Լուրերու Արխիվ
Սիրելի հայրենակիցներ՝
Քորոնա ժահրի նկատմամբ մեր կողմէ բազմիցս կատարուած նախազգուշական բոլոր թելադրանքներն ու պատուէրները դժբախտաբար միշտ ընկալուած են անտարբերութեամբ.
Մենք դարձեալ խստիւ կը յանձնառարենք, որ պարտիք բոլորդ կատարել վտանգաւոր այս ժահրը յաղթահարելու մեր կողմէ ձեզի փոխանցուած թելադրանքները- ՏԱՐԱՑԻՕՐԷՆ, որպէսզի պահպանէք ձեր եւ ձեր շուրջիններուն առողջութիւնը:
Ա. Միշտ եւ անխափան կերպով դիմակ դնել:
Բ. Ընկերային հեռաւորութիւնը (1.5 Մեթր) պահել անպայման:
Գ. Խուսափիլ ամէն տեսակի խճողուած վայրերէ:
Դ. Մնայուն կերպով մաքրութեան հոգ տանիլ:
Ե. Թոքերու դիմադրականութիւնը զօրացնելու համար, օրական 4-5 քլմ. Քալել:
Սիրելիներ,
Եթէ ըսենք կացութիւնը ահազանգային է չափազանցած կամ սխալած չենք ըլլար երբեք, որովհետեւ այս դաժան «հիւր»ը արդէն իսկ սկսած է մեր տուները այցելել:
Ծանօթ-
Ա- կը խնդրենք բոլոր այն ընտանիքներէն, որոնք տխուր կամ ուրախ միջոցառումներ կ'ունենան, թող բարի ըլլան զերծ մնալ բազմամարդ ներկայութենէ:
Բ- Բոլոր անոնք, որոնք (Covid-19)ի որեւէ նախանշան կ'ունենան պէտք է անմիջապէս կապ հաստատեն.-
Տոքթ. Յակոբ Թովմասեանին 03717340
Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեանին 03918740
Տիկ. Ռիթա Լագիսեանին 71343650
եւ Տիկ. Կարինէ Ատաճեանին 70535721
Իսկ քննութեան դրական (positive) արդիւնքի պարագային անպայման յայտարարեն իրենց վարակուած ըլլալը, որպէսզի շփման մէջ եղող պարագաները դիմեն նախազգուշութեան:
Շնորհակալութեամբ եւ յարգանքներով՝ Այնճարի 《Քորոնա》ի Ճգնաժամի Յանձնախումբ
30 Հոկտեմբեր 2020
?>