ՇՈՂԵՐ ԳԱՌՆԷՇԵԱՆ-ՄԽՃԵԱՆ
Առաջին տպաւորութեամբ բաւական խտրական, հատուածական եւ, հետեւաբար, նաեւ վիրաւորական կը թուի ըլլալ այս նախադասութիւնը, երբ մանաւանդ զայն դիտարկենք զուտ համամարդկային ընդհանուր արժեհամակարգի պրիսմակէն, այլ խօսքով` «բոլորը հաւասար են» հասկացողութեամբ:
Շատ փոքր տարիքէս կը յիշեմ, որ մեր տան մէջ աղօթքի նման կը թեւածէր եւ մօրս կողմէ յաճախ կը կրկնուէր «Մենք` հա՛յ, լուսաւորչակա՛ն, սուրբ դաշնակցակա՛ն, այնճարցի՛ ենք» հաստատումը, որուն անպայմանօրէն կցուած կ՛ըլլար «հպարտօրէն»-ը:
Պարագաներու բերումով, իր պատանեկան տարիները եւ երիտասարդութեան առաջին փուլը Համտուն անցուցած, բոլորովին այլ եւ շատ յաճախ օտար շրջանակ մը ունեցած մօրս համար ինչո՞ւ, սուրբգրային իրականութեան մը նման, այսպէս քարացա՛ծ հաստատում մը պիտի հնչէր, այն ալ` Լիբանանի մէկ անկիւնը թառած գիւղի մը մասին, ուր կ՛ապրին նաեւ հայկական այլ յարանուանութիւններու յարգելի համաքաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ` քաղաքական այլ հայեացքներու տէր ստուար թիւով անձեր:
«Մեզի համար բոլորը յարգելի են: Ամէն մարդ ազատ է: Մենք ալ հպարտ ենք, որ մուսալեռցի-այնճարցի ենք», կը շարունակէր կրկնել մայրս` պատմելով «հայ մնալու» վճռակամութենէն մղուած եւ հայերէնն ու յատկապէս Մուսա Լերան բարբառը չմոռնալու համար նախ որոշ ժամանակ մը Այնճար գիշերօթիկ ըլլալու եւ այդ առիթով նաեւ քոյր Հետուիկին «կեանքի դպրոցի»-ն աշակերտելու, իսկ աւելի ուշ արդէն Համտուն հաստատուած ժամանակ «Ապու Նազիմին փոսթայով» ամէն շաբաթավերջին, սաստիկ բուքին ու ձիւնին, Այնճար ՀՄԸՄ-ի սկաուտութեան հաւաքներուն ներկայ գտնուելու իր պատմութիւններուն մասին, որոնք, թէեւ` գողգոթային, սակայն այժմ արդէն համով-հոտով յուշեր են:
Այս մթնոլորտին մէջ մեծնալով` բնականաբար կեանքի մեր ուղեգիծը եւս խարսխուած պիտի ըլլար այս բնաբանին վրայ:
Բայց, եկէք, պահ մը առարկայական գնահատական մը տանք եւ իսկապէս պեղենք մուսալեռցի-այնճարցիի նկարագիրն ու կերպարը` հասկնալու համար, որ արդեօք այս «պինդգլուխ լեռնցիներու հաւաքականութիւնը»` «եապանճիներու հանդէպ զգայնութիւններ ունեցողները» որո՞նք են:
Ըլլալով հայ ժողովուրդին մէկ անբաժանելի բաղադրիչն ու մասնիկը` մուսալեռցին անմասն չէ եղած հայութեան վիճակուած տառապանքներէն եւ իր գոյատեւման համար մղուած պայքարներէն:
Հայ ժողովուրդին եւ ազգին գոյատեւման համար իր գերագոյնը զոհաբերած այս լեռնցին կարելի բոլոր միջոցներով պաշտպանած է նախ Հայ եկեղեցին, ապա` իր հայրենիքը, իսկ երբ վտանգը սպառնացած է իր գոյութեան, ապա ցցած է իր «սուր ակռաները»` ծամելու համար հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութիւնը խախտել փորձող նախայարձակները:
Ուղիղ ութսուն տարի առաջ հաստատուելով Այնճարի մէջ` մուսալեռցին, հայ մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի բառերով` «Ինչե՜ր ասես, որ չէ արել… Քար է շրջել, սար է շարժել», այո՛, ճի՛շդ «հայ մօր» կերպարի մարմնացումով «ծով լռութեամբ, համբերութեամբ» կեանք ստեղծեր է լքուած ու անմարդաբնակ տափաստանի մը մէջ, ուր այդ ժամանակ գայլերն ու բորենիները նոյնիսկ մեծ քաջութիւն պէտք էր ունենային ապրելու եւ մանաւա՛նդ գոյատեւելու համար:
Այնճարի ստեղծման առաջին փուլը իսկապէ՛ս որ մեծ դժուարութիւններով, զրկանքներով եւ զոհողութիւններով լի եղաւ, սակայն շնորհիւ իր աննկուն կամքին եւ վճռակամութեան` մուսալեռցի-այնճարցին իր տքնաջան աշխատանքով եւ արդար քրտինքով կրցաւ կերտել եւ շէնցնել իր «նոր հայրենիք»-ը:
Ուրեմն այս պայմաններուն մէջ հասակ նետած այնճարցին բնականաբար պիտի կառչէր զինք կորուստէ փրկած լաստին` վերոյիշեալ կարգախօսին, եւ անոր ընդմէջէն ալ սերտօրէն կապուած պիտի ըլլար իր եկեղեցւոյ (առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներով) եւ ասոր կողքին, վստահաբա՛ր պիտի զգար իրեն միշտ տիրութիւն ըրած ու բոլոր փորձանքներէն պաշտպանած Դաշնակցութեան հայրական գուրգուրանքը:
Հակառակ իր կոշտ կերպարին, սակայն, մուսալեռցի-այնճարցին շատ նուրբ եւ չափազանց զգայուն հոգիի տէր, հիւրասէր եւ կեանքն ու քէֆը սիրողի բնաւորութիւն ունի:
Իր ազգային ու մշակութային ժառանգութեան ամրօրէն կառչելով եւ իր աւանդութիւններն ու սովորութիւնները պահպանելով հանդերձ, այնճարցին միշտ ցուցաբերած է մարդկային մօտեցում` հանդէպ այն ընտանիքներուն, որոնք պարագայի բերումով հաստատուած ու ապրած են Այնճարի մէջ: Այնճարցիները սրտբաց ու գրկաբաց ընդունուած են բոլոր «հիւրերը», սակայն պայմանաւ որ անոնց ներկայութիւնը որեւէ ձեւով չսպառնայ գիւղի անդորրութեան եւ յատկապէս բնակիչներու ապահովութեան, այլապէս գործի դրուած է այլ տեսակի «լեզու» մը:
«Եապանճի» շատ մը հայերու կողքին, Այնճար բնակած են նաեւ տեղացիներ` արաբներ եւ օտարահպատակներ: Շնորհիւ Այնճարի մէջ տիրող մթնոլորտին ու այնճարցիներու իւրայատուկ խառնուածքին եւ գիւղին մէջ բոյն դրած համակեցութեան ու համերաշխութեան սկզբունքին, անոնք եւս մաս կազմած են տեղւոյն բնակչութեան` սորվելով լեզուն, Մուսա Լերան բարբառը, ճաշատեսակները… եւ այլն: Այլ խօսքով, դառնալով լիիրաւ քաղաքացիներ` երբեմն նոյնիսկ այնճարցիներէ աւելի պաշտպանած են գիւղն ու անոր շահերը:
Մեզմէ շատերուն ծանօթ են` հայոց պատմութեան մրցանակի արժանացած «Էպան» ու այժմ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած եւ Քարաունէն սերած անոր շատ յարգելի «Օգտի» ընտանիքը: Այնճարեան աւանդական տաւուլ-զուռնայի սիրահար «Կիխխի, տուղա՜» գոռացող ու պարեղանակին հետ իր ոտքերն ու հոգին միասնաբար թնդացնող գերմանացի, «Հայ դատի պաշտպան» Եոնին (Շփենկընպըրկ) եւ անոր սիրելի ընտանիքը: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի պասքեթպոլի մարզիկներէն Օմարը, որուն ընտանիքը չերքեզ էր: Այնճարի բարբառով լաւապէս հաղորդակցող տեղացի հարսերը: Եկեղեցւոյ` «Աստուծոյ տան» մէջ աղօթող տիւրզի Սիհամը… եւ տակաւին` բազմաթիւ այլ անուններ:
Այո՛, ա՛յս է իսկական այնճարցին:
Հայկական սփիւռքի մայրաքաղաքը նկատուող Պէյրութէն բաւական հեռու վայրի մը մէջ արմատ նետած մուսալեռցիներու նոր հայրենիք Այնճարը լոկ հողատարածք մը չէ՛: Հողաշերտէ մը անդին, ամէն բանէ առաջ «ոգեղէն» ներկայութիւն է: Այնճարը, Մուսա Լերան գոյատեւման գրաւականը եւ, հետեւաբար, նաեւ կտակն է:
Մենք` իբրեւ մուսալեռցիներու շառաւիղ, պարտաւոր ենք ամէն բանէ առաջ ապրեցնելու «Ոգեղէն Այնճար»-ը, ո՛ւր որ ալ երթանք եւ ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ գտնուինք:
Մենք ենք մեր սարերը: Մենք ենք Մուսա Լեռ-Այնճարը…
ՆԱԹԱԼԻ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
Իսկական մարդ է ան, որ կը ճանչնայ մարդկութեան յարգը եւ միայն խոնարհութեամբ կը պատերազմի: Իսկ մաքուր սիրտը ամբողջ մարդկութիւնը մաքուր կը տեսնէ: Այսպիսին էր Եսայի Մարգարեանը կամ Տոլար պապուկը, հեղինակը`
«Մուսա Լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք,
Անտանելի նեղութիւններ կրած ենք,
Ազգին համար թուրքերուն դէմ կռուած ենք,
Դաշնակցութեան դրօշին նուիրուած ենք…» երգին, որուն բառերը այնքան հարազատ եւ հոգեպարար կը հնչեն:
Բայց ո՞վ է Տոլար պապուկը: Ան ծնած է Մուսա Լերան Խըտըրպէկ գիւղը, 1889-ին. 1913-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր մնացած է աւելի քան 33 տարի, որմէ ետք 1946-ին վերադարձած է Այնճար եւ մասնակցած` Այնճար հայաւանի կառուցման: Զբաղած է երկրագործութեամբ. զգալի սէր ունեցած է բանաստեղծութեան եւ երաժշտութեան հանդէպ, յօրինած է երգեր:
Տոլար պապուկը բնատիպ մուսալեռցիի յատկանիշերով օժտուած անձնաւորութիւն մըն էր. եթէ այսօր ամբոխի մը մէջ գտնուէր, վստահաբար ուշադրութիւն պիտի գրաւէր իր տաքարիւն, աշխուժ, ընկերասէր եւ կատակասէր բնաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ` եզակի մտածելակերպի առանձնայատկութիւններով, որոնք ժառանգած էր մուսալեռցիի երկար պատմութեան ընթացքին:
Ինչպէս առանց աղի ճաշը կ՛ըլլայ անհամ, խոնարհութիւնն ալ կեանքի չի վերածուիր, եթէ չներենք, եթէ չսիրենք, եթէ չբաժնեկցինք: Տոլար պապուկը իր ուրախութիւնը, իր ցաւերն ու հոգերը կը մեկնաբանէր բանաստեղծութեամբ, երգով եւ երաժշտութեամբ, եւ այսպէս, բաժնեկցած կ՛ըլլար իր սէրն ու վիշտը, հոգն ու ուրախութիւնը: Ան կ՛ըսէր` ուրախ կ՛ըլլայ ան, որ կը ծառայէ եւ օգնութեան կը հասնի ուրիշին: Բարութիւնը իր արժանիքն էր: Երբ վշտանար դրացուհի «կապպայտ Մայրում»-էն, երգ կը յօրինէր անոր համար: Իսկ հօրեղբօր տղուն հոգերը թեթեւցնելու համար քառեակ մը կը բանահիւսէր կամ կատակ-երգ մը կը շարէր կին ու մարդ ծեծուելու մասին: Իսկ երբ գիւղին մէջ մահ մը պատահէր, ան կը կրկնէր. «Գնա՛, գնա՛, ես գացողը չեմ»: Բայց իր վերջին օրերուն, երբ ան ըսաւ` «Կը մեռնիմ ահա», հարազատները հաւաքուած` ուզեցին յիշեցնել իր հռչակաւոր խօսքը եւ ըսել տալ իրեն, տխրագին պատասխանեց. «Կը քշեմ, բայց ան չ՛երթար, յամառ է»:
Տոլար պապուկը միշտ համախմբած է մուսալեռցիները ուրախ առիթներով: Իր երգերը կը պատմեն մուսալեռցիին առօրեան, եւ կեդրոնական տիպարը յաճախ կը յայտնէ իր դժգոհանքը, յուսախաբութիւնը, յուզումները, ինչպէս նաեւ` ուրախութիւնները, իղձերն ու երազները: Յարգա՛նք Տոլար պապուկին, այսօր իր երգերը անգամ մը եւս կը հրատարակուին Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Յաւերժ Մուսա Լեռ» նոր երգարանին մէջ: Անոր յիշատակը անմոռաց կը մնայ միշտ եւ ոգին կ՛ապրի մեզի հետ:
Հայրենասիրական զգացումներով լիացած հայուն` բարի, համակ, ընկերասէր եւ ազգասէր, իրաւ հայ մարդուն, որ իր շրջանակին մէջ իմաստ տուաւ իր կեանքին եւ եղաւ մնայուն պատգամ նոր սերունդներուն:
Այս անձին ահա դուք ծանօթացաք, բայց իբրեւ հոմանիշ` կ՛ուզեմ զինք վերանուանել «անմահ հերոս». յարգա՛նք իր յիշատակին:
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, շաբաթ, 28 սեպտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ նախագահ Սիմոն Սիմոնեանի հետ:
ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Մարինէ Գարայեան կոմիտէութեան եւ հայրենակիցներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց Այնճար եկած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանին եւ նախագահ Սիմոն Սիմոնեանին: Ան իր խօսքին ընթացքին ամփոփ կետերու մէջ ներկայացուց ընկերներուն կենսագրականը:
Սաղաթէլեան եւ Սիմոնեան ներկայացուցին Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը` իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, որ միայն իշխանութեանց սխալները չի մատնանշեր, այլ նաեւ այլընտրանքներ կը ներկայացնէ:
Ապա անոնք պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:
ԱՐԱ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
Լեռ վիթխարի
Վիրաւոր
Լեռ յաղթական
Բայց արնոտ
Լեռ սրբազան
Դարաւոր…
Ամէն ինչ լեռը պահեց
Մեռելները մեր անյաղթ եւ ծառերը արեւի
Որոնց վրայ լոյսը շող դարձաւ պտուղ`
Արեգակ արդար թէեւ
Բայց ցաւի արցունք է որ կը կաթի
Ամէն առտու երբ առնես լեռը գրկիդ մէջ կախարդ…
Ամէն ինչ լեռը պահեց
– Մեր անցեալը արեւոտ –
Որ դարձած է երգ թախծոտ
Էջերուն մեր պատմութեան…
Լեռը մնաց արիւնոտ յիշատակը մեծութեան
Ազգիս որ միշտ կը նայի այդ մշուշոտ կատարին…
Լեռը մնաց յիշատակ այն օրերէն
Որ կնքեց ազգիս անունը բոլոր մատեաններուն մէջ օտար…
Լեռը մնաց այդ ուժեղ պատարագը հաւատքիս
Ուրկէ ամէն օր լռած տիրոջ ձայնը կը լսուի…
30 յունուար 2013
Լեռը
Դատարկ
Արիւնոտ
Հսկայական
Վիթխարի
Լեռը
Հեռուն
Արիւնոտ
Հսկայական
Առանձին
Լեռը
Մեր մէջ
Արիւնոտ
Հսկայական
Դեռ կ՛աճի
Լեռը
Մինակ
Արիւնոտ
Ամէն օր զիս կը ծնի
11 փետրուար 2013
«Նաւերն Եկան Ու Հեռացան, Չտեսան Մեզ»
Ն. Սարաֆեան
Նաւերն եկան ճանճեր բեռցած
Աղօթքի պէս մեր սրտերը բարձրացան վեր
Երբ մենք իջանք լեռնէն ի ցած
Ոչ մէկը մեզ կը կարեկցէր
Աղօթքի պէս լեռը մնաց խորհրդաւոր
(Բայց անառիկ)
Իր գրկին մէջ պահած սերմը հայոց ազգին
Աղօթքի պէս լեռը լռեց մայրամուտին
Ի տես նաւուն որ հեռացաւ ճանճեր բեռցած:
13 սեպտեմբեր 2013
Եւ Ողորմեա…
– Ան որ կեանքով իր դեռատի
Դարձաւ ժայռ մը
– Ան որ լերան հետ նոյնացաւ
իր արիւնով
– Ան որ մահուամբ իր իմացեալ
դարձաւ աղօթք
– Ան որ մահուամբ իր իմացեալ
ծնաւ դարձեալ ամէն առտու
– Ան որ ծնաւ ամէն առտու
իր մահուամբ հեզ սերունդները գալիք անյաղթ
– Ան որ լերան մէջ ծլեցաւ
Իբրեւ շուշան…
16 սեպտեմբեր 2013
Ես քեզ մեղա՛յ Մուսա Լեռ
Որ դարերով քեզ գրկած
Ձգեցի քեզ առանձին,
Եւ չարաշուք թշնամին
Քեզ կոխկռտեց ու անցաւ,
Ոտքերուն տակ իր մոլի
Պատմութիւնդ քարացաւ
Ժայռերուդ պէս ամեհի..-
Ես քեզ մեղա՛յ Լեռ հզօր
Որ աստուածները բոլոր
Քեզ ձգեցին առանձին,
Մայրամուտին տակ մինակ`
Տրտում, տխուր, առանձին…
10 սեպտեմբեր 2015
Հեռուէն հեռու նաւերն անցան
Մենք մնացինք գամուած ժայռին
Հեռու հեռուէն նաւերն եկան
Ու մեզ տարին մայրամուտին…:
Նաւերն գացին մենք մնացինք
Առանց լերան մեր ամեհի
– Նաւերն գացին
Մենք մնացինք
Ոտաբոպիկ ու առանձին:
Փորթ Սայիտի արեւին տակ
Նաւերն յանկարծ անհետացան
Եղանք մինակ, անհպատակ
Հոգիները մեր քարացան…:
Նաւերն գացին մենք մնացինք
Առանց լերան մեր ամեհի
– Նաւերն գացին
Մենք մնացինք
Ոտաբոպիկ ու առանձին:
10 մայիս 2016
Լե՛ռ
Քեզ հեռուէն կը գրկեմ
Իբրեւ անձայն պատարագ
Հոգիներուն համար որ
Քու կողերուդ կռուեցան:
Լե՛ռ
Քեզ հեռուէն ես կ՛երգեմ
Իբրեւ երազ անաւարտ
Հոգիներուն համար որ
Քու լանջերդ չտեսած
Դարձան
Հեռու հեռաւոր
Աքսորական հոգիներ
Թափառական
Աշխարհիս չորս ծագերուն
Կորսուած…
Լե՛ռ
Քեզ հեռուէն կը շնչեմ
Անիրական
Որ բացա՛ծ…
11 սեպտեմբեր 2017
Լեռ անաւարտ տեսլական
Մշուշին մէջ ընկղմած
Լեռ անաւարտ իմ հեքիաթ
Նաւերը լուռ հեռացան…:
Լեռ վիթխարի անսահման
Սրտերուն մէջ ուռճացած
Լեռ անաղարտ իմ հեքիաթ
Նաւերը քեզ հոն մոռցան…:
Լեռ հրաշքի մարտական
Հոգիներուն մէջ սնած
Լեռ եզակի իմ հեքիաթ
Տխրութիւն առաձգական…
9 մարտ 2018
ՍՈՒԶԻ ՍԹԱՆՊՈՒԼԵԱՆ
Մշտադալար այդ դափնին մեր ընտանիքի ծառը կը համարուէր: Ան մեր ընտանիքին ամբողջ պատմութիւնը կը պարփակէր իր մԷջ: Մուսա Լերան հերոսամարտի մարտիկներուն կամքի ուժով պատրաստուած այս ծառին ծիլը մեծ հայրս, իբրեւ թանկագին յիշատակ, իրեն հետ բերած էր, երբ Մուսա Լերան ժողովուրդը գաղթի ծովուն քմահաճ ալիքներուն ենթարկուելով` եկած եւ հաստատուած էր Լիբանան, Այնճար:
Պատահական չէր, որ մեծ հայրս իր Մուսա Լերան պարտէզի ստուար եւ զանազան ծառերէն ընտրած էր մշտադալար դափնին, որ շուտով պիտի դառնար մեր ընտանիքին դափնեկիրը` ապրելով պապուկիս կրած կեանքի բոլոր դժուարութիւնները:
Ան հասակ առած է հօրս հետ, ներկայ եղած` անոր հարսանիքի խնճոյքին, իր անուշաբոյր տերեւներով շաղած` նոր հարսին հինան, հետզհետէ աճած, մեծցած եւ հօրս շէնքի կառուցման հետ հասակ նետած ու բարձրացած էր մինչեւ երկրորդ յարկ` դառնալով վիթխարի եւ յաղթանդամ: Մշտադալար ներկայութիւն էր ան մեր բակին մէջ, մեր մանկութեան կը խաղայինք ու կը վազվզէինք, եղբայրներս կը մագլցէին անոր հաստաբուն կոճղին` պահուըտելու համար խիտ տերեւներուն մէջ. մեծ մայրս թոնիրին առջեւ ձմրան մթերքը կը պատրաստէր, իսկ գիշերը ամբողջ ընտանիքով խարոյկին շուրջ կը հաւաքուէինք` պատրաստուած լոլիկի խիւսը համտեսելու կամ մնացած խարոյկին մէջ կորեկ խորովելու համար:
Ամէնէն շատ քոյրս եւ ես վայելած ենք այդ ծառը, որովհետեւ մեր սենեակին պատուհանէն պարզուող ամէնէն գեղեցիկ տեսարանն էր. գարնան բաց դեղինով ծաղկած, ձմրան ճեփճերմակ ձիւնով ծածկուած, իսկ արեւի շողերուն հետ միախառնուող թռչուններուն ճռուողիւնն ու անոնց թեւերու թափահարումը ծաղիկներուն եւ տերեւներուն վրայ, դիւթիչ եւ բուրումնաւէտ երաժշտութիւն մը կը յօրինէին:
Ան միակ ականատեսն էր մեր մանկութեան չարաճճիութիւններուն, պատանեկան խռովութիւններուն, մինչեւ իսկ` մեր սիրոյ խոստովանութիւններուն, երբ ժամերով կը նստէինք պատուհանին առջեւ, մեր աչքերը երկա՜ր յառած դափնիին` կը զրուցէինք, մանաւանդ` լուսնի լոյսով փայլուն գիշերներուն, երբ տերեւներուն շուքը մեղմ զեփիւռին հետ կ՛օրօրուէր մեր մահիճներուն վրայ` իրեն հետ օրօրելով նաեւ մեր անմեղ երազները:
Եւ այսպէս, օրերը յաջորդեցին իրարու, եւ մեր ծառը արդէն վիթխարի բակին մէջ յաջորդաբար պար բռնեց իմ, եղբայրներուս եւ քրոջս հարսանեկան խրախճանքներուն: Բոլորս ալ մեր առանձին ընտանեկան բոյները ունեցանք, սակայն երբեք չմոռցանք մեր ծառը. միշտ կ՛այցելէինք մեր բակը, եւ արդէն մեր զաւակները կը խաղային դափնիին հովանիին ներքեւ:
***
Այնճարի գարնանային արեւոտ եւ մեղմ օրերէն մէկն էր, փոքրահասակ զաւակներուս հետ միասին, օրօ՜ր շորո՜ր, մերթ արեւի շողերուն տաքութիւնը եւ մերթ ծառերու շուքը վայելելով` հասանք ծնողքիս տունը: Հազիւ ներս մտած էինք, երբ փոքրիկները յատուկ չարաճճիութեամբ սկսան վազվզել սենեակէ սենեակ, կարծես` բնազդաբար հետազօտելու…
Յանկարծ, մեր սենեակին շեմին, ապշած, գամուած մնացի. թեթեւցած հոգիս ուժգնօրէն սկսաւ ծանրանալ սրտիս վրայ` պահ մը անդամալուծելով ամբողջ մարմինս, եւ հազիւ կրցայ բացագանչել` «Ո՞ւր է մեր ծառը»… Նոյնիսկ չլսեցի արդարացնող բացատրութիւնները` ծառին արմատները… դրացիին պատը… ճեղքուիլը… փուլ գալու վախը… եւ իսկապէս չեմ յիշեր` այդ օրը ի՞նչ եղաւ, ե՞րբ տուն վերադարձայ: Միայն կը յիշեմ իմ զգացած խոր վիշտս: Ես այդ օրը նկատեցի, թէ որքա՜ն դափնիի ծառը ներշնչանք եւ նեցուկ էր մեզի համար` անկախ իր բնական գեղեցկութենէն: Անոր մէջ խտացած էր մեր կեանքը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով, գաղտնիքներով եւ լաւ ու վատ յիշատակներով: Իր վիթխարի կեցուածքով ինքնավստահութիւն եւ ուժ ներշնչած էր մեզի տարիներ շարունակ, իսկ հիմա մեր տունը մնացած էր առանձին եւ անհոգի:
***
Տարինե՜ր անցան: Մեր զաւակները մեծցան եւ այլեւս աւելի քիչ կ՛այցելէինք մեր բակը: Չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, վերջերս բակ իջած էինք, աչքիս զարկաւ դափնին, որուն կտրուած կոճղէն տասնեակներով ճիւղեր կը յամառէին վեր բարձրանալ. անցեալի այդ վիթխարի ծառը այժմ կը նմանէր սաղարթախիտ թուփի մը:
Մտքովս սկսայ պեղել մուսալեռցիի պատմութիւնը, Մուսա Լերան 40 օրերու հերոսամարտի պայքարը եւ տեսայ մուսալեռցիի կամքն ու հաստատակամութիւնը` հանդէպ կեանքի: Յանկարծ կարծես ծառը լեզու առաւ եւ շշնջաց. «Ես կա՛մ ու պիտի մնամ»: