Բարձր Տրամադրութիւններով ներկաները նաեւ վայելեցին Հրաչ Կայծակեանը, որ երեկոյն երգերով աւելի եւս ճոխացուց:

Վարձքը Կատար բոլորին:

LOGO hy

31 Մայիս, 2018-ին Հարիսայի մեծ պազիլիքին մէջ կատարուեցաւ մեծ տօնախմբութիւն մը, «Տիրուհի բոլոր ժողովուրդի» խորագրով:

Գեղանկարչուհի Նանոր Հաճեան այս առիթով երկու պատկերներ նուիրեց Աստուածամօր: Առաջինը Լիբանանի Մսայդպէ շրջանի նորակառոյց Վերոնիքա Ճիւլեանիի եկեղեցւոյ, իսկ երկրորդ պատկերը պիտի մեկնի Գերմանիա, Աստուածամօր եկեղեցին: Սոյն պատկերը Այնճարի մէջ Մայիս ամսուան ընթացքին Հայր Մեսրոպ Թօփալեանի ձեռամբ օրհնուեցաւ եւ ցուցադրուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ մինչեւ Մայիս ամսուան աւարտը:

 

LOGO hy

2017-2018 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման մանկապարտէզի հանդէսը, Շաբաթ 16 Յունիսի երեկոյեան, վարժարանիս շրջափակին մէջ համախմբած էր հոծ բազմութիւն մը: Ներկայութեամբ ՝ գիւղիս հոգեւոր հովիւներու , վարժարանիս բարերար՝ Տէր եւ Տիկ Լեւոն Թորոսեանի , «Կարմիր Լեռ» եւ «Արամ» կոմիտէներու ներկայացուցիչներու , Ազգային երեսփոխան ՝ Տոքթ. Խաժակ Այնթապեանի, ԼՕԽ-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներու , վարժարանիս խնամակալութեան , Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի , պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, բարերարներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ բազմաթիւ հայրենակիցներու, տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը: 
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանիս վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով ու ողջունելէ ետք ներկաները հաստատեց ըսելով՝ «վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը՝ տնօրէնութիւն , խնամակալութիւն, ուսուցչակազմ եւ ծնողներ, իրենց ճիգը չխնայեցին քաջալերելու, համբերելու եւ նեցուկ կանգնելու այս դարբնոցին, ի սէր նորահաս սերունդի մաքուր ու արդի կարելիութիւններով օժտուած միջավայրի մը մէջ աճման եւ տարրական գիտելիքներ ջամբելու գործընթացին մէջ»: Ապա ան երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր այն մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն , որոնք տարբեր առիթներով եւ զանազան միջոցներով օգտակար հանդիսացան մանկապրատէզին: Ան ըսաւ, «Հայաստանի հանրապետութեան առաջին անկախութեան 100 ամեակի Սերունդ կը կոչուին այսօրուայ մեր շրջանաւարտները»: Մանուկներուն շրթներէն հոսած խօսքերը, կ՛իմաստաւորեն այս յաղթանակը ու կ՛ըսեն, - «Մենք սփիւռքի զաւակներն ենք, մենք չենք ծնած Մայր Հայրենիքի մէջ, այլ Հայրենիքը ծնած է մեր մէջ:» 
Ապա Տիկ. Լենա բեմը յանձնեց փոքրիկներուն , որոնք մանկական պատումներով ու ոճով , սակայն իմաստասիրական խորքով, հանդիսատեսին փոխանցեցին «Հայաստանի Անկախութեան 100 Ամեակ»ի պատգամը: 
Օրուան գեղարուեստական յայտագրին իւրայատուկ փայլք տուին Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները, որոնք հանդէսի ընթացքին, մերթ ընդ մերթ բեմ բարձրանալով, վեր առին Հայաստանի Անկախութեան 100 ամեակի Տօնը: 
Ծիլ դասարանի երգչախումբի «Տղաների երգը» երգի կատարումով, ընթացք առաւ գեղարուեստական յայտագիրը, որուն յաջորդեց «Եռագոյն Ծիածան» պարը: Ապա բողբոջ դասարանի աշակերտները երգեցին «Իմ Երեւան» երգը ու պարեցին «Նաւաստիներու» պարը: Այնուհետեւ կոկոն դասարանի աշակերտները երգեցին «Մենակ չենք մենք» երգը և պարեցին «Նոր Սերունդ» պարը: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները երգեցին «Հայրենիքն Իմ» երգը ու պարեցին «Ղափամա» հայկական պարը: 
Գեղարուեստական յայտագրին յաջորդեց շրջանաւարտներու ուղերձը, որոնք հրաժեշտ տուին իրենց ուսուցիչներուն և մանկապարտէզին:
Նախ քան վկայականներու բաշխումը , Ծաղիկի շրջանաւարտներուն իր պատգամը փոխանցեց վարժարանիս տնօրէն Արմէն Թաշճեան: 
Ան իր խօսքը ուղելով ծաղիկ դասարանի աւարտականներուն ըսաւ, թէ «Հայաստանի անկախութեան 100ամեակի արեւով ծաղկած էք լիովին և ձեր ծաղքունքին բուրմունքը կը շնչենք բոլորս, և մեր եռագոյն ձգտումը, հրայրքն ու երազը նոր տրոփումներով յոյս և ուժ կ՛ամբարէ»:
Տնօրէնը հաստատեց թէ, առանց ձեր ծաղկունքին՝ կ’իմաստազրկուին, ո՛չ միայն մեր ազգային տեսլականն ու մեր բոլոր ձգտումները, այլեւ մեր ազգային հաւաքական կեանքը անապատացման ճամբան կը բռնէ»: Ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «ասկէ 100 տարիներ առաջ, միմիայն հերոսներու և սերունդի ծաղկունքն էր, որ Հայաստանը, հայութիւնն ու ընհանրապէս՝ հայկական քաղաքակրթութիւնը փրկեց անապատացումէ. առանց այդ խրոխտ ու վառ ծաղկունքին, մենք չէինք ունենար Սարդարապատ, չէինք ունենար անկախութիւն և հանրապետութիւն, չէինք ունենար դրօշակ և քայլերգ. Սերունդներու ծաղկումն է, որ պիտի ապահովէ ազգի անխափան երթը դէպի յաւերժութիւն. այդպէս էր երէկ, այդպէս է այսօր և ընդմիշտ՝ մեր ազգի յարատեւումը այդ մշտանորոգ ծաղկումով պայմանաւորուած»: 
Վերջապէս տնօրէնը շեշտը դրաւ Հայոց Պատմութեան այն մեծագոյն դասին վրայ, որ հիմնականը՝ սերունդներու ծաղկումին հետ ճշգրիտ ժամադրութիւն պահելու կարողութիւնն է: Ժամադրութիւն՝ այսպիսի՛ սերունդներու, զորս կը մկրտենք 28 Մայիսի արեւին շողերով և անոնց դպրոցական առաջին վկայականին մէջ կը դրոշմենք այդ արեւը, իբրեւ ինքնութեան անվրէպ ուղենիշ»: 
Ապա տնօրէնը շնորհաւորելով ծաղիկները , իրենց ծնողներն ու մանկապարտէզի անձնակազմը , բեմ հրաւիրեց վարժարանիս նախկին վաստակաշատ մանկապարտիզպանուհի՝ Օրդ. Վերգինէ Այնթապեանը, ինչպէս նաեւ Տիկ. Ծովիկ Սնապեանը որպէսզի կատարեն վկայականներու բաշխումը: 
Հրավառութեամբ ու բոլոր փոքրիկներու բեմ բարձրացումով փակումը կատարուեցաւ օրուան հանդիսութեան:
Մեր Շրջանաւարտներն են՝ Անտրէիա Սգայեան, Ալեքս Գէօհիւլեան, Աւօ Աւետիսեան, Բիւզանդ Սապունճեան, Զուլալ Թաշճեան, Լարա Պէքարեան, Կալինա Գասամանեան, Ճորճ Մալլօ, Մարիլին Ատաճեան, Յովակ Ադամեան, Նարօտ Անտէքեան, Ռուպինա Աշգարեան, Սելենա Փալազեան, Վահագ Խօշեան, Վանա Տէտուշեան, Վիգի Հաւաթեան և Րայմոնդ Դանիէլեան:

 

LOGO hy

 

Հայ դատի զինեալ պայքարի առաջին նահատակ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 42-րդ տարելիցը այս տարի իւրայատուկ ձեւով նշուեցաւ Այնճարի մէջ:

Արդարեւ հինգշաբթի, 31 մայիս 2018-ին, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, շրջանի մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր ֆութպոլի մրցում մը` նուիրուած Պետիկ Ինճէեանի յիշատակին:

Մրցումը կը համախմբէր ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի խումբի անդամներն ու ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի խումբը:

Մրցումը խորհրդանշական բնոյթ ունէր անոր համար, որ Պետիկ Ինճէեան եւ ՀՄԸՄ Այնճարի ֆութպոլի խումբի լաւագոյն մարզիկներէն էր (1973-1974 թուականներուն մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին), ե՛ւ մանաւանդ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերներէն էր:

Մրցումը տեղի ունեցաւ բարձր տրամադրութեամբ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Յատկանշական էր ներկայութիւնը գիւղի երիտասարդներու, սկաուտներու եւ արենուշներու, որոնք այդ օր եկած էին ո՛չ միայն քաջալերելու մասնակցող խումբերը, այլեւ յարգելու յիշատակը իր երիտասարդ կեանքը ազգին նուիրաբերած հերոս նահատակ Պետիկ Ինճէեանի:

Մրցումը վերջ գտաւ 2-1 արդիւնքով` ի նպաստ ԼԵՄ-ականներուն:

Աւարտին ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Պետիկ Հերկելեան յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Պետիկ Ինճէեանի ընտանեկան պարագաներուն: Յուշանուէրը ստանձնեց փոքրիկն Պետօ Թաշճեան:

Այս առիթով Լեւոն Թաշճեան իր սրտի խօսքը ուղղելով շեշտը դրաւ այն հանգամանքին վրայ, որ երբ Հայ դատի նահատակ զինուորը յաճախ կը յիշուի զանազան առիթներով, ասիկա կը նշանակէ, թէ ան կ՛ապրի իրերայաջորդ սերունդներուն մէջ եւ օրինակ կը ծառայէ նուիրուածութեան, անշահախնդրութեան եւ անկեղծ ծառայութեան` ի խնդիր հայ ժողովուրդի անկատար տենչերուն իրագործման:

Շարունակելով աւանդութիւնը` ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպած էր նաեւ Պետիկ Ինճէեանի նահատակութեան 42-րդ տարելիցին նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւն, որ տեղի ունեցաւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, կիրակի, 3 յունիս 2018-ին, յաւարտ սուրբ պատարագի: Ապա ԼԵՄ-ականներ այցելեցին գերեզմանատուն եւ ծաղիկ զետեղեցին նահատակին շիրիմին:''

 

34074343101561897492365788896641994768515072o
Bedig-Injeyan153118
33990076101561897523565788979222430480334848o
33990782101561897502765785174128452743200768o