Այս տարի, Այնճար գիւղին 80-ամեակն է: Մամուլի եւ համացանցի միջոցաւ շատեր կարդացին այն որակաւոր ձեռնարկներուն մասին, որոնք կազմակերպուած էին Այնճարի մէջ:
Այնճարցիները տօնական եւ յաղթական մթնոլորտի մէջ բացումը կատարեցին ազգագրական թանգարանին, վերականգնած ժամացոյցին, հայր Վահան Քէնտիրճեանի կիսանդրիին, «Ճամպազեան» արեւտրական կեդրոնին եւ տոհմիկ երեկոյով ու սիրոյ սեղանով աւարտեցին տօնակատարութիւնը, որ բացառիկ երեւոյթ է Սփիւռքի մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամը եւ գիւղի բնակչութեան փոքրաթիւ ըլլալը:
80 տարիներ առաջ, դաժան էր Այնճարի կեանքը: 1939-ի ամրան, ֆրանսական իշխանութիւնները որոշեցին սուրիական Սանճագը յանձնել Թուրքիոյ: Ապահովութեան ոչ մէկ երաշխիք ունեցող մուսատաղցիք, ֆրանսական իշխանութիւներուն օգնութեամբ՝ Անտիոքի եւ Քեսապի ճամբով հասան Պասիթ ծովեզերեայ շրջանը: Հոն ժողովուրդը մատնուեցաւ անպատմելի դժոխային կացութեան մը: Երբ առաջին անգամ Մուսա լեռ այցելեցի, 2002-ին, ցնցուեցայ, երբ մտածեցի, թէ ժողովուրդը պարտադրուած է հեռանալ գեղատեսիլ ու բարեբեր իր հազարամեայ բնօրրանէն՝ Մուսա լեռէն, դէպի Պասիթի նման վայր մը, ուր պարտադրուեցաւ ապրիլ սաւաններու տակ. հիւանդութիւնները աւեր գործեցին: Մուսալեռցի գրող Պօղոս Սնապեան այդ օրերուն մասին ունի հոյակապ արձակ կտոր մը՝ «Պարը», որուն մէջ կը նկարագրէ ժողովուրդին պարը գիշերուան տեղատարափ անձրեւին տակ, որ իրականութեան մէջ մահու կենաց պար մըն էր: Տարաբախտ գրող Եդուարդ Պոյաճեանի տողերով. «Աստուած կը մաղէր ճեպելմուսացիներուն վրայ կայծակ ու եղերական ջուր: Ճեպելմուսացիներուն դրախտ Պասիթը, Սոդոմ Գոմոր Պասիթը: Աստուած խղճմտանք մը պէտք էր ունենար այդ գիշեր, պէտք էր արժանպատուութիւն մը ունենար, չունեցաւ. բայց հայոց պատմութիւնը ունեցաւ մեծ գիշեր մը եւս, հսկայ գիշեր մը… հրեշտակ եղած հայ պանդուխտները օտար հողի մը ազատութեան վրայ կը դառնային գիշերային անիմանալի շուրջպար մը»։ 40 օրեր Պասիթ մնալէ ետք, անոնք Թրիփոլիի եւ Ռայաքի վրայով ի վերջոյ հասան Այնճար: Վրայ հասաւ առաջին անտանելի ձիւնամրրիկը, կտաւէ վրաներուն մէջ մնացող ժողովուրդին տառապանքը բազմապատկելով: Զոհերուն թիւը առաջին տարիներուն 500-էն աւելի էր: Լիբանան տակաւին չէր անկախացած, երբ ֆրանսական մարմինները ձեռնարկեցին տուներու շինութեան եւ 1940-ի աշնան իւրաքանչիւր ընտանիք կը տեղափոխուի մէկ սենեակնոց բնակարաններ: Eugenijau Mockaičio individuali veikla: internetinių tinklapių ir elektroninių parduotuvių kūrimas, seo paslaugos bei reklama internete bene geriausia kaina Lietuvoje https://seopaslaugos.com/internetine-reklama-privalumai-trukumai/ Ոչ դուռ, ոչ պատուհան, ոչ ջուր, ոչ ելեկտրականութիւն, իսկ գետինը՝ հող:
1946-47-ին 650 ընտանիքներ Հայաստան կը ներգաղթեն՝ յուսալով գտել աւելի բարեկեցիկ պայմաներ: 1947-ին, մեծ թիւով պաղեստինցիներ կ՛ապաստանին ներգաղթողներու տուներուն մէջ եւ յետագային վճռական դէպքով մը Այնճարի ժողովուրդը կը վանէ զանոնք: Այս բոլոր ցնցումներուն ընթացքին Մուսա լերան ժողովուրդը նախ վրանի տակ կը շինէ իր եկեղեցին եւ դպրոցը, ապա կը սկսի իր գիւղական կեանքին ու կը վստահի աշխատասիրութեան եւ գիւղը կը շէնցնէ՝ հասցնելով մինչեւ մեր օրերու յաղթական պատկերին:
Յուսանք գեղազարդ ալպոմ մը կը պատրաստուի Այնճարի պատմութեան նուիրուած:
Կարգին է յիշել անուները այն հաստատութիւներուն, որոնք նպաստած են Այնճարին՝ Ֆրանսան, ՀԲԸՄ-ը, Ճինիշեան ֆոնտը, «Ֆոր Փոյնթ»ը, «Հաուըրտ Գարակէօզեան» հիմնարկութիւնը, Հայ Օգնութեան Խաչը, «Հիլլիսպունտ» միսիոնարական հիմնարկը եւ կաթողիկէ համայնքը:
Ներգաղթին եւ լիբանանեան պատերազմին պատճառաւ, մեծ թիւով այնճարցիներ հեռացան Այնճարէն: Ներկայիս կան նաեւ ընտանիքներ, որոնք հայրենիք կը փոխադրուին:
Յարգանք ու պատիւ այդ սերունդին, որ չգիտնալով վերջին հասցէն, բարձրացաւ ֆրանսական բեռնակառքերը: Աննկուն կամք, յարատեւ աշխատանք, լեռնականի յաղթող ոգի ու մէկ գաղափարի շուրջ միակամ ու աննահանջ մուսալեռցին կերտեց իր նոր տունը՝ Այնճարը:
Շիրազի խօսքերով. «Այնճար, դու ծիլ մուսասարի, Այնճար, դու նոր արծուաբույն. քո սուրբ օճախն էլ չի՛ մարի, էլ չես տեսնի դու սեւ ձիւն»:
Այսօր, երբ ականատես կ՛ըլլանք Այնճարի երիտասարդութեան կամքին ու յարատեւութեան, կը հաստատենք, թէ Մուսա տաղի յաղթական ոգին անոնց փոխանցուած է: Դհոլն ու զուռնան կը թնդացնեն անոնց սիրտերը եւ անոնց պարը կը հաստատէ այն, ինչը Եդուարդ Պոյաճեան կտակած է. «Միտքդ պահէ, որ դուն ճեպելմուսացի ես, այսինքն ապառաժներու առասպելատիպ լեռնաշխարհէն ծնած ես հողի մը վրայ, որ վերելք էր միայն ու շքեղութիւն, որ պայքար էր լոկ ու խանդավառ խոյանք, կռիւ էր եւ ազատ ապրելու անբեկանելի վճիռ»:
Յարգանք Այնճարը կերտած յաջորդական սերունդներուն:
Արա Անդրանիկ Քէնտիրճեան