Սոյն կոչով, ողջունելով գիւղ վերադարձող մեր հայրենակիցները, յորդորելով կը խնդրենք ձեզմէ, որ անպայմանօրէն թագաժահրի (Corona Virus) դէմ պայքարելու կանխարգիլման նախազգուշական միջոցառումներուն բծախնդրւթեամբ կառչիք:
Մեր սրտերը եւ դռները լայնօրէն բաց է ձեր դիմաց: Բարի Եկա՛ք:
Որոշ ժամանակով մնաք տուն: Այսուհանդերձ խիստ թելադրելի է որ կարելի եղած չափով հարազատներու կամ բարեկամներու հետ ուղղակի շփում չունենալ:
Ընդհանրապէս շեշտելով կը պահանջենք բոլորէն, որ սահմանափակեն ընկերային հաւաքները:
«Մնանք Տունը: Պաշտպանելով մեր շուրջինները; պաշտպանած կ՝ըլլանք մենք զմեզ»:
Սիրելի հայրենակիցներ
Մեր գրաւականը ձեր գիտակցութիւնն է:
Լիայոյս ենք, որ թագաժահրի այս ճգնաժամին գործնական վերաբերումով կը ցոլացնենք մեր գիտակցութիւնն ու զգօնութիւնը:
Մնանք տունը՝ առողջ եւ ուրախ:
Կոմիտէս իր բոլոր հաստատութիւններով, մարմիններով, յանձնախումբերով եւ իր ամբողջ կարելիութիւններով առօրեայ ներկայութիւն է գետնի վրայ: Միշտ մնալով՝ժողովուրդին հետ ժողովուրդին համար:
25 Մարտ 2020 ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» Կոմիտէ