Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով , բարեմաղթիւններով կը շնորհաւորենք ձեր Սուրբ Զատիկը։ Այս առիթով կը շնորհաւորենք նաեւ բոլոր անոնք որոնք Յարութիւն անունը կը վայելեն։
Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց, Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:
Հինգշաբթի 9 Ապրիլ 2020ին, Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան ընկեր Յակոբ Բագրատունի ընկերակցութեամբ Կեդր. Կոմիտէի կարգ մը ընկերներու այցելեց Այնճար: «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին հետ, ներկայութեամբ Այնճարի քաղաքապետին եւ փոխ քաղաքապետին: հանդիպման ընթացքին ան մօտէն եւ մանրամասնօրէն իրազեկ դարձաւ ցարդ տարուած Թագաժահրի ճգնաժամային ընթացքին կատարած կոմիտէի աշխատանքներուն, բարձր գնահատելով գիւղիս մէջ տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին գիտակցութիւնն ու գործակցութիւնը:
Հանդիպման աւարտին ան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը ու ըսաւ, որ Այնճարի մէջ կացութիւնը կարելի եղաւ հակակշիռի տակ առնել, երբ փակուեցան գիւղի երկրորդական մուտքերը, գիւղը հականեխուեցաւ, գիշեր եւ ցերեկ Այնճարի անվտանգութեան հսկողներ կան արդէն, քայլերու դիմուեցաւ, որպէսզի ամէն տեսակի անպատեհութիւններու առաջքը առնուի: Ան շեշտեց, որ, հակառակ վերջին շրջանին Լիբանանի ապրած ծանր կացութեան, որ արդէն իսկ կը ճնշէր ժողովուրդի ուսերուն, եւ որ աւելի եւս վատթարացաւ «Քորոնա»-ի տագնապին պատճառով, շրջանի պատասխանատուները իրենց կարելին կ’ընեն հասնելու բոլոր կարիքաւորներուն: Այս առիթով երեսփոխան Բագրատունի սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց գործի վրայ եղող բոլոր անձերուն` շեշտելով, որ Այնճարը այսօր կարիք ունի աւելի լաւ վիճակի մէջ եղող մուսալեռցիներուն զօրակցութեան` Լիբանանի մէջ գտնուին անոնք, թէ արտասահման, որպէսզի կարենայ յաղթահարել այս մարտահրաւէրը եւս: Ան շեշտեց, որ այսօր աւելի քան երբեք մէկութեան, միասնականութեան կարիք կայ, իսկ այս պայմաններուն մէջ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս բոլոր մուսալեռցի-այնճարցիները աւելիով պարտաւոր պէտք է զգան Այնճար բնակող իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն օգտակար դառնալու:
Երեսփոխան Բագրատունի խօսքը աւարտեց հաստատելով. «Գիւղը ամուր է իր ակումբով, եկեղեցիներով, միութիւններով եւ դպրոցներով, իր քաղաքապետութեամբ, բայց գիւղը ամուր է մանաւանդ իր բնակիչներով, իսկ այդ ամրութեան պէտք է զօրակցին նաեւ Այնճարէն դուրս ապրող բոլոր մուսալեռցիները»:
Այս օրերուս Այնճարի մուտք գործողները անսովոր կերպով կը հանդիպին քննութեան կէտի մը, ուր երիտասարդ տղաք, քաղաքապետութեան ոստիկաններու կողքին, աչալրջութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը ստուգեն շրջան մուտք գործողներուն առողջական վիճակը եւ կ՛ամբողջացնեն համապատասխան թերթիկ մը:
Այնճարի մէջ եւս անբնական իրավիճակ մը կը պարզուի, որովհետեւ հոն տիրական ներկայութիւն են ամայի փողոցները եւ շէնքերը:
«ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԱՅՆՃԱՐԸ» կարգախօսով, օրն ի բուն ամբողջ բանակ մը կը գործէ Այնճարի տարածքին` ամենայն անձնուիրութեամբ, անխոնջ աշխատանքով, նուիրեալ զոհաբերութեամբ եւ անտեսանելի կերպով:
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն, գործակցաբար Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին հետ, ինչպէս նաեւ իր յառաջացուցած շտապ օգնութեան եւ կանխարգիլման բժշկական խմբակին եւ պարենաւորման յանձնախումբին կողքին լծուած է աշխատանքի տագնապի սկզբնական օրերէն, երբ անմիջապէս Այնճարի բոլոր մուտքերը փակուեցան, եւ մնաց Այնճարի մայր մուտքը միայն, ուր կը հանդիպինք քննութեան կէտին:
Կոմիտէն դիմեց անմիջական ու գործնական քայլերու.
Ա. Ապահովեց բժշկական անմիջական պէտքերը եւ սարքաւորումները:
Բ. Պարենաւորման եւ ցանկագրումի աշխատանքէն ետք անմիջապէս անհրաժեշտ նպաստները ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրուեցան` քանի մը անգամով: Կատարուեցան նաեւ վառելանիւթի որոշ օժանդակութիւններ:
Գ. Զգալով ժողովուրդին նիւթական դժուար պայմանները` երկրորդ անգամն ըլլալով Ելեկտրական մարմինը զգալի զեղչով մը գանձումներ կատարեց:
Դ. Գիւղի տարեցներուն բժշկական կարիքներէն մեկնած` պէտք եղած դեղորայքը ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի միջոցով հասաւ անոնց: YMCA-ի կողմէ տրուած դեղերու սակագինը չգանձուեցաւ մնայուն հիւանդներու պարագային:
Ե. Գիւղին մէջ մեծապէս նկատելի է ժողովուրդին բարձր գիտակցութեան առկայութիւնը, որուն որպէս արդիւնք խճողումը նուազագոյնի իջած է, եւ միայն անհրաժեշտութեան պարագային ժողովուրդը դուրս կու գայ տուներէն:
Զ. Խստիւ կը հետապնդուին եւ պատասխանատուութեան կը կանչուին բոլոր օտար ոտնձգութիւնները, որոնք բարեբախտաբար շատ քիչ են, եւ անմիջապէս հարկն ու պատշաճը կը տնօրինուի տեղւոյն վրայ:
Ը. Հոգեւորական շունչով լեցուեցաւ մեր ժողովուրդը համացանցային դրութեամբ: Մեր հոգեւոր հայրը իր պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին` շրջելով գիւղի կեդրոնական թաղամասերը:
«Կարմիր Լեռ» կոմիտէն կու գայ իր սրտագին շնորհակալութիւնը յայտնելու բոլոր այն հայրենակիցներուն, միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն ինչպէս մեր արտերկրի հայրենակիցներուն, որոնք սատար հանդիսացան կոմիտէի տարած բոլոր աշխատանքներուն` իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ:
Մեր պապերէն ժառանգած խիզախութեամբ տակաւին մենք պատնէշի վրայ ենք ու յաւերժօրէն հաւատարիմ պիտի մնանք ժողովուրդին ծառայելու այդ սրբազան ուխտին:
Ժողովուրդէն, ժողովուրդով, ժողովուրդին համար, ժողովուրդին հետ:
«ՄԵՆՔ ԵՆՔ ՄԵՐ ԱՅՆՃԱՐԸ»:
ՀՅԴ «ԿԱՐՄԻՐ ԼԵՌ» ԿՈՄԻՏԷ
Երբ ոեւէ անձ տեսնէ այս պատկերը , անկասկած պիտի հարցնէ «Ի՞ նչ կայ մէջը» ։
Մարդիկ պիտի պատասխանեն,- մէկ քիլօ ձաւար , երկու քիլօ շաքար, աղ , բրինձ, կաթ , ձէթ , թաշկինակ......
Իսկ ես պիտի ըսեմ ,- այստեղ կայ հաւաքական աշխատանքի աննկարագրելի երեւոյթ , հայ գիւղացիին նեցուկ կանգնելու բարձր գիտակցութիւն , սկաուտական միշտ պատրաստ ոգի , ԼՕԽ-ականի անձնուէր պատրաստակամութիւն , ԼԵՄ-ական երիտասարդի եւ կուսակցական ընկերոջ գաղափարապաշտական միասնակամութիւն , քաղաքապետարանի ենթամարմիններու քաղաքացիական պատկանելիութեան վեհ աջակցութիւն , թաղական խորհուրդի եւ տիկնանց յանձնախումբի եկեղեցանուէր ոգի եւ վերջապէս կազմակերպչական գիտակից մօտեցում ։
Ի՞նչպէս մերժել «Կարմիր Լեռ» կոմիտէին նախաձեռնած նպաստի ցրուումը , որուն մէջ դրուած ձաւարը՝ տաք ճաշի վերածուած, պիտի մէկտեղէ աշխատանքի հեւքով տարուած ընտանիքը , շաքարը պիտի քաղցրացնէ օճախներուն ճնշիչ մթնոլորտը , կաթը պիտի ապահովէ փոքրիկին կենսական սնունդը , աղը պիտի համ տայ դժուար օրերու անհամ կացութեան , թաշկինակը մեր սիրտերն ու միտքերը պիտի մաքրէ բացասական մտածելակերպէ ու անհամերաշխութենէ , ձէթը պիտի պատրաստէ բրինձով եղինձը ու Այնճարի բնակչութիւնը իրենց տաքուկ տուներուն մէջ ապահով պիտի մնայ խնամատար ղեկավարութեան հովանիին ներքեւ ։
Մի՛ մերժէք երիտասարդներուն հաւաքական աշխատանքին արգասիքը։
Վարձքը կատա՛ր Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն աննկուն կամքը շարունակող շառաւիղին ։
Հպարտ ենք մեր գիւղով ։
Այս փոքր հողաշերտին վրայ, բուռ մը հայութիւն, մէկ բռունցք կազմած, պիտի պայքարինք ամէն տեսակի «ժահր»երու դէմ ու յաղթահարենք մակաբուծական ամէն երեւոյթ։
Թագավարակի արհաւիրքը թող զգաստութեան հրաւիրէ համայն մարդկութիւնը։
«Մենք ենք մեր Այնճարը»։
Աստուած բոլոր տեսակի փորձանքներէ հեռու պահէ այս աննման աւանը ։
Յ.Գ.
«Կարմիր լեռ » կոմիտէին պատրաստած նպաստը տրամադրուեցաւ Այնճարաբնակ բոլոր ընտանիքներուն՝ անխտիր։
Նանոր Փանոսեան Պետրոսեան