Լուրերու Արխիվ

1163445505728477940527395780711887472834069n
11633791257284781471940411775786484981112437n

 
Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ազգօգուտ գործունէութիւնը, որ յաջողած է իր հովանին տարածել ամէն տեղ, ուր կարօտեալ հայ եւ կամ հայկական շունչով ազգային հաստատութիւն կայ, անվերապահօրէն կրցած է ըլլալ հոն, ուր ազգային գիտակցութիւնն ու յանձնառու պատասխանատուութիւնը կանչած են զինք:
 Չորեքշաբթի 28 Յուլիս 2020ին առաւօտեան ժամը 11:00ին Այնճար քաղաքապետարանի շէնքը, Ազգային միասնականութեան եւ հաւաքական կամքի արտայայտութեան ժամադրավայրն էր: Պատկառելի եւ գերազանցօրէն վսեմաշուք պատուիրակութիւն մը, որ կը բաղկանար.
- Գերշ․ Տ․ Շահէ արք․ Փանոսեան, բարեջան առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմի
-Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան. Օգնական Եպիսկոպոս Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի Թեմի.
-Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Նախագահ եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինի Ատենապետ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան
-Լիբանանի Մէջ Հ.Հ. Արտակարգ եւ Լիազօր դեսպան Պրն. Վահագն Աթաբէկեան
-Հայաստան Համահայկական հիմնարկի ներկայացուցիչ Տիար Գրիգոր Թերզեան
-Հայր Անանիա Ծ. Վարդապետ Գուճանեան Հոգեւոր տեսուչ Պէքաայի շրջանի
-Հայ քաղաքական երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ
-Հայաստան համահայկական հիմնադրամի անդամներ՝ Օրդ. Նելլի Վէքիլեան, Սեդրակ Քիւրէճեան եւ Տոքթ. Սարգիս Պետիկեան, ինչպէս նաեւ ազգային վարչութենէն եւ Այնճարի երեք համայնքներու հոգեւոր հայրերը, գիւղի երեք վարժարաններու տնօրէններն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները:
Այս հոգեպարար եւ շատ սրտբաց հանդիպման բարի գալուստի իր խօսքով Այնճարի քաղաքապետը ողջունեց ներկաները շեշտելով մեր տագնապներն ու դժուարութիւնները միասնաբար կիսելու մեր իւրայատուկ յատկանիշն ու համոզումը:
Յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին յարգարժան պրն. Դեսպանը, պրն. Թերզեանը, սրբազան հայրը, գերապայծառ Ասատուրեանն ու Վեր. Հայտոսթեանը:
Ապա տեղի ունեցաւ Այնճարի մէջ գործող երեք վարժարաններուն յատկացուած հիմնադրամի գումարներու փոխանցումը, որ իր նիւթական եւ առարկայական արժէքի կողքին, նաեւ ցուցանիշն է հայու միասնակամ ըլլալու կամքի եւ աներկբայօրէն իրարու թիկունք հանդիսանալու արտայայտութեան:
11642831457206455879772978180944931239091777o
11687209757206457179772841023190324758821598o
11626779557206463946438834349762943158167542n
11674426857206465146438714303721047187967043o
11658431357206466713105227064286708340655785n
 
Կազմակերպութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան գործակցաբար Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղին, Ուրբաթ 24 Յուլիս 2020ին առաւօտեան ժամը 11:00ին, «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 0-5 տարեկան երեխաներուն ծնողներուն եւ ընկերային բարգաւաճման ծրագիրի Ա. Հանդիպումը ներկայութեամբ «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն՝ Սերոբ Օհանեանին, ընկերային ծառայողներ՝ Քրիստին Սարգիսեանին, Գրիքոր Ալնիլեանին, եւ Ժանին Մարգարեանին, ինչպէս նաեւ, վկայեալ հիւանդապահուհի՝ Նայիրի Ինճէեանին, «Գարակէօզեան» հաստատութեան Այնճարի մասնաճիւղէն մանկաբոյժ՝ տոքթ. Ժիհատ Մաատարանիին, տոքթ. Խաժակ Այնթապլեանին, Տիկ. Սիմա Բաբիսեանին, Օրդ. Իսկուհի Տումանեանին, Տիկ. Փօլին Մաճարեանին. Լ.Օ.խ.-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, տիկնանց միութիւններուն եւ ծնողներու:
Հանդիպման ընթացքին ծրագիրը մանրամասնօրէն բացատրուեցաւ ներկաներուն, ինչպէս նաեւ ներկայ ծնողներուն տրուեցաւ կտրոններ որոնցմով անոնք պիտի կարենան կաթ ապահովել իրենց զաւակներուն:

11643660156311161769302397239880735701198021o
10988910456311172202634683053563657267489284o
11615013856311210335964208703913117946752362o
11572864056311152269303346405846573059826176o

 

11628217357082433092175257847684535907159756n
11630934557082436425508258566446837837311517n

 
Սիրելի հայրենակիցներ
Շէշտելով եւ ամէնայն պատասխանատուութեամբ կը փոխանձենք ձեզի թէ թագաժահր Corona Virus-ի վիճակը կեդրոնական Պէքաայի կարգ մը գիւղերու մէջ եւ ընդհանրապէս Լիբանանի մէջ հետզհետէ ստեղծած է մտահոգիչ երեւոյթ, ըստ առողջապահական նախարարութեան տուեալներուն հիման վրայ։
Առ այդ, գիւղիս մէջ բոլոր տեսակի հաւաքական ձեռնարկները ոմանք պիտի ջնջուին իսկ ոմանք ալ պիտի կատարուին առցանց (internet)֊ով։
Կը խնդրենք մեր հայրենակիցներէն թէ այս մտահոգիչ պարագան նկատի առնեն եւ նախապէս մեր թելադրած նախազգոյշական քայլերուն դիմեն իր բոլոր մանրամասնութիւններով։
Դարձեալ ու դարձեալ գիտակցութեան մշակոյթը վեր պահենք ու զգոյշ ըլլանք առողջ մնանք դեռ՝ շատ բան ունինք կատարելիք. Մեր երթը երկար է։